Նշան Արծրունի
Նշան Արծրունի (իսկական ազգանունը եղած է Պլէօխանեան, սակայն հայրենի Վանը յիշեցնածու նպատակով փոխած են Արծրունիի), (1849, Սեբաստիոյ նահանգ, Սեբաստիոյ գաւառ, Ակն գաւառակ, Ապու Շէյխ (Ապուշէխ) աւան - 1895), հայ բժիշկ, գրող, ազգային հասարակական գործիչ։
Ի ծնէ | Նշան Պլէօխանեան |
---|---|
Ծնած է | 1849 |
Ծննդավայր | Ապուչեխ, Ակն |
Մահացած է | 1895 |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրթութիւն | Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, գրագէտ, հանրային գործիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆշան Արծրունին ծնած է 1849 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի Սեբաստիոյ գաւառի Ակն գաւառակի Ապու Շէյխ (Ապուշէխ) աւանին մէջ՝ վանեցիի ընտանիքի մէջ։ Աւարտած է ծննդավայրի վարժարանի վեցամեայ դասընթացը։ 1867 թուականին մօր հետ տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ վերցուած զինուորական բժիշկ հօրեղբօր՝ Մինասի խնամքին։ 1867-1871 թթ. սորված է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարանին մէջ եւ ստացած դեղագործի, ապա նաեւ վիրաբոյժի վկայականներ։ 1871 թուականին արաբական ապստամբութեան ժամանակ օսմանեան բանակի կազմին մէջ, որպէս զինուորական բժիշկ, ուղարկուած է Հիճազ եւ Եմէն։ 1871-1876 թթ., ծառայութեան բերումով, հինգ տարի թափառած է արաբական անապատներուն մէջ եւ դարմանած մալարիայով հիւանդ զինուորներին ու տեղացիներին։ Օսմանեան պետութիւնը գնահատած է Արաբիաիւմ նրա ծառաիւթիւնը եւ նրան պարգեւատրած «Մեջիդիե»-ի Ա կարգի պատվանշանով եւ հարիւրապետի զինուորական աստիճանով։ 1876 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակած է Արաբիա կատարած իր ուղեւորութեան մասին հայերէն գրած «Ուղեւորութիւն դէպի Արաբիա» ուսումնասիրութեան թուրքերէն թարգմանութիւնը։ Մէկ այլ աղբիւրի մէջ ըսուած է, որ գիրքի բնագիրը եղած է թուրքերէն, իսկ 1911 թուականին՝ թարգմանուած եւ հրատարակուած է նաեւ հայերէն։ 1877-1878 թթ. Ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ կրկին զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ, որպէս զինուորական բժիշկ, Կարսի ռազմաճակատ ուղարկուած։ Կարսի մէջ Օսմանեան բանակի պարտութիւնէն ետք, հազարաւոր թուրք զինուորներու հետ գերի ինկած է, քաղաքը գրաւած ռուսական զօրքին, տեղափոխուած Երեւան, ապա՝ Թիֆլիս, ուր, որպէս հմուտ բժիշկ եւ բարձրաստիճան զինուորական, արժանացած է Կովկասեան բանակի երկու բարձրաստիճան հայ հրամանատարներու՝ կեներալներ Միքայէլ Լոռիս-Մածիքովի եւ Արշակ Տէր-Ղուկասեանի համակրանքին եւ շնորհներուն։ Լոռիս-Մածիքովը, որպէս խորին յարգանքի նշան, նրան նուիրած է արծաթէ շքադրամ եւ իր լուսանկարը։
Թիֆլիսի մէջ ծանօթացած է անւանի մշակութային գործիչ, «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի հետ, որուն խնդրանքով պատերազմական յուշեր ու զանազան յօդուածներ տպագրած է «Մշակ»ի մէջ` «Պլէօխան» ծածկանունով։ Վերադառնալով ռուսական հսկողութեան տակ գտնուող Կարս, հրատարակած է Թրքահայաստանի ազատագրութեան նուիրուած «Կարս Հայաստանի» (նման անունով պարբերական մատենագիտական որեւէ ցուցակին մէջ կամ որեւէ աղբիւրի մէջ չկայ - խմբ.) եռօրեայ հայրենաշունչ թերթը, զոր, սակայն, 2-3 թիւ հրատարակուելէ ետք, քաղաքական նկատառումներով եւ բարեկամներու խորհրդով ընդհատուած է, քանի որ կարնար վնաս հասցնել Թուրքիա բնակող իր հարազատներուն։ 1880 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին, Կարսի Ազգային առաջնորդարանն ու կրթական մարմինները, անոր շնորհած են «Գնահատական վկայագիր»` անձնուէր ծառայութեան համար։ 1881 թուականին, Կ. Պոլիս վերադարձած է եւ զանազան պաշտօններ վարած։ 1881-1888 թուականներուն, բնակած է Սեբաստիոյ նահանգի, Սեբաստիոյ գաւառի, Ակն գաւառակի կեդրոն՝ Ակն քաղաքի մէջ, ապա` Խարբերդի նահանգի Տերսիմի գաւառի Չմշկածագ աւանին մէջ եւ քաղաքապետական դեղագործի ու վիրաբոյժի պաշտօններ վարած։ Այդ ընթացքին բազմիցս այցելած է Տերսիմ եւ իր համակրելի բնաւորութեամբ դարձած՝ տեղի քիւրտ ցեղապետերու սիրածին։
Կազմած է Հայաստանի ազատագրութեան համար ապստամբութեան ծրագիր, սակայն գտնելով, որ այդ դժուարին եւ կանխահաս է, հրաժարած է այդ միտքէն։ 1889 թ. Յունուարին, Երզնկայի մէջ կազմուած Հայ տնտեսական միութեան հրաւէրով մեկնած է Երզնկա` վիրաբոյժ եւ դեղագործ աշխատելու։ 1889 թուականին, Երզնկայի Օսմանեան իշխանութիւնը անոր ամբաստանած է իբրեւ ռուսական լրտես, որ 1877-1878 թուականներուն՝ Ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ, որպէս թէ՝ նպաստած է Կարս բերդաքաղաքի անկման, քանի որ Կարսի զինուորական յատակագիծը, որպէս թէ՝ ուղարկած է ռուսական բանակի կեներալ Արշակ Տէր-Ղուկասովին։ Տունը խուզարկելու ընթացքին, Անիի մէջ՝ Կարսի առաջնորդի,Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) եւ ուսուցիչներու հետ լուսանկարուած պատկերը եւ մի քանի նոր հեղինակած երգեր յայտնաբերած են։ 1889 թուականին 5 տարուան տաժանակիր բանտարկութեան դատապարտուած է։ 1894 թուականին, Լիպիոյ (Ափրիկէի հիւսիսը) Թրիպոլիս քաղաք աքսորուած է։ 1895 թուականին Յունուար 1-ին, ֆիզիկապէս քայքայուած ու հոգեպէս ջլատուած վիճակի մէջ մահացած է Թրիպոլիսի իտալական հիւանդանոցին մէջ` 46 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Թրիպոլիի յունական գերեզմանոցում։ Թողած է մի քանի թատերական եւ բժշկական գործեր, որոնցմէ մի քանին՝ խարդախաբար, հրատարակած են ուրիշներ (Վ. Արծրունի, «Արեւ», 1932, Յունուար)։
Աշխատութիւնները
Խմբագրել- Ուղեւորութիւն դէպի Արաբիա (թուրքերէն բնագիր), 1876։
- Ուղեւորութիւն դէպի Արաբիա (հայերէն թարգմանութիւն), թերթոն «Աշխատանք» թերթում, Զմիւռնիա, 1911 թ.։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1940։
- Պարսամեան Մկրտիչ, Ակն եւ ակնցիք, Փարիզ, 1952։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
- Ստեփանեան Գ., Կենսագրական բառարան, հ. Ա., Երեւան, 1973։
- Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։