Վահէ Քաչա (բուն անունը՝ ՎահԷ Գառնիկ Խաչատուրեան [3], 1 Ապրիլ 1928(1928-04-01)[1], Դամասկոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ - 14 Յունուար 2003(2003-01-14)[2], Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ), արեւմտահայ գրող, ստեղծագործեր է գլխաւորապէս ֆրանսերէն։

Վահէ Քաչա
Ծնած է 1 Ապրիլ 1928(1928-04-01)[1]
Ծննդավայր Դամասկոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ
Մահացած է 14 Յունուար 2003(2003-01-14)[2] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Գիշատիչների խնջույքը?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հեղինակ, լրագրող

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացեր է Պէյրութի մէջ։ 1945 թուականին մեկներ է Փարիզ, երեք տարի հետեւած է ժապաւէնի ղեկավարութեան դասընթացներուն։ Եղած է «Սուար տը Պէյրութ» («Soir de Beyrouth») թերթի թղթակիցը Փարիզի մէջ։

  • 1953 թուականին տպագրուած է իր առաջին վէպը՝ «Կիրակի օրուընէ մնացած ծուխեր»։
  • Հեղինակին մեծ յաջողութիւն բերած է «Ակն ընդ ական» (1955, հայերէն հրատարակուեր է 1956 թուականին, Ռիվարոլ մրցանակ, 1957) վէպը։
  • Վահէ Քաչայի վէպերու ու վիպակներու մեծ մասին բնորոշ է տիրող իրականութեան արատներու քննադատութիւնը, պատերազմի դատապարտումը։ Քաչայի ստեղծագործութեան մեջ նկատելի է (Existentialism) Էքզիսթենցիալիզմի այսինքն՝ գոյապաշտութեան կամ գոյութենապաշտութեան փիլիսոփայութեան որոշակի ազդեցութիւնը։
  • Քաչայի ստեղծագործութեան գլուխ-գործոցը «Դաշոյն մը այս պարտէզին մէջ» (1981) վէպն է, դիւցազներգական (Ֆր. épique) լայն շունչի ծաւալուն ստեղծագործութիւն մը, որը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի իրականութիւնը, պոլսահայութեան կեանքը՝ համիտեան արհաւիրքներէն մինչեւ Մեծ եղեռնը:
  • Վահէ Քաչան գրական գործունէութեանը զուգահեռ համագործակցած է ֆրանսական շարժանկարի ղեկավարներու (Ֆր. cinéastes) հետ, շարունակելով լրագրութիւնը։
  • 1962 թուականին «Խղճահարութիւն չկայ կոյրերու հանդէպ» եւ «Քաղցկեղաւորները» տեղեկագրութիւններու համար ստացեր է մամուլի Փելման մրցանակ։
  • Իր «Ակն ընդ ական», «Արարիչի ութերորդ օրը», «Կալիա», «Ուզածիդ չափ», «Հրեայի մահը», «Մարդ մը ինկաւ փողոց», «Գիշատիչներու խնճոյքը», «Լողի ուսուցիչը» վէպերն ու վիպակները նկարահանուեր են։
  • Քաչայի ստեղծագործութիւնները թարգմանուեր են աշխարհի շատ լեզուներով:

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • 1953 «Կիրակի օրուընէ մնացած ծուխեր» վեպ
  • 1955 «Ակն ընդ ական» (հայերէն հրատարակութիւն՝ 1956, Ռիվարոլի մրցանակ՝ 1957)
  • 1957 «Կարթ» (հայերէն հրատարակութիւն՝ 1958)
  • 1958 «Սեղմուած բռունցքներ»
  • 1960 «Արարիչի ութերորդ օրը» (հայերէն հրատարակութիւն՝ «Գրական թերթ», 1965, № 40-43)
  • 1960 «Գիշատիչներու խնճոյքը» (հայերէն հրատարակութիւն՝ «Գրական թերթ», 1967, 41. 49-52, 1968, 1-2)
  • 1963 «Գաւազան» (հայերէն հրատարակութիւն՝ «Գարուն», 1970, № 7-8)
  • 1966 «Կապիկներու նաւը»
  • 1968 «Հրեայի մահը»
  • 1975 «Մարդ մը ինկաւ փողոց» (հայերէն հրատարակութիւն՝ «Փողոցին մէջ ինկած է մարդ մը», «Աշխարհ», 1977)
  • 1979 «Աղմուկը, որ կը լսուէր»
  • 1981 «Դաշոյն մը այս պարտէզին մէջ» (հայերէն հրատարակութիւն՝ 1999):

Հայերէն հրատարակուած երկեր

Խմբագրել
  • Ակն ընդ ական, Պէյրութ, 1956, 108 էջ:
  • Կարթ, Երեւան, 1958:
  • «Գիշատիչներու խնճոյքը» (պատմուածքներ), Երեւան, 1976:
  • «Դաշոյն մը այս պարտէզին մէջ»(ասք հայոց), Երեւան, 1999, 496 էջ:
  • Ակն ընդ ական, Երեւան, 2005, 91 էջ:
  • Սեղմուած բռունցքներ, Երեւան, 2005, 192 էջ:
  • «Արարիչի ութերորդ օրը»: «Գիշատիչներու խնճոյքը», Երեւան, 2006, 145 էջ:
  • Դեւը արթնցաւ, Էջմիածին, 2008, 147 էջ:
  • Սեղմուած բռունցքներ, Երեւան, 2012, 196 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://deces.matchid.io/search?q=Vah%C3%A9+Khatchadourian
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. L’intelligentsia arménienne de Beyrouth disparaît peu à peu : Alice Khatchadourian sœur de Vahé Katcha(ֆր.)

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։