Յովսէփ Փուշման (9 Մայիս 1877(1877-05-09), Սիլվան, Դիարբեքիրի մարզ, Թուրքիա - 13 Փետրուար 1966(1966-02-13), Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գեղանկարիչ։

Յովսէփ Փուշման
Ծնած է 9 Մայիս 1877(1877-05-09)
Ծննդավայր Սիլվան, Դիարբեքիրի մարզ, Թուրքիա
Մահացած է 13 Փետրուար 1966(1966-02-13) (88 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ժիւլիան Ակադեմիա
Տեսակ դիմապատկեր
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ
Ամուսին Եուլիա Շալճեան
Երեխաներ Արսէն Փուշման եւ Արման Փուշման

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փուշմանեանները ապրած են Տիարպեքիրի մէջ։ Հայկական կոտորածներու ատեն խոյս տալով եաթաղանէն՝ ընտանիքով ապաստանած են Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Փուշմաններուն ընտանիքը մասնագիտացած էր հայկական գեղագեղ գորգերու վաճառականութեամբ, որ մանուկ հասակէն ապագայ նկարիչին ընկալումներու աշխարհին վրայ իր ազդեցութիւնը ձգած էր։

Յովսէփ Փուշման նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գեղեցիկ արուեստներու կայսերական դպրոցին մէջ։ Ամերիկա հաստատուելէ ետք, Շիքակոյի մէջ ամբողջութեամբ կը նուիրուի չինական մշակոյթի ուսումնասիրման, այդ ասպարէզին մէջ հասնելով որոշակի յաջողութիւններու։ 1905-ին ուղղուած է Չինաստան, ուր մասնագիտացած է արեւելեան գեղանկարչութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան մէջ։ Ուսումը շարունակած է Փարիզի «Ժիւլիէն» ակադեմիայի մէջ։ 1914 եւ 1921 թուականներուն Փարիզի Salon des Artistes Français-ի կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ստացած է երկու շքանշան[1]։ 1928-ին Փուշման հեռակայ ընտրուած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ: Գործօն մասնակցութիւն բերած է «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերակցութեան ստեղծման[2]։ 1920-ին Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրած է իր արուեստանոցը Քարնեկի Հոլի մէջ[3]։ 1940 եւ 1950-ական թուականներուն Փուշմանի եւ The New York Graphic Society կազմակերպութեան միջեւ դատական գործընթաց մը կը սկսի։ Վերջինս անոր գործերէն նմոյշներ վերատպած էր առանց արուեստագէտի թոյլտուութեան։ Դատավարութիւնը կ'աւարտի Փուշմանի յաղթանակով։

Ստեղծագործական Ուղի

Խմբագրել
 
Խնկարկողը

Յովսէփ Փուշման արուեստի, գեղանկարչութեան աշխարհի մէջ ծանօթ է իր զննին, որոշակի մտորումները մղող մեռած բնութեամբ, որոնց յօրինուածքներուն համար հիմք ծառայած են հայկական մագաղաթէ ձեռագիրները, թալիսմանները, խնկամանները, հնագոյն զարդերը, կանացի նուրբ, զգայական եւ զգացմունքային դիմանկարներով, որոնցմէ հերոսուհիները հանդերձաւորուած են արտասովոր, գունագեղ զգեստներով։ Փուշմանի արուեստին բնութագրական յատկանիշը արեւելքի պաշտամունքն է, որ կ'արտայայտուի որոշակի խորհրդանիշներու միջոցով։ Հոգեւոր նկարագիր ունեցող այս աշխատանքներուն ուղիին մէջ են գրառումներ, որոնք աւելի դիւրին կը դարձնեն դիտողին գործը խորհրդանշելու համար։

Փուշմանին աշխատանքները կը գտնուին հանրային եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ[4], Տիթրոյթի արուեստի հիմնարկին մէջ, Հիւսթընի գեղարուեստի թանգարանին մէջ, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն արուեստի թանգարանին մէջ, Մինիափոլիսի Արուեստի թանգարանին մէջ, Նիւ Ճըրզիի եւ Պոսթընի Արուեստի թանգարաններուն մէջ, Ամերիկեան Արուեստի նոր Բրիտանական թանգարանին մէջ, Թուլսայի, Օքլահոմայի Արուեստի կեդրոններուն մէջ եւ Սիթլի (Ուաշինկթըն) Արուեստի թանգարանին մէջ[5]։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • «Հայաստանի աղջիկը»
  • «Խաղաղութեան պատգամները»
  • «Անպարտելի Չինաստանը»
  • «Անցեալի ստուերը»
  • «Մեծարանք Օմար Խայեամին»
  • «Վաղնջական սիրահարութիւն»
  • «Յաւիտենական լռութիւն»
  • «Կեանքի գիրքը»
  • «Քիւրտիստան»
  • «Մահամերձ վարդի խոստովանութիւնը»
  • «Զարթնում»

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Փարիզի, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Շիքակոյի մէջ։

Մատենագրութիւն

Խմբագրել
  • «Հայաստանի կոչնակ», 14 Հոկտեմբեր 1939. Շ. Վարսեան, Գոյներու կախարդ երգիչը։
  • «Հայրենիքի ձայն», 24 Յունիս 1970* Onnig Avedissian, Peintres et sculpteurs Armeniens. Le Caire, 1959

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել