Ս. Ստեփանոս Նախավկայ

Ս․ Ստեփանոս Նախավկայ, Ստեփանոս անունը յունարէն է, կը նշանակէ պսակ), Ա. դարու քրիստոնեայ, հելլենական հրեայ. անդրանիկ վկան, որ իր արիւնը թափած է՝ Յիսուս Քրիստոսը Աստուծոյ Որդի վկայելով։ Մէկը Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն, զոր, ուրիշ վեց հոգիներու հետ, նախնական եկեղեցին Պետրոս առաքեալի առաջնորդութեամբ կարգած է եկեղեցւոյ սեղանի սպասաւոր (սարկաւագ)։

Ս. Ստեփանոս Նախավկայ
հին յուն․՝ Στέφανος
Ծնած է 1[1]
Ծննդավայր Յունաստան
Մահացած է 36[1]
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Հրէաստան, Հռոմէական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Հրէաստան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն սարկաւագ, Տուժող, Q97722249?, murder victim
Վարած պաշտօններ Առաքեալ

Վաղ Պատանութիւն

Խմբագրել

Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն` Ստեփանոս սերած էր Յուդայի թագաւորական զարմէն։ Յիսուսի մահուան դատավճիռին կայացման ատեն, դեռ պատանի ըլլալով, Կայիափա քահանայապետին ծառան էր։ Երբ Տիրոջ տունը կը տանին, Ստեփանոսն իր գլխու վարշամակը կը փռէ Երկնաւոր Վարդապետին ոտքերուն տակ եւ կը մօտենայ անոր` ցոյց տալով իր անդաւաճան ու անկեղծ սէրը: Բայց ատիկա կը զայրացնէ քահանայապետը, որ կը վտարէ Ստեփանոսը: Պատանին ականատես կ'ըլլայ Տիրոջ մահուան ու թաղման, բայց Աստուածորդիին հրաշափառ յարութեամբ վերստին ուրախութիւն կ'ապրի առաքեալներուն հետ: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին` սուրբը կ'երթայ առաքեալներուն քով` մկրտուելով Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն կողմէ: Մկրտութեան պահուն, ջուրին վրայ կ'երեւի լուսապսակ մը, որ կու գայ կը հանգչի սուրբին վրայ։ Այս զարմանահրաշ դէպքէն ետք անոր կու տան «Ստեփանոս» անունը, որ կը նշանակէ պսակաւոր[2]:

Ստեփանոս Յիսուս Քրիստոսի Քարոզիչ

Խմբագրել

Ստեփանոսին համար տաճարը շէնք մը չէր, այլեւ՝ կառուցուածք մը, ուր պէտք էր բան մը փոխուէր տիրող մտայնութեան մէջ։ Սակայն նախանձախնդիր հրեաներուն համար բաւական չէր, որ նման միտքեր արտայայտողը առաջնորդուէր դատարան, ուր պիտի կրկնէր ան իր համոզումները։

Ս. Գիրքը Ստեփանոս Նախավկային մասին կը վկայէ, որ ան լցուած էր աստուածային «շնորհներով եւ զօրութեամբ» եւ «... ժողովուրդին մէջ զարմանալի գործեր եւ մեծամեծ նշաններ կ'ընէր»։

Ս. Ստեփանոսն Աստուծմէ տրուած շնորհներով եւ զօրութեամբ հրաշքներ կը գործէր: Ժողովարանէն շատերը կը վիճէին անոր հետ, բայց ոչ ոք կրնար դէմ կանգնիլ այն իմաստութեան ու Հոգիին, որմով ան կը խօսէր: Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ քարոզած է Յիսուս Քրիստոսը, որուն պատճառով արտասահմանէն եկած հրեաները Ստեփանոս Նախավկային դէմ գրգռած են Երուսաղէմի հրեայ ժողովուրդը, քահանաներն ու օրէնսգէտերը եւ զինք յանձնած բարձրագոյն ատեանին, ուր Ս. Ստեփանոսին պատիժը սահմանուած էր արդէն։

  Եւ բերին կանգնեցուցին սուտ վկաներ, որոնք կ'ըսէին. «Այս մարդը չի դադրիր հայհոյական խօսքեր ըսելէ այս սուրբ տեղին եւ օրէնքին դէմ...» ... Եւ բոլոր անոնք, որոնք նստած էին ատեանին մէջ, անոր նայելով՝ տեսան, որ անոր երեսը հրեշտակի երեսի նման էր։  


Հալածանք Եւ Մահ

Խմբագրել

Ի պատասխան այդ բանսարկութեան՝ Ստեփանոս Նախավկան ատեանին մէջ սկսած է Ս. Հոգիով մեկնել Հին կտակարանը, թէ՝ բոլոր մարգարէները նախապէս վկայած են Արդարին՝ Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։ Եւ եզրափակելով՝ ըսած է. «Ձեր հայրերը մարգարէներէն զո՞վ չհալածեցին։ Եւ սպաննեցին անոնք, որոնք նախօրօք պատմած էին Արդարին գալստեան մասին, որուն մատնիչներն ու սպաննողները եղաք դուք այժմ, դուք, որ հրեշտակներու հրամաններու միջոցով օրէնքն ստացաք, բայց զայն չպահեցիք»։

Ս. Ստեփանոսն ատեանին մէջ արտասանած իր պաշտպանական այս ճառով կ'ապացուցէ ներկաներուն, որ Յիսուս է խոստացեալ Մեսիան, իսկ հրեաները կը յանդիմանէ իրենց խստասրտութեան համար: Այդ պատճառով Զինք քաղաքէն դուրս կը տանին քարկոծելու` իրենց զգեստները դնելով Սաւուղ անունով երիտասարդի մը ոտքերուն առջեւ: (Սաւուղը Պօղոս առաքեալն է, որ սկիզբը կը հալածէր քրիստոնեաները: Սակայն ան ալ Աստուծոյ ողորմութեամբ կը ճանչնայ ճշմարիտ Աստուածը` Յիսուս Քրիստոսը` հետագային դառնալով Աւետարանի ամէնէն եռանդուն քարոզիչը):

Երբ Երուսաղէմի շրջակայքը, զայն քարկոծելով կը սպաննէին, ան բացագանչած է. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած եւ մարդու Որդին, որ կանգնած է Աստուծոյ աջ կողմը»։ Ստեփանոս Նախավկան, Աստուծմէ թողութիւն խնդրելով զինք քարկոծողներուն համար, ըսած է.«Տէր թող այս մեղքը գործողները չծանրանայ անոնց վրայ», ապա մահացած է։ Անոր սպաննութեան ականատես եւ կամակից Սօղոսը (ապագայ Պօղոս առաքեալը) հետագային, դարձի գալէն ետք, գրած է.

  Եւ երբ կը թափէր քու վկայիդ` Ստեփանոսի արիւնը, ես էի, որ անոր քով կանգնած էի եւ համաձայն էի անոր սպաննութեան, եւ զինք սպաննողներուն զգեստները կը պահէի։  


Ըստ վկայագիրներու՝ Ստեփանոս Նախավկան թաղած են Գամաղիէլը (Պօղոս առաքեալին ուսուցիչը) եւ Նիկոդեմոսը (Յիսուսին ծածուկ աշակերտներէն)՝ իրենց ագարակին մէջ, ուր հետագային թաղած են նաեւ զիրենք։ Այնուհետեւ Ստեփանոս Նախավկային տապանակը Յուլիանէ իշխանուհին (նահատակուած է Դ. դարու սկիզբը) ամփոփած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Հետագային անոր մասունքները տեղափոխած են Վենետիկ եւ դրած՝ Ս. Գէորգ կղզիին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամէն տարի կը տօնեն անոր Ս. յիշատակը։

Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը

Խմբագրել

Ս. Ստեփանոս քրիստոնէութեան հաւատքին առաջին նախավկան ըլլալուն, Հայ եկեղեցին անոր շնորհած է նախավկայ կոչումը եւ ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ կը յաւերժացնէ անոր յիշատակը՝ Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթը, 25 Դեկտեմբերին կամ յաջորդ օրը (եթէ 25 Դեկտեմբերը Կիրակի կամ պահոց ըլլայ), յունադաւան եկեղեցիները՝ 27 Դեկտեմբերին եւ 2 Օգոստոսին, Կաթոլիկ եկեղեցին՝ 26 Դեկտեմբերին, 7 Մայիսին եւ 3 Օգոստոսին։

Ստեփանոս Նախավկան անդրանիկ վկան է, որ իր նահատակութեամբ ճամբայ բացած է հետագայ վկաներուն ու մարտիրոսներուն։ Եկեղեցւոյ հայրերն ու վարդապետները ներբողականներ հիւսած են Ս. Ստեփանոս Նախավկային մասին, որոնցմէ նշանաւոր են Եփրեմ Ասորիի, Պրոկղի, Գրիգոր Նիւսացիի եւ Օգոստինոսի ներբողեան ճառերը։

Ս. Ստեփանոս Նախավկային Անունով Վանքեր

Խմբագրել

Ստեփանոս Նախավկայի անունով Հայաստանի մէջ վանքեր ու մատուռներ կառուցուած են, որոնցմէ նշանաւոր են Ջուղայի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Դարաշամբի Ս.Ստեփանոս Նախավկայ, Դողսի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Աստապատի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքերը։

Ատրպատականի Վանքը

Խմբագրել

Ս. Ստեփանոս նախավկային վանքը կը գտնուի Ատրպատականի հայոց թեմի հոգեւոր իշխանութեան տակ, Ճուլֆայէն 16 քմ. դէպի արեւմուտք եւ ծովու մակերեսէն 890 մ. բարձրութեան վրայ, Դարաշամբ շրջանին մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի համանուն հայկական գիւղը: Եկեղեցւոյ անունը, որ նաեւ վանքին անունն է, կնքուած է ի յիշատակ քրիստոնէութեան համար նահատակուած Ս. Ստեփանոս նախավկային: Վանքին հիմնադրութեան մասին կան տարբեր կարծիքներ: Հայ պատմիչներէն շատեր կ'ըսեն, թէ անիկա հիմնուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Բարթողիմէոսի կողմէ, Ա. դարուն, Քրիստոսի յարութենէն ետք, երբ աշակերտները սկսած են քարոզել Աւետարանը: Եկեղեցին ունի երեք մաս` զանգակատունը, բուն եկեղեցին եւ նախկին Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռ: Վանքը պաշտպանուած է բարձր պարիսպներով, որոնք ունին նաեւ եօթը աշտարակ: Դարպասը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, իսկ դպրեվանքը` շրջափակին մէջ, ուրկէ աւարտած շրջանաւարտները կը ծառայեն եկեղեցւոյ` իբրեւ հոգեւորականներ: Ամէն տարի Ս. Ստեփանոսի տօնին եւ վանքին անուանակոչութեան առիթով թեմի առաջնորդը հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ կ'այցելեն վանք, ուր կը մատուցուի Ս. պատարագ` ի յիշատակ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախավկային:

Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին տնօրէնը հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրութիւն տալով ըսած է, թէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, որ կը պատկանի Սէֆեան դարաշրջանին, 500-400 տարուան անցեալ ունի: Վերջերս պարզուած է, որ Ս. Ստեփանոսի մէջ աշխատող վարպետը, երբ տեղափոխուած է Նոր Ջուղա, Սպահան, աշխատած է որոշ եկեղեցիներու մէջ, ուր կարելի է տեսնել նոյն բարձրաքանդակները եւ նոյն մանրանկարչութիւնները: Իւրայատուկ է Դարաշամբ գիւղին գմբէթը: Աշխարհի վրայ նման բան գոյութիւն չունի, որովհետեւ թէ՛ մզկիթաձեւ է եւ թէ՛ եկեղեցաձեւ է[3]:

 
Ս. Ստեփանոս նախավկային վանքը (Դարաշամբ)

Շիկահող Գիւղին Ս. Ստեփանոս Վանքին Վերակառուցումը

Խմբագրել

2016-ի ամառը «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ կ'իրականացնէ վերականգնողական ծրագիր մը։ Կամաւորներու կողմէ իրականացուած ամառնային երեք արշաւներէ եւ հնագէտներու, տեղացիներու եւ արուեստագէտներու աջակցութեամբ չորս տարիներու վրայ երկարող ջանքերու շնորհիւ, կարելի եղած է ամբողջացնել Շիկահող գիւղի ԺԶ. դարէն մնացած Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ու վերաօծումը։

Ամբողջ ծրագիրին ընթացքին, Սփիւռքէն մօտաւորապէս 60 կամաւոր մասնակցած է վերաշինութեան աշխատանքին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արեւելք Լրատուական 11 Դեկտեմբեր, 2016
  • Ազատ օր, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր, 2016

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։