Պերճ Թիւրապեան (7 Փետրուար 1950(1950-02-07), Եգիպտոս), բանասէր, թարգմանիչ, գրադարանագէտ, դասախօս, երաժիշտ։

Պերճ Թիւրապեան
Ծննդեան անուն Պերճ Թիւրապեան
արաբերէն՝ بيرج طورابيان
Ծնած է 7 Փետրուար 1950(1950-02-07) (74 տարեկան)
Ծննդավայր Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք
Մասնագիտութիւն բանասէր, թարգմանիչ, երաժիշտ, գրադարանագէտ, դասախօս
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Կայքէջ bergeturabian.com

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պերճ Թիւրապեան ծնած է Եգիպտոս 1950 թուականին։ Ուսումը ստացած է Գահիրէի Մխիթարեան վարժարանէն, ապա ֆրանսական քոլեճէն։ 1965 թուականին ներգաղթեր է Հայաստան: Ուսումը շարուանակած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ։ ԵՊՀ-ի մէջ դասաւանդեր է ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիււն։

1960-ական թուականներուն Պերճ Թիւրապեանը Հայաստանի մէջ սկիզբ առած հեղինակային երգի ներկայացուցիչներէն էր։ 1987 թուականին աշխատեր է Նիւ Եորքի Գոլումպիայի համալսարանի գրադարանին մէջ, ուր շարունակեր է ուսումը եւ ստացեր է գրադարանագիտութեան մագիստրոսի կոչում։ Այնուհետեւ աշխատանքի անցեր է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին մէջ։

Հեղինակային համերգներ ունեցեր է Երեւանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի շարք մը քաղաքներու եւ Փարիզի մէջ։

Ֆրանսերէնէն հայերէն թարգմանած է Շարլ Ազնաւուրի երգերը[1]: 2010 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Ազնաւուրը՝ հայերէն» ձայներիզը, որուն մէջ ընդգրկուած են Շարլ Ազնաւուրի 13 երգերու հայերէն տարբերակները[2]: Թարգմանած ու կատարած է յայտնի ֆրանսացի երգիչներու՝ Ժաք Պրելի (Jacques Brel), Լէո Ֆեռէի (Léo Ferré), Ճորճ Պրասէնսի (Georges Brassens) ու Շարլ Ազնաւուրի երգերը։

  Պերճ Թիւրապեան, որ նիւեորքաբնակ յայտնի յօրինող եւ երգիչ է, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ տալով Զարեհ Խրախունիին չորս բանաստեղծութիւնները՝ «Մակոյկը», «Ձեռնածու»ն, «Թռչնահոգի»ն, եւ «Կաթիլներ»ը իր յօրինած երգերով ներկայացուց: Արդէն «Մակոյկը» նախապէս ցոյց տրուած շարժանկարին մէջ մասամբ նուագուած եւ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր։ Թիւրապեանի կողմէ հրամցուած այս չորս երգերը բոլորովին տարբեր ոգեւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին հանդիսատեսերուն միջեւ։ Պերճ Թիւրապեան անուանի բանաստեղծնեուն գործերը երաժշտութեան վերածած եւ այդ գործերէն իւրաքանչիւրին նոր շունչ մը եւս տուած է (http://www.bergeturabian.com/):
- «Մարմարա», 19 Դեկտեմբեր 2016
 


Գիրք-ձայնապնակներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել