Տպարան Նայիրի
Տպարան ՆԱՅԻՐԻ,
Հիմնադրութիւն
ԽմբագրելՀիմնուած է Անդրանիկ Ծառուկեանի ջանքերով 1945-ին: Անդրանիկ Ծառուկեան Գոլէճի տպարանին«Տը Պեռնիէ» մակնիշով ձեռնամամուլը գնելով, 1945-ին հիմը կը դնէ իր սեփական տպարանին: Հոգետուն հաստատուած տպարան «Նայիրի»ն՝ իր անունը առած է համանուն գրական ամսագրէն, որուն առաջին քանի մը թիւերը տպագրուած են (Տէր Սահակեան) տպարանը:
Տառատեսակներ
ԽմբագրելՏպարան «Նայիրի»ն ունեցած է հայերէն ու ֆրանսերէն ճոխ տառատեսակներ,- Գէորգեան, Մեսրոպեան, Արամեան եւ Յոբելեան – ինչպէս նաեւ կտրիչ մեքենայ:
Տպագրական Գործեր
Խմբագրել1945-ին
ԽմբագրելՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Դաշնակցութիւնը Երէկ եւ այսօր», Հրատ․ Հ․Յ․Դ․– ի Տեղական Կոմիտէի, 36 էջ:
1946-ին
ԽմբագրելԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՐԵՒԱՆ– Մատենաշար «Նայիրի» թիւ 2:
ԿԱՊՈՅՏ ՁԱՅՆ— քերթուածներ, 44 էջ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ— բանաստեղծութիւններ, Մատենաշար «Նայիրի» թիւ 1, 60 էջ:
ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ– Հնագոյն դարերէն մինչեւ մեր օրերը, Ազգ․ Վարժարաններու բարձր կարգերու համար, հրատ․ Ս․Օ․Խ․–ի Շրջ․Վարչութեան, 320 էջ:
ՄԱԼԱՐԻԱ– Ժողովրդական առողջապահական մատենաշար թիւ 1, 26 էջ:
1947-ին
ԽմբագրելՀԱՅ ՄՏՔԻ ՀԱՐԿԸ ԵՂԵՌՆԻՆ– Մատենաշար «Նայիրի» ամսագրի, թիւ 3, 95 էջ:
ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ Տ․Տ․ԳԱՐԵԳԻՆ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ– նուիրուած կաթողիկոսին:
1948-ին
ԱՅՐՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ – Կենսագրավէպ, Հրատ․ Ուրֆայի Երիտասարդաց Միութեան, 236 էջ:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ– Իր յոբելեանի առիթով 1930: Հրատ․ ՀՕՄ–ի, 16 էջ:
ԴՐՕՆ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ– Անդրադարձ, հրատ․ Հ․Յ․Դ․–ի Սուրիոյ Կեդր․ Կոմիտէի, 45 էջ:
ՀՈՂԸ– Պատմուածքներ, 156 էջ:
ՇՈՂԱԿԱՆ– Ընթերցարան, հրատ․ Բերիոյ Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, 104-235 էջ:
1949–ին
ԽմբագրելԱՆՈՅՇ ԵՒ ԹՄԿԱԲԵՐԴԻ ԱՌՈՒՄԸ– Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 80 ամեակին առիթով, 24 էջ:
1950–ին
ԽմբագրելԱԼՊՈՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ՊԱՐԵՐՈՒ– Պատկերազարդ, 16 էջ:
ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ– Մանկական մատենաշար, 24 էջ:
ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐ– 118 էջ:
ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐԷՆԻ– Հրատ․ Բերիոյ Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի, 232 էջ:
1951–ին
ԽմբագրելԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԽԱՐԱՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՖՐԵԶԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ– 239 էջ:
ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԷՆ– Վէպ, 20 էջ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ– Պատմական Հայաստան, Կիլիկիա եւ Արդի Հայաստան, 84 էջ:
ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ– Կենսագրական գիծեր՝ գրողներու նկարներով, 84 էջ:
ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՏԻԿ․ ՄԱՐԻ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ– 16 էջ:
1953–ին
ԽմբագրելԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ ԵՒ ԺԱՆ ՕՖԵԼԻԱՅԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ– Գրական, 59 էջ:
ԾԱՂԿԱՔԱՂ– Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի բանաստեղծութիւններէն:
ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋ– Հատընտիր էջեր Արշակ Չոպանեանի գործերէն, 32 էջ:
1954–ին
ԽմբագրելՀԱՅ–ԱՐԱԲ ԲԱՌԱՐԱՆ– 32 էջ:
1955-ին
ԽմբագրելՀԱՏԸՆՏԻՐ ԷՋԵՐ– Պետրոս Դուրեանէն, 12 էջ:
ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ– 55 էջ:
1955 Նոյեմբերին, տպարան «Նայիրի»ն վերջնականապէս կը փակուի եւ նոյն տեղը կու գայ տեղական «Էլ Հուրիէ» տպարանը:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀայկ Պարիկեան եւ Յովնան վարժապետեան, Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու, Հալէպ 1973, էջ՝ 79-83: