Պետրոս Զարոյեան

Պետրոս Զարոյեան (Պոլիս, 1903 - Փարիզ, 1986), ֆրանսահայ արձակագիր եւ գրադատ։

Պետրոս Զարոյեան
Ծնած է 6 Դեկտեմբեր 1903(1903-12-06)[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 29 Յունուար 1986(1986-01-29)[2] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյլ[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[3][1]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, մշակութային գործիչ, գրականագէտ
Աշխատավայր Նոր հաւատք[1]
Մշակոյթ
Լուսաբաց[1]
Հայ Միտք[1]
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1]
Արեւմուտք
Անահիտ
Հօկ
Ապագայ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր, գլխաւոր խմբագիր, գլխաւոր խմբագիր եւ գլխաւոր խմբագիր

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պալաթի Ազգ. «Խորէնեան» վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, յաճախած է Ազգ. Կեդրոնական վարժարան, որուն ընթացքը աւարտած է 1922-ին։ Նոյն տարին անցած է Փարիզ:

Գրել սկսած է կանուխէն, 1919-ին, «Այգ» շաբաթաթերթթին մէջ։ Աշխատակցած է, Վահան Թէքէեանի խմբագրուեան օրով, Պոլսոյ «ժողովուրդի Ձայն»ը օրաթերթին, ու այդ թուականէն ասդին, զոյգ «Հայրենիք»ներուն (Պոսթըն), «Պայքար» օրաթերթին եւ համանուն պարբերաթերթին, «Անահիտ»ի, «Զուարթնոց»ի, «Մենք»ի, սփիւռքեան հանդէսներու եւ օրաթերթերու: Բանաստեղծ Ա. Սեմայի հետ 1935-ին հիմնած է «Մշակոյթ» ամսագիրը, իսկ Զարեհ Որբունիի հետ «Լուսաբաց» հանդէսը՝ 1938-1939-ին։ 1954-ին հրատարակած է «Հայ Միտք» կիսամեան։

1962-1964 դասախօսած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ իբրեւ ուսուցիչ հայ եւ օտար գրականութեան։ Այնուհետեւ ապրած է Մարսէյլի մէջ մինչեւ իր մահը։

Գրական ստեղծագործութիւններուն (առաւելապէս պատմուածքներ) թէ գրական տեսութիւններուն մէջ, Պետրոս Զարոյեան հանդարտ դատումի, վիճակներն ու դէպքերը կեանքի իրականութեանց լոյսին տակ վերլուծող գրագէտն է։ Սեփական տեսակէտ, անհատական կարծիք ու համոզում ունենալով հանդերձ գրական իր տեսութեանց մէջ, առհասարակ անձնականութեան եւ զգացական տրամադրութիւններու չի յանձնուիր գնահատութիւններու եւ քննադատութեանց մէջ։

Գործերը Խմբագրել

Հրատարակուած իր գործերն են «Մեռնողները», «Ակսել Բակունց», «Սեւ Ու Ճերմակ»[4]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել