Ալեքսանդր Արաքսմանեան

Հայ արձակագիր, թատերագիր, լրագրող եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ։

Ալեքսանդր Արաքսմանեան (բուն անունով Ալեքսանդր Մանուկեան, 3 Յունիս 1911(1911-06-03)[1][2], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 12 Մարտ 1982(1982-03-12)[2], Եալթա, Խրիմ, Ուկրաինական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[2]), արձակագիր, թատերագիր, լրագրող եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ։ 1936 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ։

Ալեքսանդր Արաքսմանեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ալեքսանդր Արմենի Մանուկյան[1]
Ծնած է 3 Յունիս 1911(1911-06-03)[1][2]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 12 Մարտ 1982(1982-03-12)[2] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Եալթա, Խրիմ, Ուկրաինական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն թատերագիր, արձակագիր, թատերագէտ, հեղինակ, լրագրող, Խմբագիր
Աշխատավայր Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն
Հայֆիլմ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]
Ամուսին Վալենտինա Արաքսմանյան?
Երեխաներ Գուժ Մանուկեան

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է ծնած է Կիւմրի: Իր կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Ստեփան Լիսիցեան դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ: Փոքր տարիքէն սկսած է մասնակցիլ թատերական ներկայացումներու։

1943 թուականին հաստատուած է Երեւան, ուր սկիզբ առած է իր գրական գործունէութիւնը։

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

Ան որոշ ժամանակ աշխատած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ։ Եղած է «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան անդամ։ 1968-1973 թուականներուն վարած է «Էկրան» հանդէսի խմբագիրի պաշտօնը:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Իր առաջին աշխատութիւնը՝ «Ճանապարհ դէպի Կամիշին» վէպը առաջին անգամ տպագրած է 1945 թուականին, որուն յաջորդած են «Գեազբել լեռան գաղտնիքը», «Ճանապարհորդութիւն ապակու աշխարհում», «Ազատութիւնն աքսորական» եւ այլ աշխատութիւններ:

Թատերգութիւններ

Խմբագրել

Վէպի եւ պատմուածքներու կողքին Արաքսմանեան գրած է նաեւ թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ են․

  • «Կեանքի երգը»,
  • «Քո սիրտի կրակը»,
  • «Երբ տանն աչքեր չկան»,
  • «Պատեր անդունդի եզրին» եւ ուրիշներ:

Շքանշաններ եւ մրցանակներ

Խմբագրել

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Արաքսմանեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշաններուն:

Իր «Հինգ րոպէ ճշմարտութիւն» թատերախաղի համար 1980 թուականին արժանացած է Սունդուկեանի անուան մրցանակի[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։