Յակոբ Գրիգոր

Պոլսահայ թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական։

Յակոբ Գրիգոր (Յակոբ Գրիգոր, 13 Ապրիլ 1905(1905-04-13)[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 23 Օգոստոս 1985(1985-08-23)[2], Փարիզ[2]), պոլսահայ թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական։

Յակոբ Գրիգոր
Ծննդեան անուն Յակոբ Ճրճրեան
Ծնած է 13 Ապրիլ 1905(1905-04-13)[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 23 Օգոստոս 1985(1985-08-23)[2] (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ[2]
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան[1]
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[1]
Լայփցիկի Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, հրապարակախօս

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէրպէրեան եւ ապա Կենդրոնական վարժարաններուն մէջ: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Լայպցիկ, հետեւելով տեղի համալսարանի տնտեսագիտական հիմնարկի դասընթացքներուն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1927 թուականին:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք հաստատուած է Փարիզ, ուր սկսած է զբաղիլ գրական գործունէութեամբ:

Յօդուածներ

Խմբագրել

Յակոբ Գրիգոր հրապարակախօսական, հայագիտական եւ գիտական յօդուածներով հանդէս եկած է զանազան մամուլներու մէջ. ինչպէս՝

  • «Ապագայ»,
  • «Պայքար»,
  • «Բազմավէպ»,
  • «Աշխարհ» եւ այլ թերթեր:

Գիտական ուսումնասիրութիւններ

Խմբագրել

Յակոբ Գրիգոր եղած է նաեւ «ԺԱՄԱՆԱԿ» թերթի աշխատակից: Յայտնի են անոր գիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնցմէ մաս մը հրատարակուած է. անոնցմէ են՝

  • «Եթովպիոյ հայ եկեղեցին եւ հայերը»,
  • «Պարոյր Սեւակի լեզուական կտակը»,
  • «Համազգային ուղղագրութիւն եւ հայերէնի մաքրագործման հարցերը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Հրապարակախօսութեան ու յօդուածագրութեան կողքին Յակոբ Գրիգոր մեծ աշխատանք տարած է թարգմանութեան ծիրէն ներս։

Հայերէնի թարգմանած է ամերիկացի գրող Էտկար Փոյի, գերմանացի մտաւորական Կէօթէի, գիտնական Այնշթայնի[3] եւ այլ յայտնիներու գործերէն։ Գերմաներէն լեզուի թարգմանած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» եւ «Պաղտասար աղբար»ը:

Մրցանակներ

Խմբագրել

Գրական մրցանակի արժանացած է Յակոբ Գրիգորի ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսած «Ծանօթ եւ անծանօթ հայեր Նոյէն մինչեւ մեր օրերը» աշխատութիւնը[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։