Նիզար Խալիլի

Սուրիացի գրող, մանկավարժ եւ հայագէտ։

Նիզար Խալիլի (1925, Հալէպ, Սուրիա - 8 Մայիս 2019(2019-05-08)), քեսապաբնակ սուրիացի գրող, մանկավարժ, թարգմանիչ եւ հայագէտ։

Նիզար Խալիլի
Ծնած է 1925
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 8 Մայիս 2019(2019-05-08)
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, հայագէտ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Խալիլի ծնած է Հալէպ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանանի։

1943-1946 թուականներուն ընթացքին աշխատած է Հալէպի Նոր Գիւղի Հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէնի ուսուցիչ։

Հայերէն լեզուին մեջ զարգացած է մանկավարժական աշխատանքին ընթացքին։ Նիզար ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս՝ գեղարուեստական գրականութիւնը։ Քանի մը անգամներ այցելած է Հայաստան։

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է։ Նիզարը, առանձին գրքոյկներով, արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները։

Նիզարը նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը։ Ինչպէս նաեւ գրած է բազմաթիւ հայերէն բանաստեղծութիւններ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սուրիացի Գրող, Հայագէտ Նիզար Խալիլի Իր Մահկանացուն Կնքեց»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-05-09։ արտագրուած է՝ 2022-02-23 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել