Վահագն Տատրեան (1926, Պոլիս - 2 Օգոստոս 2019, Նիւ Եորք): Ծա­­­­­գու­­­­­մով Չո­­­­­րումցի։ Ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, թուաբանագէտ, ընկերաբանութեան տոքթոր, դասախօս։

Վահագն Տատրեան
Ծնած է 1926-ին
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 2 Օգոստոս 2019(2019-08-02)[1] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Շիքակոյի համալսարան
Վիեննայի համալսարան?
Զիւրիխի Համալսարան
Բեռլինի ազատ համալսարան?
Կարողութիւն իրաւագէտ, ցեղասպանագէտ
Մասնագիտութիւն գիտնական, ընկերաբանութեան տոքթոր, դասախօս, Թուաբանագէտ
Աշխատավայր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագէտ եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն
Ստորագրութիւն

Եղած է Ցեղասպանութեան մասին ակադեմական առաջին ուսումնասիրողներէն եւ ճանչցուած որպէս Ողջակիզութեան եւ Ցեղասպանութեան առաջին վերլուծողներէն մէկը։

Ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման բնագաւառի տնօրէնը։

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Կրթութիւն

Խմբագրել

Վահագն Տատրեան ծնած է Պոլիս, Գա­­­­­տըգիւղ թա­­­­­ղը։ Հայ­­­­­րը քա­­­­­ղաքի երե­­­­­ւելի դա­­­­­տաւոր­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րէն էր եւ լաւ բա­­­­­րեկա­­­­­մու­­­­­թիւն ու­­­­­նէր իթ­­­­­թի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­հատա­­­­­կան­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն հետ։ Այդ բա­­­­­րեկա­­­­­մու­­­­­թեան շնոր­­­­­հիւ Տատ­­­­­րեան­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը յաջողած են փրկուիլ եւ Պո­­­­­լիս հաս­­­­­նիլ։ 

Նախակրթութիւնը ստացած է նախ Գա­­­­­տըգիւղ, ապա՝ Սկիւ­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րի մէջ։ Բ. Հա­­­­­մաշ­­­­­խարհա­­­­­յին պա­­­­­տերազ­­­­­մի նա­­­­­խօրէին համալսարանական ուսումը շարունակելու համար Պեր­­­­­լին մեկնած է, ուր հետեւած է թուաբա­­­­­նու­­­­­թեան բաժնին, սակայն տարուած է պատմագիտութեամբ եւ անցած՝ Վիեն­­­­­նա, ու­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նելու համար։

Համալսարանական կրթութիւնը շարունակած է Ցիւ­­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­խի համալսարանին մէջ, աւարտելով մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին իրա­­­­­ւաբա­­­­­նու­­­­­թեան ճիւղը։ Հետեւած է նաեւ պատմագիտութեան։ Ընկերաբանութեան տոք­­­­­թո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րակա­­­­­նը կը պաշտպա­­­­­նէ Շի­­­­­քակո­­­­­յի հա­­­­­մալ­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րանին մէջ։

Կատարելապէս տիրապետած է անգլե­­­­­րէն, ֆրան­­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րէն, գեր­­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ներէն, հա­­­­­յերէն եւ թրքե­­­­­րէն-օս­­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ներէն լե­­­­­զու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն։[2]

Դասախօս եւ գիտաշխատող

Խմբագրել

1970-1991թ. ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, միաժամանակ Հարվըրտ համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասաչուսէցի Արհեստագիտութեան միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատող դառնալով:

1996-ին յաջողած է 126 գիտ­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կաններու ստո­­­­­րագ­­­­­րութեամբ դա­­­­­տապար­­­­­տել թրքա­­­­­կան կա­­­­­ռավա­­­­­րու­­­­­թիւննե­­­­­րու ու­­­­­րացման քա­­­­­ղաքա­­­­­կանու­­­­­թիւնը։ Յայ­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­­թիւնը հրատարակուած է  բազ­­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­թիւ ամերիկեան թեր­­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ։ Նման նա­­­­­խաձեռ­­­­­նութիւններ է նաեւ 1998-ին եւ 2000-ականներուն։

1990-ականներուն Հ. Ֆ. Կուկընհայմ Հիմնարկին ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 1991-էն ի վեր, «Զօրեան» հիմնարկի (Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրի գիտական տնօրէնն էր:

Հեղինակ է հարիւրաւոր վաւերագրական աշխատութիւններու: Վահագն Տատրեան սկսած է հետաքրքրուիլ Հայոց Ցեղասպանութեամբ կարդալէ ետք Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» եւ Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի գիրքը: Իր ըսելով, իրեն համար ամենակարեւոր մղիչ ուժը հանդիսացած է հայ նահատակներուն յիշատակը անշէջ պահելու հրամայականը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուոյ տոքթորի տիտղոսը ստացած է։ Ընտրուած է Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։[3]

Համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր եւ պատմագիտական վերլուծական աշխատութիւններ

Խմբագրել

Վահագն Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է։

Անոր յօդուածներն ու գիրքերը թարգմանուած են 10-է աւելի լեզուներու։

Արժէքաւոր մենագրութիւններ են՝

Խմբագրել
  • «Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 147 էջ․ 1995),
  • «Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատուութիւնը, Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, German Responsibility in the Armenian Genocide։ A Review of the Historical Evidence of German Complicity. Watertown, MA։ Blue Crane Books, 1996, 304 p.),
  • «Ցեղասպանութեան երաշխիքը, Թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, The Key Elements in the Turkish Denial of the Armenian Genocide։ A Case Study of Distortion and Falsification. Cambridge, MA and Toronto։ Zoryan Institute, 1999, 84 p. – սպաներէնի թարգ․՝ Los elementos clave en el negacionismo Turco del Genocidio Armenia: un estudio de distorsión y falsificación. Translated by Eduardo A. Karsaclian. Buenos Aires: Fundación Armenia, 2002, 79 p.)

Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս՝

Խմբագրել
  • «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց․ Հայկական հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» աշխատութիւնը, (անգլերէն, 1989 - Genocide as a problem of national and international law: The World War I Armenian case and its contemporary legal ramifications)․ թրքերէնի թարգմ․՝ (Jenosid Ulusal ve Uluslararası Hukuk Sorunu Olarak: 1915 Ermeni Olay ve Hukuki Sonuçlar -Trans. Yavuz Alogan. Istanbul: Belge Uluslararas Yayncılık, 1995, 221 p.),
  • Հայոց Ցեղասպանութեան Ներազննութիւն․  (Ֆրանսերէնի թարգմ․՝  Autopsie du Génocide Arménien. Trans. Marc & Mikaël Nichanian. Brussels: Éditions Complexe, 1995, 266 p.)
  • Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը․ Ցեղային փախումներ, Պալքաններէն՝ Անաթոլիա, ( անգլերէն -The History of the Armenian Genocide: Ethnic Conflict from the Balkans to Anatolia to the Caucasus. Providence, RI & Oxford: Berghahn Books, 1995, 452 p. – ֆրանսերէնի թարգմ․՝ Histoire du génocide arménien: Conflits nationaux des Balkans au Caucase. Traduit de l'anglais par Marc Nichanian. Paris: Stock, 1996, 694 p․ - յունարէնի թարգ․՝ Η Ιστορία της Αρμενικής Γενοκτονίας, Αθηνα, Στοχαστής, 2002, 685 σελ., - սպաներէնի թարգ․՝ Historia del Genocidio Armenio. Conflictos étnicos de los Balcanes a Anatolia y al Cáucaso. Translated by Eduardo A. Karsaclian. Buenos Aires: Imago Mundi, 2008, 434 p.):

Պարգեւներ

Խմբագրել

Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած է՝

  • Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով, 1998
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ոսկիէ յուշամետալով, 1998
  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Սահակ-Ս. Մաշտոց» մետալով, 1999
  • Հարվըրտի համալսարանի «Վերիթաս» ոսկէ մետալով, 2001
  • Ռուսիոյ հայերու միութեան ոսկէ մետալով
  • Իտալիոյ «Ճշմարիտները հայերու համար» Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան Ֆրիտէոֆ Նանսենի ոսկէ յուշամետալով, 2003
  • Հայաստանի նախագահի ոսկէ մետալ, 2009
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ոսկէ յուշամետալ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ցաւակցական Ուղերձը

Խմբագրել
  «Խոր վիշտով տեղեկացայ հանրածանօթ գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան նշանաւոր հետազօտող, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր տոքթոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Զօրեան հաստատութեան՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանի մահուան մասին:

Տոքթոր Տատրեանին ճանչցած եմ ոչ միայն իբրեւ փայլուն գիտնական, այլեւ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտի հրաշալի մասնագէտ եւ մարդ, որուն հետ շփուիլը պատուաբեր էր եւ ուսանելի: Այդ յիշողութիւնները եւ անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան զինք ճանչցողներուն եւ անոր վաստակը գնահատողներուն մէջ:

Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ Տատրեաններու ընտանիքին, անոնց հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսեմ անոնց վիշտը»:

 


Վարչապետ Փաշինեանի Ցաւակցական Հեռագիրը

Խմբագրել
  «Խոր ցաւով տեղեկացայ ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր տոքթոր Վահագն Տատրեանի մահուան մասին։

Անգնահատելի է փրոֆէսոր Տատրեանի գիտական վաստակը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ։ Իբրեւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր՝ հայ անուանի գիտնականը բազում ծանրակշիռ աշխատութիւններ գրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, լրջագոյն աշխատանք իրականացուցած Ցեղասպանութեան իրաւական եւ փաստագրական կողմերու հետազօտութեան բնագաւառէն ներս։ Անոր ձգած հարուստ գիտական ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ մեծ դերակատարութիւն ունենալ ցեղասպանութիւններու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ։

Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Վահագն Տատրեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն։ Անոր յիշատակը եւ ազգանուէր գործունէութիւնը վառ պիտի մնան հայ ժողովուրդի սրտին մէջ։

 


«Վահագն Տատրեանի մահը կորուստ մըն է ազգային պահանջատիրութեան» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Խմբագրել

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։

Յայտնենք, որ 1999 թուականին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Վահագն Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած էր. «Շնորհիւ իր գերագոյն ճիգին, ան կրցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դուրս բերել մեր ժողովուրդի կեանքի շրջագիծէն եւ զայն բանալ աշխարհին։ Ու ահա, այսօր, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայութիւն է միջազգային հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ակադեմական ծիրէն ներս»։

Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի Աճիւնը Հայաստան Պիտի Փոխադրուի

Խմբագրել

Վահագն Տատրեանի աճիւնը պիտի տեղափոխուի Հայաստան: «Նկատի ունենալով միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Վահագն Տատրեանի անկոտրում պայքարը արդարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար, ինչպէս նաեւ՝ իր մեծ գիտական ներդրումը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ, որոշում կայացած է անոր աճիւնը տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են»:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. «Ցեղասպանագիտութեան մեծ կորուստը | Ակօս, Թաներ Աքչամ»։ Agos (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-11 
  3. «Վահագն Տատրեանի Մահը | Hairenik Weekly Newspaper»։ hairenikweekly.com։ արտագրուած է՝ 2019-08-11 , Հայրենիք շաբաթաթերթ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել