Ռէալ Մատրիտ
Ռէալ Մատրիտ ՖԱ (սպ.՝ Real Madrid Club de Fútbol, անգլերէն՝ Madrid Royal Football Club, առաւել յայտնի որպէս Real Madrid, Los Blancos, Los Merengues), սպանական մասնագիտական ֆութպոլային ակումբ Մատրիտ քաղաքէն: Ստեղծուած է 1902 թուականին եւ նոյն տարին խաղերու կը սկսի աւանդական տնային սպիտակ մարզաշապիկով: Ռեալ սպաներէն կը նշանակէ արքայական, եւ այս անուանումը ստացած է Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնզօ XIII-ի կողմէն 1920 թուականին: Կը մասնակցի Լա Լիկային եւ կը համարուի 20-րդ դարու ամենայաջող ակումբը, Լա Լիկայի մէջ ունի մրցանշային 32 յաղթանակ, 19 Գոբա Տէլ Ռէյ (արքայական բաժակ) եւ մրցանշային տասնմէկ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի բաժակ:
Ակումբը իր տնային խաղերը կը հանդիսաւորէ Մատրիտի մէջ գտնուող Սանտիակօ Պերնապէու մարզադաշտին մէջ 1947 թուականէն: 23 Դեկտեմբեր 2000 թուականին ՖԻՖԱ-ն Ռեալին պարգեւատրած է «20-րդ դարու լաւագոյն ակումբ» մրցանակով: Ռեալը ամենայաջողակ ակումբն է նաեւ ԻՒԵՖԱ-ի ակումբային մրցաշարերու պատմութեան մէջ՝ Յաղթականներու Լիկա տասնմէկ բաժակներով եւ ԻՒԵՖԱ-ի երկու բաժակներով:
Ռեալը տարեկան եկամուտով աշխարհի ամենահարուստ ակումբն է (€ 351 միլիոն), իսկ «Ֆորպզի» տուեալներով՝ երկրորդ ամենաթանկ ակումբը. 2008 թուականին ան 950 միլիոն եւրօ կ՛արժէր:[1][2]
Պատմութիւն
ԽմբագրելԿանուխ տարիներ (1897-1945)
Խմբագրել1897 թուականին ստեղծուեցաւ Արքայական ֆութպոլային ակումբը՝ դառնալով Մատրիտեան ակումբի հիմքը: Սակայն ակումբի ստեղծման պաշտօնական ամսաթիւը կը համարուի 6 Մարտ 1902 թուականը, երբ Պատրոս եւ Ժուլիան Պալասիոս եղբայրներու կողմէ բացուեցաւ Madrid Football Club ակումբը: Երեք տարի ետք 1905 թուականին, Մատրիտ ՖԱ-ը նուաճեց իր առաջին տիտղոսը՝ յաղթելով Աթլեթիք Պիլպաոյին Սպանիոյ բաժակի եզրափակչին: 29 Յունիս 1920 թուականին Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնզ XIII ակումբին շնորհեց Արքայական տիտղոսը, որ սպաներէն կը հնչուի Ռեալ: Այս տեղէն կու գայ ակումբի անուանումը՝ Ռեալ Մատրիտ:
Առաջին իսկ տարիներէն խումբը առաջատառներու շարքերուն եղած է, եւ արդէն 1903-ին Ռեալը դուրս կու գայ Սպանիոյ բաժակի եզրափակիչ, ուր, սակայն, կը պարտուի Աթլեթիք Պիլպաոյին: Քանի մը տարի ետք հեղինակաւոր այդ մրցանակը երկար տարիներ իր տեղը գտաւ Մատրիտեան ակումբին մէջ։ 1905-1908 թուականներուն Ռեալը չորս տարի անընդմէջ Բաժակի յաղթող ճանչցուեցաւ: Իսկ երկրի առաջնութեան մէջ, որ առաջին անգամ եղաւ 1928 թուականին, խումբը երկու տարի անընդմէջ՝ 1932 եւ 1933 թուականներուն, յաղթեց Բրիմիորի մէջ:
1950-էն 1980-ական Թուականներ
ԽմբագրելՌեալի վերելքը կարելի է համարել 1950-ական թուականներուն: 1950-ական թուականներու կէսերուն Եւրոպայի մէջ որոշեցին ստեղծել աշխարհամասի ֆութպոլի ֆետերացիա, որ կը կարգաւորէր ինչպէս ակումբային, այնպէս ալ հաւաքականներու մակարդակով առաջնութիւններ: Եւ երբ Ռեալը դարձաւ Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի անդրանիկ խաղարկութեան յաղթողը 1954-55 թուականներու մրցաշրջանին:
Այդ ժամանակէն սկսեալ խումբը 5 տարի շարունակ յաղթական ճանչցուեցաւ հեղինակաւոր այդ առաջնութեան մէջ։ Եւրոպական յաջողութիւններուն զուգընթաց՝ ակումբը նաեւ անպարտելի էր Սպանիոյ ներքին առաջնութեան մէջ, 1954-էն մինչեւ 1969 թուականը անոնք 12 անգամ Յաղթական ճանչցուեցան երկրին մէջ։ Ռեալը 15 տարի անընդմէջ իրաւունք ստացաւ հանդէս գալ Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Առաջին անգամ, անոնք չյաջողեցան մասնակցիլ Լիկային, 1970 թուականին: Ռեալի անպարտելի կազմին մէջ այդ ժամանակ հանդէս կու գային Եւրոպայի լաւագոյն խաղցողները՝ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ (Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստը 1957, 1959-ին), ֆրանսացի Ռայմոն Կոպան (1958 թուականի Ոսկէ գնդակի դափնեկիրը), Հունգարացի Ֆերենց Պուշկաշը (1960 թուականի երկրորդ տեղ գրաւող Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ), Ֆրանսիսքօ Հենթօն: 1960-ական թուականներուն խումբը տեղափոխուեցան Ժոզէ Սանդամարիան, Ամանսիոն, Պիրին: Երբ այս հերոս խաղցողները աւարտեցին իրենց գործի ասպարէզը, Ռեալը կամաց-կամաց սկսաւ զիջիլ իր դիրքերը Եւրոպական ասպարէզին մէջ:
1980-1990-ական Թուականներ
ԽմբագրելՅաջորդ վերելքին ակումբի երկրպագուներուն պահանջուեցաւ սպասել 20 տարի, երբ գլխաւորութեամբ Էմիլիօ Բուտրագենիոյի խումբէն եկան Միչելը, Ուկօ Սանչէզը, Մանոլօ Սանչէզը, Մարտին Վասկեսը եւ Միգել Պարդեսան: Անոնք յաղթեցին անընդմէջ ԻՒԵՖԱ-ի բաժակը (1984-էն 1986 թուական) եւ 5 անգամ դարձան Սպանիոյ յաղթական: Յաղթականներու Լիկայի մէջ 7-րդ յաղթանակի հիմքը դրաւ իտալացի մասնագէտ Ֆապիօ Կապելլօն, որ ակումբ հրաւիրեց Ռոպերթօ Քառլոսին, Զէ Էտորֆին, Միյատովիչին, Շուքերին, Պանուչիին: Այս խաղացողները Ռաուլի, Հիերրոյի, Ֆերնանտօ Ռետոնտոյի, Կանիսարեսի հետ միասին կազմեցին խումբի կորիզը եւ արդէն նոր մարզիչ՝ գերմանացի Յուպ Հայնկէզի գլխաւորութեամբ 1997-1998 թուականներու մրցաշրջանին յաղթական ճանչցուեցան ԻՒԵՖԱ-ի Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Սակայն Բրիմիորի մէջ այդ տարի խումբը գրաւեց 4-րդ հորիզոնականը մրցաշարային աղիւսակին մէջ, եւ Հայնկէզը հրաժարական տուաւ: Անոր փոխարինեց Հոլանտացի Կուս Հիտինկը: Հոլանտացին երկար ժամանակ չմարզեց Արքայական ակումբը, ան Մատրիտի մէջ մնաց մինչեւ 1999 թուական Փետրուար ամիսը:
Լոս Կալակտիկոսը եւ Ռամոն Կալդրունի Նախագահ Դառնալը
ԽմբագրելՀիդինկի հեռանալէն ետք խումբը սկսաւ մարզել ուելսցի մասնագէտ Ճոն Թոշակը, որուն հեռացուցին ակումբէն այդ տարի Նոյեմբերին: Խումբը յանձնեցին սպանացի Վիսենթէ Տէլ Պոսկէին, որ իր ֆութպոլային գործի ասպարէզին մէջ մեծամասնութիւնը անցուցած էր Ռեալի մէջ։ Տէլ Պոսկէն Սպանիոյ առաջնութեան մէջ այդքան ալ յաջողութիւն չունեցաւ, 8-րդ հորիզոնականէն խումբը բարձրացաւ 5-րդ հորիզոնականը: Սակայն Արքայական ակումբին բերաւ իր թիւով 8-րդ յաղթանակը Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Ակումբի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ֆլորենդինօ Բերեսը, որ որոշեց ակումբ հաւաքել ֆութպոլային «Աստղեր»ը: Առաջին ձեռք բերելը եղաւ փորթուկալացի Լուիս Ֆիկուն, որ խումբին տեղափոխեց Ռեալի դարաւոր մրցակից Պարսելոնայէն, մրցանշային 71 միլիոն եւրոյով: Մէկ տարի ետք ակումբ եկաւ ֆրանսացի Զինետին Զիտանը, աւելի մեծ փոխանցման գումարով՝ 75 միլիոն եւրոյով: Եւս մէկ տարի ետք Մատրիտ եկան Ռոնալտօն, 2003 թուական ամրան Պեքեմը, 2004 թուականին՝ Օուէնը: Այսպէսով 2004-05 թուականներու մրցաշրջանին միեւնոյն ակումբին մէջ կը խաղային միանգամայն 4 ֆութպոլիստներ, որոնք «Ոսկի գնդակ»ի դափնեկիրներ էին՝ Ռոնալտօ (1997 եւ 2002 Աշխարհի լաւագոյ ֆութպոլիստ), Զինետին Զիտան (1998), Լուիս Ֆիկու (2000), Մայքլ Օուէն (2001): «Աստղերու» այդ բոյլը սկսան անուանել «Կալագդիկոս»:
Բերեսի 5 տարի ղեկավարելու ժամանակահատուածին Արքայական ակումբը երկու անգամ յաղթական ճանչցուեցաւ Բրիմիորի մէջ եւ մէկ անգամ Յաղթականներու Լիկայի մէջ։
Ֆլորենդինօ Բերեսի հեռանալէն ետք ակումբի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ռամոն Կալտերոնը: Նոր ղեկավարի գործելու ոճը կը տարբերէր նախորդէն: Ան խումբ հրաւիրեց Պրեդրագ Միատովիչին, որ նշանակուեցաւ մարզական տնօրէն, ան մնաց մինչեւ 2009 թուականը: Կալտերոնի նպատակը աստղեր հաւաքել չէր ակումբին մէջ, չնայած իր նախընտրական քարոզարշաւին կը խոստանար ձեռք բերել «Մանչեսթըր Իւնայթըտ»ի կիսապաշտպան Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին, որ անոր քով չստացուեցաւ: Սակայն խումբը յաղթեց 2007 թուականին Լա Լիկան: Իսկ 2008-ին Արքայական ակումբը յաղթեց Սպանիոյ Սուբըրբաժակը: Ռամոնի ղեկավարման տարիներուն ակումբէն հեռացան Ռոպերթօ Քառլոսը, Պեքեմը, Ռոպինիոն, Ռոնալտօն: 2009-ին Կալտերոնը հրաժարական տուաւ, մեծ աղմուկ հանեց 2006-ի ընտրութիւններուն կեղծելու կապակցութեամբ։ Անոր 4 տարիներու ղեկավարման ընթացքին Ռեալը երկու անգամ յաղթական դարձաւ Սպանիոյ մէջ:
Բերեսի երկրորդ եւ Մոուրինիոյի ժամանակներ (2009-2013)
Խմբագրել1 Յունիս 2009-ին Բերեսը նորէն ստանձնեց ակումբի նախագահի պաշտօնը, առանց քուէարկութեան, որովհետեւ անոր բոլոր մրցակիցները հանեցին իրենց թեկնածութիւնը ընտրութիւններէն:[3][4] Ան սկսաւ նոր «Կալագդիկոս»ի ստեղծումը: Առաջին քայլը, որ ան կատարեց Զինետին Զիտանին՝ զայն խորհրդականի պաշտօն տուաւ:
9 Յունիսին երկար բանակցութիւններէ ետք Բերեսը ձեռք բերաւ իտալական «Միլան»էն պրազիլցի կիսապաշտպան Քաքային 68 միլիոն եւրոյով,[5] իսկ յետոյ գնեց մէկ այլ ոսկէ գնդակի դափնեկիր՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն Մանչեսթըր Իւնայթըտէն մրցանիշ 80 միլիոն եւրոյով: Պայմանագիրը նախատեսուած էր 6 տարի ժամկէտով: Յետոյ եկան Ռաուլ Ալպիոլը («Վալենսիա»յէն 15 միլիոն եւրօ), Արպելոան եւ Ալոնզօն (երկուքն ալ «Լիւըրբուլ»էն, համապատասխանաբար 4 եւ 30 միլիոն եւրօ), Պենզեման (Լիոնէն 35 միլիոն եւրօ): Չնայած այդ ձեռքբերումներուն՝ ակումբը այդպէս ալ չկրցաւ ոչ մէկ լուրջ մրցանակ նուաճել: 2009-10 մրցաշրջանին խումբը գրաւեց 2-րդ հորիզոնականը՝ առաջ ձգելով «Պարսելոնա»յին, այն դեպքին, երբ Սուբըր Գլասիգոյի երկու հանդիպումներուն ալ անոնք պարտուեցան «Պարսա»յին:
Յաղթականներու Լիկայի մէջ նոյնպէս անյաջող հանդէս եկան եւ 1/8 եզրափակիչէն ստիպուած եղան հրաժեշտ տալ առաջնութեան: Իսկ Սպանիոյ Բաժակին անոնք արդէն իսկ առաջին շրջագայութեան պարտուեցան երկրի 3-րդ բաժանման ներկայացնող «Ալքորիքոն»ին:
Մրցաշրջանի աւարտէն ետք ակումբի գլխաւոր մարզիչ պաշտօնէն հեռացուեցաւ Մանուէլ Պելեկրինին եւ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ՝ փորթուկալացի Խոզէ Մոուրինիօն:[6][7] Նոր սկսած մրցաշրջանէն առաջ Բերեսը իր նախորդ ձեռքբերումներուն համեմատ աւելի համեստ գտնուեցաւ: Ան փոխանցման ժամանակ ծախսեց 70 միլիոն եւրօ եւ խումբին տեղափոխեցին փորձառու փորթուկալացի պաշտպան Ռիքարտօ Կառուալիւն, սպանացիներ Բէտրօ Լեոնը եւ Սերժիօ Կանալէզը, գերմանացիներ Մեսութ Օզիլը եւ Սամի Ժետիրան, արժանթինցի Անժել Տի Մարիան (Սակայն հիմա ուրիշ Ֆութպոլային ակումբի մէջ կը գտնուի): Սակայն ակումբէն հեռացաւ վերջին 20 տարիներու խորհրդանիշ Ռաուլ Կոնզալէզը, որ տեղափոխուեցաւ գերմանական «Շալքէ-04»ի:
Լա Լիկայի 2011-12 մրցաշրջանին Ռեալ Մատրիտ յաղթեց Լիկան՝ 32-րդ անգամ նուաճելով տիտղոսը եւ դառնալով մրցանակիր Լա Լիկայի բոլոր ժամանակներու պատմութեան մէջ՝ մրցաշրջանը աւարտելով մրցանշային 100 միաւորով, հարուածեց մրցանշային 121 կօլ եւ հարուածեց բաց ձգած կօլերով՝ ստացաւ +89 ցուցանիշը, եւ եւս մէկ մրցանիշ 16 անգամ հիւրընկալուելով յաղթանակ եւ ընդհանուր 32 յաղթանակ Լա Լիկայի մէջ:[8] Նոյն մրցաշրջանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօն անցաւ 100 կօլի սահմանը սպանական Լիկաներուն:[9][10] Իսկ երբ Ռոնալտօն անցաւ 101 կօլի սահմանները՝ 92 խաղերու մէջ, ան անցաւ հերոս Ֆերենց Պուշկասի արդիւնքը, որ սահմանած էր 100 կօլ 105 խաղերու մէջ։ 2012-2013 խաղաշրջանին խումբին միացած են Մայքլ Էսսիէնը ու Լուքա Մոտրիչը: Լուքա Մոտրիչը Ռեալ տեղափոխուած է Դոդենհեմէն, փոխանցման արժէքը կը կազմէ մօտ 40 միլիոն եւրօ, իսկ Մայքլ Էսսիէնը վարձավճառով տեղափոխուած է Լոնտոնի Չելսիէն: Սակայն այդ ալ չօգնեց, որպէսզի նուաճեն երկրի յաղթական տիտղոսը, բայց կրցան յաղթել Սուբըրբաժակը: Իսկ Սպանիոյ Բաժակին մէջ մէկ քայլով կը բաժնէր Բաժակը նուաճելու, սակայն աւելցած ժամանակին պարտուեցան Աթլեթիքօ Մատրիտին 2-1 հաշիւով (վերջին անգամ Աթլեթները Ռեալին յաղթած էին 14 տարի առաջ), Ֆլորենթինօ Փերեսը յայտարարած էր մրցաշրջանի վերջին Մոուրինիոյի հրաժարականի մասին:[11][12] Մոուրինիոն վերադարձաւ Անգլիոյ Բրիմիոր Լիկայի Չելսի ակումբ, այդ խումբը մարզած էր նաեւ 2004-էն 2007 թուական:
Անճելոտտիի ժամանակներ (2013-2015)
Խմբագրել25 Յունիս 2013 թուականին, Քառլօ Անճելոտտին դարձաւ Ռեալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ՝ փոխարինելով Մոուրինիոյին եւ կնքելով երեք տարուան պայմանագիր:[13][14] Օրեր ետք ան Ռեալի մէջ առաջին մամլոյ ասուլիսուի մէջ նշեց, որ Զինետին Զիտանը եւ Փոլ Կլեմենտը պէտք է ըլլան իր օգնականները:[15]
Նոյն շրջագայութեան Ռեալը իրականացուց քանի մը կարեւոր փոխանցումներ: Նախ, խումբին միացաւ Թոթենհեմի առաջատար Կարէթ Պէյլը, մրցանշային՝ 100 միլիոն եւրոյի, այնուհետեւ խումբէն հեռացաւ Մեսութ Օզիլը՝ 47 միլիոն եւրոյի տեղափոխուելով Արսենալ: 2014 թուականին խումբէն հեռացան Անժէլ Տի Մարիան (59.7 միլիոն ֆոնտ) եւ Խաւի Ալոնզօն (10.000.000 եւրօ): Անճելոտտին միանգամէն կրցաւ դրականօրէն փոխել խումբին խաղը, որուն արդիւնքը եղան մրցաշրջանի աւարտին նուաճած երկու բաժակները: Չնայած այն բանին, որ 2013-14 մրցաշրջանին խումբը Լա Լիկայի մէջ գրաւեց 3-րդ տեղը, այնուամենայնիւ նախքան այդ կրցած էր դառնալ Սպանիոյ Բաժակակիր՝ եզրափակչին Կարէթ Պէյլի յաղթական կօլի շնորհիւ 2-1 հաշիւով յաղթելով Պարսելոնային: 24 Մայիս 2014 թուականին, ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի եզրափակչին Ռեալը հանդիպեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ եւ աւելցած ժամանակով յաղթեց 4-1 հաշիւով: Շատ անհանգիստ խաղ էր 36-րդ վայրկեանին Տիէկօ Կոտինը առաջ կը մղէ Աթլեթիքօ Մատրիտին:Մինչեւ 94-րդ վայրկեան Մատրիտցիները չկրցան կօլ հարուածել: 94-րդ վայրկեանին Սերժիօ Ռամոսը Լուքա Մոտրիչի անկիւնէ փոխանցումէ ետք գրաւեց Տիպօ Քորթուայի դարպասը: Եւ անկէ ետք կօլի հեղինակ դարձան Մարսելօն, Կարէթ Պէյլը, եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն:
Այսպիսով, Ռեալ Մատրիտ 12 տարուան ընդմիջումէ ետք կրկին նուաճեց Յաղթականներու Լիկայի Բաժակը, որ իրեն համար տասներորդն էր (La Décima):
Ռաֆայէլ Պենիտես
ԽմբագրելՔառլօ Անճելոտտին չկրցաւ որեւէ առաջնութեան մէջ յաղթել եւ այդ իսկ պատճառ դարձաւ որ զայն հեռացնեն իր պաշտօնէն: Գլխաւոր մարզիչ նշանակեցին Ռաֆայէլ Պենիտեսին: Այդ ժամանակ խումբէն կը հեռանայ Մատրիտի Սուրբը՝ Իքեր Քասիասը եւ պաշտպան Ֆապիօ Քոնդրաօն: Բայց Պենիտեսը լաւ տարբերակ չէր Ռեալ Մատրիտի համար: Բենիտեսի գլխաւորութեամբ Ռեալ Մատրիտը չկրցաւ յաղթել Լա Լիկայի նորեկ Ժիժոնի Սպորդինկին: Ծանր պարտութիւն կը կրէ գլխաւոր հակառակորդ Պարսելոնայէն (4-0): Չկրցան յաղթել նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտին, Վիառեալին, Վալենսիային եւ Սեւիային: Եւ 4 Յունուար 2016 թուականին Պենիտեսին կ՛ազատեն իր գլխաւորած պաշտօնէն եւ Պենիտեսի փոխարէն որպէս գլխաւոր մարզիչ կը նշանակեն հերոս Զինետին Զիտանին:
Զինետին Զիտան
ԽմբագրելԶինետին Զիտանը դարձաւ Ռեալի մարզիչ 5 Յունուար 2016 թուականին: Հետաքրքիր պատմական ակնարկ մը կայ Զիտանի մասին: Զիտանը Ռեալի կազմին մէջ որպէս ֆութպոլիստ՝ իր առաջին հանդիպումը ունեցած էր Տեպորտիվոյի դէմ, որպէս մարզիչ նոյնպէս Տեպորտիվոյի դէմ (5-0): Որպէս ֆութպոլիստ Ռեալի կազմին մէջ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի շրջանակներուն առաջին հանդիպումը եղած է Ռոմայի դէմ, որպէս մարզիչ նոյնպէս:
Իր առաջին Էլ Քլասիքոյի ժամանակ Զիզուն հիանալի մարտավարութիւն ընտրած էր։ Զիտանը ընտրած էր մարտավարութիւն, ոչ թէ աստղային կազմ: Զինետին Զիտանը դարձաւ Պերնդ Շուստերէն ետք առաջին մարզիչը, որ յաջողեցաւ յաղթել իր առաջին Քլասիքօն: Խաղէն առաջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Զիտանը նշած էր, որ ֆութպոլիստներու հետ չէ քննարկած առաջին շրջանին 0-4 հաշիւով կրած խայտառակ պարտութիւնը, իսկ խաղին ժամանակ զգացուեցաւ՝ ֆրանսացին յստակ հետեւութիւններ ըրած էր այդ հանդիպումէն եւ Ռաֆայէլ Պենիտեսի սխալները թոյլ տալու մտադրութիւն չունի:
Թոնի Քրուսի եւ Լուքա Մոտրիչի հետ Զիտանը խաղադաշտ դուրս բերած էր Կազեմիրոյին, որ պաշտպանութենէն առաջ, ըսաւ՝ «վահան ըլլար»: Մէկնարկային վայրկեաններուն հիւրերը կը խաղային սահանկումներով՝ փորձելով քաթալոնացիներուն թոյլ չտալ, որ զգային գրոհային ռիթմը: Մարտավարութիւնը փոխուեցաւ, երբ Քէյլոր Նաւասի դարպասին մօտ առաջին լուրջ կօլային պահը ստեղծեցին Նեյմարը ու Լուիս Սուարէզը, սակայն ուրուկուացին պարզապէս չկրցաւ հարուածել շատ նպաստաւոր դիրքէն: Անկէ ետք «Ռեալի» ֆութպոլիստները մոռցան յարձակումի մասին, պաշտպանեցին ամբողջ խումբով, անգամ Կարէթ Պէյլը ու Քրիսթիանօ Ռոնալտօն սեփական տուգանային մեծ ծաւալի աշխատանք կատարեցին: Ճիշդ է՝ սխալներ եւ անորակ փոխանցումներ եւս եղան, բայց «Ռեալը» յաջողեցաւ առաջին կէսին կօլ բաց չձգել: Եւ այդ խաղին Ռեալը յաղթեց 2-1 հաշիւով:[16]:
Մարզադաշտը անուանուած է ի պատիւ 1943-1975 թուականներու Ռեալի նախագահ Սանտիակօ Պերնապէուի, որ եղած է մարզադաշտի կառուցման հիմնական «մեղաւորը»: Շինարարութիւնը տեւած է 3 տարի: Բացման խաղը եղաւ փորթուկալական Պելենենսեշիի դէմ ընկերական խաղին, որ տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբեր 1947 թուականին, որ աւարտեցաւ դաշտի տէրերուն յաղթանակով 3-1 հաշիւով:
1950-ական թուականներուն Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի մէջ Ռեալի վստահ ելոյթներու շնորհիւ ակումբի շահոյթը մեծցաւ, որ հնարաւորութիւն տուաւ նոր մարզադաշտի նստատեղերու աւելացման, որուն շինութիւնը յայտնի էր սպիտակ աշտարակներով, մինչեւ 125.000 նստատեղ: 1955 թուականին մարզադաշտը վերանուանեցաւ Սանտիակօ Պերնապէու, իսկ 1957-ին Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի եզրափակչին առաջին անգամ վառեցան լոյսերը:
1978 թուականին մահացած Սանտիակօ Պերնապէուն նոր մարզադաշտի կառուցումը կը յուսար տեղափոխել Մատրիտի հիւսիսը, սակայն իր ծրագիրը չիրականացաւ: 1982 թուականի աշխարհի առաջնութեան ժամանակ մարզադաշտը վերակառուցուեցաւ: Այս ժամանակ արդէն կային 32.000 նստատեղ եւ 60.000 հանդիսականի համար նախատեսուած կանգնելու տեղեր: Ընդհանուր առմամբ խմբային փուլի 3 խաղերուն եւ եզրափակիչ խաղին մարզադաշտը հիւրընկալեց 345.000 հանդիսական: Տասը տարի ետք վերանորոգումը շարունակուեցաւ. կառուցուեցաւ մարզդաշտի տրիբունի երրորդ յառուսը: Նստատեղերուն քանակը 65.000-էն հասաւ 105.000-ի: Հերթական վերակառուցմէ ետք նստատեղերուն քանակը նուազեցաւ հասնելով 74.871-ի:
Մարզադաշտին մէջ կայացած է 1964 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչը, 2010 թուականի Յաղթականներու Լիկայի եզրափակիչը: 14 Նոյեմբեր 2007 թուականին ԻՒԵՖԱ-ն Պերնապէուին շնորհեց էլիտար ֆութպոլային մարզադաշտի կարգավիճակ:
- Սանտիակօ Պերնապէու
- Տարողութիւն - 8.454
- Չափեր - 107 x 72 մեթր
- Հասցէ - Concha Espina, 1 28036 Madrid
Մարզաշապիկի հովանաւորները եւ արտադրողները
ԽմբագրելԺամանակաշրջան | Համազգեստը | Հովանաւորը |
---|---|---|
1980-1982 | Adidas | Չէ եղած |
1982-1985 | Zanussi | |
1985-1989 | Hummel | Parmalat |
1989-1991 | Reny Picot | |
1991-1992 | Otaysa | |
1992-1994 | Teka | |
1994-1998 | Kelme | |
1998-2001 | Adidas | |
2001-2002 | Realmadrid.com | |
2002-2005 | Siemens mobile | |
2005-2006 | Siemens | |
2006-2007 | Benq Siemens | |
2007-2011 | bwin | |
2011-2013 | ||
2013-2018 | Fly Emirates |
Համազգեստի փոփոխութիւնները
Խմբագրել
2002
|
Ռեալ Մատրիտի աւագներ
ԽմբագրելՖութպոլիստ | Գործի ասպարէզ | Աւագ | Համար | Խաղեր |
---|---|---|---|---|
ՍպանիաՍերժիօ Ռամոս | 2005-մ.ժ. | 2015-? | 300 (40) | |
Սպանիա Իքեր Քասիաս | 1999 -2015 | 2010 -2015 | 591 (-617) | |
Սպանիա Ռաուլ | 1994 - 2010 | 2003 - 2010 | 741 (323) | |
Սպանիա Ֆերնանտօ Հիերրօ | 1989 - 2003 | 2001 - 2003 | 598 (126) | |
Սպանիա Մանուէլ Սանչիս | 1983 - 2001 | 1988 - 2001 | 710 (49) | |
Սպանիա Սանտիանա | 1971 - 1988 | 1979 - 1988 | 632 (352) | |
Սպանիա Փիրրի | 1964 - 1979 | 1976 - 1979 | 595 (210) | |
Սպանիա Ամանսիօ | 1962 - 1976 | 1971 - 1976 | 471 (142) | |
Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ | 1953 - 1971 | 1961 - 1971 | 428 (126) |
Մրցանիշեր
ԽմբագրելԱյս արդիւնքները կը համարուին լաւագոյնները մրցաշարերու մասնակցող բոլոր ակումբներուն մէջ
- Վերջին Թարմացում՝ 30 Մայիս 2014 թուական
- Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
- 11 յաղթանակ Յաղթականներու Լիկայի մէջ
- 214 յաղթանակ Յաղթականներու Լիկայի մէջ
- 32 խաղ անընդմեջ Ռեալը կը գրաւէ մրցակիցներու դարպասները Յաղթականներու Լիկայի մէջ
- 32 անգամ յաղթած է Լա Լիկայի մէջ
- 121 կօլ Լա Լիկայի մէկ մրցաշրջանի մէջ
ֆութպոլիստներու Մրցանիշեր
ԽմբագրելԽաղերու Քանակով
Խմբագրել- Այս խումբին պատմութեան մէջ ամենաշատ հանդիպումներու մասնակցած ֆութպոլիստներու ցանկն է
- Վերջին Թարմացում՝ 30 Մարտ 2014 թուական
- Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
№ | Անուն | Ժամանակահատուած | Լա Լիկա | Արքայական Բաժակ | Իւրոբաժակներ | Այլ | Խաղեր |
---|---|---|---|---|---|---|---|
1 | Սպանիա Ռաուլ Կոնսալէզ | 1994-2010 | 550 | 37 | 135 | 19 | 741 |
2 | Սպանիա Մանուէլ Սանչիս | 1983-2001 | 524 | 67 | 100 | 20 | 711 |
3 | Սպանիա Իքեր Քասիաս | 1999-2015 | 477 | 40 | 143 | 16 | 700 |
4 | Սպանիա Քառլոս Սանտիանա | 1971-1988 | 461 | 84 | 87 | 13 | 645 |
5 | Սպանիա Ֆերնանտօ Հիերրօ | 1989-2003 | 439 | 43 | 103 | 16 | 601 |
6 | Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ | 1953-1971 | 428 | 74 | 95 | 2 | 599 |
7 | Սպանիա Ժոզէ Կամաչօ | 1973-1989 | 414 | 61 | 90 | 12 | 577 |
8 | Սպանիա Փիրրի | 1964-1979 | 417 | 67 | 75 | 2 | 561 |
9 | Սպանիա Ժոզէ Միչել | 1981-1996 | 404 | 53 | 88 | 14 | 559 |
10 | Սպանիա Կուտի | 1995-2010 | 387 | 40 | 101 | 14 | 542 |
Կօլերու քանակով
Խմբագրել- Այս խումբին պատմութեան մէջ ամենաշատ կօլեր հարուածած ֆութպոլիստներու ցանկն է
- Վերջին Թարմացում՝ 24 Մարտ 2014 թուական
- Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
№ | Անուն | Ժամանակահատուած | Կօլեր | Խաղեր |
---|---|---|---|---|
1 | Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ | 2009- | 304 | 270 |
2 | Սպանիա Ռաուլ Կոնսալէզ | 1994-2010 | 323 | 741 |
3 | Սպանիա Արժանթին Տի Սթեֆանօ | 1953-1964 | 307 | 396 |
4 | Սպանիա Քառլոս Սանտիանա | 1971-1988 | 289 | 645 |
5 | Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ | 2009- | 304 | 278 |
6 | Հունգարիա Սպանիա Ֆերենց Պուշկաս | 1958-1966 | 242 | 262 |
7 | Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ուկօ Սանչէզ | 1985-1992 | 208 | 282 |
8 | Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ | 1952-1970 | 179 | 599 |
9 | Սպանիա Փիրրի | 1964-1979 | 171 | 561 |
10 | Սպանիա Էմիլիօ Բուտրակենիօ | 1983-1995 | 171 | 463 |
12 | Սպանիա Ամանսիօ | 1962-1976 | 155 | 471 |
Գլխաւոր Մրցակիցներ
Խմբագրել- Սպանիա Պարսելոնա (El Classico)
- Սպանիա Աթլեթիքօ Մատրիտ (El derby Madrileno)
Ներկայ Կազմ
ԽմբագրելՌեալ Մատրիտի մէկնարկային կազմը 2015-2016 մրցաշարին |
Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Թիմի ավագ
Փոխանցումներ 2015/2016
ԽմբագրելԵկան
ԽմբագրելԴիրք | Խաղացող | Նախկին ակումբ |
---|---|---|
Պ | Պրազիլ Տանիլօ | Փորթուկալ Փորթօ |
ԿՊ | Սպանիա Մարքօ Ասենսիօ | Սպանիա Մայորկա |
ԿՊ | ՊրազիլԿազեմիրօ** | Փորթուկալ Փորթօ |
ԿՊ | ՍպանիաԼուքաս Վասկես** | Սպանիա Էսպանիոլ |
ԿՊ | ՌուսաստանՏէնիս Չերիշեւ** | Սպանիա Վիառեալ |
Գացին
ԽմբագրելԴիրք | Խաղացող | Նոր ակումբ |
---|---|---|
ԴՊ | Սպանիա Իքեր Քասիաս | Փորթուկալ Փորթօ |
ԿՊ | Գերմանիա Սամի Խետիրա*** | Իտալիա Ժիւվենդուս |
ՀՐ | Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ժաւիէր Էրնանտէզ** | Կաղապար:Country data Անգլիա Մանչեսթըր Իւնայթըտ |
* Վարձավճառով
** Վարձավճառէն
*** Ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով
Անձնակազմ
ԽմբագրելՆերկայիս մարզչական անձնակազմ
ԽմբագրելԴիրք | |
---|---|
Գլխաւոր մարզիչ | Զինետին Զիտան |
Մարզիչի օգնական | Սանտիակօ Սոլարի |
Դարպասապահներու մարզիչ | Ժաւի Վալերօ |
Ֆիտնեսի մարզիչ | Փակօ Տէ Միկել |
Ֆիտնեսի մարզիչ | Ֆրանցեսքօ Մաուրի |
Խաղի պատուիրակ | Չենտօ |
- Վերջին Թարմացում՝ 5 Յունուար 2015 թուական
- Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
Գլխաւոր մարզիչներ
Խմբագրել
|
|
Ակումբի Նախագահներու Ցանկ
ԽմբագրելԺամանակահատուած | Նախագահ |
---|---|
2009- | Սպանիա Ֆլորենթինօ Փերես |
2006-2009 | Սպանիա Ռամոն Կալտէրոն |
2000-2006 | Սպանիա Ֆլորենթինօ Փերես |
1995-2000 | Սպանիա Լորենսօ Սանս |
1985-1995 | Սպանիա Ռամոն Մենտոսա |
1978-1985 | Սպանիա Լուիս Տէ Քառլոս |
1943-1978 | Սպանիա Սանտիակօ Պեռնապէու |
1940-1943 | Սպանիա Անթոնիօ Սանդոս Պերալբա |
1936-1940 | Սպանիա Ատոլֆօ Մելենտէզ |
1930-1935 | Սպանիա Լուիս Ուսերա |
1926-1930 | Սպանիա Լուիս Տէ Ուրկիլխօ |
1916-1926 | Սպանիա Փետրօ Պարախէզ |
1908-1916 | Սպանիա Ատոլֆօ Մելենտէզ |
1904-1908 | Սպանիա Քառլոս Պատրոս |
1902-1904 | Սպանիա Ժուան Պատրոս |
Կալակտիկոս
ԽմբագրելԿալակտիկոս
- Ռաուլ Կոնսալէզ (1994-2010)
- Ռոպերթօ Քառլոս (1996-2007)
- Լուիս Ֆիկու (2000-2005)
- Զինետին Զիտան (2001-2006)
- Ռոնալտօ (2002-2007)
- Տէյվիտ Պեքեմ (2003-2007)
Նէօ Կալակթիկոս
- Քաքա (2009-2013)
- Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (2009-ից)
- Քարիմ Պենզեմա (2009-ից)
- Ժապի Ալոնզօ (2009-ից)
- Կարէթ Պէյլ (2013-ից)
Յայտնի ֆութպոլիստներ
Խմբագրել«Ոսկէ Գնդակի» Մրցանակակիրներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են France Football-ի «Ոսկէ Գնդակ» մրցանակին:
- Սպանիա Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ - 1957, 1959
- Ֆրանսա Ռայմոն Գոբա - 1958
- Փորթուկալ Լուիս Ֆիկու - 2000
- Պրազիլ Ռոնալտօ - 2002
- Իտալիա Ֆապիօ Կանաւառօ - 2006
Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են ՖԻՖԱ-ի «Ոսկէ գնդակ» մրցանակին:
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2013, 2014
«Ոսկէ խաղակոշիկ» մրցանակակիրներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են «Ոսկէ խաղակոշիկ» մրցանակին:
- Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ուկօ Սանչէզ - 1990
- Կաղապար:Country data Խորվաթիա Դաւոր Շուքէր - 1998
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2011
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2013
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2014
ԻՒԵՖԱ-ի Վարկածով Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են ԻՒԵՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ:
- Արժանթին Ֆերնանտօ Ռետոնտօ - 2000
- Ֆրանսա Զինետին Զիտան - 2002
Եւրոպայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2013, 2014
Յաղթականներու Լիկայի Լաւագոյն Գնդակ Յանձնողներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Յաղթականներու Լիկայի լաւագոյն գնդակ հանցնողները:
- Սպանիա Ռաուլ - 2002/2003
- Փորթուկալ Լուիս Ֆիկու - 2004/2005
- Գերմանիա Մեսութ Օզիլ - 2010/2011
- Պրազիլ Քաքա - 2011/2012
- Արժանթին Անժէլ Տի Մարիա - 2013/2014
Յաղթականներու Լիկայի Լաւագոյն Ռմբարկուներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Յաղթականներու Լիկայի լաւագոյն ռմբարկուներ:
- Սպանիա Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ - 1957/1958
- Հունգարիա Ֆերենց Պուշկաս - 1959/1960
- Սպանիա Ռաուլ - 1999/2000
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2012/2013, 2013/2014 2014/2015
ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ:
- Փորթուկալ Լուիս Ֆիկու - 2001
- Պրազիլ Ռոնալտօ - 2002
- Ֆրանսա Զինետին Զիտան - 2003
- Իտալիա Ֆապիօ Կանա առօ - 2006
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2013
- Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - 2014
Մոնտիալի Լաւագոյն ֆութպոլիստներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Մոնտիալի լաւագոյն ֆութպոլիստներ:
- Ֆրանսա Զինետին Զիտան - 2006
Աշխարհի ակումբային առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկուներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Աշխարհի ակումբային առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկուներ:
- Ֆրանսա Նիքոլաս Անելքա - 2000
Աշխարհի Յաղթականներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի աշխարհի Յաղթականներ:
- Գերմանիա Կիւնտեր Նետցեռ - 1974
- Արժանթին Ժորժէ Վալտանօ - 1986
- Պրազիլ Ռոպերթօ Քառլոս - 2002
- Ֆրանսա Քրիսթիան Կարամպիօ - 1998
- Իտալիա Ֆապիօ Կանաւառօ - 2006
- Սպանիա Խաւի Ալոնզօ - 2010
- Սպանիա Ռաուլ Ալպիոլ - 2010
- Սպանիա Ալուարօ Արպելոա - 2010
- Սպանիա Իքեր Քասիաս - 2010
- Սպանիա Սերժիօ Ռամոս - 2010
- Գերմանիա Սամի Խետիրա - 2014
Եւրոպայի Յաղթականներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի Եւրոպայի Յաղթականներ:
- Սպանիա Ամարօ Ամանսիօ - 1974
- Սպանիա Իկնասիօ Զոքօ - 1964
- Սպանիա Ֆելիքս Ռուիս - 1964
- Սպանիա Ժոզէ Վիսենդէ Տրէյն - 1964
- Գերմանիա Ուլի Շտիլիկէ - 1964
- Ֆրանսա Նիգոլա Անելքա - 2000
- Ֆրանսա Քրիսթիան Կարամպիօ - 2000
- Սպանիա Խաւի Ալոնզօ - 2012
- Սպանիա Ռաուլ Ալպիոլ - 2012
- Սպանիա Ալուարօ Արպելոա - 2012
- Սպանիա Իքեր Քասիաս - 2010, 2012
- Սպանիա Սերժիօ Ռամոս - 2010, 2012
Ողիմպիական Յաղթականներ
ԽմբագրելՀետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի Ողիմպիական Յաղթականներ:
- Սպանիա Միկել Լասա - 1992
- Սպանիա Ալֆոնզօ Բերես - 1992
- Սպանիա Լուիս Էնրիքէ - 1992
- Կաղապար:Country data Քամերուն Ժերեմի Նժիտապ - 2000
- Արժանթին Ֆերնանտօ Կակօ - 2008
- Արժանթին Էզեկել Գարա - 2008
Առաջնութիւններ
ԽմբագրելԱզգային
Խմբագրել- Լա Լիկա:
- Յաղթական (32, ռեկորտ): 1931-32; 1932-33; 1953-54; 1954-55; 1956-57; 1957-58; 1960-61; 1961-62; 1962-63; 1963-64; 1964-65; 1966-67; 1967-68; 1968-69; 1971-72; 1974-75; 1975-76; 1977-78; 1978-79; 1979-80; 1985-86; 1986-87; 1987-88; 1988-89; 1989-90; 1994-95; 1996-97; 2000-01; 2002-03 2006-07; 2007-08; 2011-12
- Փոխյաղթական (21): 1929; 1933-34; 1934-35; 1935-36; 1941-42; 1944-45; 1958-59; 1959-60; 1965-66; 1980-81; 1982-83; 1983-84; 1991-92; 1992-93; 1998-99; 2004-05; 2005-06; 2008-09, 2009-10, 2010-11, 2012-13
- Գոբա Տէլ Ռեյ
- Յաղթական (20): 1905; 1906; 1907; 1908; 1917; 1934; 1936; 1946; 1947; 1961-62; 1969-70; 1973-74; 1974-75; 1979-80; 1981-82; 1988-89; 1992-93;2010-11, 2013-14, 2022/23
- Փոխյաղթական (20): 1903; 1916; 1918; 1924; 1929; 1930; 1933; 1940; 1943; 1958; 1959-60; 1960-61; 1967-1968; 1978-79; 1982-83; 1989-90; 1991-92; 2001-02; 2003-04;2012-13;
- Սուբըրգոբա Տէ Սպանիա
- Էվի Դուարտէի Բաժակ
- Գոբա Տէ լա Լիկա
- Կանոնաւոր առաջնութիւն
Մրցանակներ
Խմբագրել- ՈՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա[17]
- ՈՒԵՖԱ Բաժակ
- Բաժակակիրներու Բաժակ
- ՈՒԵՖԱ Սուբըրբաժակ
- Միջմայրցամաքային Բաժակ[18]
- Աշխարհի փոքր Բաժակ
- Լատինական Բաժակ
- Իպերիա-ամերիկական Բաժակ
- Իպերիական Բաժակ
- Ֆրանց Պեկենպաուէրի Բաժակ
- Սանտիակօ Պեռնապէուի Բաժակ
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- ↑ sid%253D2834%2526cid%253D191865,00.html «Յունայթեդը բարձրանում է, իսկ Ռեալ Մադրիդը մնում է ամենաբարձրում (անգլերէն)»։ Deloitte UK։ 2008-02-14։ արտագրուած է՝ 2008-02-16[permanent dead link]
- ↑ «ֆութպոլային խմբերի արժեվորումներ (անգլերէն)»։ forbes.com։ 2008-04-30։ արտագրուած է՝ 2008-07-16
- ↑ «First measures adopted by the Real Madrid Board of Directors»։ Realmadrid.com։ հունիսի 1, 2009։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ օգոստոսի 15
- ↑ «Perez to return as Real president»։ BBC Sport։ հունիսի 1, 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հունիսի 3
- ↑ The Times Madrid Signs Kaká timesonline.co.uk Archived 2020-04-08 at the Wayback Machine.
- ↑ Tynan Gordon (մայիսի 28, 2010)։ «Mourinho to be unveiled at Madrid on Monday after £7m compensation deal»։ The Independent (London)։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մայիսի 31
- ↑ «Real Madrid unveil José Mourinho as their new coach»։ BBC Sport։ մայիսի 31, 2010։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մայիսի 31
- ↑ Լա Լիկա 2011-12
- ↑ «BBC Sport - Cristiano Ronaldo is fastest La Liga player to 100 goals»։ Bbc.co.uk։ մարտի 24, 2012։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 19
- ↑ «Jose Mourinho, Real Madrid earn vindication after La Liga conquest - La Liga News | FOX Sports on MSN»։ Msn.foxsports.com։ մայիսի 13, 2012։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 19
- ↑ «Jose Mourinho: Real Madrid boss to leave next month»։ BBC։ մայիսի 20, 2013
- ↑ «Jose Mourinho: Real Madrid season worst of my career»։ BBC։ մայիսի 17, 2013։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մայիսի 17
- ↑ «Carlo Ancelotti, new Real Madrid coach»։ Real Madrid C.F.։ հունիսի 25, 2013։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունիսի 25
- ↑ «Official: Real Madrid confirm Ancelotti signing»։ Real Madrid C.F.։ հունիսի 26, 2013։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունիսի 26
- ↑ Sharma Rik (հունիսի 26, 2013)։ «Ancelotti presented as new Madrid boss with former Chelsea coach Clement and Zidane as his assistants»։ Daily Mail (London)։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունիսի 26
- ↑ «Real Madrid make history with La Decima»։ euronews.com։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ մայիսի 26
- ↑ «ՈւԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա վիճակագրութիւններ»։ արտագրուած է՝ 2007-09-30
- ↑ «Ինդերքոնտինենդալ Բաժակ»։ արտագրուած է՝ 2007-09-30
Գիրքեր
Խմբագրել- Dénes, Tamás & Rochy, Zoltán (2002)։ Real Madrid։ Aréna 2000։ ISBN 963-86167-5-X (սպան․)
- Ball, Phil (2003 New edition)։ Morbo: The Story of Spanish Football։ WSC Books Limited։ ISBN 0-9540134-6-8(անգլերէն)
- Ball, Phil (2003)։ White Storm: The Story of Real Madrid։ Mainstream։ ISBN 1-84018-763-8(անգլերէն)
- McManaman, Steve & Edworthy, Sarah (2003)։ El Macca: Four Years with Real Madrid։ Simon & Schuster։ ISBN 0-7434-8920-9(անգլերէն)
- Ռեալ Մադրիդ Ակումբի պաշտոնական կայքը (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
- Ռեալ Մադրիդ ՈւԵՖԱ (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
- Ռեալ Մադրիդ ՈւԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
- Ռեալ Մադրիդ Լա Լիկա (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all