Զինետին Զիտան
Զինետին Եազիտ Զիտան (ֆրանսերէն՝ Zinédine Yazid Zidane, արաբերէն՝ زين الدين زيدان, 23 Յունիս 1972[3][4][5][…], 16th arrondissement of Marseille, Մարսէյլ[1]), զինք կը կոչեն՝ Զիզու (ֆրանսերէն՝ Zizou), ֆրանսացի ֆութպոլիստ։
Զինետին Զիտան ֆրանսերէն՝ Zinedine Zidane | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | ֆրանսերէն՝ Zinedine Yazid Zidane[1] |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Zizou[2] |
Ծնած է | 23 Յունիս 1972[3][4][5][…] (52 տարեկան) |
Ծննդավայր | 16th arrondissement of Marseille, Մարսէյլ[1] |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսա |
Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
Կրօնք | Իսլամութիւն[6] |
Ուսումնավայր | Լիմոժի համալսարան? |
Մասնագիտութիւն | ֆութպոլիստ, ֆուտբոլային մարզիչ |
Աշխատավայր | Եունիսեֆ |
Վարած պաշտօններ | ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան |
Երեխաներ | Էնցո Զիդան?, Լուկա Զիդան?, Elyaz Zidane? եւ Théo Zidane? |
Կայքէջ | zidane.fr[7] |
Զիտան ծնունդով Քապիլէն է, յարձակողական ոճի կիսապաշտպան, ֆութպոլի պատմութեան մէջ լաւագոյններէն մէկը։ Հանդէս եկած է «Կանն», «Բորդօ», «Եուվենտուս», «Ռէալ Մատրիտ» ակումբներու եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականին մէջ։ 1998 թուականի՝ աշխարհի եւ 2000 թուականի՝ Եւրոպայի ախոյեան։ Ֆութպոլի կեանքը աւարտած է 2006 թուականին։ 1 Յունիս 2009 թուականէն մինչեւ 2011 թուականը եղած է «Ռէալ Մատրիտի» նախագահ Ֆլորենտինօ Պերեսի օգնական։ 2011 թուականի Մայիսէն մինչեւ 2012 թուականը եղած է Ռէալ Մատրիտի մարզական տնօրէնը, երբ խումբը ձգեց Խորխէ Վալտանօն[8]։ 2012 թուականի ամրան ան ձգեց տնօրէնի աշխատանքը եւ դարձաւ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ՝ Քառլօ Անճելոտտիի օգնական[9][10]։
Առաջին տարիներ
ԽմբագրելՄանկութիւն եւ պատանեկութիւն
ԽմբագրելԶիտանի ծնողները Փարիզ եկած են Ալճերիոյ Քաբելիա մարզէն 1953 թուականին, ալճերիոյ պատերազմէն առաջ։ Յետագային անոնք տեղափոխուեցան Մարսէյլի հիւսիսը՝ Լա Քաստելլանա (ֆրանսերէն՝ Lac Castellane), ուր 23 Յունիս 1972 թուականին ծնաւ Զիտանը։ Ան դարձաւ տան ամէնափոքր անդամը։ Բացի անկէ ընտանիքին մէջ 4 երեխաներ կային. քոյրերը՝ Լիլան, Ճամել, եղբայրները՝ Ֆարիտն ու Նորտին։ Զիտանի եղբայրը հանրախանութին մէջ պահեստապետ կ'աշխատէր՝ գիշերային հերթափոխին, իսկ մայրը տնային տնտեսուհի էր։ Անոնց բնակարանն այնքան փոքր էր, որ ճաշելու համար անոնք պէտք է հերթականութեամբ սեղան նստէին։ Հայրը մշտական աշխատանք ունէր, այդ պատճառով ալ թաղամասի չափանիշներուն համեմատ անոնք լաւ կ'ապրէին։ Թաղամասին մէջ՝ ամբողջ Մարսէյլի մէջ յայտնի էր յանցագործութեան եւ անգործութեան տոկոսը։ Փոքրիկ Զիտանը, բացի ֆութպոլէն, հետաքրքրուած էր նաեւ ճուտոյով եւ նոյնիսկ կանաչ գօտի ունէր։ Հետաքրքրուած էր նաեւ սքէյթպօրտով եւ հեծանիւավազքով, բայց անոր տաղանդը յայտնուեցաւ ֆութպոլի մէջ։ Խաղալ սկսաւ ան իրեն տարեկից երեխաներու հետ, որոնք մեծ մասամբ եկած էին Ալճերիայէն եւ Մարոքէն, կը բնակէին Լա Քաստելլանա թաղամասին մէջ։ Յետագային ֆութպոլային աստղի մայրը կը յիշէ. «Եօթնամեայ Զիտանը կը վերադառնար դպրոցէն, պայուսակը դնելէն յետոյ անմիջապէս գնդակը կ'առնէր ու կը վազէր բակ, եղբայրներուն ու միւս երեխաներուն հետ ֆութպոլ խաղալու։ Բակի վերջաւորութեան միսի խանութ կար ու ան իրաւունք չունէր այնտեղէն հեռուն անցնիլ, որպէսզի միշտ իմ աչքիս առջեւ ըլլար։ Կերպով մը զայն տուն բերելու էինք, իսկ տունը եղած ժամանակ ալ կը շարունակէր բակի ֆութպոլը, արդէն չէինք յիշեր, թէ քանի լապտեր կը փոխէինք անոր խաղը վերջացնելու փոխարէն»։
Երիտասարդաան ակումբներ
ԽմբագրելՖութպոլ խաղալու փափաքը աւելի մեծցաւ, երբ տասնամեայ Զիտանը սկսաւ հանդէս գալ տեղի մանկական Սեն-Անրի ակումբին մէջ Լա Քաստելլանէն։ Կէս տարի յետոյ Զիտանը կը տեղափոխուի Սետեմ-լե-Վալլոն ակումբ։ Այստեղ ան խաղցած է մինչեւ 14 տարեկան։ Մինչ այդ անոր արդէն ընտրած էին, որպէսզի մասնակցի Էկս-ան-Փրովանս քաղաքի կայանալիք եռօրեայ մարզային պարապմունքներուն մէջ՝ կազմակերպուած մարզի եւ ֆիզիքական մշակութային մարզային կեդրոնին կողմէ։ Ան քանի մը ֆութպոլային դպրոցներէն մէկն էր, որ կը ղեկավարէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը։ Այստեղ Զիտանին նկատեց «Կանն» ֆութպոլային ակումբի սկաուտ Վարրօն, որ մարզային տնօրէնին խորհուրդ տուաւ ակումբին մէջ առնել Զիտանը։ Ընտանիքը հարուստ չէր, գումարը, որ կը շահէր հայրը, կը ծախսուէր միայն ամէնէն անհրաժեշտ բաներու համար։ Այդ պատճառով ալ հայրը այդքան ալ դէմ չէր, երբ «Կանն» ակումբի մարզիչը փափաք յայտնեց առնել պատանին ֆութպոլային դպրոց։ Ան խոստացաւ ծնողներուն, որ Զիտանը լաւ պայմաններու մէջ կ'ապրի եւ լաւ կրթութիւն կը ստանայ, սակայն դասերը Զիտանին այդքան ալ չէին հետաքրքրեր։ 1887 թուականին, 14 տարեկանին Զիտանը կնքեց իր առաջին պայմանագիրը։ Այդ ժամանակ Զիտանը տեղափոխուեցաւ Կաննի քաղաքներէն մէկը՝ Երկնագոյն ափ, այստեղէն սկսելով իր վերելքը դէպի ֆութպոլային ողիմբոս։
Ակումբային արհեստ
ԽմբագրելՔանն
ԽմբագրելԱն տեղաւորուեցաւ Էլինոյի տան մէջ, ուր բացի իրմէ, փորձաշրջան անցընող ֆութպոլիստ մը կար Կանն ակումբէն՝ Ամատէ Առնօն։ Էլինօն կ'ապրէր Կաննէն ոչ հեռու՝ Պեգոմա գիւղին մէջ եւ մարզանքներէն վերադառնալէ վերջ Զիտանի հետ ֆութպոլի մենամարտեր կը կազմակերպէր։ Զիտանը միշտ մնացած է Էլինօ ընտանիքի յիշողութեան մէջ. այս ընտանիքը «Կաննի» փորձարկուող ֆութպոլիստներէն շատերուն կեցութեան տեղ եղած է։ Զիտանը անոնց այգիին մէջ բալենի տնկած էր ու տարբեր երկիրներէ, որ ան տարբեր մրցումներու գացած էր, անոնց յուշանուէրներ բերած էր։ Այստեղ ան բնակեցաւ մէկ տարի։ Յետոյ Զիտանը տեղափուեցաւ Միմոն, որ կը գտնուէր Կաննի կեդրոնին մէջ։ Այս բնակավայրին հետ կապուած Զիտանը շատ յիշողութիւններ ունի այն մասին, թէ ինչպէս այստեղ ընկերներ գտաւ եւ թէ ինչպէս առաջին անգամ ալքոհոլ կամ թմրեցուցիչ օգտագործեց։ Ան տեղի ունեցաւ, երբ նստավայրի միւս մարզիկները անոր եւ ուրիշ ֆութպոլիստներ հրաւիրեցին գինետուն, որպէսզի առաջին անգամ խմիչք խմէին: Յետոյ Զիտանը ձեւով մը հասած է իր բնակավայրը, իսկ ընկերը չէ կարողացած եւ պատժուած։ Այս բանը տեղի ունեցաւ առաջին եւ վերջին անգամ, յետոյ Զիտանը զզուանք զգաց խմիչքին հանդէպ։
Զիտանը միշտ գտնուած է Ֆրանսայի գրեթէ բոլոր տարիքային հաւաքականներուն մէջ։ Անոր անունը յայտնի էր մարզիչներու շրջանակին մէջ: Այդ շրջանին անոր բնորոշ որակներէն էին թեքնիքը եւ ֆիզիքական մեծ ուժը։ Ան բարձրահասակ, իր հասակակիցներէն համեմատաբար մեծ երեւցող, միշտ կը հետեւէր ինքնիրեն։ Կաննի մարզիչները, սկիզբը Կի Լիակոմբը, յետագային արդէն Ժիլ Ռամպիլլոնը, կը փորձէին ուղղակի չխանգարել անոր զարգացումը, ուղղորդելով ու անհատապէս աշխատելով անոր հետ։ «Զիտանը քիչ կը խօսի,- կ'ըսէր Լիակոմբը,- ան ուղղակի կը լսէ եւ կ'ընէ»։ Զիտանի Կաննի մեկնարկային կազմ տեղափոխուիլը տեղի ունեցաւ Ժան Ֆերնանտեսի ղեկավարութեամբ, խումբին հետ դուրս գալուն առաջին լիկա։ Արհեստավարժային ֆութպոլին մէջ Զիտանի դեբիւտը կայացաւ 1989 թուականի 20 Մայիսին։ Անոր 17 տարին դեռ չէր լրացած։ Ան տեղի ունեցաւ 1988-1989 թուականներուն, Ֆրանսայի առաջնութեան խաղին՝ Նանտի մէջ։ Զիտանը 78-րդ վարկեանին փոխարինեց Մարտինեսին, խաղը աւարտեցաւ ոչ-ոքի՝ 1։1 հաշուով։ Յետագային այդ խաղի մասին Զիտան ըսաւ. «Ինծի դաշտ ձգեցին ընդամէնը 15 վայրկեան, բայց այնպիսի վարպետներ կային, ինչպէս Զլատը Վույովիչն ու Ռուտի Կռոլը։ Այդ օր ես գնդակին ընդամէնը 3 անգամ դպայ, բայց դեռ երբեք այդքան երջանիկ չեմ զգացած։ Ո՛չ միայն անոր համար, որ ես կը խաղայի կուռքերու հետ: Բանն այն է, որ քառորդ ժամուան ընթացքին ես համարեայ 5000 ֆրանկ շահեցայ, ան 6 անգամ շատ է այն գումարէն, որ ես կը ստանամ ամսուան մը ընթացքին, որպէս փորձաշրջանէ անցնող ֆութպոլիստ»։ Հպարտ եւ երջանիկ՝ իր աշխատած գումարով, ան նուէրներ գնեց իր ընտանիքին համար։
Առաջին կոլը բարձրագոյն խաղին ան արձանագրեց 1991 թուականին այդ նոյն «Նանտի» դէմ խաղին։ 1991-1992 թուականներու առաջնութեանը, խումբը անյաջողութիւն կրեց եւ դուրս եկաւ երկրորդ հնարաւորութեամբ։ Ծանր տարի էր ո՛չ միայն խումբին, այլ նաեւ Զիտանի համար։ Չնայած իր երիտասարդ տարիքին, ան կը համարուէր խումբի հիմնական խաղցողը։ Անոր ձգտումը դէպի ֆութպոլային բարձունքներ, մեծ էր, թռիչք՝ շատ արագ երիտասարդ խաղացողի համար, պատրաստ չէր ան ֆիզիքական եւ ջղային ծանրաբեռնման. այս մասին Զիտանը յետագային կ'ըսէ. «Այդ մաքուր ճշմարտութիւն է, «Կաննին» վերջին մրցաշրջանին ես ինծի յայտնաբերեցի թակարդի յատակը՝ ամբողջովին դատարկուած։ Կը թուէր, որ ոչինչ չէ ստացուած։ Այդ ժամանակ ես կը վերջացնէի ծառայութիւնս բանակին մէջ, Երկուշաբթի կ'երթայի եւ կը վերադառնայի Հինգշաբթի օրը, Շաբաթ օր ըլլալիք խաղին համար։ Այս ամէնը կարծես դժոխք էր։ Ես ու իմ խումբս յատակին կը յայտնուէինք»։ Անյաջող մրցաշրջանը մնաց անցեալին մէջ։ Այդ ժամանակ Զիտանը արդէն 19 տարեկան էր, եւ անոր եւս մէկ առիթ կը տրուէր նորէն գտնել ինքնիրեն։ Ան կը վճռէր քայլ մը առնել, ընդունելով «Բորդօ» ակումբի առաջարկը։
Բորդօ
Խմբագրել1992 թուականին Ռոլլան Կուրբիսը՝ «Բորդոյի» մարզիչը, ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի իր խումբը առնէ տաղանդաւոր կիսապաշտպանը, որու մասին կը խօսէր ամբողջ Ֆրանսան։ Այդ ժամանակ խումբին մէջ կը խաղային Զիտանի ընկերները՝ Բիկսենտ Լիզարազուն եւ Քրիստոֆ Տիւգարին: Զիտանը հեշտ մերժուեցաւ նոր միջավայրին մէջ։ 1992-1993 մրցաշրջանը, Ֆրանսայի ամէնալաւ ակումբներէն մէկը դեբիւտանտի տեսքով հանդէս եկած էր։ Նախորդ տարի խումբը իր նախագահի մեքենայութիւններուն պատճառով երկրորդ հնարաւորութիւն մը կորսնցուցած էր եւ 11-րդ շրջանէն յետոյ կը զբաղեցնէր ընդամէնը 8-րդ հորիզոնականը։ 1992 թուականին խումբը մօտեցած էր մրցաշրջանի յաղթողի աստիճանին. կը պակսէր ընդամէնը 3 միաւոր։ Սակայն այդ ժամանակ խումբը յանկարծակի պարտութիւն կրեց ՊՍԺ-էն 5։0 հաշուով։ Բայց խումբը յաղթահարեց այդ պարտութեան հետեւանքները եւ 4-րդ տեղը զբաղեցնելով՝ ապահովեց իրեն համար յաջորդ տարուան ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթի խաղարկութեան ուղեգիրը։ Այդ մրցաշրջանը կարելի է յաջողած համարել նաեւ Զիտանի համար, որ մէկ անգամ չէ, որ աչքի ինկաւ իր լաւ յատկանիշերով՝ դառնալով Ֆրանսայի առաջնութեան խումբի լաւագոյն ռմբարկու՝ 10 կոլով։
«Այդ քաղաքը տեղափոխուիլը փոխեց զիս։ Ինծի յաջողուեցաւ չարձանագրել մեկնարկը։ Իմ առաջին մրցաշրջանը Բորդոյի մէջ լաւ անցաւ. ինծի յաջողուեցաւ արձանագրել 10 կոլ առաջնութեան։ Ես սկսայ հասկնալ ինքզինքս եւ նոյնիսկ լաւացնել զայն։ Ինծի համար այս ակումբը իտալական տրամպլին էր բոլոր կողմերէն, ինչպէս տեխնիկական, ֆիզիքական, այնպէս ալ հոգեպէս մեծնալու առումով»։ 1993-1994 թուականներու մրցաշրջանը, Բորդօն սկսաւ որպէս ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթի խաղարկութեան ուղեգրի յաւակնորդ խումբ։ Առաջին տարին Բորդօն հանդիպեցաւ ապագայ չեմպիոնի ՊՍԺ-ի հետ եւ յաղթանակ տարաւ 1։0 հաշուով։ 7-րդ տարին ժիրոնտեցիները ոչ մէկ կերպով չէին կարողանար կոտրել Թուլուզի պաշտպանութիւնը, բայց վերջապէս 56-րդ վարկեանին Բորդոյի խաղցողները 25 մեթրէն հարուած իրականացնելու հնարաւորութիւն կը ստանան, որ յաջողած է Զիտանը խաղի արդիւնքով դուրս բերել Բորդօյին առաջին հորիզոնական կոլը։
18 Սեպտեմբեր 1993 թուականին Զիտանը իր ակումբի հետ տեղափոխուած է հայրենի քաղաք հերթական խաղի համար, այս անգամ Մարսէյլի Օլիմպիքի հետ։ Հիւրերը արդէն առաջին վայրկեաններուն բացին հաշիւը, իսկ 36-րդ վայրկեանին Զիտանը կարմիր քարտ ստացած եւ ստիպուած է երթալ խաղահրապարակ։ 10 հոգի մնալով Բորդոյի ֆութպոլիստները ամէն ինչ կ'ընէին, բայց խաղի վերջաւորութեան բաց ձգեցին երեք գնդակ։ Զիտանի հարցը կը քննարկուէր յատուկ յանձնաժողովի կողմէ, արդիւնքին մէջ ան երկու ամսով հեռացուեցաւ ֆութպոլէն։ Կատարուածը Զիտան սապէս կը բացատրէ։ «Ես կ'ատեմ անարդարութիւնն ու բռնութիւնը. խաղի ժամանակ ես շատ հարուածներ կը ստանամ եւ կ'ընդունիմ այդ ամէնը՝ փոխարէնը բան մը չըսելով, բայց կու գայ պահ մը, երբ ես այլեւս չեմ կարողանար ես ինծի զսպել եւ կը բռնկիմ. այդ բանը ինձմէ ուժեղ է։ Ես Մարսէյլի ոչ լաւ թաղամասէն եմ։ Այստեղ կռիւ չեն ըներ, բայց եթէ մէկը ստիպէ քեզ, դուն սովորաբար անոր թոյլ չես տար պատիժէն խուսափիլ»։
Եուվենթուս
ԽմբագրելՇուտով Զիտանի վրայ իր ուշադրութիւնը հրաւիրեց եւս մէկ յայտնի ակումբ՝ իտալական Եուվենթուսը։ Եւ այսպէս 1996 թուականին Զիզուն յայտնուեցաւ Թուրինի մէջ։ Այստեղ ալ սկսան անոր ֆութպոլային մեծ յաղթանակները։ Մինչ Զիտանի գալը 1996 թուականի գարնան, Եուվենթուսը յաղթած էր Եւրոպական չեմպիոններու լիկան՝ եզրափակիչին մէջ յաղթելով Ամսթերտամի Այաքսին, իսկ արդէն Զիտանի հետ խումբը տարուան վերջաւորութեան ձեռք ձգեց Միջմայրցամաքային ֆութպոլի գաւաթը՝ յաղթելով արժանթինեան Ռիվեր Փլեյթին։ Նոյն տարին խումբը նուաճեց նաեւ Եւրոպական սուբերգաւաթը, որ Եուվենթուսը յաղթեց Բարի Սեն-Ժէրմէնին, որ այդ տարի յաղթած էր Գաւաթներու գաւաթը։ Երկու անգամ՝ 1997 եւ 1998 թուականներուն, Զիտանը Եուվենթուսի հետ միասին դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան, 1997 թուականին յաղթեց Իտալիոյ սուբերգաւաթը։ 1998 թուականին Զիտանը որպէս Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ ստացաւ Ոսկէ գնդակ մրցանակը. նոյն տարին համարուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ 2001 թուականին մեծ իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ, որ Եուվենթուսի հետ պայմանագիրը մինչեւ 2005 թուականն էր՝ Զիտանը տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ, որ այդ ժամանակ հաւաքած էր արդէն ֆութպոլային աստղերու ամբողջ խումբ մը։
Ռէալ Մատրիտ
ԽմբագրելԶիտանը տեղափոխուեցաւ Ռէալ 2001 թուականի ամռան, բարձրագոյնը՝ 75 միլիոն եւրոյով։ Կը համարուի թէ նոր միջավայրը երկար տեւեց Զիտանի համար: Ան երկար ժամանակ իր սովորական խաղը կը փնտռէր եւ այդ ընթացքին ան կոլեր կ'արձանագրէր։ Գլխաւոր մարզիչը՝ Վիսենտէ տել Պոսկեն, ստիպուած փոխեց Ռէալի թեքնիք կազմը եւ Զիտանի համար աւելի լաւ տեղ գտաւ։ Փնտռտուքները յաջողութեամբ պսակուեցան 2001 թուականի Նոյեմբերին. Զիտանը իրեն լաւ կողմերով ցուցադրեց 2002 թուականի ձմեռուընէ սկսած։ Յիշարժան էր 2002 թուականի երկու խաղ՝ Տեպորտիվոյի եւ Վալենսիայի հետ։ Այս մրցաշրջանին 2001-2002-ին Զիտանը օգնեց Ռէալին՝ յաղթելու Չեմպիոններու լիկան, Քառլոսի փոխանցումէն յետոյ՝ ձախ ոտքով հիանալի կոլ արձանագրելով Լեվերկուզենի Պայերի դարպասը։ 2002-2003 մրցաշրջանին Զիտանը դարձաւ Սպանիոյ ախոյեան։ Արքայական ակումբին մէջ Զիտանը առաջատար էր, վառ աստղը՝ մեծ աստղաբոյլէն (Զիտան, Ֆիկու, Ռոնալտօ, Քառլոս, Ռաուլ)։
Ելոյթները հաւաքականին մէջ
Խմբագրել17 Օգոստոս 1994 թուականին Զիտանը առաջին անգամ հագաւ Ֆրանսայի հաւաքականի մարզաշապիկը։ Ընկերական խաղին, ֆրանսացիները չեխերուն կը յաղթէին 0։2 հաշուով, երբ Էմէ Ժակեն մարզադաշտ դուրս բերաւ 22-ամեայ Զիտանին՝ Բորդոյէն: Ան ընդամէնը երկու վայրկեանի ընթացքին՝ 80-82 վայրկեաններուն, երկու գնդակ հարուածեց եւ հաւասարցուց հաշիւը։ Խոշոր միջազգային մրցաշարերուն հաւաքականի կազմին ան հանդէս եկած է 1996 թուականէն սկսած, Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ։ Այդ ժամանակ Ֆրանսայի հաւաքականը հասաւ կիսաեզրափակիչ՝ տասնմէկ մեթրանոց հարուածաշարով՝ զիջելով Չեխիային։ Բայց արդէն երկու տարի անց, 1998 թուականին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի առաջնութեան խաղերու ժամանակ, Զիզուն ցոյց տուաւ փայլուն խաղարկութիւն։ Ֆրանսան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը, իսկ Զիտանը երկու հիանալի կոլ արձանագրեց՝ գլխով, Պրազիլիայի հետ կայացած եզրափակիչ խաղի ժամանակ։
2000 թուականին Պէլճիքայի եւ Հոլանտայի Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ, Զիտանը կրկին խումբի առաջատարն էր։ Ան քառորդ եզրափակիչին սպանացիներուն տուգանայինէն կոլ հարուածեց, իսկ կիսաեզրափակիչին՝ փորթուկալցիներուն աւելցուած ժամանակի ընթացքին «ոսկիէ գնդակ» խփեց տասնմէկ մեթր հեռաւորութենէն։ Եզրափակիչին աւելցուած ժամանակի ընթաքին Ֆրանսայի հաւաքականը 2։1 հաշուով յաղթեց Իտալիոյ։
2002 թուականին ֆրանսացիները պէտք է պաշտպանէին իրենց տիտղոսը՝ Ճաբոնի եւ Հարաւային Քորէայի մարզադաշտերուն մէջ։ Զիտանը վնասուածք ստացաւ այս մրցաշարէն առաջ եւ չկարողացաւ պաշտպանել իր խումբը առաջին երկու խաղերուն, որոնք աւարտեցան պարտութեամբ՝1։0 հաշուով Սենեկալի հաւաքականէն եւ 0։0 Ուրուկուէի հաւաքականի խաղին մէջ։ Զիտանը որոշեց դուրս գալ մարզադաշտ որոշիչ խաղին՝ Դանիայի դէմ, ուր խումբըը պարտուեցաւ 0։2 հաշուով՝ զիջելով ախոյեանի տիտղոսը։ Եւրօ 2004-ին Փորթուկալի մէջ Զիտանը իսկական հրաշք գործեց Անգլիոյ դէմ։ Ան հարուածեց երկու գնդակ աւելցուած ժամանակի ընթացքին, որու շնորհիւ ֆրանսացիները յաղթեցին 2։1 հաշուով։ Վերջին շրջանին Զիտանը գրաւեց զուիցերիացիներու դարպասը, ուր ֆրանսացիները յաղթեցին 3։1 հաշուով։ Արդիւնքը այդ էր, որ Ֆրանսան յաղթական դուրս եկաւ, բայց կիսաեզրափակիչին զիջեցաւ Յունաստանին՝ Եւրոպայի ապագայ ախոյեաններուն։ 2006 թուականին համաշխարհային խաղերէն առաջ Ֆրանսայի հաւաքականին հետ այդքան ալ մեծ յոյսեր չէին կապեր։ Բայց ան զարմացուց աշխարհը։ Զիտանը յաջողեցաւ եւ խաղերուն 3/4-ը լրացաւ յաղթական։ Ֆրանսան այդքան ալ վստահ չսկսաւ խմբային խաղը Հարաւային Քորէայի եւ Զուիցերիոյ հետ։ Այս ամէնուն զուգահեռ Զիտանը երկու դեղին քարտ ստացաւ եւ ստիպուեցաւ բաց ձգել որոշիչ խաղը Տոգոյի հետ։ Ֆրանսան առանց իր առաջնորդին յաղթեց 2։0 հաշուով։ Այս ամէնէն յետոյ Զիտանը ցոյց տուաւ ինքզինք իր ամբողջ փայլքով։ Ֆրանսացիները 1/8-րդ եզրափակիչին յաղթեցին զօրաւոր խումբերէն մէկուն՝ Սպանիոյ 1։3 հաշուով։ Քառորդ եզրափակիչին յաղթեցին գլխաւոր խումբին՝ Պրազիլիոյ։ Կոլը Զիտանի հրաշալի փոխանցումէն յետոյ հարուածեց Թիերի Անրին, կոտրելով պրազիլցիներու յոյսերը։ Կիսաեզրափակիչին Զիտանը տասնմէկ մեթր հեռաւորութենէն գրաւեց փորթուկալցիներու դարպասը։ Զիտանը եզրափակիչին գրաւեց նաեւ Իտալիոյ դարպասը, բայց խաղը տխուր երանգ ստացաւ Մատերացիին հարուածելու պատճառով անոր մարզադաշտէն վտարուելէն յետոյ։ Ֆրանսացներու աւագը կոպիտ պատասխանեց պաշտպան Մատերացիի խօսքերուն՝ գլխով հարուածելով անոր կրծքավանդակին, որմէ յետոյ հեռացուեցաւ մարզադաշտէն։ Յաջող անցած տասնմէկ մեթրներու հաշուով իտալացիները յաղթեցին խաղը եւ հռչակուեցան աշխարհի ախոյեաններ։ Զիտանը չորրորդ ֆութպոլիստն է Բելէէն, Վավայէն, եւ գերմանացի Պրայտներէն յետոյ, որ յաջողած է գրաւել դարպասը երկու աշխարհի առաջնութիւններու եզրափակիչ խաղերուն։ Ան, որ վատ պահուածքի համար ձգած էր մարզադաշտը, հռչակուեցաւ առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ։
Արհեստի աւարտը
ԽմբագրելԶիտանը յայտարարեց, որ ֆութպոլը կը լքէ 2006 թուականի աշխարհի առաջնութեան աւարտէն յետոյ։ Ֆրանսայի հաւաքականը Ռայմոն Տոմենեկի գլխաւորութեամբ դուրս եկաւ եզրափակիչ, որ տեղի ունեցաւ 9 Յուլիս 2006 թուականին Պերլինի մէջ։ Զիտանի հեռանալը տեղի ունեցաւ անյաջող այդ դէպքով, կապուած իտալացի պաշտպան Մատերացիի հետ։ 1 Յունիս 2009 թուականին Զիտանը նշանակուեցաւ օգնական՝ Ռէալի նախագահ Ֆլորենտօ Պերեսի, որ ընտրութիւններու ժամանակ ան օգնած էր իրեն։ 30 Մայիս 2010 թուականին խաղցաւ Ռէալի աստղերու եւ Միլանի միջեւ կայանալիք բարեգործական խաղին, ուր իր ակումբը յաղթեց 4։3 հաշուով։ 12 Նոյեմբեր 2010 թուականին պաշտօնի բարձրացում կատարուեցաւ եւ Զիտանը նշանակուեցաւ ակումբի նախագահի օգնական։ 8 Յուլիս 2011 թուականին Զիտանը դարձաւ Ռէալի առաջին խումբի մարզային տնօրէն, Խորխէ Վալտանոյի հեռանալէն յետոյ։ Անկէ վերջ ան ընդունուեցաւ համալսարան, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքին մէջ՝ որպէսզի ստանայ մարզային մարզիչներու վկայական։ 2012 թուականի Սեպտեմբերին ան ձգեց մարզային տնօրէնի պաշտօնը եւ սկսաւ մարզչական արհեստը մատրիտեան երիտասարդական ակադեմիային մէջ։ Ժոզէ Մոուրինիոյի հեռանալէն յետոյ Զիտանէն կրկին առաջարկութիւն առնուեցաւ Ռէալի մարզիչ դառնալու համար, սակայն ան հրաժարեցաւ, որպէսզի աշխատի ապագայ գլխաւոր մարզիչի մօտ որպէս օգնական։
Արձանագրած հանդիպումներու վիճակագրութիւն
ԽմբագրելԱկումբային վիճակագրութիւն
ԽմբագրելԿատարուած խաղեր | Առաջնութիւն | Գաւաթ | Եւրոգաւաթներ | Արդիւնք | ||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Մրցաշրջան | Ակումբ | Առաջնութիւն | խաղեր | կոլեր | խաղեր | կոլեր | խաղեր | կոլեր | խաղեր | կոլեր |
Առաջնութիւն | Ֆրանսայի գաւաթ | ՈՒԵՖԱ | Արդիւնք | |||||||
1988–89 | Կանն | 1-ին լիկա | 2 | 0 | 0 | 0 | – | 2 | 0 | |
1989–90 | 0 | 0 | 0 | 0 | – | 0 | 0 | |||
1990–91 | 28 | 1 | 3 | 0 | – | 31 | 1 | |||
1991–92 | 31 | 5 | 3 | 0 | 4 | 0 | 38 | 5 | ||
1992–93 | Բորդօ | 35 | 10 | 4 | 1 | - | 39 | 11 | ||
1993–94 | 34 | 6 | 3 | 0 | 6 | 2 | 43 | 8 | ||
1994–95 | 37 | 6 | 4 | 1 | 4 | 1 | 45 | 8 | ||
1995–96 | 33 | 6 | 1 | 0 | 15 | 6 | 49 | 12 | ||
Իտալիա | Առաջնութիւն | Իտալիոյ գաւաթ | ՈՒԵՖԱ | Արդիւնք | ||||||
1996–97 | Եուվենթուս | Սերիա Ա | 29 | 5 | 2 | 0 | 10 | 2 | 41 | 7 |
1997–98 | 32 | 7 | 5 | 1 | 11 | 3 | 48 | 11 | ||
1998–99 | 25 | 2 | 5 | 0 | 10 | 0 | 40 | 2 | ||
1999–2000 | 32 | 4 | 3 | 1 | 6 | 0 | 41 | 5 | ||
2000–01 | 33 | 6 | 2 | 0 | 4 | 0 | 39 | 6 | ||
Սպանիա | Առաջնութիւն | Սպանիոյ գաւաթ | ՈՒԵՖԱ | Արդիւնք | ||||||
2001–02 | Ռէալ Մատրիտ | Լա Լիկա | 31 | 7 | 9 | 2 | 9 | 3 | 49 | 12 |
2002–03 | 33 | 9 | 1 | 0 | 14 | 3 | 48 | 12 | ||
2003–04 | 33 | 6 | 7 | 1 | 10 | 3 | 50 | 10 | ||
2004–05 | 29 | 6 | 1 | 0 | 10 | 0 | 40 | 6 | ||
2005–06 | 29 | 9 | 5 | 0 | 4 | 0 | 38 | 9 | ||
Երկիր | Ֆրանսա | 200 | 34 | 18 | 2 | 29 | 12 | 247 | 45 | |
Իտալիա | 151 | 24 | 17 | 2 | 41 | 5 | 209 | 31 | ||
Սպանիա | 155 | 37 | 23 | 3 | 47 | 9 | 225 | 49 | ||
Արդիւնք | 506 | 95 | 58 | 7 | 117 | 26 | 681 | 125 |
Միջազգային վիճակագրութիւն
ԽմբագրելՀաւաքական | Տարի | Խաղեր | Կոլեր | Փոխանցումներ |
---|---|---|---|---|
Ֆրանսա | 1994 | 2 | 2 | 0 |
1995 | 6 | 2 | 3 | |
1996 | 12 | 2 | 4 | |
1997 | 8 | 1 | 0 | |
1998 | 15 | 5 | 3 | |
1999 | 6 | 1 | 1 | |
2000 | 13 | 4 | 4 | |
2001 | 8 | 2 | 0 | |
2002 | 9 | 1 | 2 | |
2003 | 7 | 3 | 3 | |
2004 | 7 | 4 | 1 | |
2005 | 5 | 2 | 1 | |
2006 | 10 | 3 | 1 | |
Արհեստի ընթացքին | 108 | 31 | 23 |
Հաւաքականին մէջ արձանագրուած խաղեր եւ կոլեր
ԽմբագրելՀաւաքականին մէջ Զիտանի խաղերը եւ հարուածած գնդակները | ||||||
---|---|---|---|---|---|---|
№ | Ամսաթիւ | Մրցակից | Հաշիւ | Զիտանի կոլերը | Մրցաշար | |
1 | 17 Օգոստոս 1994 | Չեխիա | 2։2 | 2 | Ընկերական խաղ | |
2 | 8 Հոկտեմբեր 1994 | Ռումանիա | 0։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
3 | 26 Ապրիլ 1995 | Սլովաքիա | 4։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
4 | 22 Յուլիս 1995 | Նորվեկիա | 0։0 | - | Ընկերական խաղ | |
5 | 16 Օգոստոս 1995 | Լեհաստան | 1։1 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
6 | 6 Սեպտեմբեր 1995 | Ազրպէյճան | 10։0 | 1 | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
7 | 11 Հոկտեմբեր 1995 | Ռումանիա | 1։3 | 1 | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
8 | 15 Նոյեմբեր 1995 | Իսրայէլ | 2։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
9 | 24 Յունուար 1996 | Փորթուկալ | 3։2 | - | Ընկերական խաղ | |
10 | 21 Փետրուար 1996 | Յունաստան | 3։1 | 1 | Ընկերական խաղ | |
11 | 1 Յունիս 1996 | Գերմանիա | 1։0 | - | Ընկերական խաղ | |
12 | 5 Յունիս 1996 | Հայաստան | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
13 | 4 Յուլիս 1996 | Ռումանիա | 1։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
14 | 4 Սեպտեմբեր 1996 | Սպանիա | 1։1 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
15 | 8 Սեպտեմբեր 1996 | Պուլկարիա | 3։1 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
16 | 9 Հոկտեմբեր 1996 | Հոլանտա | 0։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
17 | 13 Հոկտեմբեր 1996 | Չեխիա | 0։0 | - | Եւրօ 1996-ի ընտրական փուլ | |
18 | 17 Նոյեմբեր 1997 | Մեկսիկա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
19 | 9 Փետրուար 1996 | Թուրքիա | 4։0 | - | Ընկերական խաղ | |
20 | 26 Մարտ 1996 | Դանիա | 0։1 | - | Ընկերական խաղ | |
21 | 30 Մարտ 1997 | Փորթուկալ | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
22 | 4 Յունիս 1997 | Հոլանտա | 2։1 | - | Ընկերական խաղ | |
23 | 8 Յունիս 1997 | Շուէտ | 1։0 | - | Ընկերական խաղ | |
24 | 3 Սեպտեմբեր 1997 | Պրազիլիա | 1։1 | - | Ընկերական խաղ | |
25 | 7 Սեպտեմբեր 1997 | Անգլիա | 0։1 | - | Ընկերական խաղ | |
26 | 8 Հոկտեմբեր 1997 | Իտալիա | 2։2 | 1 | Ընկերական խաղ | |
27 | 13 Հոկտեմբեր 1997 | Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն | 2։1 | - | Ընկերական խաղ | |
28 | 12 Նոյեմբեր 1997 | Շոտլանտա | 2։1 | - | Ընկերական խաղ | |
29 | 15 Նոյեմբեր 1998 | Սպանիա | 1։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
30 | 1 Մարտ 1998 | Նորուէյ | 3։3 | 1 | Ընկերական խաղ | |
31 | 27 Մայիս 1998 | Շուէտ | 0։0 | - | Ընկերական խաղ | |
32 | 3 Յունիսի 1998 | Պէլճիքա | 1։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
33 | 11 Յունիս 1998 | Մարոք | 2։2 | - | Ընկերական խաղ | |
34 | 17 Յունիս 20px Ֆինլանտա | 1։ | - | Ընկերական խաղ | ||
35 | 25 Յունիս 1998 | Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն | 3։0 | - | Մունտիալ 1998 | |
36 | 1 Յուլիս 1998 | Արաբիստան | 4։0 | - | Մունտիալ 1998 | |
37 | 5 Յուլիս 1998 | Իտալիա | 0։0 | - | Մունտիալ 1998 | |
38 | 8 Յունիս 1998 | Խրուաթիա | 2։1 | - | Մունտիալ 1998 | |
39 | 12 Յուլիս 1998 | Պրազիլիա | 3։0 | 2 | Մունտիալ 1998 | |
40 | 6 Սեպտեմբեր 1998 | Աւստրիա | 2։2 | - | Ընկերական խաղ | |
41 | 7 Հոկտեմբեր 1998 | Իսլանտա | 1։1 | - | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
42 | 11 Հոկտեմբեր 1998 | Իսլանտա | 3։2 | - | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
43 | 15 Նոյեմբեր 1998 | Անտորրա | 2։0 | - | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
44 | 6 Փետրուար 1999 | Մարոքքօ | 1։0 | - | Ընկերական խաղ | |
45 | 24 Մարտ 1999 | Անգլիա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
46 | 28 Մարտ 1999 | Ուքրաինա | 0։0 | - | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
47 | 22 Օգոստոս 1999 | Հայաստան | 3։2 | 1 | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
48 | 8 Սեպտեմբեր 1999 | Իսլանտա | 3։2 | - | Եւրօ 2000-ի ընտրական փուլ | |
49 | 12 Սեպտեմբեր 1999 | Խրուաթիա | 3։0 | - | Ընկերական խաղ | |
50 | 13 Հոկտեմբեր 2000 | Լեհաստան | 1։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
51 | 17 Հոկտեմբեր 2000 | Սլովենիա | 3։2 | - | Ընկերական խաղ | |
52 | 17 Նոյեմբեր 2000 | Խրուաթիա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
53 | 21 Նոյեմբեր 2000 | Ճաբոն | 2։2 | 1 | Ընկերական խաղ | |
54 | 6 Փետրուար 2000 | Մարոքքօ | 1։3 | - | Ընկերական խաղ | |
55 | 31 Մայիս 2000 | Դանիա | 3։0 | - | Եւրօ 2000 | |
56 | 7 Յունիս 2000 | Չեխիա | 2։1 | - | Եւրօ 2000 | |
57 | 11 Յունիս 2000 | Սպանիա | 2։1 | 1 | Եւրօ 2000 | |
58 | 19 Յունիս 2000 | Փորթուկալ | 2։1 | 1 | Եւրօ 2000 | |
59 | 2 Յուլիս 2000 | Իտալիա | 2։0 | - | Եւրօ 2000 | |
60 | 15 Հոկտեմբեր 2000 | Ֆիֆայի հաւաքական | 5։1 | - | Ընկերական խաղ | |
61 | 19 Նոյեմբեր 2000 | Անգլիա | 1։1 | - | Ընկերական խաղ | |
62 | 11 Փետրուար 2000 | Թուրքիա | 4։0 | - | Ընկերական խաղ | |
63 | 28 Մարտ 2001 | Գերմանիա | 1։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
64 | 31 Մարտ 2001 | Ճաբոն | 5։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
65 | 6 Յունիս 2001 | Սպանիա | 1։2 | - | Ընկերական խաղ | |
66 | 5 Սեպտեմբեր 2001 | Փորթուկալ | 4։0 | - | Ընկերական խաղ | |
67 | 9 Սեպտեմբեր 2001 | Դանիա | 1։0 | - | Ընկերական խաղ | |
68 | 11 Հոկտեմբեր 2001 | Չիլի | 1։2 | - | Ընկերական խաղ | |
69 | 18 Փետրուար 2001 | Ալճերիա | 4։1 | - | Ընկերական խաղ | |
70 | 31 Մարտ 2001 | Աւստրալիա | 1։1 | - | Ընկերական խաղ | |
71 | 28 Ապրիլ 2002 | Ռումանիա | 2։1 | - | Ընկերական խաղ | |
72 | 29 Մայիս 2002 | Շոտլանտա | 5։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
73 | 5 Յունիս 2002 | Ռուսաստան | 0։0 | - | Ընկերական խաղ | |
74 | 12 Յունիս 2002 | Քորէայի Հանրապետութիւն | 3։2 | - | Ընկերական խաղ | |
75 | 16 Յունիս 2002 | Դանիա | 0։2 | - | Մունտիալ 2002 | |
76 | 20 Յունիս 2002 | Թունիս | 1։1 | - | Ընկերական խաղ | |
77 | 24 Յունիս 2002 | Կիպրոս | 2։1 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
78 | 30 Յունիս 2002 | Սլովենիա | 5։0 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
79 | 30 Յունիս 2002 | Մալթա | 4։0 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
80 | 4 Յուլիս 2003 | Չեխիա | 0։2 | - | Ընկերական խաղ | |
81 | 4 Սեպտեմբեր 2003 | Մալթա | 6։0 | 2 | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
82 | 8 Սեպտեմբեր 2003 | Իսրայէլ | 2։1 | 1 | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
83 | 9 Հոկտեմբեր 2003 | Զուիցերիա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
84 | 13 Հոկտեմբեր 2003 | Սլովաքիա | 2։0 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
85 | 17 Նոյեմբեր 2003 | Իսրայէլ | 3։0 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
86 | 9 Փետրուար 2003 | Գերմանիա | 3։0 | - | Ընկերական խաղ | |
87 | 26 Մարտ 2004 | Պէլճիքա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
88 | 30 Մարտ 2004 | Պրազիլ | 0։0 | - | Ընկերական խաղ | |
89 | 4 Յունիս 2004 | Ուքրանիա | 1։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
90 | 8 Յունիս 2004 | Անգլիա | 2։1 | 2 | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
91 | 3 Սեպտեմբեր 2004 | Խրուաթիա | 2։2 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
92 | 7 Սեպտեմբեր 2004 | Զուիցերիա | 3։1 | 1 | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
93 | 8 Հոկտեմբեր 2004 | Յունաստան | 0։1 | - | Եւրօ 2004-ի ընտրական փուլ | |
94 | 13 Հոկտեմբեր 2005 | Կոտ դ'Իվուար | 3։0 | 1 | Ընկերական խաղ | |
95 | 12 Նոյեմբեր 2005 | Ֆարերեան կղզիներ | 3։0 | - | Մունտիալ 2006-ի ընտրական փուլ | |
96 | 15 Նոյեմբեր 2005 | Իրլանտա | 1։0 | - | Մունտիալ 2006-ի ընտրական փուլ | |
97 | 8 Հոկտեմբեր 2005 | Զուիցերիա | 1։1 | - | Մունտիալ 2006-ի ընտրական փուլ | |
98 | 12 Հոկտեմբեր 2005 | Կիպրոս | 4։0 | 1 | Մունտիալ 2006-ի ընտրական փուլ | |
99 | 1 Մարտ 2006 | Սլովաքիա | 1։2 | - | Ընկերական խաղ | |
100 | 27 Մայիս 2006 | Մեքսիքա | 1։0 | - | Ընկերական խաղ | |
101 | 31 Մայիս 2006 | Դանիա | 2։0 | - | Ընկերական խաղ | |
102 | 7 Յունիս 2006 | Չինաստան | 3։1 | - | Ընկերական խաղ | |
103 | 13 Յունիս 2006 | Զուիցերիա | 0։0 | - | Մունտիալ 2006 | |
104 | 18 Յունիս 2006 | Քորէայի Հանրապետութիւն | 1։1 | - | Մունտիալ 2006 | |
105 | 27 Յունիս 2006 | Սպանիա | 3։1 | 1 | Մունտիալ 2006 | |
106 | 1 Յուլիս 2006 | Պրազիլ | 1։0 | - | Մունտիալ 2006 | |
107 | 5 Յուլիս 2006 | Փորթուկալ | 1։0 | 1 | Մունտիալ 2006 | |
108 | 9 Յուլիս 2006 | Իտալիա | 1:1 | 1 | Մունտիալ 2006 |
Նուաճումներ
ԽմբագրելԱկումբային
Խմբագրել- Ինտերտոտոյի գաւաթի յաղթող։ (1) 1995
- Արդիւնք։ 1 տիտղոս
- Սերիա Ա-ի յաղթող (2)։ 1996-1997, 1997-1998
- Միջմայրցամաքային գաւաթի յաղթող (1)։ 1996
- Իտալիոյ սուբերգաւաթի յաղթող (1)։ 1997
- ՈՒԵՖԱ-ի սուբերգաւաթակիր (1)։ 1996
- Արդիւնք։ 5 տիտղոս
- Լա լիկայի յաղթող (1)։ 2002-2003
- Միջմայրցամաքային գաւաթի յաղթող (1)։ 2002
- Սպանիոյ սուբերգաւաթակիր (2)։ 2001, 2003
- ՈՒԵՖԱ-ի սուբերգաւաթակիր (1)։ 2002
- Չեմպիոններու լիկայի յաղթող (1)։ 2002
- Արդիւնք։ 6 տիտղոս
- Աշխարհի չեմպիոն (1)։ 1998
- Եւրոպայի չեմպիոն (1)։ 2000
- Հասան II թագաւորի գաւաթի յաղթող (2)։ 1998, 2000
- Արդիւնք։ 4 տիտղոս
Անհատական
Խմբագրել- ՖԻՖԱ-ի վարկածով աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ։ 1998, 2000, 2003
- Ոսկէ գնդակ մրցանակի դափնեկիր/ Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ (1)։ 1998
- ՖԻՖԱ-ի Աշխարհի առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ ]] (1)։ 2006
- ՈՒԵՖԱ-ի Եւրոպայի առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ ]] (1)։ 2000
- ՈՒԵՖԱ-ի վարկածով վերջին 50 տարիներու լաւագոյն ֆութպոլիստ (1)։ 2004
- Ֆրանսայի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ (1)։ 1993
- Սերիա Ա-ի լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (3)։ 1997, 2000, 2001
- «Don Balon»-ի վարկածով Սպանիոյ առաջնութեան լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (1)։ 2002
- «El Pais»-ի վարկածով Սպանիոյ առաջնութեան լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (1)։ 2002
- Ֆրանսայի տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ (2)։ 1998, 2002
- ՈՒԵՖԱ-ի Չեմպիոններու լիկայի ամենաարժէքաւոր ֆութպոլիստ (1)։ 2002
- ՈՒԵՖԱ-ի Չեմպիոններու լիկայի լաւագոյն կիսապաշտպան (1)։ 1998
- Կը գտնուի աշխարհի լաւագոյն 100 մարզիկներու թիւին մէջ «Համաշխարհային ֆութպոլ» եւ «Ֆիֆա 100» ամսագրերու վարկածով (2)։
- Ֆութպոլի պատմութեան համաշխարհային ֆետերացիայի վարկածով տարուայ լաւագոյն կիսապաշտպան (1)։ 2006
Մրցանակներ
ԽմբագրելԶինէտին Զիտան
ԽմբագրելԶիտանը օգտուած է նորոյթի աշխարհէն։ Louis Vuitton-ի գովազդային արշաւին մասնակցելէն յետոյ, ան նկարահանուեցաւ Տիէկօ Մարատոնայի եւ Բելէի հետ: Ան Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին աւագը առաջարկ ստացաւ նաեւ Y-3 նորաձեւութեան հաստատութենէն։ Լուսանկարիչ Ակաստեր Մակլելլան եւ բեմադրիչ Տեօ Ստենլը նկարահանեցին անհաւատալի գեղեցիկ սեւ ու սպիտակ նկարներ, վերածելով զանոնք տեսահոլովակի։ «Վերջին տարիներու տենտենցները կը պտտէին աւելի կարճ եւ սեքսուալ հագուստներու շուրջը։ Այս հաւաքածոյին մէջ ես փափաքեցայ փաթթել ամբողջ մարմինը, որպէսզի չերեւի աւելորդ բան մը, որպէսզի չերեւի աւելի բան մը»,- մեկնաբանեց իր հաւաքածոն Ետզի Եամամոտօն։ Նկարահանուած է նաեւ Adidas-ի համար, որպէս սովորական գնորդ, ուր կը տեսնուի որպէս ապրանքի զարմանալի յատկութիւնը օգտագործող։
Հետաքրքրական փաստեր
Խմբագրել- Կրեւենի թանգարանին մէջ տեղադրուած է Զինէտին Զիտանի մոմէ արձանը։
- Փարիզի մէջ՝ Ժորժ Պոմպիտու կեդրոնին մէջ, կանգնած է արձան, ուր Զիտանը գլխով կը հարուածէ Մարկօ Մատերացիին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- Զիտանը կը դառնայ Ռէալի սպորտային տնօրէն Archived 2016-02-22 at the Wayback Machine.
- Զիտանն այլեւս Ռէալի սպորտային տնօրէնը չէ
- Զիտանը նշանակուած է Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլային ակումբի նախագահի օգնական
- Զիտանը կը սորվի համալսարանի մէջ, որպէսզի սպորտային կառավարիչի վկայական ստանայ
- Զիտանը լքած է Ռէալի սպորտայի տնօրէնի պաշտօնը
- Զիտանը կը սկսի մարզչական փորձարութիւնը Ռէալի երիտասարդական ակադեմիայի մէջ
- Զիտանը հրաժարուած է Ռէալի սպորտային տնօրէնի պաշտօնէն եւ փափաքած է մարզիչ ըլլալ
- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Philippe J., Fort P. Zidane: The Biography — Լոնտոն: Ebury Press, 2018. — է. 3. — ISBN 978-1-78503-848-8
- ↑ Philippe J., Fort P. Zidane: The Biography — Լոնտոն: Ebury Press, 2018. — է. 42. — ISBN 978-1-78503-848-8
- ↑ 3,0 3,1 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
- ↑ 4,0 4,1 Transfermarkt.com — 2000.
- ↑ 5,0 5,1 Discogs — 2000.
- ↑ https://www.theguardian.com/football/2004/apr/04/sport.features
- ↑ Who's Who in France — Paris: 1953. — ISSN 0083-9531; 2275-0908
- ↑ «Marca: Зидан станет спортивным директором "Реала"» (rus)։ Чемпионат.ру։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24
- ↑ Зидан больше не директор «Реала»
- ↑ Zidane will work with the academy whilst completing his coaching qualification
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- պաշտօնական կայք
- Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքի մէջ
- ՈՒԵՖԱ-ի կայքի մէջ
- ՖԻՖԱ-ի կայքի մէջ
- Զինետին Զիտանի լաւագոյն գունաւոր տեսահոլովակները Archived 2009-09-22 at the Wayback Machine.