Մովսէս Թօփճեան
Մովսէս Թօփճեան (ծնած՝ 10 Յուլիս 1951-ին, Հալէպ, Սուրիա - Մահ՝ 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հալէպ, Սուրիա[1]։ Երգիչ, երգահան Մովսէս Թոփճեան հմտօրէն կը նուագէր դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ եւ հարմոնիքա։ Հայերէնի կողքին, երգած է տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ յունարէն։ Ան հմտօրէն կը խօսէր յունարէն լեզուն:
Մովսէս Թօփճեան | |
---|---|
Ծնած է | 10 Յուլիս 1951 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մահացած է | 9 Սեպտեմբեր 2020 (69 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Հալէպ, Սուրիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ, եւ հարմոնիքա նուագահար |
Մասնագիտութիւն | Երգիչ, երգահան |
Ամուսին | Սիւզան Գաբրիէլեան |
Ծնողներ | Ներսէս Թօփճեան , Իսկուհի Թօփճեան-Ճիպիլեան |
Երեխաներ | Ալին Թօփճեան-Պչաքճեան, Ներսէս Թօփճեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄովսէս Թոփճեան կամ Թօփճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայրը՝ Ներսէս Թօփճեան, Այնթապցի, իսկ մայրը Իսկուհի Ճիպիլեան, Թոմարզացի։ Ուսումնական տարիները անցուցած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս։ Փոքր տարիքէն ունեցած է յատուկ սէր երաժշտութեան եւ երգարուեստին հանդէպ։ Վարպետ արուեստագէտներու հսկողութեամբ մարզուած եւ տիրացած է զանազան նուագարաններ գործածելու հմտութեան։ Երգարուեստի ուղին սկսած է մաս կազմելով ծննդավայրի երգչախումբերուն։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ դպիր, ապա՝ սարկաւագ ծառայելով, 1961-էն մինչեւ 1978, Մովսէս Թօփճեան իր մեծագոյն արժանիքը՝ հզօր ձայնն ու տաղանդը ի սպաս դրած է հայ եկեղեցական հոգեւոր մշակոյթին: Այն տարիներուն ծառայող քահանան՝ Տէր Կարապետ քհն. Նալպանտեանն էր[2]։
- 1970-ին կը հիմնէ իր առաջին նուագախումբը, կը դառնայ նուագախումբին մեներգիչը՝ միաժամանակ օրկ նուագելով։
- 1974-ին ընդունուած է իբրեւ անդամ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան (սենտիքա), որուն ծառայած է հաւատարմօրէն։
- 1979-ին կ'ամուսնանայ արաբերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Սիւզան Գաբրիէլեանին հետ եւ անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով, դուստրը՝ Ալին, մանչը՝ Ներսէս: Ալինն ու Ներսէսը նոյնպէս օժտուած են երգի եւ նուագի շնորհներով:
Ան մեծ ճանաչում ձեռք բերած է իբրեւ յունարէն երգի թիւ մէկ երգիչ, վարպետօրէն մեկնաբանելով, եւ զուգահեռ հնչեցնելով ՊՈԻԶՈՒՔՔԻ, որուն լարերը հարստացուցած է իր ելոյթներու երգացանկին յայտագիրը։ 1981-1983 Աշխատած է Յունաստանի «Ալիպապա» պանդոկին մէջ, իբրեւ ամէնօրեայ երգիչ: Իսկ Կիպրոսի մէջ 1985-ին կը դառնայ «Աթլանթիքա» պանդոկի երգիչը[2]:
Երգած է Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ճաշարաններուն եւ պանդոկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, Յունաստան եւ Կիպրոս։
Իր յօրինած երաժշտութիւններէն է՝ «100 տարի ետք» (100 Dari Yedk), որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին, կատարողութեամբ՝ Ալին Թօփճեանի, խօսք՝ Շահանդուխտի, գործիքաւորում՝ Ներսէս Թօփճեանի, ձայնագրութիւն՝ Սդուտիօ Սեդօ Պաղտասարեանի՝ Լիբանան [3]:
50 տարիներու երգարուեստի բեղուն կեանքը դադար կ’առնէ 2019-ին անակնկալ հիւանդութեան պատճառաւ եւ ան կը դադրի արուեստի գործունէութենէն։
Երգելը իր կեանքի մշտադալար ուղին էր: Ի վերուստ օժտուած էր երգելու շնորհքով: Ինք սիրոյ մղումով աճեցուց այդ աստուածային ձիրքը կէս դար շարունակ: Արուեստի բարձր ճաշակով, բարոյական սկզբունքով եւ պանծալի երթով արժեւորեց երգիչ ըլլալու հանգամանքը[4]: - Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
|
Երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով, 21 Յունիս 2020-ին, համաշխարհային երաժշտութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին եւ առ ի գնահատանք իր երգարուեստի տարիներու բեղուն աշխատանքին, Մովսէս Թոփճեանը կը պարգեւատրուի Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան կողմէ, իբրեւ վաստակաւոր երգահան երգիչ[2]:
Ամուսնական կեանքի պտուղները` Ներսէսը եւ Ալինը դարձան ջահակիրները իրենց հօր: Անոնք իրենց հօրը օրինակին հետեւելով կը քալեն երգարուեստի լուսաշող եւ խորհրդաւոր ճանապարհէն:
Ի վերջոյ, շնորհքը աստուածային “դրամագլուխ” է, երբ օգտագործենք բարիին համար կը կոչուինք իմաստուն տնտես, իսկ եթէ անտարբերութեամբ վատնենք մեր մէջ սերմանուած շնորհքները` կը սնանկանանք բարոյապէս, հոգեպէս, նոյնիսկ` նիւթապէս: Թող Աստուած հանգուցեալ երգիչ Մովսէսին արքայութեան արժանի ընէ եւ մնացողաց Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը պարգեւէ: Յիշատակն է անթաղելին, գործն է գովելին եւ գործին արձագանգն է եզակին[4]:- Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
|
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ شبكة أخبار حلب العزيزية والسليمانية وما حولهما الى ملكوت السموات المرحوم الفنان موسيس طوبجيان ابن حلب
- ↑ 2,0 2,1 2,2 մեներգիչ, երաժիշտ, սարկաւագ եւ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան Կողմէ պարգեւատրուած Հալէպահայ արուեստագէտ Մովսէս Թօփճեան Զրոյցը վարեց` Շաքէ Մանկասարեան [permanent dead link]
- ↑ اغنية عن الابادة الجماعية الارمنية بصوت آلين طوبجيان
- ↑ 4,0 4,1 ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ. ԵՐԳԻՉ ՄՈՎՍԷՍ ԹՕՓՃԵԱՆԻ ՊԱՅԾԱՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Աղբիւրներ
Խմբագրել- شبكة أخبار حلب العزيزية والسليمانية وما حولهما
- حفل موسيقي لفرقة نغم الموسيقية احتفاءً بعيد الموسيقا العالمي ... وتكريم نخبة من رموز الفن والموسيقا في حلب 22 حزيران/يونيو [permanent dead link]
- Երգահան, մեներգիչ, երաժիշտ, սարկաւագ եւ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան Կողմէ պարգեւատրուած Հալէպահայ արուեստագէտ Մովսէս Թօփճեան Archived 2021-01-24 at the Wayback Machine.
- ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ. ԵՐԳԻՉ ՄՈՎՍԷՍ ԹՕՓՃԵԱՆԻ ՊԱՅԾԱՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան