Յովհաննէս Ինճիկեան

պատմաբան

Յովհաննէս Գրիգոր Ինճիկեան (25 Սեպտեմբեր 1913, Ախալցիխէ- 5 Ապրիլ, 1990, Երեւան), պատմաբան, արեւելագէտ, պատմական գիտութիւններու մասնագէտ (1974), մասնագէտ (1984

Յովհաննէս Ինճիկեան
Ծնած է 25 Սեպտեմբեր 1913
Ծննդավայր Ախալցխա, Վրաստան
Մահացած է 5 Ապրիլ, 1990 (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մոսկուայի Փիլիսոփայութեան, Գրականութեան եւ Պատմութեան Հիմնարկ[2]
Կոչում փրոֆեսոր[1]
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արեւելագէտ
Աշխատավայր Մոսկվայի Լենինի անվան ռազմաքաղաքական ակադեմիա?[2]
Կարմիր Բանակ[2]
Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւն[2]
Երեւանի Պետական Համալսարան
Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան
Հայաստանի ԳԱԱ արևելագիտության ինստիտուտ?
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[2]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել
 

Յովհաննէս Ինճիկեան, ծնած է Ախալցխա, 1913-ին, տոհմիկ էրզրումցիներու ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ախալցխայի հայկական դպրոցին մէջ։ 1925-1926-ին, աւարտելով եօթներորդ դասարանը, մեկնած է Թիֆլիս, ընդունուած է տեղւոյն մանկավարժական ուսումնարանը, որ աւարտելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր եւ աշխատած է Ախալցխայի շրջանի գիւղերու հայկական դպրոցներուն մէջ։ 1934-1939 տարիներուն սորված է Մոսկուայի պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան հիմնարկներուն մէջ, որ աւարտելէ ետք աշխատանքի նշանակուած է Մոսկուայի Լենինի անուան ռազմա-քաղաքական ակադեմիային մէջ՝ որպէս դասախօս։ 1941-ին զինուորագրուած է խորհրդային բանակի շարքերուն մէջ եւ 50-րդ բանակի կազմին մէջ մասնակցած է Մոսկուայի պաշտպանութեան։ 1942-ին 89-րդ Թամանեան բաժինի մէջ հրամանատարութեան կողմէ 390-րդ հրաձգային գունդի ռազմական պատուիրակ նշանակուած է։

Զօրացրուումէն ետք հաստատուած է Հայաստան, ուր շարք մը պատասխանատու պաշտօններ գրաւած է։ 1974-ին «Օսմանեան կայսրութեան ազգային քաղքենիքի ձեւաւորման ու զարգացման առանձնայատկութիւնները» թեմայով կատարած է իր մասնագիտական ատենախօսութիւնը։ 1952-1954 տարիներուն եղած է ՀԿԿ կենտկոմի վիճաբանութեան եւ քարոզչութեան բաժինի վարիչ, 1955-1958 տարիներուն, միաժամանակ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւ Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1958-1971 տարիներուն՝ ՀԽՍՀ ԳԱ արեւելագիտութեան բաժանմունքի վարիչ, 1971-1984 տարիներուն՝ Արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխտնօրէն[3][4]:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին Օսմանեան կայսրութեան սոցիալ-տնտեսական խնդիրներուն, դրամատիրութեան զարգացման առանձնայատկութիւններուն։

Հեղինակ է Թուրքիոյ պատմութեան նոր շրջանին վերաբերող աշխատութիւններու։ «Օսմանեան կայսրութեան քաղքենիք» (1977, ռուսերէն) մենագրութեան մէջ վերլուծած է Օսմանեան կայսրութեան բազմազգ քաղքենի զարգացման ուղիները, ցոյց տուած՝ այդ ընթացքի առանձնայատկութիւնները, նշած է, որ այլազգի, ոչ թուրք քաղքենին (յատկապէս հայ, յոյն եւ այլն) նշանակալի տեսակարար կշիռ ունեցած է երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ, իր քաղաքական դիրքորոշմամբ եղած է պակաս պահպանողական, քան թուրք քաղքենին։ Ձեւաւորուող թուրք ազգային քաղքենին հակամարտութեան մէջ մտած է այլազգի քաղքենի խումբերու հետ եւ, ի վիճակի չըլլալով, դուրս մղած է անոնց տնտեսական մրցակցութեամբ, յաճախակի կերպով գրաւած է այդ ազգերու, առաջինը հայ քաղքենի, հարստութիւնը, արգիլած եւ խոչընդոտած է անոր գործունէութիւնը, ընդհուպ մինչեւ ֆիզիքական ոչնչացումը։ «Օսմանեան կայսրութեան անկումը» (1984) աշխատութեան մէջ արծարծած է 20-րդ դարու սկիզբի Օսմանեան կայսրութեան քայքայման եւ անկման սոցիալ-տնտեսական պատճառները, ցոյց տուած է, որ 1908-ի երիտթրքական յեղաշրջումը չկեցուց քայքայման ընթացքը եւ կայսրութեան փլուզումը, որովհետեւ երկրին մէջ սոցիալ-տնտեսական քիչ թէ շատ շօշափելի վերափոխութիւններ չէին կատարուած։ Երիտթուրքերը, շարունակելով ոչ թուրք, միջին դասակարգային տնտեսութենէն դուրս մղելու քաղաքականութիւնը, զայն հասցուցին ընդհուպ մինչեւ քրիստոնեայ բնակչութեան, յատկապէս հայերու, զանգուածային ոչնչացման։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։