Դանիէլ Դանիէլեան

Դանիէլ Դանիէլեան․ (1909, Մարզուան, Փոքր Ասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն9 Նոյեմբեր 1980, Մոնթրէալ, Քանատա)․ հայազգի ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի մարզիկ, հասարակական գործիչ։  Ան եղած է առաջին յունահայը որ մաս կազմած է Յունաստանի ոտնագնդակի հաւաքականին․ յաջորդած են Վահագն Աբրահամեան եւ Գրիգոր Աղանեան։

Առաջին տարիները

Խմբագրել

Դանիէլ Դանիէլեան ծնած է 1909-ին Մարզուան (Պոնտոսի հարաւ-արեւմուտք, Ամասիոյ մարզ)։  Մեծ Եղեռնի տարագիր օրերուն հրաշքով կը փրկուի ու ընտանեօք Պոլիս կ՛ ապաստանին։  Կը յաճախէ Յ․ Հինդլեանի հիմնած «Նոր Դպրոց» վարժարանը եւ կը մտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերը։

Փոքր Ասիոյ Աղէտի օրերուն, 1922-ին, Սելանիկ կը փոխադրուի։ 1930-ին կ՛ աւարտէ «Անաթոլիա Քոլեճ»ը։  Փոքր տարիքէն մարմնամարզի հանդէպ մեծ սէր ցոյց տուած է եւ Սելանիկի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի խումբերուն մաս կը կազմէ։

1928-ին, ան կ՚ընտրուի Սելանիկի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչական անդամ։

Ասպարէզ

Խմբագրել

Սելանիկ

Խմբագրել

Իբրեւ ոտնագնդակի մարզիկ

Խմբագրել
Հաւաքական գետնի վրայ
Խմբագրել
 
«Արիս» ոտնագնդակի խումբը, 1932

Հ․Մ․ Ը․Մ․-ի ոտնագնդակի խումբին մէջ պատանի Դանիէլեան իր խաղարկութեամբ աչքի կը զարնէ եւ կ՛ ընդունուի Սելանիկի «Արիս» միութեան ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի պատրաստական խումբերուն մէջ։

1928-ին «Արիս» ոտնագնդակի առաջին խումբին մաս կը կազմէ։ Առաջին մասնակցութիւններուն կը խաղայ Փիրէայի «Էթնիքոս» եւ «Օլիմպիաքոս» խումբերուն դէմ։ 1932-ին «Արիս» խումբին հետ Յունաստանի ոտնագնդակի ախոյեան կը դառնայ։

Քանի մը ամսուան համար կը կատարէ յունական բանակին մէջ իր զինուորական պարտաւորութիւնները եւ մարզադաշտ կը վերադառնայ 1933-ին։  Նոյն տարին զայն կը հրաւիրեն մասնակցի Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականին։ 1937-1940 կը դառնայ «Իրաքլիս» խումբին մարզիկ։

Յունաստանի Ազգային խումբի մարզիկ
Խմբագրել

1933-1936, Դանիէլեան մնայուն կերպով կը մասնակցի Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբին մրցումներուն՝ Պալքանեան Բաժակի (1933, 1934,1935),  Համաշխարհային Բաժակի (1934

Իբրեւ կողովագնդակի մարզիկ

Խմբագրել

Կողովագնդակի մարզիկի ասպարէզին զուգահեռ, Դանիէլեան նաեւ «Արիս» կողովագնդակի հաւաքականին գլխաւոր դերակատարներէն է։  1930-ին Յունաստանի ախոյան կը դառնայ։  1925-էն մինչեւ 1930 «Արիս» կողովագնդակի խումբը կը տիրապետէ Յունաստանի ախոյանութեան մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ Սելանիկի շրջանային ախոյանութեան. (1931-1935 Յունաստանի ախոյանութեան մրցաշարքերը կը դադրին, հետեւաբար Դանիէլեանի հետաքրքրութիւնը մարզախաղին հանդէպ կը նուազի)։

Ողիմպիականի ջահագնաց

Խմբագրել

1936-ին, Պերլինի 11-րդ Ողիմպիական Խաղերուն, յունական մարզական ֆետերասիոնին որոշումով, Դանիէլ ողիմպիական ջահը պատմական Ողիմպիայէն (Օլիմպիա) Պերլին փոխադրող ջահագնաց մարզիկներէն մէկը կ՚ըլլայ։

Հ․Մ․Ը․Մ․ի անդամ

Խմբագրել

1930 – 1940 կ՛ անդամակցի Սելանիկի Հ․Մ․Ը․Մ․ին եւ քանի մը տարի անոր ատենապետն է։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի վարչական անդամ եւ մարզիկ

Խմբագրել

1940-ին Աթէնք կը հաստատուի։  Կ՚ ընտրուի Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան անդամ, ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօնը։  Սակայն Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ծագումով կը դադրի որեւէ գործունէութիւն։

1946 եւ 1947 թուականներուն Աթէնքի Հ․Մ․Ը․ Մ․-ի ոտնագնդակի խումբին մարզիկ է։ 

1946-ին Դանիէլեան, Համօ Մեհրապեանի հետ գործակցաբար, Աթէնքի մէջ կը հրատարակեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարմնամարզ» պարբերաթերթը։

1948-ին վերջ կու տայ մարզական գործունէութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ կ՛ ընտրուի։  Կը շարունակէ ընտրուիլ մինչեւ 1967։

1952-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Դանիէլեանի պատասխանատու խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ոտնագնդակի խումբը կ՚այցելէ Պէյրութ, Հալէպ եւ Դամասկոս ու տեղական ա. դասակարգի խումբերու դէմ կը մրցի։

Կեանքը Քանատա

Խմբագրել

1967-ին, Դանիէլեան ընտանեօք կը փոխադրուի Քանատա։

1974-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

1978-ին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի համահայկական բանակումին առթիւ, Յունաստան կ՛ այցելէ։

Կը մահանայ 9 Նոյեմբեր 1980-ին, Մոնթրէալ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Սելանիկի հայկական գաղութը

Գրիգոր Աղանեան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել