Ալեքսանտր Ալփասլան

Ալեքսանտր Ալփասլան (Ալեքսանտր Փանոսեան, 1859[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 1919[1]), հայ բանաստեղծ եւ թատերագիր:

Ալեքսանտր Ալփասլան
Ծննդեան անուն Ալեքսանտր Փանոսեան[1]
Ծնած է 1859[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1919[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Նուպար-Շահնազարեան վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Ալփասլան իր կրթութիւնը ստացած է Նուպար Շահնազարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք սկսած է զբաղիլ կրթական ու մշակութային գործունէութեամբ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել

Ալփասլան 25 տարեկանին՝ 1884 թուականին հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածուն «Շողեր եւ ցողեր» խորագրով, որուն յաջորդած են «Այգեկութ» (1908) եւ «Ազատ քնար» (1908) ժողովածուները:

Ալփասլանի գրութիւնները լոյս տեսած են Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական շարք մը պարբերականներու մէջ. բանաստեղծը յաճախ գրած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով:

Ալփասլան սփիւռքահայ գրականութեան մէջ յիշուած է որպէս առաջին մանկագիր հեղինակ, որ իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով ձգտած է մանուկներուն ներկայացնել կեանքի բնութիւնն ու մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը:

Կատակերգութիւններ

Խմբագրել

Բանաստեղծութեան կողքին Ալփասլան գրած է նաեւ կատակերգութիւններ. ինչպէս՝

  • «Թեկնածուները»,
  • «Մագնիս» եւ ուրիշներ, որոնք բազմիցս ներկայացուած են Պոլսոյ մէջ:

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Ստեղծագործելու կողքին Ալփասլան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք՝ ֆրանսերէնի թարգմանելով Տիգրան Չուխաճեանի «Զեմիրէ», Միքայէլ Նալպանտեանի «Երգ ազատութեան», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդւոյն», Պետրոս Դուրեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Արշակ Չօպանեանի աշխատութիւններն ու  բազմաթիւ ուրիշներ:

Ալփասլան եղած է «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի աշխատակից եւ թերթի հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն արձակ բանաստեղծութիւններով բերած է իր մասնակցութիւնը թերթի հրատարակութեան աշխատանքին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. «ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱԼՓԱՍԼԱՆ (1859-1919)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-12 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։