Քոլիսէոմ (լատ.՝ Colosseum), Հին Հռոմի ամէնէն մեծ ամֆիթատրոնը, կայսերական Հռոմի վիթխարի եւ հռչակաւոր կոթողներէն է, որ իր ժամանակին կրկէսի շէնք էր[1]: Անոր կառուցումը սկսած է Վեսպասիանոս կայսրը (Ք.Ե.) 57 թուականին, աւարտած է Տիտոսը 80 թուականին:

Քոլիսէոմը առաւօտեան
Քոլիսէոմը երեկոյեան

Սկզբնապէս Քոլիսէոմը կոչուած է Ֆլաւիոսներու ամֆիթատրոն (լատ.՝ Amphitheatrum Flavium): Իր անունը ստացած է «քոլոսիում» կամ «քոլոս» բառէն, որ յունարէն է, կը նշանակէ՝ հսկայ, մեծ: Սակայն Քոլիսէոմը այդպէս կոչուած է 8-րդ դարէն, կամ իր հսկայ չափերու, կամ այն պատճառով, որ անոր մօտակայքին մէջ հինէն կանգնած եղած է Ներոնի վիթխարի արձանը: Այսպիսով, արձան-կոթողն է իր անունը տուած է այդ հսկայ կրկէսին:

Քոլիսէոմը կիսաբոլորաձեւ էր եւ ունէր հարիւր ութսունութ մեթր երկարութիւն, հարիւր յիսունվեց մեթր լայնք եւ քառասունութ ու կէս մեթր բարձրութիւն, ուր ութսուն կարգ աստիճաններու վրայ կը տեղաւորուէին յիսունէն մինչեւ ութսուն հազար հանդիսատես:

Քոլիսէոմը կը գտնուի Հռոմի մէջ՝ Էսկուիլինեան խոռոչին մէջ՝ Պալանտինեան եւ Ցելիեւեան բլուրներու միջեւ, ուր կը գտնուէր Ներոնի Ոսկէ Տանը պատկանող լճակը:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Նախակառուցման Պատմութիւն

Խմբագրել

Քոլիսէոմի պատմութիւնը կը սկսի 68 թուականին, երբ Պրետորիական գուարդիայի դաւաճանութիւնը եւ սենատի դատապարտումը կը ստիպեն Ներոնը տասնչորս տարի բռնատիրական կառավարումէն ետք անձնասպան ըլլայ քաղաքամերձ պալատին մէջ՝ Հռոմէն ոչ հեռու: Ներոնի մահը պատճառ կը դառնայ տասնութամեայ քաղաքացիական պատերազմի, որ կ'աւարտի 69 թուականին: Կը յաղթեց Տիտոս Ֆլաւիոս Վեսպասիանոսը, զոր մեր օրերուն կ'անուանեն Վեսպասիանոս:

Մինչեւ կայսր դառնալը Վեսպասիանոսը մասնակցութիւն ունեցաւ 66 թուականին սկսած մովսիսականներու ապստամբութեան ճնշման: Ասկէ ետք Վեսպասիանոսը Տիտոսի հետ արեւելեան հարուստ նահանգներուն մէջ հաւաքեցին հարկեր, որպէսզի կարգի բերէին Ներոնի եւ քաղաքացիական պատերազմի քայքայած պետական տնտեսութիւնը: Անոնք 71 թուականին վերադարձան Հռոմ, որպէսզի տօնէին իրենց յաղթանակը մովսիսականներու նկատմամբ:

Դառնալով կայսր՝ Վեսպիասիանոսը որոշեց վերակառուցել Հռոմի կեդրոնը եւ ամրացնել իր պաշտամունքը՝ խեղաթիւրելով իր նախորդի՝ Ներոնի յիշատակը: Կը մնար մէկ չլուծուած հարց. ի՞նչ ընել Ներոնի պալատի, Ոսկէ պալատի հետ, ինչպէս կ'անուանէին, եւ որ յարակից պուրակի հետ Հռոմի կեդրոնին մէջ կը զբաղեցնէր 120 հեքթար տարածք: Վեսպասիանոսը որոշեց տեղաւորել այնտեղ կայսերական շինութիւնները, իսկ տան կողքի լիճը լցոնել եւ կառուցել ամֆիթատրոն՝ նախատեսուած ժողովուրդի ժամանցի համար: Ասիկա լաւ մտածուած որոշում էր. ամֆիթատրոնի կառուցում հողի մը վրայ, որուն վրայ քալած է Ներոնը, կը տրուէր ժողովուրդին[2]:

Ամֆիթատրոնի Կառուցումը

Խմբագրել
 
Քոլիսէոմ (Ֆլաւիոսի Ամֆիթատրոն)

Ամֆիթատրոնի կառուցումը սկսած է Վեսպիասիանոս կայսեր կողմէ Հրէաստանի մէջ յաղթանակէ ետք: Այդ մասին կը յայտնէ Սուետոնիուսը[3]:

  Ձեռնամուխ եղաւ ան նաեւ նոր շինութիւններու կառուցմանը՝ … ամֆիթատրոն՝ քաղաքի կեդրոնը՝ մտածուած, ինչպէս ետքը ան իմացաւ, դեռ Օգոստոսի կողմէ  

Կը համարեն, որ ամֆիթատրոնը կառուցուած է ռազմավարի վաճառքէն ստացուած միջոցներով[4]:

Ըստ գնահատականներու՝ 100 հազար բանտարկեալ Հրէաստանի պատերազմէն ետք որպէս ստրուկներ կը բերուին Հռոմ: Ստրուկները կ'օգտագործուէին ծանր աշխատանքներու մէջ, ինչպիսին է Թիւոլիի կրաքարային հանքերուն մէջ, ուր կը հանուի թրաւերթին, Թիւոլիէն Հռոմ 20 մղոն ծանր քարեր տեղափոխելու եւ բարձրացնելու համար: Բարձրորակ շինարարներու, ճարտարապետներու, նկարիչներու եւ գեղարարներու խումբերը կը կատարէին շարք մը խնդիրներ՝ անհրաժեշտ Քոլիսէոմի շինարարութեան համար[5]:

Ամֆիթատրոնի շինարարութիւնը աւարտեցաւ Տիտոս կայսեր օրերուն 80 թուականին: Այս շինարարութեան Մարցիալուսը «Ներկայացումներու Գիրքին Մէջ», անուանելով կայսերը Կեսար, ձոնած է հետեւեալ տողերը[4]՝

 

Այստեղ, ուր բոլորին աչքի առջեւ փառահեղ ամֆիթատրոնի
Կառուցումը տեղի կ'ունենայ, աշխատանքներն էին Ներոնի…
Հռոմը վերածնաւ, քու հովանաւորութեամբ, Կեսա՛ր,
Այն, որ ունէր պարոնը, կը վայելէ ժողովուրդը հիմա:

 


Քոլիսէոմը Հին Հռոմի Մէջ

Խմբագրել
 
Քրիստոնեայ նահատակներու վերջին աղօթքը: Նկար՝ Ժան Լէոն Ժերոմի

Քոլիսէոմի շինարարութիւնը սկսած է կայսր Վեսպասիանոսի օրերուն՝ Իսրայէլի մէջ յաղթանակներ տանելէ ետք: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Սուետոնիուսը. «Ան նոր շինութիւններ սկսաւ պատրաստել... ամֆիթատրոն քաղաքի մեջտեղը, որ ինչպէս ան տեղեկացաւ դեռ պլանաւորած էր կառուցել Օգոստոսը»: Շինարարութիւնը աւարտած է 80-ին՝ Վեսպասիանոսի որդիի՝ Տիտոսի օրերուն:

Քոլիսէոմի բացումը նշանաւորուեցաւ խաղերով. Սուետոնիուսն այդ առիթով կը գրէ[6]:

  Ամֆիթատրոնի եւ մօտակայքը արագ կառուցուած բաղնիքներու բացման կապակցութեամբ ան ցուցադրեց գլատիատորական մենամարտը՝ հարուստ եւ շքեղ տեսարան մը. կազմակերպեց այնտեղ ծովամարտ նախկին տեղը, իսկ ետքը այնտեղ հանեց նաեւ գլատիաթորներուն եւ մէկ օրուան մէջ ազատ արձակեց հինգ հազար տարբեր կենդանիներ:  


Ի սկզբանէ Քոլիսէոմը կ'անուանուէր նշուած կայսրերու ցեղի անունով՝ Ֆլաւիոսներու Ամֆիթատրոն (լատ.՝ Amphitheatrum Flavium), այժմու անուանումը (լատ.՝ Colosseum, Colosaeus, իտալ.՝ Colosseo) ետքը աւելացուեցաւ՝ սկսած 8րդ դարէն, եւ յառաջացացած է կա՛մ հսկայ չափերու, կամ այն պատճառով, որ անկէ ոչ հեռու կանգնած էր Ներոնի հսկայական արձանը՝ կանգնած Ներոնի կողմէ իր պատիւին[7]:

Պատկեր:Տիտոսի մետաղադրամ.jpg
Քոլիսէոմը 80 թուականի հին հռոմէական մետաղադրամի վրայ

Երկար ժամանակ Քոլիսէոմը Հռոմի բնակիչներու եւ եկուորներու համար ժամանացի հիմնական վայրերէն էր, ինչպիսիք էին գլատիաթորների մարտերը, կենդանիներու արձակումը գլատիաթորներու վրայ, ծաւամարտերը (ենթադրաբար մինչեւ կառուցումը արենայի տակ՝ նկուղային շինութիւններուն մէջ կայսր Տիտոսի եղբայր եւ գահաժառանգ Տոմինիցիանուսի ժամանակ):

Կայսր Մաքրինիուսի ժամանակ՝ 217 թուականին Քոլիսէոմը խիստ վնասուեցաւ հզօր հրդեհէ[8], բայց վերականգնեցաւ Ալեքսանդր Սեւերիուսի հրամանով: 248 թուականին կայսր Ֆիլիփը մեծ ներկայացումով այնտեղ նշեց Հռոմի գոյութեան հազարամեակը: Հոնորիուսը 405 թուականին արգիլեց գլատիաթորական խաղերը՝ որպէս քրիստոնէութեան ոգիի հետ անհամահունչ, որ Կոնստանդին Մեծէն ետք անիկա դարձուց Հռոմէական կայսրութեան գերիշխող կրօնը, այնուամենայնիւ, կենդանիներու արձակումները մարդկանց վրայ Քոլիսէոմի մէջ կը շարունակուէին մինչեւ Թէոտորիխ Մեծի մահը[9]: Ատկէ ետք Ֆլաւիուսներու ամֆիթատրոնի համար սկսան տխուր ժամանակներ:

Քոլիսէոմը Միջնադարուն Եւ Նոր Ժամանակներուն

Խմբագրել
 
Քոլիսէոմ. տեսարան Ֆարնեզիական այգիներէն

Բարբարոսներու յարձակումները Ամֆիթատրոնը մատնեցին դատարկութեան եւ անոր աւիրման սկիզբը դրին: 11րդ դարէն մինչեւ 1132 թուականը անիկա ամրոց էր հռոմէական երեւելի ընտանիքներու համար, որոնք կը վիճարկէին համաքաղաքացիներու հանդէպ ազդեցութիւնն ու իշխանութիւնը, յատկապէս՝ Ֆրանճիպանի եւ Հաննիբալի ընտանիքներու համար: Բայց վերջիններս ստիպուած զիջած էին Քոլիսէոմը կայսր Հէնրի Է.-ին, որ նուիրեց հռոմէական Սենատին եւ ժողովուրդին: Դեռ 1332 թուականին տեղի արիստոկրատիան կը կազմակերպէր այստեղ ցլամարտեր, բայց այդ ժամանակէն սկսաւ Քոլիսէոմի համակարգային աւիրումը:

1349 թուականին Հռոմի մէջ հզօր երկրաշարժը պատճառ հանդիսացաւ Քոլիսէոմի փլուզման, յատկապէս անոր հարաւային հատուածի[10]. Ատկէ ետք անոր սկսան նայիլ որպէս շինանիւթի աղբիւրի. ու ոչ միայն պոկուած, այլեւ դիտաւորութեամբ պոկուած քարերը սկսան օգտագործուիլ նոր շինութիւններուն մէջ: Այսպէս, 15-րդ եւ 16-րդ հարիւրամեակներուն մէջ Հռոմի պապ Պօղոս Բ.ը անկէ շինանիւթ կը վերցնէր այսպէս կոչուած վենետիկեան պալատի, կարդինալ Ռիարիօն՝ գրասենեակային պալատի, Պօղոս Գ.ը՝ պալացցո-Ֆարնեզէի համար: Բայց ամֆիթատրոնի զգալի մասը պահպանուած է, չնայած որ շինութիւնը ընդհանրապէս մնաց այլակերպուած: Սիքստիոս Ե.ը մտադրուած էր օգտագործել այն կտորի ֆապրիկան կարգի բերելու համար, իսկ Կղեմենս Թ.ն իրականութեան մէջ Քոլիսէոմը դարձուց պարարտանիւթի գործարան:

Պապերու լաւ վերաբերմունքը հնագոյն ճարտարապետութեան փառահեղ կառոյցի նկատմամբ սկսաւ 18րդ հարիւրամեակի կէսերէն ոչ շուտ, եւ առաջինը, որ անիկա վերցուց իր պահպանութեան տակ, Պենետիկտոս 14-րդն էր (1740-58): Ան յայտարարեց Քրիստոսի չարչարանքներու վայր՝ շիկացած բազմաթիւ քրիստոնեայ նահատակներու արիւնով, եւ հրամայեց անոր արենայի շուրջ կանգնեցնել հսկայ խաչ, իսկ անոր կողքին կառուցել շարք մը խորաններ՝ ի յիշատակ կեղեքումներու եւ Փրկիչի ելքի դէպի Գողգոթա եւ անոր խաչային մահուան: Այդ խաչն ու խորանները հանուեցան 1874 թուականին: Պենետիկտոս 14-րդէն ետք եկած պապերը, մասնաւորապէս Փիոս 7-րդը եւ Լեւոն 12-րդը, շարունակեցին հոգ տանիլ շինութեան պահպանուած մասերու մասին եւ իյնալու վտանգ ներկայացնող պատերու հատուածները ամրացուցին հակակշիռներով, իսկ Փիոս 9-րդը ուղղեց ներքին աստիճաններէն մի քանի հատը:

Քոլիսէոմն այժը կը գտնուի պահպանութեան տակ, բեկորները, ուր հնարաւոր է, տեղադրուած են նախկին տեղերուն մէջ, իսկ արենային մէջ կատարուած են հետաքրքրաշարժ պեղումներ, որոնք հանգեցուցին նկուղային շինութիւններու յայտնաբերման, որոնք կը ծառայէին դէպի արենա մարդկանց խումբեր եւ կենդանիներ հասցնելու համար: Չնայած Քոլիսէոմի՝ դարերու ընթացքին կրած փորձութիւններուն՝ անոր աւերակները՝ զրկուած նախկին արտաքին եւ ներքին յարդարումէն, մինչեւ այսօր խոր տպաւորութիւն կը թողնեն իրենց խիստ փառահեղութեամբ եւ կու տան բաւարար պատկերացում այն մասին՝ ինչպիսին եղած են անոր դիրքն ու ճարտարապետութիւնը:

Անձրաջրերու ներթափանցումը, մթնոլորտային աղտոտութիւնը (հիմնականօրէն ինքնաշարժի կազերէ) եւ քաղաքային աշխուժ շարժման ցնցումները հանգեցուցին Քոլիսէոմի օրհասական վիճակին: Նախագիծի առաջին փուլը կը ներառէ կամարաշարերու վերակառուցում եւ վերամշակում անջրաթափանց զանգուածով եւ արենայի փայտէ յատակի վերակագնում, ուր ժամանակին կը կռուէին գլատիաթորները:

Այժմ Քոլիսէոմը դարձած է Հռոմի խորհրդանիշը եւ զբօսաշրջութեան ամենայայտնի վայրերէն մեկը: 21-րդ դարուն Քոլիսէոմը հաւակն էր մտնել Աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներ կոչմանը, եւ քուէրակութեան արդիւնքին մէջ, որ հրապարակուեցաւ 7 Յուլիս 2007-ին, հռչակուեցաւ Աշխարհի նոր 7 հրաշալիքներէն մէկը:

Քոլիսէոմի Ճարտարապետութիւնը

Խմբագրել
 
Քոլիսէոմ. արտաքին տեսքի վերականգնում
 
Քոլիսէոմի ներսը, 2011

Հռոմէական միւս ամֆիթատրոններու նման Ֆլաւիոսներու Ամֆիթատրոնը ներկայացուած է էլիփսի տեսքով, որուն կեդրոնը զբաղեցուցած է արենան (նոյնպէս էլիփսի ձեւով), եւ զայն շրջապատող հանդիսատեսի համար համակեդրոն օղակներով: Նմանատիպ այլ կառոյցներէ Քոլիսէոմը կը տարբերի իր մեծութեամբ: Ասիկա ամենամեծ անտիկ ամֆիթատրոնն է. անոր արտաքին էլիփսի երկարութիւնը 524 մ է, մեծ տրամագիծը՝ 187.77 մ, փոքր տրամագիծը՝ 155.64 մ, արենայի երկարութիւնը՝ 85.75 մ, լայնութիւնը՝ 53.62 մ, անոր պատերու բարձրութիւնը՝ 48-էն 50 մ: Նման չափերու պայմաններուն մէջ ան կարող էր տեղաւորել շուրջ 50 հազար հանդիսական: Նախագծային հիմք կը հանդիսանան 80 ճառագայթաձեւ ուղղորդուած պատերն ու սիւները, որոնք կը պահեն կամարներն ու ծածկերը:

Ֆլաւիոսներու Ամֆիթատրոնը կառուցուած է 13 մեթր հաստութիւն ունեցող հիմքի վրայ:

Քոլիսէոմի պատերը կառուցուած են թրաւերթինի հսկայ կտորներէն կամ պլոկներէն կամ տրաւերթինի մարմարէն, որ կը բերուէր հարեւան Թիւոլի քաղաքէն: Մօտաւորապէս 300 տոննա քաշ ունեցող քարերը իրարու կ'ամրացուէին մետաղեայ հանգոյցներով: Ներքին կառուցապատման համար կ'օգտագործուէր նաեւ տեղի տուֆնն ու աղիւսը:

Օգտագործուած են հռոմէական ճարտարապետութեան բնորոշ սիւնակարգային կամարներ՝ սիւնակարգային ճակատամասով:

Քոլիսէոմի մէջ օգտագործուած եւ vomitoria (լատ.՝ vomere «ժայթքում») անունը ստացած ճարտարապետական-տրամաբանական լուծումը մինչեւ այսօր կը կիրառուի մարզադաշտերու կառուցման ժամանակ. բազմաթիւ մուտքեր հաւասարաչափ տեղաբաշխուած են ամբողջ կառոյցի երկայնքով: Ասոր շնորհիւ հանդիսատեսը կարող էր 15 վայրկեանի մէջ լեցնել Քոլիսէոմը եւ 5 վայրկեանէն լքել զայն: Քոլիսէոմը ունէր 80 մուտք, որոնցմէ 4-ը նախատեսուած էին բարձրաշխարհիկ հասարակութեան համար եւ կը տանէին դէպի ստորին շարքեր: Հանդիսատեսները հեշտութեամբ կը մտնէին ամֆիթատրոն ներքին յարկի կամարներէն, որոնք նշուած էին I-ից LXXVI թիւերով, եւ իրենց տեղերը կը բարձրանային աստիճաններով, որոնք 76-ն էին: Այդ տեղերը քարէ նստարաններու տեսքով տեղադրուած էին արենայի շուրջը, որոնք կը բարձրանային մէկը միւսի վրայ (լատ.՝ gradus): Ստորին շարքը կամ պոդիումը (լատ.՝ podium) նախատեսուած էր բացառապէս կայսեր, ամբր ընտանիքի, սենատորներու, վեստալուհիների համար, ընդ որուն կայսրը ունէր յատուկ, բարձրադիր նստատեղ (լատ.՝ pulvinar): Պոդիումը արենայէն կ'առանձնանար բաւական բարձր եզրապատով, որպէսզի հանդիսատեսը պաշտպանէ ազատ ձգուած գազաններէ: Այնուհետեւ կը յաջորդէին ընդհանրապէս հանդիսատեսի համար տեղերը, որոնք կը կազմէին երեք օթեակ լատ.՝ maeniana, որոնք կը համապատասխանէին ճակատային մասին օթեակներուն: Առաջին օթեակին մէջ, ուր կար նստարաններու 20 շարք (այժմ ամբողջովին աւերուած), կը նստէին քաղաքային իշխանութիւնները եւ մարդիկ, որոնք կը պատկանէին հեծեալներու դասին: Երկրորդ օթեակին մէջ, ուր կար նստարաններու 16 շարք, նախատեսուած էր Հռոմի քաղաքացիի իրաւունք ունեցողներու համար: Պատը, որ կը բաժնէր երկրորդ օթեակը երրորդէն, բաւական բարձր էր. երրորդ օթեակի նստարանները տեղադրուած էին աւելի թեք մակերեւոյթի վրայ. ասիկա նպատակ ունէր երրորդ օթեակի հանդիսատեսին աւելի լաւ տեսնել արենան եւ այն ամէն ինչ կը կատարուէր այնտեղ: Երրորդ օթեակի հանդիսատեսները կը պատկանէին աղքատ դասին: Այս օթեակէն վերեւ կը գտնուէր սիւնազարդ նախասրահը, որ կ'եզրագծէր շինութիւնը եւ մէկ պատով կը հարէր արտաքին պատին:

 
Կոլիզեումի կտրվածքը

Ներկայացումներու ժամանակ անոր տանիքին կը տեղաւորուէին կայսերական նաւատորմի նաւաստիները, որոնց հրամայուած էր ամֆիթատրոնի վրայ հսկայական պարուսինածածկը բանալու համար, որպէսզի հանդիսականները պաշտպանուէին այրող արեւի ճառագայթներէն կամ վատ եղանակէն: Այդ պարուսինածածկը պարաններով ամրացուած էր կայմերու, որոնք տեղադրուած էին պատի վերին եզրին: Արտաքին քիւի շատ տեղերուն մէջ թերեւս տեսանելի են ելուստները, որոնց միջով կ'անցնէին այդ կայմերը, որոնք իրենց ներքեւի եզրով կը հենուէին պատէն դուրս եկած քարերուն որպէս բարձակ, որոնք մինչեւ այսօր պահպանուած են այնտեղ, ուր կանգուն է չորրորդ յարկը: Հանդիսականներու համար տեղերը ներքեւէն կը հենուէին կամարակապ շինուածքի վրայ, որ կը ներառէր անցումային միջանցքներ (լատ.՝ itinera), տարբեր նշանակութեան խցեր եւ աստիճաններ, որոնք կը տանէին դէպի վերին օթեակներ:

Քոլիսէոմը կորսցուցած է իր սկզբնական ծաւալի երկու երրորդը, բայց այժմ ալ այն անսահաման մեծ կ'երեւի. 18-րդ դարու ճարտարապետ մը փորձեց մօտաւոր հաշուել Քոլիսէոմի մէջ օգտագործուած շինանիւթը եւ որոշեց անոր արժէքը. անիկա ժամանակուան գներով 1½ միլիոն սքուտօ (մօտաւորապէս 8 միլիոն ֆրանք), ուստի Քոլիսէոմ հինէն ի վեր համարուած է Հռոմի մեծութեան խորհրդանիշ:

7-րդ հարիւրամեակի ուխտագնացները կ'ըսէին.

  Քանի դեռ կանգնուն է Քոլիզէումը, կանգնուն է նաեւ Հռոմը, կը վերանայ Քոլիզէումը, կ'անհետանայ Հռոմն ու անոր հետ ողջ աշխարհը[11]:  

Նստատեղերը

Խմբագրել

Համաձայն 354 թուականի Ժամանակագրութեան՝ ամֆիթատրոնին մէջ կը տեղաւորուէր մօտաւորապէս 87,000 մարդ, բայց ժամանակակից հաշուարկներով Քոլիսէոմը կարող է տեղաւորել միայն 50,000 մարդ: Նստատեղերը բաժնուած էին մակարդակներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախատեսուած էր որոշակի խումբի կամ խաւի մարդկանց համար: Հարաւը եւ հիւսիսը տեղաւորուած էին կայսեր եւ կոյսերու տեղերը եւ կ'ապահովէին լաւ տեսադաշտ դէպի արենա: Այս մակարդակին վրայ կը գտնուէին նաեւ սենատորներու նստատեղերը, եւ որոնց կը թոյլատրուէր իրենց հետ բերել իրենց աթոռները: Նշանակալի է, որ որոշ սենատի համար նախատեսուած որոշ տեղերուն մէջ կարելի է գտնել հինգերորդ դարու սենատորներու փորագրուած անուններ, որոնք, ըստ էութեան, կը ծառայէին տեղերու ամրագրման համար: Սենատորի համար մակարդակէն վեր կը գտնուէին հեծեալներու դասի տեղերը, իսկ հեծեալներէն վեր կը տեղաւորուէին Հռոմի քաղաքացիները՝ բաժնուած երկու խումբի՝ հարուստ քաղաքացիներու համար, որոնք կը գտնուէին հեծեալներէ անմիջապէս վեր, եւ քիչ ունեւոր քաղաքացիներու համար, որոնք կը տեղաւորուէին հռոմէական վերնախաւէն աւելի վեր: Աւելի ուշ՝ Տոմիցիանուս կայսեր կառավարման ժամանակ, կառուցուեցաւ ամենաբարձր մակարդակը՝ նախատեսուած աղքատ քաղաքացիներու համար, ստրուկներու եւ կանանց համար: Հիմնականօրէն ատոնք կանգնելու համար տեղեր էին: Բացի այդ, մարդկանց որոշակի խումբերու արգոլուած էր մուտք գործել Քոլիսէոմ, հիմնականօրէն գերեզմանափորներուն, դերասաններուն եւ նախկին գլատիաթորներուն:

 
Նստատեղերու դասաւորութեան սխեմա

Քոլիսէոմի Կերպարի Օգտագործումը

Խմբագրել

Քոլիսէոմը շատ յաճախ հանդէս կու գայ որպէս Հռոմի խորհրդանիշ, ինչպէս Էյֆելեան աշտարակը՝ Փարիզի, Պիկ Պէնը՝ Լոնտոնի, Քրեմլը՝ Մոսկուայի, Փիզայի աշտարակը՝ Փիզայի, Քառլի կամուրջը՝ Փրահայի: Եւրոպայի քարտէսը պատկերելու համար Քոլիսէոմը յաճախ կը դրուի Հռոմի տեղը: Սկիզբը Քոլիսէոմը ներառուած էր Վալերիուս Մարցիալիսի կողմէ կազմուած աշխարհի 7 հրաշալիքներու շարքին մէջ (1-ին դար)[12]:

Այլ օրինակներու մէջ օգտագործուած պատկերներ՝

  • Պրիւս Լիի եւ Չաք Նորիսի միջեւ մարտը «Վիշապի մերադարձը» ֆիլմը նկարահանուած է Քոլիսէոմի մէջ:
  • Քոլիսէոմը պատկերուած է Nero ծրագիրի էկրանակադրին մէջ:
  • Արիա ռոք խումբի Քոլիսէոմ երգը
  • Քոլիսէոմը՝ Age of Empires, Civilization III, Civilization IV, Assassin's Creed: Brotherhood, Ryse:Son Of Rome, Painkiller: Battle out of Hell խաղերուն մէջ
  • Քոլիսէոմը՝ «Գլատիաթոր» ֆիլմին մէջ
  • Քոլիսէոմը՝ «Տելեպորտ» ֆիլմին մէջ
  • Քոլիսէոմը ալիքի հուժկու հարուածէն կը վերացուի «Երկրի միջուկը: Նետում դժոխքէն» ֆիլմին մէջ:
  • Քոլիսէոմը 2000 տարի ետք կը քանդուի «Կեանքը առանց մարդկանց» ֆիլմին մէջ
  • Քոլիսէոմը՝ Էտկար Ալլանի Քոլիսէոմ համանուն բանաստեղծութեան մէջ:

Հետաքրքիր է, որ Գլատիաթորներու ֆիլմերը երբեք չեն նկարահանուած Քոլիսէոմի մէջ, քանի որ անիկա բաւականաչափ լաւ չէ պահպանուած նկարահանումներու համար: Այդ իսկ պատճառով Քոլիսէոմի փոխարէն կ'օգտագործուի Վալերիս Մարցալիսի ամֆիթատրոնը Թունիսի մէջ՝ աշխարհի 2-րդը մեծութեամբ եւ պահպանուած աւելի լաւ:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Берд М., Хопкинс М. «Колизей», 2007, էջ 5
  2. Берд М., Хопкинс М. «Колизей», 2007, էջ 32
  3. «Սվետոնիուս. Տասներկու կայսրերի կյանքը. Վեսպասիանոս, IX, 1»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-16 
  4. 4,0 4,1 Берд М., Хопкинс М. «Колизей», 2007, էջ 34
  5. Building the Colosseum(անգլերէն)
  6. «Սվետոնիուս. Տասներկու կայսրերի կյանքը՝ Տիտոս, VII, 3»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-16 
  7. Roth Leland M. (1993)։ Understanding Architecture: Its Elements, History and Meaning (First հրտրկթն․)։ Boulder, CO: Westview Press։ ISBN 0-06-430158-3 
  8. Cass. Dio lxxviii.25.
  9. Claridge Amanda (1998)։ Rome: An Oxford Archaeological Guide (First հրտրկթն․)։ Օքսֆորդ, Մեծ Բրիտանիա: Oxford University Press, 1998։ էջեր 276–282։ ISBN 0-19-288003-9 
  10. «История Рима / Рим развлекается»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-16 
  11. «The Coliseum»։ The Catholic Encyclopedia։ New Advent։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-14-ին։ արտագրուած է՝ օգոստոսի 2, 2006 
  12. 70 чудес зодчества древнего мира էջ 304, ISBN 978-5-699-23900-9։

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել