Աբգար Դպիր (Աբգար Թոխաթեցի, Աբգար Սաֆար Թոխաթցի, 1520, Եւդոկիա - 1572), հայ տպագրիչ, հոգեւորական, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ծածկագրերու մասնագէտ։

Աբգար Դպիր
Ծնած է 1520
Ծննդավայր Եւդոկիա
Մահացած է 1572
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քահանայ, հանրային գործիչ
Ծնողներ մայր՝ Եվա?
Երեխաներ Սուլթանշահ Աբգարյան Թոխաթեցի?

Սաֆար, որ Հայերէն լեզուով Աբգար կը կոչուէր, որդին էր Մահտասի Ամիրբեկի։ Ան՝ Սենեքարիմ Սեբաստացւոյ Փոքր Հայոց Թագաւորի սերունդէն էր, որուն ծննդեան եւ մահուան թուականը, ինչպէս նաեւ որո՞ւն աշակերտած ըլլալը մինչ այսօր անյայտ է. սակայն կ՛ենթադրուի, որ ան իր ժամանակաշրջանի նշանաւոր գրագէտներէն մէկը եղած պէտք է ըլլայ, նկատի առնելով, որ իրեն յանձնուած է մեծամեծ գործեր եւ տրուած է «Դպիր» մակդիրը։ Միքայէլ կաթողիկոս անհանգստանալով Էջմիածնայ մէջ տեղի ունեցած Պարսկաց հարստահարութիւններէն՝ 1562-ին առժամապէս կ՛երթայ Սեբաստիա՝ իր հայրենիքը, ու հոն կը գումարէ եպիսկոպոսներով եպիսկոպոսաց ժողով։ Իբր նուիրակ Հռոմ կ՛ուղարկէ Թոխատցի Աբգար դպիրը[1],որդին՝ Սուլթան շահի եւ Աղեքսանդր քահանայի ընկերացութեամբ, անոնց պաշտօն կու տայ, որ առաջին հերթին, Ս. Պապին յիշեցնեն կատարած դաշինքին ու երդման մասին, երկրորդ՝ իմանան հռոմեացիներու մտադրութիւնը, թէ՝ ի՞նչ կը խորհին հայոց նկատմամբ, երրորդ՝ համոզեն, որ Պապը իր նպաստը բերէ Հայոց վտարանդեալ ազգի փրկութեանը, չորրորդ՝ ապահովեն Պապի միջնորդութիւնը՝ Հայոց հայրապետներուն դէպի Հռոմ ճամբորդութեան խնդիրով։ Աբգար՝ Ս. Պապին որպէս ընծայ իր հետ կը տանի միւռոն, ոսկի խաչ, օրհնեալ մատանի եւ Թէոդորոս վկային նշխարները։

Աբգար ճամբան երկու տարի կ՛ուշանայ, մինչ՝ Միքայէլ կաթողիկոս տարի մը ետքը էջմիածին կը վերադառնայ։ Սակայն երբ Աբգարէն բնաւ լուր չ՛առներ (բացի այն լուրէն, որ անոր Կիպրոս հասնիլը կը ծանուցանէր), իր եպիսկոպոսներուն կը շնորհէ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մօտ գտնուող Հայոց Ս. Լաւրենտիոսի եկեղեցին՝ իբր հիւրանոց, իր ինչքերովը եւ ժամատունովը միասին.

Աբգար Դպիր համաձայն կը գտնուի դիւրացնելու Հայկական տպագրութեան գործը[2]։ Բայց բոլոր այս եղելութիւններուն ի՞նչ պատասխան կը տրուի Միքայէլ կաթողիկոսին. Չամիչեան Հայոց պատմութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ «Անյայտ է։ Սակայն ստոյգ է, որ այդ ժամանակէն ետք, Հռոմայ քահանայապետները միշտ գթալիր աչքով նայեցան Հայ Ազգին վրայ»։

Ինչ որ Չամիչեան «անյայտ է» կ՝ ըսէ, մենք պիտի յայտնենք զայն՝ հետեւելով Աբգարի զաւկին՝ Սուլթանշահին ականատես վկայութեան,եւ ըստ Հռոմէն գրած նամակին՝ (նուիրականութեանս թուականէն 20 տարի ետքը), ուղղեալ՝ առ Թադէոս Բ. էջմիածնի կաթողիկոսին։ Բայց նախ՝ առաջ պիտի բերենք հնագոյն եւ միաէջ, այս նամակին փոքրցուած լուսատիպ նմանահանութիւնը եւ անոր պատճէնը նոյնութեամբ, ամբողջացնելով միայն պատիւով գրուած բառերը. յատուկ անուններու սկզբնագիրերը գլխատառի վերածելով եւ սուրբ մակդիրին տեղ լոկ «Ս.» մը դնելով։ Աբգար դպիրի նուիրականութեան վրայ լոյս սփռող այս նամակին բնագիրը, թէեւ աղճատ, խնամքով կը պահուի Անտոնեան Միաբանութեան մատենադարանը ՕրթաքէօյԿ. Պոլիս, որ ձեռագրաց շարքին մէջ կը կրէ ՄԲ թուահամար, 80×29 սանթիմեթր մեծութիւն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել