Վահէ Պէրպէրեան, (11 Յուլիս 1955(1955-07-11), Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ եւ ամերիկահայ թատերագիր, նկարիչ, գրագէտ, արուեստագետ, դերասան[2], երգիծաբան[3] եւ մենախօս[4]։

Վահէ Պէրպէրեան
անգլերէն՝ Vahe Berberian
Ծննդեան անուն Վահէ Պէրպէրեան
Ծնած է 11 Յուլիս 1955(1955-07-11) (69 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[1]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Մասնագիտութիւն գրագէտ, դերասան, գեղանկարիչ, կատակերգակ, լրագրող, ժապաւէնի բեմադրիչ, ստենդ ափ երգիծաբան
Ամուսին Փէթի Պէրպէրեան
Կայքէջ vaheberberian.com

Ծնած է 1955 թուականի Յուլիսի 11-ին, Պէյրութ[2]։ Երկրորդական ուսումը՝ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան։ Կանուխէն մասնակցած է թատերախումբերու («Փորձառական թատրոն»-ի անդամ)։ 1976–ին Լիբանանէն անցած է Գանատա, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Լոս Անճելըս[5] հաստատուած՝ շարունակուած է տանիլ թատերական գործունէութիւն, նախ թատերախումբերու, ապա անհատական ներկայացումներու մէջ[6]։ Իբրեւ դերասան ան բեմ բարձրացած է աւելի քան երկվեցեակ մը դերերով եւ աւելի քան 30 շարժանկարներու մէջ, որոնց կարգին Clear and Present Danger, Patriot Games, Armageddon եւլն[7]։ Իբրեւ գեղանկարիչ, Վահէ իր իւղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Լոս Անճելըսի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ[6]։ Վահէ Պէրպէրեանը միացաւ «#SaveAmulsar» (ՍէյվԱմուլսար) արշաւին ի պաշտպանութիւն բնութիւնը, Ամուլսարի մէջ ոսկիի հանքի շահագործումին դէմ[8]։

Շարժանկարներ

Խմբագրել
  • The Pink Elephant (1988) — թատերագիր, արտադրիչ
  • Money Talks ... (1997) — դերասան
  • 3 Weeks in Yerevan ... (2016) — դերասան, թատերագիր, բեմադրիչ, արտադրիչ
  • Russo & Anna (2017) — դերասան, թատերագիր
  • Honest Thieves (2019) — դերասան
  • East of Byzantium: War Gods and Warrior Saints — քամէօ

Մենախօսութիւններ

Խմբագրել
  • «Եւայլն»
  • «Նաեւ»
  • «Տակաւին»
  • «Սակայն»
  • «Եթէ»[9]

ներկայացուցած էն բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին` Երեւան[10], Պէյրութ[11], Հալէպ, Պոլիս, Փարիզ, Կիպրոս, Ժընեւ, Սիտնի եւ Գալիֆորնիա[4]

Մեջբերումներ Վահէ Պէրպէրեանէն

Խմբագրել
  Նոյն կերպարներուն կրկնօրինակները բոլոր քաղաքներուն մէջ կը տեսնես: Միակ ցաւալին այն է, որ կարգ մը քաղաքներու մէջ ուր մեծ թիւով հայեր կան, լեզուն սկսած է նահանջել
- [4]
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 106. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. 2,0 2,1 Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը imdb.com կայքէջի մէջ (անգլերէն)
  3. ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ
  4. 4,0 4,1 4,2 ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ “ԵԹԷ“Ն ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
  5. Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը armeniapedia.org կայքէջի մէջ
  6. 6,0 6,1 Վահէ Պէրպէրեան Հայ-Եմի. «Ուր որ երթամ դիմացս կ’ելլեն յեղափոխութեամբ խանդավառ մարդիկ, որոնք են պատրաստ են Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու կամ Հայաստան փոխադրուելու»[permanent dead link]
  7. «-Վահէ Պէրպէրեան / arasyayincilik.com կայքէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-22 
  8. «Վահէ Պէրպէրեան Միացաւ Ամուլսարի Մէջ Հանքի Շահագործման Դէմ Արշաւին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-22 
  9. Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը artnet.com կայքէջի մեջ
  10. Vahe Berberian - "Ooremn" / Վահէ Պէրպէրեան - «Ուրեմն»
  11. Վահէ Պէրպէրեան Պէյրութի Մէջ Ներկայացուց «Ուրեմն» Մենաներկայացումը[permanent dead link]