Սիրարփի Տէր Ներսէսեան

Սիրարփի Միհրան Տէր Ներսէսեան (5 Սեպտեմբեր 1896(1896-09-05)[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[3] - 6 Յուլիս 1989(1989-07-06), Փարիզ, Ֆրանսա), հայ բիւզանդագէտ, արուեստաբան, հայագէտ։ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ (1966

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան
Ծնած է 5 Սեպտեմբեր 1896(1896-09-05)[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[3]
Մահացած է 6 Յուլիս 1989(1989-07-06) (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Մայրենի լեզու հայերէն
Ուսումնավայր Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք[4]
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց
Էսայեան Վարժարան
Ժընեւի համալսարան
Կոչում փրոֆեսոր
Երկեր/Գլխաւոր գործ Q122416052?
Մասնագիտութիւն արուեստագէտ, հայագէտ, բիւզանդագէտ, միջնադարագետ, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Հարուըրտ Համալսարան
Դումբարտոն Օքս?
Ուելսլի քոլեջ?
Farnsworth Art Museum?
Անդամութիւն Ամերիկայի Միջնադարեան Պատմութեան Ակադեմիա[5], Բրիտանական Ակադեմիա, Արձանագրութիւններու եւ գեղարուեստի կաճառ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւարտած է Կոստանդնուպոլսի Եսայեան վարժարանը, ապա՝ Անգլիոյ Հայ Սքուլի (բարձրագոյն դպրոց1917-1919 թուականին սորված է Ժընեւի համալսարանի գրական բաժինէն ներս։ 1919 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ, Սորպոնի մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ՝ Շ․ Կիլին, Գ․ Միլէյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ․ Ֆոսիյոնին։ 1922-ին Փարիզի բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցին մէջ դարձած է Գ․ Միլէյի օգնականը։ 1930-1931 թուականին եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուելըսլի գոլէճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47 թուականին նոյն գոլէճի արուեստի բաժինի եւ Ֆարնսուորթ թանգարանի տնօրէն։ 1946 թուականին Հարուըրտի համալսարանի Գումբարտոն Օքս գիտահետազօտական հաստատութեն մէջ արժանացած է բիւզանդական արուեստի փրոֆէսորի կոչման, 1963 թուականէն՝ վաստակաւոր փրոֆէսոր։

Տէր Ներսէսեանը Ֆրանսայի արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիայի թղթական անդամ է։

Զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային գիտաժողովներու մէջ, անոնց կարգին՝ արեւելագէտներու Մոսկուայի քոնկրէսէն ներս (1960) եւ պատմաբաններու սովետաֆրանսական գիտաժողովին մէջ (Երեւան, 1969

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Լոյս ընծայած է «Բարեղամի եւ Յովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938, ֆրանսերէն) բիւզանդագիտական ուսումնասիրութիւնը, <12,13, 14 դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագիրները Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանում» երկը (նիւթը՝ 1936, ալպոմ՝ 1937, ֆրանսերէն), «Հայաստանը Ա․ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1945, անգլերէն)։ Հրատարակած է նաեւ «Չեսթըր Պիթի գրադարան, հայկական ձեռագիրների ցուցակ՝ հայ արուեստի պատմութեան ներածականով» (1958), «Աղթամար, Ս․ Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական ձեռագիրները Ֆրիր արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1963), «Հայկական ձեռագիրները Ուոլթերսի Արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1973, բոլորը անգլերէն) աշխատութիւնները։

Գիտնականի «Բիւզանդագիտական եւ հայկական ուսումնասիրութիւններ» երկհատոր ժողովածուի մէջ (1973) ամփոփուած են անոր վաթսունէն աւելի մեծարժէք յօդուածները անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Բազմամեայ ուսումնասիրութիւններու արդիւնք է Տէր Ներսէսեանի «Հայկական Արուեստ» (1977, ֆրանսերէն) կոթողային աշխատութիւնը։

Պարգեւներ, մրցանակներ

Խմբագրել

Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու, անոնց կարգին Անգլիոյ հնագէտներու միութեան ոսկէ շքանշանին (1960), Ֆրանսայի Արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի Շլիւմբըր-Ժէի անուան (1963), ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի՝ Անանիա Շիրակացիի անուան, (1981) մրցանակներուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։