Ներքին հիւանդութիւններ

Ներքին հիւանդութիւններ, շնչառութեան, մարսողութեան օրկաններու, սիրտանոթային համակարգի, երիկամներու, արեան, շարակցական հիւսուածքի, ներզատիչ գեղձերու եւ նիւթափոխանակութեան համակարգերու հիւանդութիւններ, որոնք կրնան բուժել բժիշկները:

Ախտորոշում Խմբագրել

Ներքին հիւանդութիւններու ախտորոշման նպատակով ժամանակակից բժշկագիտութիւնը, հետազօտութեան աւանդական ձեւերու (զննում, հարցուփորձ, շօշափել, լսել) հետ միատեղ, կը կիրարկէ ախտորոշման կենսաքիմիական եւ գործիքային բարդ ձեւեր։

Բուժում Խմբագրել

Ներքին հիւանդութիւններու բուժումը գլխաւորաբար կ'իրականանայ աւանդական ձեւերով (դեղաբուժութիւն, սննդակարգ, առողջարանա-առողջավայրային բուժում եւ այլն)։

Պատմութիւն Խմբագրել

«Ներքին հիւանդութիւններ» հասկացութիւնը կ'օգտագործեն նաեւ ներքին օրկաններու հիւանդութիւններու յառաջացման պատճառներն ու մեքենակնութիւնը ուսումնասիրող, ախտորոշման, բուժման ու կանխարգելման ձեւերը մշակող բուժարանները։

Այս գիտակարգին պատմութիւնը կը համընկնի բժշկագիտութեան պատմութեան հետ, քանի որ հազարամեակներու ընթացքին միայն վիրաբուժութիւնն ու մանկաբարձութիւնը եղած են բժշկագիտութեան առանձին ճիւղեր, իսկ մանուկներու, կանանց, բուժական հիւանդութիւններ եւ միւս հիւանդութիւնները ներքին հիւանդութիւններէն առանձնացուած չէին։

«Բժշկութեան հայր» Հիբոգրադ, Հին Հռոմի մեծագոյն բժիշկ Կալէ, Արեւելքի ականաւոր մտածող Ըպըն Սինա եւ անցեալի միւս մեծագոյն բժիշկները ներքին հիւանդութիւններու կարեւորագոյն դպրոցներու եւ ուղղութիւններու հիմնադիրները եղած են։ ԺԹ. դարուն՝ ախտաբանութեան (որմով հաստատուած են օրկաններուն մէջ յառաջացող որոշակի հիւանդութիւններուն բնորոշ ձեւաբանական փոփոխութիւնները), ախտաբան հոգեբանութեան (ուսումնասիրած է հիւանդագին գործընթացներու ծագման ու ընթացքի օրինաչափութիւնները), մանրէաբանութեան (բացայայտած է շատ հիւանդութիւններու յարուցիչներ) նուաճումները, ինչպէս նաեւ հիւանդներու հետազօտման ձեւերու (ընդբախել, լսել եւ այլն) կատարելագործումը նախադրեալներ կը ստեղծեն ներքին հիւանդութիւններու՝ իբրեւ բնագիտութիւն գիտակարգի, ձեւաւորման համար։

Այդ գիտակարգին հետագայ զարգացումը պայմանաւորուած է բնագէտի, քիմիագիտութեան, կենսաբանութեան եւ բժշկագիտութեան յառաջընթացով։ Հիւանդութիւններու բնոյթին, անոնց ախտորոշման եւ բուժման ձեւերու վերաբերեալ գիտելիքներու կուտակումը կը պայմանաւորէ բուժարանակական բժշկագիտութեան տարբերակումը: ԺԹ. դարու 2-րդ կէսէն մինչեւ Ի. դարու 1-ին կէսը, իբրեւ առանձին ճիւղեր, ներքին հիւանդութիւններէն կ'առանձնանան մանկաբուժութիւնը, ջղախտաբանութիւնը, հոգեբուժութիւնը, մաշկաբանութիւնը եւ այլն։ ժամանակին բժշկագիտութեան մէջ ներքին հիւանդութիւնները (կամ «ներքին հիւանդութիւններու բուժարան», «ներքին բժշկութիւնը») հիմնական, բուժարանակական գիտակարգ են եւ բժշկական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դասաւանդուող հիմնական առարկայ։

Բաղադրեալ մասեր Խմբագրել

Ներքին հիւանդութիւններու բաղադրեալ մասերն են՝

  • ստամոքս-աղիքաբանութիւնը,
  • արիւնաբանութիւնը,
  • սրտաբանութիւնը,
  • երիկամաբանութիւնը,
  • թոքաբանութիւնը,
  • յօդաբանութիւն,
  • գեղձաբանութիւն։

Ներքին հիւանդութիւններու զարգացումը Հայաստանի մէջ Խմբագրել

Ներքին հիւանդութիւններու բնագաւառի զարգացումը Հայաստանի մէջ պայմանաւորուած է Երեւանի համալսարանի բժշկական բաժամունքին մէջ եւ բժիշկներու կատարելագործման հիմնարկին մէջ (1997 թուականէն՝ Ազգային առողջապահութեան հիմնարկ), ներքին հիւանդութիւններու ամպիոններու, Լ. Յովհաննիսեանի անուան սրտաբանութեան, հանքային ջուրերով բուժում եւ ֆիզիքական բժշկութեան ԳՀհ-ներու ու բուժարանակական հիւանդանոցներու ներքին հիւանդութիւններու բաժանմունքներու ստեղծմամբ։

Ուսումնասիրութիւններ եւ հիւանդութիւններու բուժման ձեւեր Խմբագրել

Սկզբնական շրջանին ուսումնասիրուած են մալարիայի բուժարանի, դասակարգման, բուժման (Լ. Յովհաննիսեան, Ս. Մելիք-Ադամեան, Ա. Քաթանեան, Ռ. Գեանջեցեան, Ա. Սիմոնեան), սաստիկ ջերմի բուժարանի (Ռ. Գեանջեցեան), ախտորոշման (Ս. Երամեան) հարցերը։

Նկարագրուած եւ առանձնացուած է Հայաստանի մէջ տարածուած հիւանդութիւն մը, զոր սկիզբը կոչած են 6-օրեայ տենդ, իսկ հետագային՝ պարբերական հիւանդութիւն: Ուսումնասիրուած են թոքերու յամրընթացը, հիւծախտ չպատճառող հիւանդութիւններու տարածութեան եւ բարձր լեռնային պայմաններու մէջ անոնց բուժման հարցերը (Վ. Ամատունի)։

Մշակուած է խոցային հիւանդութեան բուժման ձեւ՝ պրոմի պատրաստուկներով եւ քինով, ինչպէս նաեւ Վանաձորի մէջ եւ անոր շրջաններուն մէջ տարածուած տեղաճարակային վահանագեղձի բուժման հարցերը (Ռ. Գեանջեցեան), առաջարկուած է դեղորայքային քինի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնող տարբերակուած ձեւ, ներդրուած ելեկտրաքնի ինքնատիպ սարք (Ռ. Ստամբոլցեան)։ Մշակուած են բուժարան, երիկամաբանութիւն (Ֆ. Դրամփեան), երիկամներու հիւանդութիւններու բուժարանի եւ բուժման, երիկամներու ու միզուղիներու քարային հիւանդութեան պահպանող, բուժման (քարերու լուծման եղանակով) հարցերը (Ռ. Մամիկոնեան եւ աշխատակիցներ)։

Ուսումնասիրած են սիրտի օրկանական աղմուկներու ծագման (Լ. Յովհաննիսեան), սիրտանոթային համակարգի գործիքային հետազօտման (Ա. Սիմոնեան, Ա. Ֆարմանեան, Ա. Քաթանեան), հիպերտոնիկ հիւանդութեան (Վ. Աւագեան), թոք-սրտային անբաւարարութեան ժամանակ ելեկտրասրտագրութեան շեղումներու (Ա. Մէլիք-Ադամեան), ելեկտրասրտագրութեան նոր ձեւերու մշակման (Ռ. Ստամբոլցեան, Զ. Դոլաբջեան, Լ. Միխայելեանց) հարցերը։ Զբաղած են սրտային գլիկոզիդներու ազդեցութեան ուսումնասիրութեամբ՝ սրտային անբաւարարութեան ժամանակ (Գ. Բադալեան)։

Պարզուած են սիրտի ձախփորոքային անբաւարարութեան ժամանակ ցնցղային անցանելիութեան խանգարումները, որոնք կը բարդացնեն արեան փոքր շրջանառութիւնը, մշակուած են արտաքին շնչառութեան ուսումնասիրման ձեւեր (արտաքին շնչառութեան մէկ ցուցանիշ յայտնի է որպէս «Բադալեանի ցուցանիշ»)։ Սրտաբանութեան հիմնականին մէջ ուսումնասիրուած են սրտամկանի անբաւարարութեան եւ անոր հետզարգացման գործընթացները սիրտի իշեմիկ հիւանդութեան (Կ. Ադամեան), հիպերտոնիկ հիւանդութեան (Ս. Գուրգենեան), յօդացաւի եւ սիրտի ձեռքբերովի արատներու (Ս. Յոլեան) ժամանակ։ Աշխատանքներ կատարուած են Հայաստանի կլիմայական եւ ջրաբուժական պաշարներու ուսումնասիրման բնագաւառի մէջ։

Հետազօտուած են Արզնիի, Ջերմուկի հանքային ջուրերու բուժիչ ազդեցութիւնը սիրտանոթային, լեարդի, լեղուղիներու եւ շաքարախտի ատեն, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի, Ստեփանաւանի, Վանաձորի, Գիւլագարակի եւ այլ առողջարաններու կլիմայի բուժիչ ազդեցութիւնը։ Ներդրուած են ներզատիչ գեղձերու հիւանդութիւններու (յատկապէս թիրեոտոքսիկոզի, շաքարախտի) հետազօտման եւ բուժման նոր ձեւեր (Պ. Վարդապետեան)։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Goldman Lee (15 Ապրիլ, 2001)։ «Key challenges confronting internal medicine in the early twenty-first century»։ The American Journal of Medicine 110 (6): 463–470։ PMID 11331058։ doi:10.1016/S0002-9343(01)00649-0 
  • Meltzer David, Manning, WG, Morrison, J, Shah, MN, Jin, L, Guth, T, Levinson, W (դեկտեմբերի 3, 2002)։ «Effects of Physician Experience on Costs and Outcomes on an Academic General Medicine Service: Results of a Trial of Hospitalists»։ Annals of Internal Medicine 137 (11): 866–74։ PMID 12458986։ doi:10.7326/0003-4819-137-11-200212030-00007 
  • Salerno Stephen M, Landry, Francis J, Kaboli, Peter J (1 Փետրուար, 2001)։ «Patient perceptions of the capabilities of internists: a multi-center survey»։ The American Journal of Medicine 110 (2): 111–117։ PMID 11165552։ doi:10.1016/S0002-9343(00)00666-5 
  • Sox Harold C (հունիսի 15, 2001)։ «Supply, demand, and the workforce of internal medicine»։ The American Journal of Medicine 110 (9): 745–749։ PMID 11403763։ doi:10.1016/S0002-9343(01)00756-2 
  • Wetterneck Tosha B., Linzer, M, McMurray, JE, Douglas, J, Schwartz, MD, Bigby, J, Gerrity, MS, Pathman, DE եւ այլք (25 Մարտ, 2002)։ «Worklife and Satisfaction of General Internists»։ Archives of Internal Medicine 162 (6): 649–56։ PMID 11911718։ doi:10.1001/archinte.162.6.649 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել