Վանաձորի Կերպարուեստի Թանգարան


Վանաձորի կերպարուեստի թանգարան (ամբողջական անուանումը՝ «Վանաձորի քաղաքային համայնքի Քարլոս Աբովեանի անուան կերպարուեստի թանգարան»), հայ կերպարուեստը ներկայացնող թանգարան, որ կը գտնուի Վանաձոր քաղաքի[1] Տիգրան Մեծ պողոտայի 52 հասցէով՝ Թումանեան հրապարակին մէջ։ Եռայարկ շէնքի շուրջ 1500 քմ տարածքին մէջ կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին շուրջ 1800 թանգարանային առարկաներ՝ գեղանկար, քանդակ, դեկորատիւ-կիրառական արուեստ, գծանկարչական։

Վանաձորի Կերպարուեստի Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Վանաձոր
Հիմնադրուած է 8 Յունիս 1974
Տնօրէն Հայկուհի Աւագեան
40°48′26″N 44°29′39″E / 40.8071072°N 44.4941415°E / 40.8071072; 44.4941415
Կայքէջ vanart.org(հայ.)
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանը հիմնադրուած է 8 Յունիս 1974-ին՝ որպէս Հայաստանի ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղ։ 1979-ին թանգարանը վերակազմաւորուած է՝ դառնալով կերպարուեստի թանգարան իր հաւաքածոյով։ Կերպարուեստի թանգարանը Լոռիի մարզի կարեւոր մշակութային օջախներէն է։ Թանգարանի ֆոնտերը կը ներառեն շուրջ 1800 թանգարանային նմուշներ՝ գեղանկար, գծանկարչութիւն, քանդակ, դեկորատիւ-կիրառական արուեստ։ Այստեղ կը ներկայացուի թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից հայ կերպարուեստը։ Ներկայացուած ցուցադրութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ միաժամանակ ծանօթանալու կերպարուեստի համաժամանակեայ քանի մը շերտերու։ Թանգարանին մէջ առանձնացուած են թեմատիկ քանի մը սրահներ, որոնք իրարու տրամաբանական շարունակութիւնը կը կազմեն։ Իրար կողքի կը ցուցադրուին ինչպէս աւագ, այդպէս ալ երիտասարդ ստեղծագործողներու աշխատանքներ, որ կը խօսի ժամանակակից կերպարուեստի հասուն մտածողութեան ու զարգացման մասին։ Քանդակը եւ գծանկարչութիւնը կը ցուցադրուին առանձին յարկաբաժնի մէջ։ Սրահը հետաքրքրական է իր դիմանկարներով ու դիմաքանդակներով։ Իր հետաքրքրութեամբ աչքի կը զարնէ նաեւ վանաձորցի նկարիչներու առանձին ցուցասրահը։ Ցուցադրուող շուրջ 30 աշխատանքները կը ներկայացնեն Լոռիի բնաշխարհի ուրոյն դէմքն ու դիմագիծը։ Թանգարանի ֆոնտային հաւաքածոն վերջին 10 տարիներու ընթացքին բաւականին համալրուած է արժէքաւոր ստեղծագործութիւններով, հիմնականին նուիրատւութիւններու տեսքով։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Թանգարանը աշխոյժ գործունէութիւն կ՚իրականացնէ ինչպէս գիտական-ցուցադրական, այդպէս ալ կրթական ոլորտին մէջ։ Կը կազմակերպուին Վանաձորի նկարիչներու, հանրապետութեան մէջ ու անկէ դուրս ճանաչում գտած շատ ու շատ այլ արուեստագէտներու անհատական ու խմբային ցուցահանդէսներ, տարաբնոյթ այլ միջոցառումներ՝ ցուցադրութիւններ, գիրքի շնորհանդէսներ, մոնոներկայացումներ, համերգներ եւ այլն։ Մասնակցութիւն կ՚ունենայ հանրապետական, համաքաղաքային ու միջազգային միջոցառումներուն։

Իրականացուող գիտական աշխատանքի արդիւնքով թանգարանին մէջ առկայ է յօդուածներու, թարգմանութիւններու, ֆիլմերու հարուստ արխիւային նիւթ, որ հասանելի է բոլոր այցելուներուն։ Թանգարանին մէջ կ՚իրականացուին անվճար զբօսապտոյտներ՝ մարզի դպրոցականներու, ինչպէս նաեւ ուսանողութեան շրջանին մէջ մշակութային անհրաժեշտ մակարդակ ապահովելու նպատակով։

Թանգարանին մէջ կը գործեն՝ գիտական, ֆոնտային – հաշուառման ու պահպանութեան բաժիններ, վերականգնման արուեստանոց, յուշանուերներու տաղաւար, կինոդահլիճ, գրադարան:

Թանգարանի հաւաքածոյ

Խմբագրել

Թանգարանի հաւաքածոն կը ներկայացնէ առաւելապէս 20-րդ դարակիսու հայկական կերպարուեստը։ Այստեղ կը ներկայացուին այնպիսի նշանաւոր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, ինչպիսին են Երուանդ Քոչարը, Մհեր Աբեղեանը, Արա Պեքարեանը, Արմինէ Կալենցը, Ռուտոլֆ Խաչատրեանը։ Առանձին գնումներու ու առաւելապէս նուիրատուութիւններու շնորհիւ թանգարանի ֆոնտը կը հարստանայ նաեւ ժամանակակից կերպարուեստի ստեղծագործութիւններով:

Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանը աշխոյժօրէն կը մասնակցի միջազգային գործունէութեան՝ «Թանգարաններու գիշեր», «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր», «Եւրոպայի օրեր», կը կազմակերպէ կրթական ծրագրեր, որոնք իրենց հետաքրքրութեամբ ու առաջարկուող նիւթերով կ՚ապահեն մասնակիցներու լայն լսարան՝ առանց տարիքային սահմանափակումներու՝ «Պատանի արուեստաբան», «Իմ քաղաքը», «Երեխաները յանուն երեխաներու», «Լաբիրինթոս», «ելեկտրոնային ցուցադրութիւն հենաշարժողական համակարգի խնդիրներով այցելուներու համար» եւ այլն:

Հեղինակներ

Խմբագրել

Բոգդան Յովհաննիսեան

Խմբագրել
 
Բոգդան Հովհաննիսյան

Բոգդան Յովհաննիսեանը ծնած է 4 Փետրուար1950-ին Լոռի մարզի Թումանեան Բանաւանի մէջ (Ձաղիձոր): 1967-ին աւարտած է Կիրովականի (այժմ՝ Վանաձոր) Գ. Սունդուկեանի անուան թիւ 8 միջնակարգ եւ Ստ. Աղաջանեանի անուան նկարչական դպրոցները: 1974-ին աւարտած է Երեւանի Փ. Թերլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի քանդակի բաժինը: Ուսումնարանը աւարտելէ ետք դասաւանդածէ Կիրովականի իւ 13 դպրոցին մէջ: 1988-91-ականներուն աշխատած է Հայասատնի գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Կիրովականի մասնաճիւղին մէջ՝ որպէս տնօրէն:

Բ. Յովհաննիսեանը կը զբաղուի գեղանկարչութեամբ, գծանկարչութեամբ եւ քանդակով, ու յատկապէս, խաչքարագործութեամբ: Մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու: Անոր հեղինակած խաչքարերը տեղադրուած են ոչ միայն Հայաստանի, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Պուլկարիոյ եւ Անգլիոյ մէջ: Պահպանուած լուսանկարներու օգնութեամբ Բ. Յովհաննիսեանը կը զբաղուի նաեւ բանահաւաքաչութեամբ, գրառել եւ հանրապետական փառատօներուն ու զանազան միջոցառումներուն անձամբ հնչեցուցած է շարք մը ժողովրդական երգեր՝ արժանանալով երգարուեստի մեծ երախտաւոր Հայրիկ Մուրատեանի դրուատանքի խօսքին: 1967-68-ականներուն երգ ած է Ճէյմս Գէոզալեանի քառաձայն երգչախումբին մէջ, իսկ 1971-73-ականներուն Երեւանի պետհամալսարանի Յովհաննէս Չեքիջեանի երգչախումբին մէջ, ապա՝ Կիրովականի երգի պարի պետական համոյթին: 1985-ին հիմնած է Լոռիի շրջանի առաջին ազգագրական երգերու «Խորոտիկ» եւ 1989-ին՝ «Տաշիրք» համոյթները: Ագզագրական երգչախումբ հիմնած է նաեւ Վանաձորի բժշկական ուսումնարանին մէջ, Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանին մէջ, կը ղեկավարէ Վանաձորի պետական մանկավարժական ինստիտուտի ազգագրական երգչախումբը:

Կերպարուեստի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին Յովհաննիսեանի «Խաչով խաչ» եւ «Հրեշտակով հրեշտակ» գծանկարչական ստեղծագործութիւնները, որոնք աչքի կը զարնեն գիծի յստակ ընկալմամբ, խիստ ու հասուն վերարտադրութեամբ: Գիծին վարպետօրէն տիրապետող քանդակագործը կրնայ մէջ գոյնով ստեղծել նրբերանգներու, լոյսի ու ստուերի հիանալի ամբողջութիւն:

Սամուէլ Խառատեան

Խմբագրել

Սամուէլ Խառատեանը ծնած 1959-ին Կիրովականին մէջ (Վանաձոր): 1983-ին աւարտած է Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական ինստիտուտի նկարչութեան եւ գծագրութեան ֆակուլտետը: Դեռեւս ուսանողական տարիներէն մասնակցած է շարք մը երիտասարդական եւ ուսանողական ցուցահանդէսներու: 1985-էն սկսած` մշտապէս կը մասնակցի Վանաձորի մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն: Մասնակից է նաեւ շարք մը հանրապետական ու խմբային ցուցահանդէսներու: Ցուցահանդէսներ 1982-ին Ուսանողական ցուցահանդէս, Ֆինլանտա 1983-ին Երեւանի մանկական պատկերասրահ 1985-էն Վանաձորի մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներ, 1986-ին Սոչի, 1996-ին Կրասնոտար, 1998-ին Պաթում, 2000-ին Գիւմրի, 2002-ին անհատական ցուցահանդէս, Վանաձորի կերպարուեստի թանգարան, 2002-ին Ստեփանաւան, 2010-ին Նովոսիբիրսկ, Նովոկուզնեցկ, Կեմերովօ, Տոմսկ

Հանրապետական ցուցահանդէսներ, 1988-ին «Սոմա» - գծանկարչութիւն 1990-ին «Ռեքուիեմ» - գծանկարչութիւն 1991-ին «Մեռած քաղաքի ստուերները» շարքէն «Ստուերը», 2003-ին Դիմանկարի ցուցահանդէս - «Ինքնանկար» 2003-ին Երկրաշարժի 15 –ամեակ - «Կողմ եւ դէմ», «Քայլ անդունդի եզրին», «Գողգոթայ», «Երեք խաչ», 2008-ին Երկրաշարժի 20 –ամեակ - «Ինքնանկար», «Սպիտակ ագռաւը», «Երկու վիճակ» 2011-ին Կանանց տօնին նուիրուած - «Մայիսեան կակաչներ», «Կարմիր կալաներ», 2012-ին Շուշիի ազատագրման 20 –ամեակ - «Փիւնիկ»

Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին «Կողմ եւ դէմ». «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնները: Խորհրդային տարիներուն արգիլուած էր կրօնական ցանկացած արտայայտութիւն, կառավարութիւնը ամէն կերպ կը պայքարէր եկեղեցւոյ ազդեցութեան տարածման դէմ: Նոյն իրականութիւնն էր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Հակակրօնական քարոզչութիւնը գիտական մակարդակի վրայ կը բերուի, յիշէնք, թէկուզ, «Մարքսիզմ-լենինիզմն իբրեւ պայքարող աթեիզմ» խորագիրը: Սակայն այդ չէր խանգարեր հասարակութեան ստուար մը զանգուածի շարունակել գաղտնի եկեղեցիներ այցելել, իրականացնել կրօնական ծէսեր, մկրտութիւններ: Ս. Խառատեանի մօտ այս երեւույթը ստացաւ սիմուոլիկ, պատմական-ազգային արտայայտութիւն: Փշալարերով փաթթուած խաչքարը եւ հեռուն նշմարուող վանքը հայ ժողովուրդի հաւատքի արտայայտութիւնն են, մէկը՝ արգիլուած, միւսը՝ հեռուն: Փշալարը՝ արգելք, խաչքարի մօտ կիսաբաց Աստուածաշունչն ու սուրբ գրուածքները՝ այդ արգելքի անզօրութեան խորհրդանիշ: Տարբեր ժամանակներու Արարատները մշտապէս եղած են արուեստագէտներու ուշադրութեան կեդրոնը: Անոնցմով գէրուած են, հպարտացած, անոնցմով հայրենասիրութիւն ու անկոտրում հաւատ սերմանած են:

Սամուէլ Խառատեանը նոյնպէս արտայայտած է իր վերաբերմունքը Մասիսներու նկատմամբ: «Ռեքուիեմ» Աշխատանքն ստեղծած է 20-րդ դարավերջը (1989-ին): Եւ որքան ալ զարմանալի է, տարօրինակ, նոյնքան ալ սթափեցնող է, որ հայու դարասկիզբն ու դարավերջը նման են իրար` անժխտելիօրէն բարդ ու հակասական, բազմաթիւ հարցականներով առլեցուն: Այդ բարդ ու հակասական դարը համարժէք խօսք կը պահանջէ: Նաեւ կերպարուեստին մէջ: Եւ Արարատներու պատկերման խառատեանական եզակիութիւնը, կը թուի, թէ կու գայ լրացնելու հայրենասիրութեան ու հաւատի պատկերման շառաւիղը: Գունային ընկալումը ոչ այնքան հեղինակային նախասիրութիւն է, որքան իրավիճակի ու հոգեվիճակի արտացոլման հնարաւորութիւն: Թուղթի վրայ` մածուցիկ սրբագրուած գծանկարչական աշխատանքին մէջ Արարատները պատկերուած են խաչատեսք ու «խաչակիր»: Ու առկայ է հաւատքը, թէ օր մը սրբազան լեռը հետ պիտի վերադառնայ իր օրինական տիրոջը եւ կամ` իրաւամբ պիտի տնօրինէ իր երկրի անցուդարձն ու առօրեան:

Թանգարանի տնօրէններ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Վանաձորի Քառլոս Աբովեանի անուան կերպարուեստի թանգարանը 45 տարեկան է»։ ww.vanadzor.am։ 06,07,2019 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել