Փլանք կամ Shock-ը մարմնի կարեւոր անդամներու բնախօսական գործունէութիւններու (Physiologic) խանգարումն է, տկարացումը, եւ փլուզումը:


Խմբաւորում

Խմբագրել

Փլանքը կը յառաջանայ տարբեր խմբաւորումներով՝ նկատի առնելով իւրաքանչիւրին ախտապատճառը: Կան չորս տեսակ փլանքներ, որոնք են հետեւեալները.

  1. Ենթածաւալային Փլանք (Hypovolemic Shock)
  2. Նեխային Փլանք (Septic Shock)
  3. Նեարդածին Փլանք (Neurogenic Shock)
  4. Գերզգայնութեան Հակադարձութեան Փլանք (Anaphylactic Shock)

Ախտապատճառներ

Խմբագրել

Փլանքի իւրաքանչիւր խմբաւորումը կը յառաջանայ տարբեր տեսակի ախտապատճառներով:

Ենթածաւալային Փլանք

Խմբագրել

Ենթածաւալային փլանքը կը յատկանշուի ներանօթային ծաւալի նուազումով: Անոր ախտապաճտառներն են հետեւեալները.

Սիրտի Հիւանդութիւններ

Խմբագրել

Սրտի տարբեր հիւանդութիւններու պատճառով արիւնը բնական կերպով չի հասնիր մարմնին տարբեր անդամներուն, եւ հետեւաբար բաւարար չափով թթուակին եւ սննդանիւթ չեն հասնիր այս անդամներուն: Սրտի հիւանդութիւններն են հետեւեալները.

  • Սիրտի փորոքներու զարկերակային լայնացում
  • Սիրտի փականներու անբնական վիճակ եւ գործելակերպ
  • Սիրտի մայր զարկերակի յառաջացած նեղացում
  • Սիրտի անկանոն եւ արագ զարկ
  • Սիրտկի կանք եւ Սիրտի կաթուած՝ որ կը յայտնուի սրտի պսակաձեւ զարկերակներու խցումով

Բացայայտ Արիւնահոսութիւն

Խմբագրել

Բացայայտ արիւնահոսութեան պատճառներն են հետեւեալները.

  • Վիրաբուժական գործողութեան ընթացքին պատահական վնաս
  • Ստամոքսային խոց
  • Մայր զարկերակի սահմանափակ լայնացում
  • Արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ
  • Մեծ զարկերակներու վնաս-հարուած, օրինակ՝ քնային (carotid) եւ ազդրային (femoral) զարկերակներու վնաս

Թաքուն Արիւնահոսութիւն

Խմբագրել

Թաքուն արիւնահոսութեան պատճառներն են հետեւեալները.

Ջրանուազում

Խմբագրել

Ջրանուազումի պատճառներն են հետեւեալները.

  • Ջուրի անբաւարար սպառում
  • Փորհարութիւն
  • Փսխունք
  • Մորթի մեծածաւալ այրուածք
  • Գերքրտնութիւն եւ արեւահարութիւն
  • Շաքարախտի պատճառով առատ միզարձակութիւն եւ երիկամային որոշ հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով տեղի կ՛ունենայ մեծ քանակով միզարձակում

Նեխային Փլանք

Խմբագրել

Նեխային փլանքը կը յառաջանաը հետեւեալ պատճառներով.

Մարմնական զանազան Բորբոքումի հիւանդութիւններ

Խմբագրել

Մարմնական զանազան բորբոքումի հիւանդութիւնները ընդհանրապէս կը զարգանան մանրէական (bacterial) եւ ժահրային (viral) բրոբոքումներով: Յատկանշական են հետեւեալ հիւանդութիւնները.

Մորթի մեծածաւալ այրուածք եւ բորբոքում

Խմբագրել

Մորթի մեծածաւալ այրուածքի եւ բորբոքումներու ընթացքին, մարմինի զանազան անդամներու մանր զարկերակները կը խցուին՝ հոն կազմուած ախտաբանական փոքր խցիկներով (thrombi):

Այլ պատճառներ

Խմբագրել
  • Հիւանդանոց գտնուող հիւանդներուն՝ մանրէական վարակումներու պատճառով
  • Շաքարախտաւորներ
  • Լեարդի փճացում (liver cirrhosis)
  • Արեան ճերմակ գնդիկներու չափազանց նուազում՝ խլիրդային դարմանումի ընթացքին

Նեարդածին Փլանք

Խմբագրել

Նեարդածին փլանքը տեղի կ՛ունենայ կեդրոնաջղային դրութեան (CNS-Central Nervous System) զանազան տեսակի հարուածներով եւ վնասներով: Յատկանշական դեր ունի մանաւանդ ողնայարի եւ ողնածուծի հարուած-վնասը, որուն պատճառով արեան կուտակում տեղի կ՛ունենայ սրունքներու եւ ոտքերուն մէջ, եւ ինչպէս նաեւ զարկերակային ճնշումի նուազում:

Գերզգայնութեան Հակադարձութեան Փլանք

Խմբագրել

Գերզգայնութեան հակադարձութեան փլանքը հետեւանքն է կարգ մը նիւթերու դէմ մարմնին ունեցած գերզգայնութեան, որոնցմէ են հետեւեալները.

  • Որոշ դեղեր
  • Պատուաստներ
  • Խայթոցներ
  • Կարգ մը սննդանիւթեր, օրինակ՝ պիստակ, հաւկիթ եւ ծովային կերակուրներ
  • Արեան փոխներարկման անհամատեղելիութիւն

Այս ախտապատճառներուն գոյութեան պատճառով՝ մարմնին մէջ կ՛արտադրուին histamine եւ այլ նիւթեր, որոնք կը կծկեն թոքացնցուղներու պատերուն բարակ մկանները եւ ցնցուղներու նեղացում կ՛առաջացնեն:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Ենթածաւալային Փլանք

Խմբագրել

Ենթածաւալային փլանքի ախտանշաններն են հետեւեալները.

  • Մորթի զարկերակիկներու նեղացում (vasoconstriction)
  • Մարմնի ջերմութեան նուազում եւ մսկոտութիւն
  • Ոտքերու եւ ձեռքերու մորթի տժգնութիւն, պաղութիւն եւ կպչութիւն (clammy)
  • Եղունցներու, ականջի բլթակներու եւ քիթի կապտութիւն
  • Սրտի արագ եւ տկար զարկ
  • Արագ շնչառութիւն եւ շնչահեղձութիւն
  • Զարկերակային ճնշումի նուազում
  • Նողկանք եւ փսխունք
  • Ծարաւի զգացում
  • Շուարած վիճակ
  • Անհանդարտութիւն եւ ջղագրգռութիւն
  • Մահաքուն (Coma)

Արեան կորուտի պատճառով յառաջացած ախտանշանները կը հիմնուած կորսուած արեան քանակի հիման վրայ:

  1. Արեան 20 տոկոսի կորուստով տեսնուած ախտանշաններեն են՝
    • Պաղի զգացում
    • Ոտքի կեցած վիճակով զարկերակային ճնշումի եւ սրտի զարկի նուազում
    • Պաղ եւ կպչուն մորթ
    • Խիտ մէզ
  2. Արեան 20-40 տոկոսի կորուստով տեսնուած ախտանշաններն են՝
    • Ծարաւ
    • Խիզի ենթամորթային զարկերակներու անյայտացում
    • Մէզի նուազում
  3. Արեան 40 սոկոսէն աւելի կորուստով տեսնուած ախտանշաններն են՝
    • րագ եւ խորունկ շնչառութիւն
    • Սրտի անկանոն եւ տկար զարկ
    • սրտի անբաւարար աշխատանք
    • Սրտի կանգ

Նեարդածին Փլանք

Խմբագրել

Նեարդածին փլանքի ախտանշաններն են հետեւեալները.

Գերզգայնութեան Հակադարձութեան Փլանք

Խմբագրել

Գերզգայնութեան հակադարձութեան փլանքի պարագային, բոլոր այլ ախտանշաններուն կողքին գոյութիւն ունին նաեւ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ ե հետեւեալները.

Ախտանշանները կրնան աւելի զարգանալ, որոնցմէ են.

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Փլանքի ախտաճանաչումի բացայայտօրէն կը տեսնուի իր ախտանշաններով, սակայն անոր կողքին կը կատարուին նաեւ զանազան տեսակի քննութիւններ, որոնցմէ են հետեւեալները.

 
Արեան տարրալուծարանային քննութիւն
 
Ուղեղի նկարումներ
 
Սիրտի ու Թոքերու զանազան տեսակի քննութիւներ

Դարմանումներ

Խմբագրել

Փլանքի դարմանումը կը կատարուի հիւանդանոցին մէջ եւ ունի երկու հանգրուաններ:

 

Անմիջական եւ շտապ դարմանամիջոցներ

Խմբագրել

Ենթածաւալային փլանքի պարագային

Խմբագրել
  1. Վերահաստատել սիրտին զարկը եւ ամխատանքը, սրտային վերակենդանաձում կատարելով (cardiac resuscitation).
  2. Օգնել եւ վերահաստատել շնչառութիւնը՝ կիրարել թթուածինով հարուստ արհեստական շնչառութիւն եւ կատարել ներփողանցում (Intubation) ըստ պահանջքի.
  3. Արիւնահոսութեան պարագային շտապ կասեցնել զայն.
  4. Ներարկել ներերակային հեղուկներ եւ արիւն.
  5. Ծածկոցով ծածկել հիւանդը որպէսզի ան վերագտնէ իր մարմնին բնական ջերմութիւնը:
  6. Կարգաւորել զարկերակային ճնշումը՝ որոշ դեղերու գործածութեամբ:
     

Նեխային Փլանքի Դարմանում

Խմբագրել

Նեխային փլանքի դարմանումը նաեւ կը կարօտի հետեւեալ միջոցներուն.

  1. Հակամանրէական դեղեր
  2. Թարախակոյտի բացում եւ մաքրութիւն
  3. Ներանօթային ծաւալի բարելաւում
  4. Խտացուած կարմիր գնդիկներու ներարկում
  5. Արուեստական շնչառութիւն

Գերզգայնութեան Հակադարձութեան Փլանքի Դարմանում

Խմբագրել

Գերզգայնութեան Հակադարձութեան Փլանքի Դարմանումը այլ դարմանամիջոցներէ առաջ կը պարտադրէ հետեւեալ միջոցները.

  1. Շտապ epinephrine-ի ներմկանային ներմկանային կամ ներերակային սրսկում: Յաճախ շնչահեղձութիւնը առաջին եւ արագօրէն յայտուած ախտանշանն է, որ կը պարտադրէ շտապ epinephrine-ի սրսկում:
  2. Շնչառական օժանդակութիւն եւ թթուածինի ներարկում.
  3. Antihistamine-ի եւ cortisone-ի ներարկում.
 

Նեարդածին Փլանքի Դարմանում

Խմբագրել

Նեարդածին փլանի շտապ դարմանամիջոցները նոյնանման են վերոյիշեալ դարմանամիջոցներուն:

Հիմնական եւ Ախտապատճառներու Դարմանամիջոց

Խմբագրել

Փլանքի իւրաքանչիւր տեսակի համապատասխան դարմանամիջոցը կը կատարուի անոր ախտապատճառները ախտաճանաչելէ ետք:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 12 Մայիս 2014, էջ 74-78: