Սաթենիկ Օհանճանեան
Սաթենիկ Օհանճանեան, (1880, Վրաստան - 1915, Վրաստան) բուժքոյր, քաղաքական գործիչ։
Սաթենիկ Օհանճանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1880 |
Ծննդավայր | Վրաստան |
Մահացած է | 1915 |
Մահուան վայր | Վրաստան |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, Հիւանդապահ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԲժիշկ ու յեղափոխական Համազասպ Օհանճանեանին քոյրն է։ Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի մէջ։ Քաղաքականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցած է։ Թիֆլիսի «Մեղու» Միութեան վարչութեան քարտուղարը եղած է։ Աշխատած է որպէս գթութեան քոյր՝ եղբօրը հիմնած Կարմիր Խաչի խումբերուն հետ։
1908էն վերջ տեղափոխուած է Պոլիս եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը։ Պոլսոյ Կարմիր Խաչի եւ Աշխատանքի Տան հիմնադիրներէն եղած է։
1909ին Ատանայի կոտորածէն յետոյ, որբերը հաւաքելու համար աղէտի վայր մեկնած է։ Ա․ Աշխարհամարտին գաղթականներուն, կամաւոր գունդերուն, կիներու կազմակերպութիւններուն օժանդակած է։
1915ին բժիշկներու խումբով Վան մեկնած է։ Անցած է Էջմիածին ու հոն զբաղած է գաղթականներու խնամքով, ուր ժանտատենդով վարակուած է։ Ծանր վիճակով Թիֆլիս տեղափոխուած եւ հոն մահացած է։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- http://archive3.ankakh.com/article/?id=28924/yer-sathvon%C2%BB-ohandjanyan-entaniqi-myus-hyervosuhin Archived 2023-08-11 at the Wayback Machine.