«Գրիգոր Աղանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Գրիգոր Աղանեան'''․(7 Օգոստոս 1943, Քոքինիա, Յունաստան)․ յունահայ ոտնագնդակի մարզիկ։ Ան եղած է առաջին յունահայերէն որ մաս կազմած են Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականին․ Դանիէլ Դանիէլեանէն եւ Վա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

21:25, 30 Նոյեմբեր 2021-ի տարբերակ

Գրիգոր Աղանեան․(7 Օգոստոս 1943, Քոքինիա, Յունաստան)․ յունահայ ոտնագնդակի մարզիկ։ Ան եղած է առաջին յունահայերէն որ մաս կազմած են Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականին․ Դանիէլ Դանիէլեանէն եւ Վահագն Աբրահամեանէն ետք։

Կենսագրական գիծեր

Գրիգոր Աղանեան ծնած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին՝ 7 Օգոստոս 1943-ին, հայ գաղթական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ատափազարցի մայրը եւ Աֆիոնքարահիսարցի հայրը Փոքր Ասիոյ Աղէտի օրերուն, 1922-ին, քանի մը տարի Հիոս (կզղի, Իզմիրի դիմացը, Էգէական ծով) ապաստանելէ ետք, վերջնականապէս Փիրէայի Քոքինիա շրջանը կը հաստատուին։

Աղանեան կ՛ աւարտէ Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» նախակրթարանը եւ ապա դասերու կը հետեւի արհեստագիտութեան դպրոցը, միաժամանակ իբրեւ ճախարակագործ աշխատելով մեքենայի գործատան մը մէջ։ Աւելի ետք կ՛ աշխատի ընտանեկան մսավաճառատան մէջ։

Ոտնագնդակի մարզիկ

Առաջին անգամ ոտնագնդակ կը խաղայ Քոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի փոքրերու խումբին մէջ։ Շնորհիւ իր լաւ խաղարկութեան, 15 տարեկան հասակին՝ 1959-ին, մաս կը կազմէ Փիրէայի «Էթնիքոս» խումբին։ Պատանի տարիքին պատճառով փոխ կը տրուի «Նիքէա»յի եւ 1960-ին «Փանէյալիօ» խումբերուն։

1964-ին Փիրէայի «Օլիմպիաքոս» խումբի հաւաքականին մաս կը կազմէ․ կը դառնայ խումբին գլխաւոր մարզիկներէն։ 1971-ին, կը ճակատի մարզիչին հետ՝ Լաքիս Փեթրոփուլոս, որ միաժամանակ Յունաստանի Ազգային խումբին մարզիչն էր նաեւ։ Մէկ տարուայ համար Զուիցերիոյ «Էֆ Սի Լաշօտէֆոն» FC La Chaux-de-Fonds ոտնագնդակի խումբին մարզիկ կը դառնայ։ Տարի մը ետք խումբին ժամանակաւոր մարզիչի դերը կը ստանցնէ։

Յունաստան վերադառնալով «Փանէյալիօ» խումբին մարզիկ եւ մարզիչ կը դառնայ մինչեւ 1978, թուական ուր վերջնականապէս կը լքէ ոտնագնդակի ասպարէզը։

1970-էն մինչեւ 1973 Յունաստանի Ազգային խումբի հաւաքականին մարզիկ է։

Պատմութեան անցած են Օլիմպիաքոսի դարաւոր թշնամի «Փանաթինայիքոս» խումբի խաղցող Միմի Տոմազոյին հետ Աղայեանին ունեցած մենամարտութիւնները։ Այս ուղղութեամբ,«Օլիմպիաքոս»ի համակիրները հետեւեալ երկտողը ստեղծած են․-

«Ո՞վ է ան որ Զօրավարը սպայ դարձուց,

Գրիգոր Աղանեանն է Հայաստանէն»

(Ποιος είναι αυτός που έκανε το Στρατηγό, λοχία; Είν' ο Γρηγόρης Αγανιάν από την Αρμενία.)

Տիտղոսներ

Օլիմպիաքոս խումբին հետ

  • Երկու անգամ Յունաստանի ոտնագնդակի ախոյեան՝ 1966 եւ 1967
  • Երկու անգամ Յունաստանի Բաժանակակիր՝ 1965 եւ 1968

[1] [2]

Տե՛ս նաեւ

Աղբիւրներ

Հ․Կ․Խ․«Զաւարեան» վարժարանի 90-ամեակին առթիւ Յուշամատեան

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Լաքիս Փեթրոփուլոս(անգլերէն)
  2. Էֆ Սի Լաշօտէֆոն(յունարէն)
  3. Օլիմպիաքոս(անգլերէն)
  4. Էթնիքոս(անգլերէն)