Յովհաննէս Առաքեալ


Յովհաննէս առաքեալ (եբր.՝ יוחנן‎ «Յոհանան» - «Տէրը ողորմած է», լատ.՝ Iohannes Zebedaei նաեւ՝ Յովհաննէս Աւետարանիչ,ՅովհաննԷս Աստուածաբան), ըստ Նոր Կտակարանի` Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մէկը, Յակոբոս առաքեալի կրտսեր եղբայրը, Զեբէդեոսի եւ Սաղոմէի որդին, Յիսուսի սիրելի աշակերտը։ Աւանդական քրիստոնիա եկեղեցիներու կողմէն անոր է կը վերականգնուի Նոր Կտակարանի կանոնի մաս կազմող ըստ Յովհաննէսի աւետարանին, Յայտնութեան եւ Յովհաննէսի երեք ընդհանրական թուղթերու հեղինակութիւնը։

Յովհաննէս Առաքեալ
Յովհաննէս առաքեալը
Ծնունդ Script error: No such module "Infocards".
Ծննդավայր Բեթսաիդա, Գալիլեա
Վախճան Script error: No such module "Infocards".
Վախճան վայր Եփեսոս, Սելջուկ, Իզմիրի մարզ, Թուրքիա
Թաղման վայր Թուրքիա
Եկեղեցի Ողջ Քրիստոնէութիւն
Սրբացուած կարգ սուրբ?
Յիշատակութեան օր Աւագ տոօեր (ՀԱԵ)
27 Դեկտեմբեր (Արեւմտեան Քրիստոնէութիւն)
26 Սեպտեմբեր եւ 8 Մայիս (արեւելեան Քրիստոնէութիւն)
Աշխատանք ձկնորս, աստուածաբան, Միստիկա, հեղինակ
Պաշտօն Քրիստոսի տասներկու առաքեալները
Ապրելաձեւ խորհրդապաշտութիւն
Ազգութիւն հրեայ
Երկիր Հին Հռոմ
Ուսուցիչ Յիսուս եւ Յիսուս
Մայր Salome?[1][2][3]
Հայր Zebedee?[1][4][2][…]
Քոյր/եղբայր Յակոբոս Առաքեալ[1][5][6][…]

Յովհաննէս առաքեալը Նոր Կտակարանին մէջ Խմբագրել

Համատես Աւետարանները մեզ կը յայտնեն, որ Յովհաննէս առաքեալը Զեբէդեոսի եւ Սաղոմէի որդին էր, Յակոբոս Զեբեդեանի եղբայրը,Պետրոս ու Անդրէաս առաքեալներու որսակիցը, Յիսուսի կողմէն առաջին կանչուածներէն մէկը (հմմտ. Մատթ. 4:21, Մարկ. 1:19, Ղուկ. 5:10)։ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, հեղինակը, որ ինքը Յովհաննէսն է, իր մասին կը խօսի միշտ երրորդ դէմքով` չտալով իր անունը. այստեղ ան ինքն իրեն կ՝ անուանէ «միւս աշակերտ» (Հովհ. 18։ 15, 20։ 3-4), «աշակերտ...որուն Յիսուս կը սիրէր» (Յովհ. 19։ 27, 20։ 2, 21։ 7)։ Որպէս առաջին աշակերտներէն մէկը՝ Յովհաննէսը Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Անդրէասի հետ, հաւանաբար, մասնակիցը եղած է Կանայի հարսանիքի եւ ականատեսը Քրիստոսի առաջին հրաշքի (հմմտ. Յովհ. 2։ 2)։ Համատես աւետարանիչները անոր պարտադիր կերպով կը յիշեն 12-ի ցանկին մէջ (Մատթ. 10։ 3, Մարկ. 3։ 17, Ղուկ. 6։ 14)։ Ուսումնասիրելով Աւետարանական էջերը՝ կը գտնենք Յովհաննէս առքայալին վերաբերող ուշագրաւ հետեւեալ կետերը.

  • Յովհաննէսը եղբօր՝ Յակոբոսի եւ Պետրոս առաքեալի հետ մշտապէս կը գտնուի Յիսուսի կողքին՝ կազմելով առաքեալներու կորիզը (տես Մատթ. 17։ 1, Մարկ. 5։ 37, 9։ 1, 14։ 33, Ղուկ. 8։ 51, 9։ 28)։ Յովհաննէսը Պետրոսի հետ նաեւ Պասէքի ընթրիը պատրաստողն էր (Ղուկ. 22։ 8)։
  • Յովհաննէսը կը ներկայանանայ որպէս աշխոյժ եւ նախանձախնդիր կերպար (այդ պատճառով է, որ Զեբէդեան եղբայրները Քրիստոսի կողմէն կ՝ անուանուին Որոտման որդիներ՝ Բաներէգես (հմմտ. Մարկ. 3։ 17)). «Յովհաննէսը պատասխանեց եւ ըսաւ. «Վարդապե՛տ, տեսանք մէկուն, որ քու անունով դեւեր կը հանէ, բայց մեզ հետ չէր շրջեր, եւ արգիլեցինք անոր»» (Մարկ. 9:37, Ղուկ. 9:49)։ Նախանձախնդրութեան մէկ այլ դրսեւորում ցոյց տրուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ. Սամարիայի մէջ անհյուրընկալ ընդունելութենէն ետք Յովհաննէս եւ Յակոբոս եղբայրները կ՝առաջարկեն Քրիստոսին ««Տէ՛ր, կը կամենաս, որ ըսենք, եւ երկինքէն կրակ իջնէ ու բնաջինջ ենէ անոնց»» (9:54)։ Այս միտքին համար առաքեալը Յիսուսի կողմէն կը հանդիմանեն։
 
Յովհաննէս առաքեալը (Թորոս Ռոսլինի մանրանկար)
  • Փոքրիկ հանդիմանութեան կ՝արժանանայ նաեւ Քրիստոսին մէկ այլ հարցով դիմելուս (ըստ Մատթէոս աւետարանչի` Քրիստոսին դիմած է առաքյալի մայրը (20։ 20-24)). «Զեբէդեոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, գացին անոր մօտ եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, ինչ որ քեզմէ պիտի խնդրենք, կը կամենանք, որ ընես մեզ համար»։ Եւ ան անոնց ըսաւ. «Ի՞նչ կը կամենաք ինձմէ, որ ընեմ ձեզ համար»։ Եւ անոնք ըսին անոր. «Շնո՛րհ ըրէ մեզ, որ նստինք մէկս՝ քու աջին եւ միւսս՝ ձախին, քու փառքիդ մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ. «Չեք իմանար, թէ ինչ կը խնդրեք. Կ՞րնաք խմել այն բաժակը, որ ես պիտի խմեմ, կամ մկրտուիլ այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ»։ Եւ անոնք ըսին անոր. «Կրնանք»։ Եւ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Այն բաժակը, որ ես պիտի խմեմ, կը խմէք, եւ այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ, անոր հետ կը մկրտուիք, բայց իմ աջիս եւ ձախիս նստեցնելը ես չէ, որ պիտի տամ, այլ պիտի տրուի անոնց, որոնց համար պատրաստուած է»։ Այդ լսելով՝ տասը առաքեալները սկսան բարկանալ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի վրայ»(Մարկ. 10։ 35-40)։
  • Յովհաննէսը մշտապէս եղած է Քրիստոսի կողքին։ Վերջին ընթրիքի ժամանակ, երբ Յիսուս կ՝ կնարկէ իր մատնութիւնը. «Աշակերտներէն մէկը, որուն Յիսուս կը սիրէր, նստած էր անոր մօտ։ Սիմոն Պետրոսը այս մէկուն ակնարկ ըրաւ՝ հարցնելով, թէ այդ որո'ւ մասին կ՝ըսէ: Եւ այս Յիսուսի կրծքովը ինկաւ ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է»։ Յովհաննէսը կը հետեւի Քրիստոսին նաեւ անոր չարչարանքներու ընթացքին. «Յիսուսի ետեւէն կ՝երթային Սիմոն Պետրոսը եւ միւս աշակերտը։ Եւ քանի որ այդ աշակերտը քահանայապետին ծանօթ էր, Յիսուսի հետ մտաւ քահանայապետի տան գաւիթը։ Իսկ Պետրոսը կանգնած էր դրան մօտ, դուրսը։ Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր քահանայապետին, դուրս ելաւ, դռնապանին եսաւ եւ Պետրոսին ներս մտցուց»։ Անգամ մը խաչելութեան պահուն Յովհաննէսը կանգնած է Քրիստոսին շատ մօտ. «Իսկ Յիսուսի խաչին մօտ կանգնած էին անոր մայրը եւ անոր մօրաքոյրը՝ Կղեոպասի կին Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին։ Երբ Յիսուս տեսաւ մօրը եւ այն աշակերտին, որ մօտ էր կանգնած էր, որուն ան կը սիրէր, մօրը ըսաւ. «Ո՛վ կին, ահա՛ քո որդին»։ Ապա աշակերտին ըսաւ. «Ահա՛ քո մայրը»։ Եւ այդ պահէն աշակերտը անոր իր մօտ առաւ» (Յովհ. 19։ 26-28)։
  • Հետհարութեան դրուագներուն մէջ ալ Յովհաննէս առաքեալը միւս առաքեալներուն հետ է (Հովհ. 21 գլուխ). ան առաջին ականատեսն է Քրիստոսի յարութեան՝ թափուր գերեզմանի (Հովհ. 20։ 1-10) եւ Տիբերիայի ծովեզերքի հայտնութեան (Հովհ. 21 գլուխ)։

Յովհաննէս առաքեալը Գործք առաքելոցի մէջ Խմբագրել

 
«Հովհաննես առաքեալ», Էլ Գրեկո
  • Գործք առաքելոցը Յովհաննէս առաքեալին շատ քիչ կ՝ անդրադարնայ՝ անոր միշտ ներկայացնելով Պետրոս առաքեալի հետ միասին։
  • Առաջին անգամ Յովհաննէսին կը տեսնենք Մատաթիա առաքեալի ընտրութիւնը կատարելու ժամանակ՝ 11 առաքեալներու հետ (1։ 13)։
  • Յովհաննէսը Պետրոսի հետ կը բժշկէ ի ծնէ անդամալոյծին, որուն համար առաքեալները կը յայտնուին ատյանին մէջ, բայց շուտով արդարացուելով ազատ կ՝ արձակուին (3։ 1-4։ 22)։
  • Վերջին անգամ Յովհաննէսին դարձեալ կը հանդիպինք Պետրոս առաքեալի հետ Սամարիոյ մէջ աւետարանին մէջ. «Երբ Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաքեալները լսեցին, թէ Սամարիոյ մէջ ալ ընդունած են Աստծոյ խօսքը, անոնց մօտ ուղարկեցին Պետրոսին եւ Յովհաննէսին, որոնք, իջնելով, կ՝աղօթէին անոնց համար, որպէսի ստանան Սուրբ Հոգին» (8։ 14-15)։

Յովհաննէսը համարուած է Եկեղեցւոյ երեք սիւներէն մէկը, որուն Պողոսը հանդիպած է Երուսաղէմի մէջ. «երբ Յակոբոսը, Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ կը համարուէին, իմացան այն շնորհներու մասին, որ տրուած էին ինձ, հաւանութեան ձեռք մեկնեցին ինձ եւ Բառնաբասին, որպէսզի մենք երթանք հեթանոսներու մէջ, իսկ իրենք՝ հրեաներու մէջ» (Գաղ. Բ 9)։

Յովհաննէս առաքեալը Սրբազան աւանդութեան մէջ Խմբագրել

 
Քրիստոս եւ առաքեալներ, Քրիստոսի դէմ-դիմաց նստած է Յովհաննէս առաքեալը

Համաձայն եկեղեցական աւանդութեան՝ Երուսաղէմի առաջին ժողովէն ետք առաքեալները կը ցրուին զանազան երկիրներ։ Յովհաննէսը կ՝ երթայ ԵփԷսոս, ուր կ՝ ընդարձակէ Պօղոս առաքեալի հիմնած համայնքը, երկար ժամանակ կը մնայ ԵփԷսոսի մէջ, ապա կ՝ աքսորուի Պատմոս կղզի։ Աւանդութենէն կ՝ իմանանք ՅովհաննԷս առաքեալի մահուան որոշ մանրամասներ։

Յովհաննէս առաքեալի մահը Խմբագրել

Առաքեալներու շարքին մէջ են Յովհաննէսը միակն է, որ չէ մահացած նահատակութեամբ։ Յովհաննու աւետարանին մէջ փոքրիկ ակնարկ կայ անոր մահուան վերաբերեալ. «Պետրոսը դարձաւ եւ տեսաւ, որ այն աշակերտը, որուն Յիսուս կը սիրէր, կու գայ ետեւէն. ան, որ ինկած էր անոր կրծքով ու ըսած. «Տէ՛ր, ո՞վ է, որ պիտի մատնէ քեզ»։ Պետրոսը, անոր տեսնելով, ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, իսկ այս ի՞նչ կ՝ըլլայ»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Եթէ ես կը կամենամ, որ ան ապրի, մինչեւ որ ես գամ, այդ քեզի ի՞նչ հոգ, դուն եկո՛ւր իմ ետեւէն»։ Եւ այս խօսքը տարածուեցաւ եղբայրներու մէջ. եւ կարծեցին, թէ այդ աշակերտը պիտի չմեռնին։ Բայց Յիսուս անոր չըսաւ, թէ չպիտի մեռնի, այլ թէ՝ ես կը կամենամ, որ ան ապրի, մինչեւ որ ես գամ։ Այս աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներու մասին, որ եւ գրեց իսկ անոնց. եւ գիտենք, որ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է» (Հովհ. 21։ 21-25)։ Աւանդութիւնը կը նշէ, որ առաքեալը մահացած է շուրջ 100 թ., Եփեսոսի մէջ, 95 տարեկան հասակին։ Աւանդութեամբ մեզ հասած տեղեկութեան համաձայն՝ մահէն առաջ շատ չարչարանքներ տեսած է, բայց մահացած է խաղաղ պայմաններուն մէջ։ Պատմութեան մը համաձայն՝ ծերութեան տարիներուն, երբ խօսիլ չէ կրցած, եկեղեցի մտած է ըսելու համար միայն «Մանուկներ, սիրեցեք միմեանց»։

Յովհաննէսը հեղինակ նորկտակարանեան գիրքերու Խմբագրել

Աւանդաբար Նոր Կտակարանին մէջ եղած գիրքերէն Յովհաննու աւետարանը, Յովհանի ընդհանրական երեք նամակները եւ Յայտնութեան գիրքի հեղինակ համարուած է Յովհաննէս առաքեալը։ Յովհաննու աւետարանի ներքին վկայութիւնները կը հաստատեն Յովհաննէսի հեղինակ ըլլալը (Հովհ. 21։ 25)։ Շնորհիւ այս մօտեցման, որոշ արտաքին ապացուցներ կան եւս. վաղ եկեղեցւոյ հայրերէն Իրենեոս Լուգդոնացին (+202) եւ Կղեմես Հռոմէացին (+101) կը փաստեն, որ աւետարանը գրած է Զեբէդեոսի որդի Յովհաննէսը։ Հերապոլսի եպիսկոպոս Պապիասը (60-130) սակայն կը նշէ, որ յայտնի եղած են երկու Յովհաննէսներ՝ առաքեալը, որ այլեւս ողջ չէր, եւ Երեց Յովհաննէսը, որ տակավին ողջ էր։ Այս վկայութենէն ելլելով որոշ գիտնականներ աւետարանի հնարաւոր հեղինակ կը համարեն Յովհաննէս Երեցին։ Այնուամենակնիւ եկեղեցական աւանդութիւնը կը պնդէ, որ գիրքը գրուած է Եփեսոսի մէջ։ Մէկ այլ, երրորդ եւ աւելի հաւանական տեսակէտի համաձայն՝ Աւետարանի շարադրման համար տեղեկութիւնները տուած է Յովհաննէս առաքեալը, իսկ գրի առած է Յովհաննէս Երեցը։ Այսօր մէկ բան յստակ է, որ այս աւետարանը Յովհաննէս առաքեալի հիմնած աստուածաբանական դպրոցի ծնունդ է։ Այսպես է պարագան նաեւ Յովհանի առաջին նամակի, որ ոճական եւ բովանդակային խիստ նմանութիւն ունի Աւետարանի հետ համեմատած։ Յովհաննու Բ. եւ Գ. նամակներու հաւանական հեղինակ կը համարուի Յովհաննէս Երեցը։

Յովհանի Յայտնութիւն Խմբագրել

Յովհաննէսը աւանդաբար համարուաղ է նաեւ Յայտնութեան գրքի հեղինակ, բայց եթէ Դ Աւետարանը եւ երեք թուղթերը կրնային ներագրոպիլ Զեբէդեոսի որդի Յովհաննէսի կողմէն գրուած, ապա Յայտնութեան հեղինակի հարցը աւելի խրթին է։ Եթէ հաշուի առնենք այն, որ Յովհաննէսը ապրած է մինչեւ հռոմէական Դոմետիանոս կայսրին (81-96) ժամանակները, ապա հաւանական է, որ ան է Պատմոսի տեսանողը, որուն տեսիլքները գրի առնուած են Յայտնութեան գիրքին մէջ։

Յովհաննէս առաքեալի կերպարը արուեստի մէջ Խմբագրել

Պատկեր:Verjin entrik.jpg
Խորհրդաւոր ընթրիք, հայկական մանրանկար, Քրիստոսի դիմաց նստած առանց մորուքի աշակերտը Յովհաննէսն է

Յովհաննէս առաքեալը նկարչութեան, մանրանկարչութեան եւ քանդակագործութեան՛ մէջ ներկայացուած է արծիւի կերպարանքով։ Արծիւը կը խորհրդանշէ առաքեալի ունեցած հզօր ու բարձր թռչող միտքը, որով ան շարադրած է իր Աւետարանը։ Պատկերագրութեան մէջ Յովհաննէսը կը ներկայացուի առանց մորուքի՝ ցոյց տալու համար անոր երիտասարդ տարիքը։ Աւելի յաճախ «սիրելի աշակերտը» կը պատկերուի Քրիստոսին աւելի մօտ կանգնած, առջեւը կամ կողքին նստած։

Յիշատակութեան օրը Խմբագրել

Յովհաննէս առաքեալը կը համարուի քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկը։ Անոր անունով կան բազմաթիւ եկեղեցիներ։ Աւետարանիչի տօնը կը նշուի բոլոր աւանդական եկեղեցիներու կողմէն. Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յովհաննէս Աւետարանչի յիշատակը կը տօնէ Ս. Ծնունդին նախորդող Աւագ տօներու ժամանակ, Յունական եկեղեցին՝ 26 սեպտեմբերին եւ 8 մայիսին, իսկ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին՝ 27 դեկտեմբերին եւ 6 մայիսին։

Այցելէք նաեւ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Աստուածաշունչ Մատեան Հին եւ Նոր Կտակարաններու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 2004։
  2. Մաղաքիա արք. Օրմանյան, Համապատում, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 1997։
  3. Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալույտեան, Աստուածաշնչական սուրբեր, Երեւան, 1997։
  4. Աւետարաններու գործող անձինք, Սուրբ Էջմիածին, 2010։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. 2,0 2,1 Encyclopædia Britannica: a dictionary of arts, sciences, literature and general information / H. Chisholm — 11 — New York, Cambridge, England: University Press, 1911.
  2. The American Cyclopædia — 1879.
  3. различные авторы Энциклопедический словарь / под ред. И. Е. Андреевский, К. К. Арсеньев, Ф. Ф. ПетрушевскийСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1907.
  4. Μάρκος Ε., ανώνυμος 1:19-20, 10:35 // Εὐαγγέλιον κατὰ Μᾶρκον // The Holy Bible
  5. առաքյալ Մ. 4:21 // εὐαγγέλιον κατὰ Μαθθαῖον