Մտքի Ազատութիւն

Մտքի ազատութիւն կամ խիղճի ազատութիւն,  կամ գաղափարներու ազատութիւն, ազատութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, ժողովրդարութեան բնորոշ հասկացողութիւն, ուրիշներու կարծիքներէ անկախ անձնական տեսակետ, կարծիք կամ միտքեր ունենալու անձի քաղաքական ազատութիւն: Հասկացողութիւնը առաջացած է 18-րդ դարու վերջաւորութեան, Ֆրանսական Յեղափոխութեան ժամանակ[1] ըստ 26 Օգոստոս 1789-ին Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու հռչակագիրի[2], ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հռչակագիրի պատճաով, որ առաջարկուած է 25 Սեպտեմբեր 1789-ին եւ վաւերացուած՝ 15 Դեկտեմբեր 1791-ին. մասնաւորապէս, ԱՄՆ Սահմանադրութեան առաջին փոփոխութեան մէջ կը նշուի խղճի ազատութիւն, որ սովորաբար կը կապուի մտքի ազատութեան հետ[3]:

Առանց մտքի ազատութեան իմաստութիւն չի կրանր ըլլալ այնպէս, ինչպէս չի կրնար ըլլալ ժողովուրդի ազատութիւն առանց խոսքի ազատութեան: Պենճամին Ֆրանքլին, 1722

Մտքի ազատութիւնը ամրագրուած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յօդուած 19-ին մէջ, որ ընդունուած է 1948-ին Փարիզի մէջ:

Մտքի ազատութիւնը պէտք չէ շփոթել խօսքի ազատութեան հետ:

Ակնարկ

Խմբագրել

Մտքի ազատութիւնը ինկած է միւս ազատութիւններու հիմքին մէջ, ներառեալ կրօնի ազատութեան, խօսքի ազատութեան եւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքի, ինչպէս նաեւ հանդուրժողականութեան հիմքին մէջ: Թէեւ մտքի ազատութիւնը աքսիոմա է բազմաթիւ այլ ազատութիւններու համար, սակայն ամէնեւին պարտադիր պայման չէ աշխատելու եւ գոյատևելու համար: Ազատութեան կամ իրաւունքի հայեցակարգը չ'ապահովեր օրինականութիւն։ Անիկա շատ կարեւոր հասկացողութիւն է արեւմտեան աշխարհին մէջ, եւ գրեթէ բոլոր ժողովրդավարական սահմանադրութիւնները մտքի ազատութիւնը կը պաշտպանեն: Օրինակ,  Իրաւունքներու մասին ԱՄՆ օրինագիծը (պիլլ), կը պարունակէ յայտնի առաջին ուղղումը, որ կ'երաշխաւորէ խղճի եւ դաւանանքի ազատութիւն:

Այդպիսի գաղափարները մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքի կարեւոր մաս են նաեւ: Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին մէջ (UDHR), որ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային պակտի (ICCPR) անդամ պետութիւնների համար իրաւաբանօրէն պարտադիր կը համարուի, ըսուած է.

  Իւրաքանչիւր ոք ունի մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունք: Այս իրաւունքը կը ներառէ կրօնը կամ համոզմունքը փոխելու ազատութիւն եւ ինչպէս միանձնեայ, այնպէս ալ այլոց հետ համատեղ եւ հրապարակաւ կամ մասնաւոր կարգով իր կրօնը կամ համոզումը դասաւանդելու, կիրառելու, երկրպագելու եւ պահպանելու ազատութիւն:  

Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան մարդու իրաւունքներու կոմիտէն կը յայտարարէ, որ «կի տարբերի մտքի, խղճի, կրօնի կամ համոզումներու ազատութիւնը դաւանանք կամ համոզումներ ունենալու ազատութենէն: Ան թոյլ չի տար որևէ սահմանափակումներ միտքը կամ խիղճը կամ կրօնը կամ համոզումները ընտրելու ազատութեան: Այդ ազատութիւնները պաշտպանուած են անվերապահօրէն»[4]: Բացի անկէ, 19-րդ յօդուածը կը վստահեցնէ, որ «իւրաքանչիւր ոք ունի համոզումներու եւ զանոնք ազատ արտայայտելու ազատութիւն: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է անվերապահօրէն»:

Զարգացման Պատմութիւն Եւ Ճնշումներ

Խմբագրել

Վստահաբար անկարելի է ըսել, թէ ինչ կը մտածէ մարդը, որ ճնշելով բարդութիւններ կը պատճառէ: Մտքի ազատութեան հայեցակարգը իր առանձին տեղը ունի Աստուածաշունչին մէջ,  յատկապէս Պօղոս առաքեալի լիարժէք գրուածքներուն մէջ.

  ....խօսքս ոչ թէ ձեր խղճմտանքի մասին է, այլ՝ ընկերոջ։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնը պիտի կաշկանդուի ուրիշի խղճմտանքի պատճառով։ Եթէ ես գոհութիւն յայտնելով վայելում եմ, ինչո՞ւ հայհոյուեմ նրա համար, որ գոհութիւն եմ յայտնում[5][6]։  
 
Պրոնզէ արձանը Ճորտանօ Պրունօ, Քամփօ տէ Ֆիորի, Հռոմ

Թէեւ յոյն փիլիսոփաներ Փլատոնը եւ Սոքրատեսը մտքի ազատութեան քիչ անդրադարձած են, սակայն Աշոկա Մեծ (Ք.Ա. 3-րդ դար) արքայի հրովարտակներուն մէջ առաջին անգամ խօսուած է մտքի ազատութեան մասին[7]: 313-ին Միլանի մէջ Կոստանդիանոս Ա. Մեծի կրօնական հանդուրժողականութեան մասին հրամանագիրէն բացի, մտքի ազատութեան կողմնակիցներ եղած են փիլիսոփաներ Թեմիստիուսը, Միշել տը Մոնթենը, Պ. Սպինոզան,  Ճոն Լոքը, Վոլթերը, Ալեքսանդր Վինէթը, եւ Ճոն Ստիուարտ Միլը[8]:

Ըստ Տեքարտի, դատողութեան հաւաստիութեան հիմքը մտածող նիւթի գոյութիւնն է[9]: Այստեղէն յառաջացած է անոր յայտնի խօսքը.

  Կը մտածեմ, հետեւաբար գոյութիւն ունիմ:  

16-րդ դարու վերջաւորութեան Եղիսաբէթ Ա. չեղեալ յայտարարած է գրաքննութեան օրէնքը, քանի որ, ըստ սըր Ֆրենսիս Պեկոնի, ան չէր ուզեր մտնել մարդոց հոգիներու եւ գաղտնի միտքերու մէջ[10]: Անոր կառավարութեան օրերուն փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, աստղագէտ եւ աստղագուշակ Ճորտանօ Պրունօ թաքնուած է Անգլիոյ մէջ՝ խուսափելով իտալական հարցաքննութենէն, ուր ան հրատարակած է շարք մը գիրքեր Տիեզերքի անսահմանութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ, որոնք արգիլուած էին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ: Անվտանգ Անգլիայէն հեռանալէ ետք Պրունօն խարոյկի վրայ այրեցին իբրեւ աղանդաւոր. Հռոմի մէջ ան հրաժարած էր ուրանալ իր գաղափարները։ Այդ պատճառով ան կը համարուի ազատ մտքի նահատակ[11]:

 
Լիսենքոյի ելոյթը Քրեմլինի մէջ. ձախէն աջ՝ Լիսենքօ, Ստանիսլաւ Կոսիոր, Անաստաս Միկոյեան, Անդրէյ Անդրէյեւ, Եոսիֆ Ստալին, 1935

Խօսքի ազատութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ նաեւ գրաքննութեան, ձերբակալութիւններու,  գիրքերը այրելու, կամ պրոպականդյի միջոցով, եւ անիկա, իբրեւ կանոն կը ճնշէ մտքի ազատութիւնը: Կարծիքներու արտայայտման ազատութեան դէմ օրինակներէն են ժառանգութեան ուսումնասիրութեան տեսական հետազօտութիւններու ճնշելը ԽՍՀՄ-ի մէչ՝ Լիսենկոյականութիւն, գիրքեր այրելու արշաւները Նացիստական Գերմանիոյ մէջ, Փոլ Փոտի իշխանութեան օրերուն արմատական հակաիմացականութիւնը Քամպոճայի մէջ, Հիւսիսային Քորէայի, Չինաստանի եւ Քուպայի համայնավար կառավարութեան կողմէ խօսքի ազատութեան խիստ սահմանափակումները կամ աջ ավտորիտար դիկտատուրաները, ինչպիսիք են Աուկուստօ Պինոչետը Չիլիի մէջ եւ Ֆրանսիսքօ Ֆրանքօն Սպանիոյ մէջ:

Խօսքի ազատութեան ճնշման բնորոշ օրինակ է 1904-ին պոլշեւիկեան Մեծամասնութեան կոմիտէներու բիւրօ կուսակցական կեդրոնի ստեղծումը: Խօսքի ազատութիւնը կրնայ խեղդուիլ նաեւ առանց կազմակերպչական միջամտութեան, երբ մեծամասնութեան հայեացքները այնքան լայն ճանաչում կը վայելեն, որ ամբողջ մշակոյթը կը ճնշէ հակառակ տեսակէտները: Այդ պատճառով ոմանք կը դատապարտեն ճշդութիւնը իբրեւ մտքի ազատութեան սահմանափակում: Իրականութեան մէջ, ճշդութիւնը կոչուած է փոքրամասնութիւններուն արտայայտուելու կարելիութիւն տալուն, հանդուրժողականութեան, քանի որ մեծամասնութեան կարծիքը ինքնըստինքեան կրնայ քաղաքականապէս ճիշդ ըլլալ: 

Սափիր Վորֆի վարկածը,  որ կ'ըսէ, թէ միտքը, ըստ էութեան, կ'արտայայտուի լեզուով, հետեւաբար կարելի է պնդել, որ բառերու քանակով լեզուն կրնայ սահմանափակել մտքի ազատութիւնը: Ասիկա հանգամանալից քննարկած է Ճորճ Օրուէլ «1984» վէպին մէջ նորալեզու գաղափարով,  անգլերէն լեզուի կրճատ ձեւով, որ զուրկ է փոխաբերութիւններէ եւ կը սահմանափակէ իւրայատուկ գաղափարներ արտայայտելը:

Սահմանափակումներ

Խմբագրել

Մտքի ազատութեան իրաւունքը բացարձակ իրաւունք չէ եւ կախեալ իրավիճակէ կրնայ սահմանափակուիլ՝ ի շահ պետական անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան կամ հասարակութեան անվտանգութեան, անկարգութիւնները կամ յանցագործութիւնները կանխելու, առողջութիւնը կամ բարոյականութիւնը, ինչպէս եւ այլ անձերու հեղինակութիւնը կամ իրաւունքները պաշտպանելու, խորհրդապահական պայմաններով ստացուած տեղեկատուութեան բացայայտումը կանխելու կամ արդարադատութեան հեղինակութիւնն ու անաչառութիւնը պահպանելու նպատակով[12]: Հայաստան Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած են խօսքի ազատութեան սահմանափակումներ.

  ....եթէ ատիկա անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հասարակութեան պետական անվտանգութեան, հասարակական կարգի պահպանման, յանցագործութիւններու կանխման, հանրութեան առողջութեան ու բարոյականութեան, այլոց սահմանադրական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, պատիւի եւ բարի համբաւի պաշտպանութեան համար[13]:  


Տես Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1789 հուլիսի 14-ին Բաստիլի գրավման ժամանակ հնչում էին Ազատություն, եղբայրություն, հավասարություն կոչեր
  2. «Крестьяне и Великая французская революция. Крестьянское движение в 1789-1794 гг.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-06 
  3. United States Senate (1992). «Amendments to the Constitution of the United States of America» (PDF). The Constitution of the United States of America: Analysis and Interpretation. U.S. Government Printing Office. էջ 25 n.2. ISBN 9780160632686.
  4. «General Comment No. 22: The right to freedom of thought, conscience and religion (Art. 18): 30/07/93. CCPR/C/21/Rev.1/Add.4, General Comment No. 22. (General Comments)»։ United Nations Human Rights Website - Treaty Bodies Database։ Office of the United Nations High Commissioner for Human Rights։ 1993-07-30 
  5. Պողոս Առաքյալի առաջին նամակը Կորնթացիներին աշխարհաբար արևելահայերէն թարգմանությամբ
  6. Eugene J. Cooper, "Man's Basic Freedom and Freedom of Conscience in the Bible : Reflections on 1 Corinthians 8-10", Irish Theological Quarterly Dec 1975 (մարդու հիմնարար ազատությունների և խղճի ազատություն Աստվածաշնչում)
  7. Luigi Luzzatti, "The First Decree on Freedom of Conscience" p. 47 in God in Freedom։ արտագրուած է՝ 15 September 2014 
  8. Luzzatti, էջ 91.
  9. Ս. Զաքարյան, «Փիլիսոփայության պատմություն», Երևան «Նաիրի» 2000թ, էջ 193
  10. Brimacombe Peter (2000)։ All the Queen's Men: The World of Elizabeth I։ Palgrave Macmillan։ էջ 125։ ISBN 0-312-23251-9 
  11. Arturo Labriola Giordano Bruno: Martyrs of free thought no. 1
  12. Մարդու իրավունքների և հիմնարարար ազատությունների պաշտպանության մասին Կոնվենցիա, հոդված 10, մաս 2-րդ
  13. ՀՀ Սահմանադրություն (փոփոխություններով)

Գրականութիւն

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել