Տիգրան Չուխաճեան

(Վերայղուած է Տիգրան Չուհաճեան-էն)

Տիգրան Չուխաճեան (1837, Կոստանդնուպոլիս - 23 Մարտ 1898, Զմիւռնիա), հայ երգահան, խմբավար, մշակութային-հասարակական գործիչ, հայ ազգային օփերային արուեստի հիմնադիր։ Ի շարս այլ յառաջադէմ մտաւորականներու, պայքարած է ի խնդիր հայ մշակոյթի զարգացման, մասնակցած է երաժշտական մամուլի, երգչախումբերու, երաժշտական թատրոններու ձեւաւորման աշխատանքներուն, ներկայացուցած է դասախօսութիւններ։

Տիգրան Չուխաճեան
Ծնած է 1837[1][2][3][…]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[4]
Մահացած է 23 Մարտ 1898(1898-03-23)[5]
Մահուան վայր Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[4]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Արշակ Բ? եւ Կարինե?
Տեսակ օփերա եւ դասական երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն խմբավար, երգահան, երաժշտութեան ուսուցիչ, դաշնակահար

Չուխաճեան համադրած է արեւմտահայ քաղաքային երաժշտութեան եւ արեւմտեան դասական երաժշտութեան ձեւերը։ Հեղինակ է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու, սենեկային եւ սիմֆոնիկ գործերու, գրած է նաեւ թատերական ներկայացումներու համար։ Չուխաճեան հեղինակած է հայկական առաջին օփերան՝ «Արշակ Բ․» (1868), «Զեմիրէ» օփերա-հեքիաթապատումը, «Լեպլեպիճի Հոր-հոօր աղա» (1875), «Արիֆի խորամանկութիւնը»[6] (1872), «Քէօսէ Քեհեա» (1873) օփերեթները։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կոստանդնուպոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ, արքունական ժամագործի ընտանիքի մէջ[7][8]։ Հայրը՝ Գէորգը, արուեստի սիրահար եղած է եւ ամէն կերպ աջակցած է տաղանդաւոր որդիին երաժշտական կրթութեան[9]։ 15-16 տարեկան հասակին, պատանի Չուխաճեան գրաւած է երաժշտական հասարակութեան ուշադրութիւնը իր դաշնամուրային կատարումներով։ Անոր երաժշտական ընդունակութիւններուն զարգացման օժանդակած է երգահան Գաբրիէլ Երանեան։ Մասնագիտական կրթութիւնը սկսած է իտալացի դաշնակահար Չ. Մանձոնիի ղեկավարութեամբ[10], որուն քով Չուխաճեան դաշնակ եւ երաժշտութեան տեսութիւն սորված է։ Վերջինիս խորհուրդով մեկնելով Իտալիա՝ կրթութիւնը կատարելագործելու նպատակով, 1861 - 1864 թուականներուն ուսանած է Միլանի մէջ[11]։ Այսպիսով, Չուխաճեան Եւրոպայի մէջ բարձրագոյն երաժշտական կրթութիւն ստացած առաջին հայ երգահաններէն մէկը դարձած է[7]։ Եւրոպայէն վերադառնալէն որոշ ժամանակ անց, ամուսնացած է երգչուհի Արեւիկ Ապազեանի հետ։ Այս շրջանէն զբաղած է նաեւ մանկավարժական գործունէութեամբ։

1860-ական թուականներուն սկսած է պայքարիլ, ազգային մշակոյթի զարգացման համար, ըլլալով առաջին հայ երաժիշտներէն, որ քարոզած է յառաջադէմ եւրոպական երաժշտական մշակոյթը, երաժշտական կրթութեան կազմակերպման ձեւերը, ինչպէս նաեւ երաժշտական-հասարակական կեանքը։ Մասնակցած է հայ երաժշտական միութիւններու կազմաւորման, մասնաւորապէս համագործակցելով «Հայկական քնար» կազմակերպութեան հետ՝[11][12] իր տեսակին մէջ եզակի Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտական պատմութեան մէջ եւ Գաբրիէլ Երանեանի հետ մասնակցած է «Հայկական քնար» ամսագրի հրատարակութեան (1861 - 1864)։ Մասնակցած է հանրամատչելի համերգներու կազմակերպման, ներկայացուցած է դասախօսութիւններ եւ ղեկավարած՝ Կոստանդնուպոլսոյ Խասգիւղ շրջանի հայկական նուագախումբը։

 
Տիգրան Չուխաճեան

1872 թվականին Չուխաճեան դարձած է հայկական երաժշտական թատրոնի հիմնադիրը[11]։ 1877 թուականէն կը ղեկավարէ երաժշտական թատերախումբը[7]։ Հիմնադրած է «Օսմանեան օփերայի թատրոնը», որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ «Թրքական օփերեթի հայկական թատերախումբ»[13]։ …Կը համագործակցէր «Գուսաներգական» թատրոնին հետ, բայց ամէնաբեղուն համագործակցութիւնը Յակոբ Վարդովեանի «Արեւելեան թատրոնի» հետ էր,[14] որուն երաժշտական ղեկավարն էր տարիներ շարունակ[15]։ 1891 - 1892 թուականներուն երգահանը կը մեկնի Փարիզ, ուր կը բեմադրուին անոր օփերեթները։ Ֆրանսական մամուլը զայն կոչած է «Արեւելեան Օֆենպախ»[14]։

 
Տիգրան Չուխաճեանը եւ Յակոբ Վարդովեանը, ծաղրանկար, 19-րդ դար

1896 թուականին՝ Չուխաճեան, հակահայկական բռնութիւններու ուժեղացման հետեւանքով, մայրաքաղաքէն տեղափոխուեցաւ Իզմիր եւ շատ չանցած՝ 61 տարեկանին, մահացաւ քաղցկեղէն։ Արագահաս հիւանդութեան եւ մահուան պատճառով, անոր վերջին երաժշտական-թատերական ստեղծագործութիւնները մնացին անաւարտ[16]։ Կեանքի վերջին տարիները անցուցած է ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ Չուխաճեանի թաղումը կազմակերպուած է «Կարիքաւորներու միութեան» կողմէ։ Անոր մահուան մասին «Մշակ» հայկական թերթը ցաւով գրած է. «Մահ աղքատութեան մէջ եւ փառայեղ թաղում»[9]։

Չուխաճեանի աշակերտուհիներէն մէկը այսպէս կը նկարագրէ Չուխաճեանին.

  «Ան կը տարբերէր իմ ճանչցած բոլոր մարդոցմէ։ Ան ներսը երբեք ֆէս չէր կրեր. անոր ճերմկող մազերը կը յիշեցնէին Պեթհովէնը։ Ան ունէր անկրկնելի բնաւորութիւն, հպարտ կեցուածքով եւ նրբակիրթ շարժուձեւով։ Ան կ'ուզէր, որ իր ուսանողները երաժշտութեան մէջ ներդնէին սիրտ ու հոգի։ Այլասէր եւ համեստ մարդ, որ միշտ կը կրէ մուգ մոխրագոյն ֆրակ …»
- — («Մասիս» շաբաթաթերթ, 31 մայիսի, 2008)[9]
 


Սան-Ստեֆանոյի հաշտութեան պայմանագիրի կնքման առիթով Չուխաճեան՝ ռուսական կայսր Ալեքսանդր 2-րդի կողմէ պարգեւատրուած է Սուրբ Ստանիսլավի շքանշանով։[17]

Թաղուած է Իզմիրի հայկական գերեզմանատան մէջ։ Չուխաճեանի մահէն երկու տարի վերջ, անոր աշակերտ Ա. Սինանեանը, անոր շիրիմին վրայ տեղադրած է Չուխաճեանի մարմարեայ կիսանդրին։

Ստեղծագործական Կեանք

Խմբագրել
 
«Արիֆ» օփերայի պաստառը, XIX դար

Տիգրան Չուխաճեան ձգած է նշանակալից ստեղծագործական ժառանգութիւն, քանի մը օփերա եւ օփերեթ, առաջին սենեկային, «սիմֆոնիք» համերգային եւ դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները՝[18][19] հայկական երաժշտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երգեր եւ վիպերգութիւններ (romances), թատերական երաժշտութիւն՝ ներկայացումներու համար եւ այլն։ Իր դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները կ'ընդգրկեն բազմազան ժանրեր (այսինքն՝ տեսակներ) եւ ձեւեր՝ ընդարձակ քմանուագներ (fantasia, առանց կանոնի սահմանափակութեան նուագ), յարասականներ (paraphrases, ազատ մեկնութեամբ կամ թարգմանութեամբ նուագ), խուսանուագներ (fugue) եւ պարեր, սակայն առաւել բազմազան են պարային բնոյթի թատերական ստեղծագործութիւնները[18]։ Այլ ստեղծագործութիւններէն «Մեծ Վալսը», «Արեւելեան Քնարը» եւ քանի մը ուրիշներ իրենց աննախապատրաստ նուագի կամ յանկարծանուագի (improvisation) ոճով եւ կատարեալ վարպետութեամբ մօտ են Լիսթի եւ Թալպերկի[18] ռոմանթիկ երաժշտութեան յարասականներու եւ քմանուագներու բնոյթին[9]։ Չուխաճեան կը ձգտի տիրապետել առաւել արտասովոր երաժշտական ժանրերուն ու ձեւերուն։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ երգահանը եւրոպական երաժշտական արտայայտութեան ոճերը կամ մեթոտները հմտօրէն կը համադրէ արեւմտահայ քաղաքային ժողովրդական երաժշտութեան, հայկական փողային երաժշտութեան տարրերուն, ընդհանրապէս արեւելեան մեղեդիներու հետ՝ ցուցադրելով բազմաձայնութեան մեծ վարպետութիւն[20]։ Այսպէս Չուխաճեանի ստեղծագործութիւններուն հայկական երաժշտութեան մէջ, առաջին անգամ յայտնուեցան բազմաձայնութեան ինքնատիպ ձեւեր[18]։ Կը նկատուի, որ իր ստեղծագործութեան մէջ տակաւին կը բացակայի հայ ազգային «ֆոլքլորը» ժողովրդական աւանդավէպը՝ (folklore) գիւղական ժողովրդական երգերը եւ այլն։ Այդ շարժումը հայ դասական երաժշտութեան մէջ սկիզբ կ'առնէ միայն 1880-ական թուականներուն[21]։

 
«Արշակ Բ․» օփերայի երգի նօթաշարէն էջ մը

Մեծապէս օժտուած երգահան ըլլալով, Չուխաճեան կը շրջէր քաղաքի փողոցները լսելով եւ նշելով մեղեդիներու հատուածներ, «ռիթմիք մոթիֆներ» (չափական բներգ), զանոնք իր ստեղծագործութիւններուն մէջ օգտագործելու համար[14]։ Իր երաժշտական ոճի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր խաղցած են իտալական օփերայի դպրոցը եւ ֆրանսական օփերեթը։ 1868 թուականին Չուխաճեանը կը գրէ հայկական առաջին ազգային օփերան՝ «Արշակ 2-րդ»-ը[7][14][22][23][24]։

1870-ական թուականներէն սկսած Չուխաճեան աշխատած է երաժշտական կատակերգութիւններու եւ օփերեթներու վրայ։ Անոնց մէջ երգահանը նրբօրէն կը քօղարկէ ազգային, ընկերային եւ քաղաքական ակնարկները, առաջնային ծրագիր մղելով կենցաղային եւ երգիծական տարրեր, ռոմանթիկ զգացողութիւններ։ Յատկապէս օփերեթներուն մէջ կը զգացուի հայկական քաղաքային երաժշտական ֆոլքլորի ազդեցութիւնը։ Ան կը սկսի համագործակցիլ հայ եւ իտալացի երգաթատերագիրներ՝ (լիպրեթիսթներու - անգլ.՝ librettist) Տ. Նալեանի, Ալպորեթոյի եւ այլոց հետ։ 1872 թուականին, Կոկոլի «Ռեւիզորի» պատմութեան հիման վրայ, երգահանը կը գրէ «Արիֆի խորամանկութիւն» օփերեթը (երգաթատերագիրք թրքերէն լեզուով՝ հայերէն տառերով), առաջինը՝ հայ դասական երաժշտութեան մէջ, 1873 թուականին՝ «Քէօսա Քեհեա» («Ճաղատ տանուտէր») օփերեթը (երգաթատերագիրքի հեղինակ՝ Գէորգ Ռշտունի) եւ ճիշտ նոյն տարին կը բեմադրուի Վարդովեանի թատրոնին մէջ։ «Քէօսա Քեհեան» սկզբնական շրջանին բեմադրուեցաւ աւելի քան 60 անգամ[9]։ Օփերեթներէն ամէնայայտնին կը դառնայ «Լէպլէպիճի Հօր-հօր Աղան», որ Չուխաճեան աւարտած է 1875 թուականին։ Այդ օփերեթներուն մեծ ճանաչում կը բերէ երաժշտութեան քնարականութիւնը, գործողութիւններու զարգացման շեշտակիութիւնն ու սրամտութիւնը, կենդանի եւ դիպուկ բնութագրութիւնները[25]։ Ինչպէս կը նշէ Ե. Պարվարթը, իր օփերեթային ստեղծագործութիւններուն մէջ Չուխաճեան կրած է օփերեթի արեւմտաեւրոպական վարպետներու՝ Ժ. Օֆֆենպախի (Jacques Offenbach), Շ. Լեքոկի եւ Ֆ. Զուփփէի ազդեցութիւնը[26]։ Ըստ «Օքսֆորտի օփերային բառարանին», այդ օփերեթները կ'արտացոլեն հայկական կենցաղն ու ժամանակի բարքերը։ Իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը հրապարակուած են դեռ 1870-1880-ական թուականներուն։ 1890 թուականին երգահանը աւարտած է «Զեմիրէ» օփերա-պարիկներու (fairy) հեքիաթապատումը։ Այս ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը բեմադրուած է հեղինակի կենդանութեան օրօք։ Չուխաճեանի համերգային ստեղծագործութիւնները կատարած է նաեւ Սինանեանի նուագախումբը[27]: 1897 թուականին մամուլի մէջ լուրեր կը յայտնուին այն մասին, որ Չուխաճեան աւարտած է «Ինտիանա» օփերան։ Միլան (Milan) քաղաքի ուսման շրջանէն սկսած՝ երգահանին յետագայ ստեղծագործութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցեր է Ճ. Վերտիի երաժշտութիւնը[11][28]։

External video
  Հատուածներ «Արշակ Բ.» օփերայէն

Երաժշտական քննադատ Ատոլֆօ Թարրասոն Չուխաճեանի ստեղծագործութեան մասին գրած է.

  «Տիգրան Չուխաճեանն առաջին երգահանն էր, որ կիրառեց եւրոպական երաժշտութեան արուեստի հմտութիւնը արեւելեան երաժշտութեան մէջ։ Անոր խիստ իւրայատուկ միտքերը, երաժշտական լեզուի թարմութիւնը, փայլուն գործիքաւորումը, ամէն ինչ ներծծուած է Արեւելքի լոյսով: Անոր յօրինուածքը լի է հմայքով եւ իշխանութեամբ, ուշագրաւ է իր համադրութեան եւ փոխլրացման կատարելութեամբ»
- (Revue Theatrale, 1904 Paris, No. 16 )[14]
 


Չուխաճեան հեղինակն է նաեւ՝ սերպ-թրքական պատերազմի[25] մասին պատմող «Ալեքսինազ» երաժշտական տրամային։ Ըստ երաժշտական քննադատ Պ. Խերթելենտիի, Չուխաճեանը գլխաւորապէս Պել քանթօ (Bel canto) ոճի երգահան է։ Երաժշտական ազդեցութիւններու առումով անոր ստեղծագործութիւնը կը տատանի Պելլինիի (Vincenzo Salvatore Carmelo Francesco Bellini) եւ Պորոտինի (Alexander Porfiryevich Borodin) միջեւ՝ դառնալով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի իսկական խառնուրդ։ Երգահանը կեդրոնացած է հիմնականօրէն զուգերգներու եւ արիաներու վրայ՝ թատերական պահերու մանրամասն ու հազուադէպ ներկայացումով[29]։ Ըստ «Օփերայի համառօտ պատմութեան»[10] եւ «Օքսֆորտի օփերային բառարանի» հեղինակներուն[30], հանդիսանալով թրքական լուծէն Հայաստանի ազատագրման մոլի համախոհ, Չուխաճեան ազգայնականութեան շունչ հաղորդած է իր ստեղծագործութիւններուն։

Արշակ Բ․

Խմբագրել

«Արշակ Բ.» առաջին հայ ազգային օփերան է[10][19][22][25][31][32] եւ Չուխաճեանի գլուխգործոցը[11]։ Երգահանը օփերան աւարտեց 1868 թուականին, Կոստանդնուպոլիս։ Երկլեզու (հայերէն, իտալերէն) թատերակի հեղինակն էր՝ բանաստեղծ եւ թատերագիր Թովմաս Թերզեանը։ Օփերան հրապարակուեցաւ 1871 թուականին[33]։ Իր ոճով Թերզեանի թատերակը քնարա-թատերական ժանրի շարքին կը դասուի։ Թերզեանի իտալերէնով գրուած գիրքը, օփերայի աւարտի մասին արձանագրութիւնը, դրոշմեց հայ ազգային օփերայի ծնունդը[14]։

Առաջին բեմադրութիւնը հատուածաբար իրականացած է 1868 թուականի Մարտ 10-ին՝[34] «Նաում» թատրոնին մէջ[10], իտալական թատերախումբի մը կողմէ։ Երգահանը մտադիր էր օփերան ամբողջութեամբ բեմադրել յաջորդ՝ 1869 թուականին[16], սակայն չէ յաջողած՝ Օսմանեան կայսրութեան ստեղծած անբարենպաստ պայմաններուն[35] եւ անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու եւ աղբիւրներու բացակայութեան պատճառով։ Հեղինակի կենդանութեան օրօք առանձին համարներ համերգային կատարմամբ[25] հնչած են Կոստանդնուպոլսոյ («Օլիմփիա» անուանումով), Վենետիկի եւ Փարիզի մէջ[14]։ 1873 թուականին օփերայէն հատուածներ ներկայացուած են Վիեննայի միջազգային ցուցահանդէսին[36]։

 
«Արշակ Բ» օփերայի նախերգանքի դաշնամուրային փոխակերպման առաջին էջը՝ հրատարակուած «Օլիմփիա» անունով (Կոստանդնուպոլիս, 1900 թ

«Արշակ Բ.» օփերան գրուած է Ռոսինիի, Պելլինիի եւ յատկապէս՝ վաղ շրջանի Վերտիի՝ 19-րդ դարու առաջին կիսուն իտալական պատմական-ռոմանթիք օփերայի աւանդոյթներով[25][37]։ Մարմնաւորելով թատերակի քնարական գաղափարը՝ Չուխաճեան նրբօրէն կը բացայայտէ նաեւ օփերայի հերոսական եւ թատերական գիծերը։ Գլխաւոր կերպարներն են՝ Մեծ Հայքի թագաւոր Արշակ Երկրորդը, Ողիմպիա թագուհին, Փառանձեմ իշխանուհին, իշխան Գնելը, Տիրիթը եւ ուրիշներ[38]։ Հայոց պատմութենէն վերցուած նիւթերը հիմնուած են Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բիւզանդի տուած տեղեկութիւններուն վրայ[39]։ Գործողութիւնները կը ծաւալին Արմաւիրի մէջ, 365-367 թուականներուն՝ Հայաստանի, Պարսկաստանի եւ Հռոմի միջեւ բարդ յարաբերութիւններու ժամանակաշրջանին։ Իր գրական-երաժշտական գաղափարով օփերան կը ցոլացնէ նաեւ 19-րդ դարու հայ ժողովուրդի ազգային եւ ընկերային ազատագրման ձգտումը[25]։ Տեսակի առումով, «Արշակ Բ.» կը պատկանի եւրոպական «Մեծ օփերա» (Grand opera) դասին, ուր կ՚օգտագործուին սիմֆոնիք մեծ նուագախումբ, երգչախումբ եւ փողային համոյթ, զանգուածային տեսարաններու ներկայացումով։

Չուխաճեանի մահէն ետք, 1920 թուականին, անոր այրին՝ Ա. Ապազեանը, երգահանի ձեռագիրները ուղարկած է Հայաստան[40]։ Անոնք յայտնաբերուած են երաժշտագէտ Գ. Տիգրանի կողմէ 1942 թուականին[41], որմէ ետք սկսած է ստեղծագործութեան երկրորդ կեանքը։ Օփերան ամբողջութեամբ ներկայացուած է լայն հասարակութեան 1945 թուականի Նոյեմբեր 29-ին[42]։ Նոր բեմադրութեան համար թատերակը մշակած է Արմէն Գուլակեանը, խմբավարն էր Միքայէլ Թաւրիզեանը։ «Արշակ Երկրորդը» բեմադրուած է Նափոլի, Վիեննա եւ այլուր[43]։ 1956 թուականին օփերան բեմադրուած է Մոսկուայի մեծ թատրոնին մէջ[43], 2001 թուականին՝ Միացեալ Նահանգներ[44]։

Սան Ֆրանսիսքոյի օփերայի երաժշտական ղեկավար, երաժշտագէտ Քլիֆորտ Քրաննը «Արշակ Երկրորդ»-ի մասին գրած է.

  Իր անզուգական պալատական յեղաշրջումներով, սպանութեան փորձերով եւ սիրային հակամարտութեամբ «Արշակ Բ.» օփերան կու տայ այն բոլորը, ինչ կարելի է սպասել իսկական թատերախաղէն[44]։  


«Արշակ Բ.»-ի մասին խօսելով՝ երաժշտական քննադատ Տ. Սթիւընսը նկատած է 19-րդ դարու կիսուն իտալական օփերայի ազդեցութիւնը՝ ընդգծելով ստեղծագործութեան հզօր քնարական արտայայտչականութինը եւ աղերսները՝ Վերտիի ստեղծագործութեան հետ[45]։

Զեմիրէ

Խմբագրել

«Զեմիրէն» Չուխաճեանի վերջին լայնածաւալ օփերան է, գրուած 1890 թուականին։ Թատերակին (libretto) հեղինակն է Տիգրան Գալէմճեանը։ Օփերան կազմուած է չորս գործողութիւններէ։ Սիւժէի հիմքն արաբական հեքիաթն է։ Նախնական անուանումն է՝ «Ebudia e Zemire»։ Օփերան բեմադրուած է Կոստանդնուպոլիս, ֆրանսական եւ իտալական թատերախումբերուն համատեղ ուժերով[7]։ Առաջին անգամ «Զեմիրէն» ամբողջութեամբ ցուցադրուած է 1891 թուականի Ապրիլ 12-ին ֆրանսական «Concordia» թատրոնին մէջ[30][46]։ Քանի մը տարի անց, եւրոպական թատերական առաջին ներկայացման համար (premiere), թարգմանուած է իտալերէն (Ֆրանսինի)։ Տեղեկութիւններ կան, որ օփերան բեմադրուած է իտալական թատերական ընկերութեան եւ Թոմասսօ Ֆրանսինիի կողմէ, «French Palais de Crystal Theater» թատրոնին մէջ, 1894 թուականին։ Այն ժամանակուան կոստանդնուպոլսեան մամուլի հաղորդագրութիւններուն համաձայն՝ կը նախատեսուէր ստեղծագործութիւնը բեմադրել նաեւ Վիեննա, այնուհետեւ՝ Փարիզ, սակայն այդ մտադրութիւնները մնացած են անկատար[46]։ Հակառակ «Զեմիրէ»-ի յաջողութեան, անիկա չբարելաւեց հեղինակի նիւթական վիճակը։

Օփերան կ՚ընդգրկէ կատակերգութեան տարրեր եւ կը դասուի որպէս «կիսալուրջ» ժանր։ «Զեմիրէ» երեւակայական (fantastic) նիւթով սիրոյ յուզիչ պատմութիւն է, ուր ներկայ են այնպիսի կերպարներ, ինչպէս խորհրդապաշտ արարածները եւ ամէնազօր մեծ հրաշագործը[46]։ Գլխաւոր գործող անձերն են՝ Զեմիրէն՝ Պենեզար ցեղի առաջնորդի դուստրը, Էպուտիան՝ մեծ հրաշագործը, Էլսանթուրը՝ Էպուլղանա ցեղի առաջնորդի որդին եւ ուրիշներ։ 1965 թուականին Բ. Սաքքիլարի փորձեց բեմադրել ստեղծագործութիւնը Երեւանի մէջ։ Ձայնագրուեցան նաեւ օփերայի առանձին հատուածներ։ 2008 թուականին «Զեմիրէ»ն բեմադրուեցաւ ԱՄՆ-ի մէջ[47]։ Օփերայի առաջին ամբողջական բեմադրութիւնն էր աւելի քան հարիւր տարուան ընդմիջումէ ետք[48]։

  Ներկայացման ամբողջ ընթացքին ինձ հետ էր հիացմունքի զգացողութիւնը Չուխաճեանի հսկայական փորձի եւ վարպետութեան հանդէպ, եւ որ, ինչպէս նա տիրապետում է օփերային ժանրը եւ թափանցում է նրա ամենախորերը...[49]
- Տիգրան Մանսուրյան
 


Օփերայի ներկայացումը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, փաստեց օփերային արուեստի աւանդոյթներու զարգացման սկիզբը, Թուրքիոյ մէջ[30]:

Ինտիանա

Խմբագրել

Չուխաճեանի առաւել յայտնի օփերային ստեղծագործութիւնն է, գրուած՝ տարբեր տուեալներով, 1897 թուականին կամ 1870-ական[28] թուականներու երկրորդ կիսուն։ Թատերակ (libretto) Յովսէփ Եազըճեանի[50], գրուած Ապու ուլհաք Համիտի համանուն ստեղծագործութեան հիման վրայ[50]։ Իր ժանրով «Ինտիանան» հայրենասիրական օփերա է, երաժշտագէտ Ա. Ասատրեանի կարծիքով, երգահանի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը[50]։ Օփերայի ձեռագիրները կը պահպանուին Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի[50] Չուխաճեանի արխիւին մէջ։ Օփերան ուսումնասիրուած է նաեւ երաժշտագէտներ Գ. Ստեփանեանի[51] եւ Մ. Մուրատեանի կողմէ[52]։

Լեպլեպիճին

Խմբագրել
 
1870-ական թուականներուն «լեպլեպիճի» օփերեթը կատարող խումբը։

«Լեպլեպիճին» («Ոլոռն վաճառողը») «Լեպլեպիճի Հօր-հօր Աղա» Չուխաճեանի երկրորդ եւ ամէնաշատ ճանչցուած օփերեթն է, գրուած՝ 1875 թուականին[7]։ Թատերակի հեղինակ՝ Թագւոր Նալեան։

Ստեղծագործութիւնը սկզբնապէս կատարուած է թրքերէն՝ պաշտօնական գրաքննութիւնը շրջանցելու նպատակով, հակառակ անոր, որ օփերեթի թատերակը թարգմանուած է հայերէնի եւ այն ալ Չուխաճեանի կենդանութեան օրօք[13]։ Օփերեթի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է 1875 թուականի Նոյեմբեր 17-ին «Français» թատրոնին մէջ[13]։ Առաջին իսկ բեմադրութենէն ետք օփերեթը հսկայական յաջողութիւն ունեցած է: Կոստանդնուպոլսոյ եւ Անդրկովկասի մէջ բեմադրուած է աւելի քան 100 անգամ[9]։ Ստեղծագործութիւնը կը համադրէ կենցաղային կատակերգութեան գիծերը եւ 19-րդ դարու պուրժուա-ազնուական հասարակութեան ընկերային երգիծանքը։

«Լեպլեպիճի»ի եւ Չուխաճեանի միւս օփերեթներու տարածման եւ ժողովրդականացման նպաստեց նաեւ Սերովբէ Պենկլեանի արհեստավարժ օփերեթային թատերախումբը[53], որ Պենկլեանի եւ Չուխաճեանի համատեղ ուժերով կազմակերպուած առաջին մշտապէս գործող արհեստավարժ օփերեթային թատերախումբն է[54][55] Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

20-րդ դարու սկիզբը օփերեթը թարգմանուեցաւ յունարէնի եւ գերմաներէնի[56]։ «Լեպլեպիճի»ն ներկայացուած է Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Պալքաններու, Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր բեմերուն վրայ, հանրային ճանաչում բերելով հեղինակին[9][25]։

1943 թուականին Տ. Սարեան առաջին անգամ օփերեթը բեմադրեց Հայաստանի մէջ։ Այդ ժամանակ ալ առաջարկուեցաւ ստեղծագործութեան նոր անուանումը՝ «Կարինէ»։ Անուանափոխուեցան նաեւ գլխաւոր հերոսներն ու հերոսուհիները, բացի Հօր-հօր աղայէն։

2011 թուականին օփերեթը ներկայացուեցաւ Մարսէյլի «Օտէոն» թատրոնին մէջ[57]։

Այլ Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Չուխաճեան հեղինակ է թատերական ներկայացումներու եւ թատերախաղերու համար գրուած շարք մը երաժշտական ստեղծագործութիւններու։ Անոր գործերը, ազգային՝ բներգական եւ երաժշտական լեզուով, տոգորուած են հայրենասիրութեամբ։ Աւելի շատ յայտնի են անոր երաժշտական ստեղծագործութիւնները՝ գրուած Պետրոս Դուրեանի «Վարդ եւ Շուշան», Տ. Գալէմճեանի «Արա Գեղեցիկ Կամ Սէր եւ Հայրենիք», Թ. Թերզեանի «Սանդուխտ», Ս. Թղլեանի «Տրդատ Մեծ եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ներկայացումներուն համար։

Ստեղծագործութեան այս շրջանին առաւել յատկանշական է Ռ. Սեֆեճեանի «Վարդան Մամիկոնեան՝ հայրենեաց փրկիչ» բեմադրութեան համար գրուած երաժշտութիւնը (1867), որուն ներկայացումը վերածուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տիրող վարչակարգին դէմ քաղաքական բողոքի։ Ըստ Ե. Պարվարթի, «Մենք հայ ազգի զաւակներն ենք» ստեղծագործութիւնը նոյնպէս բողոք է թրքական տիրապետութեան դէմ[26]։ Անոր «Թատրոնի Երգը» հայկական թատրոնի բացայայտ արժէք եւ նշանակութիւն ստացաւ։

Չուխաճեան հեղինակն է նաեւ «Գարուն» ռոմանսին (խօսք՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի)[58], որ առաջիններէն էր հայ դասական երաժշտութեան մէջ եւ «Զէյթունցիներու Քայլերգ»ին, որ ազգային-ազատագրական պայքարի օրհներգի նշանակութիւն ստացաւ[59]։ Ըստ Ա. Ասատրեանի՝ այդ ստեղծագործութիւնը Արամ Խաչատրեանի կողմէ առաջարկուած է որպէս Խորհրդային Հայաստանի օրհներգի տարբերակ[59]։ Ազգային-ազատագրական պայքարի թեման կարեւոր տեղ կը գրաւէր երգահանի ստեղծագործութեան մեջ։ Շ. Փերինչեք կը նշէ.

  Չուխաճեանի կողմէ գրուած «Համիտիէ Քայլերգը» իրականութեան մէջ ուղղուած էր սուլթանական վարչակարգին դէմ։ «Հայրենիք կամ Սիլիսթրան», «Էգէեան ժողովրդական քայլերգները» նոյնպէս գրուած են այս երգահանին կողմէ[60]։  


Չուխաճեան Կոստանդնուպոլսոյ հայ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի յիշատակին նուիրուած «Ռեքվիեմի» հեղինակն է։ Բացի այդ, անոր գրիչին կը պատկանի նաեւ «Զէյպեկլեր» երգիծական օփերան, որուն ձեռագիրները, ցաւօք, չեն պահպանուած[61]։

Սիմֆոնիք եւ դաշնակի համար գրուած ստեղծագործութիւններէն յայտնի են «Գաւոտը» (ջութակի, թաւ ջութակի, դաշնակի եւ հարմոնիայի համար), «Չորս ֆուկան» (լարային նուագախումբի եւ քառեակի համար)[62], «Աւէ Մարիան» (դաշնակի համար)[63] եւ այլն։ Անոր դաշնակի համար ստեղծագործութիւնները հրատարակուած են դեռ 1870-1880-ական թուականներուն[18]։ Շատ աւելի յայտնի «Cascade de Couz» «Թոքաթա»ն հրատարակուած է Կոստանդնուպոլիս, 1887 թուականին[64]։

Որոշ Դաշնամուրային եւ Նուագարանային Ստեղծագործութիւններու Հակիրճ Ցանկ

Խմբագրել
  • «Movement Perptuel»
  • «Perpetum mobile»
  • «Cascade de couz»
  • «Illusion (valce)»
  • «Apres La Gavotte»
  • «Deux Fantaisies Orientales»
  • «La Lyre Orientale»
  • «Laura»
  • «Rapelle-tois»
  • «Romans»

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Faceted Application of Subject Terminology
  2. muziekweb.nl
  3. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  4. 4,0 4,1 Чухаджян Тигран Геворгович // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  5. International Music Score Library Project — 2006.
  6. Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտական թատրոնը
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 7,5 «Музыкальная энциклопедия, 1973»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-12-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-17 
  8. Eva-Maria Barwart "Armenische Volksmusik. Tradition einer christlichen Minderheit im Wandel der Zeit", 2009 (գերմ.)
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 9,6 A. Keshishian-Mouradian "Tigran Tchouhadjian's Zemire Operetta In It Los Angeles Revival After 117 Years"
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 John Hamilton Warrack Ewan West "The concise Oxford dictionary of opera", 1996
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 11,4 «Театральная Энциклопедия, 1961»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-08-03-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-17 
  12. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 12, էջ 467
  13. 13,0 13,1 13,2 S. Dadoyan.։ «Garine» (pdf) (ֆրանսերեն) [permanent dead link]
  14. 14,0 14,1 14,2 14,3 14,4 14,5 14,6 «GARINE par Gérald Papasian»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-18-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-17 
  15. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան «Խորհրդային Հայաստան», էջ 595
  16. 16,0 16,1 Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 9, էջ 66-67
  17. Dikran Çuhacıyan Efendi (թուրք.)
  18. 18,0 18,1 18,2 18,3 18,4 Апоян Ш. А. Армянская фортепианная музыка в досоветский период развития : Сб. — 1959. — С. 149-161.
  19. 19,0 19,1 Музыкальный энциклопедический словарь. — М.: Советская энциклопедия, 1990.
  20. Х. Кушнарев. {{{заглавие}}}. — Л., 1958.
  21. Армянская советская энциклопедия. — С. 578.
  22. 22,0 22,1 Р. А. Атаян. Армянская Советская Социалистическая Республика. XVI. Музыка // Большая советская энциклопедия.
  23. «Ереванская государственная консерватория им. Комитаса»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-08-17-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-03 
  24. Donald Jay Grout, Hermine Weigel Williams. A Short History of Opera. — 4. — Columbia University Press, 2003. — С. 672. — 1030 с. — ISBN 9780231119580"Tigranyan's first opera, Anush, firmly established an Armenian national opera style."
  25. 25,0 25,1 25,2 25,3 25,4 25,5 25,6 {{{заглавие}}}. — М.: Советская энциклопедия, 1961. — Т. I. — С. 293—294.
  26. 26,0 26,1 Eva-Maria Barwart. Armenische Volksmusik. Tradition einer christlichen Minderheit im Wandel der Zeit. — 2009. — С. 42. (գերմ.)
  27. Армянская советская энциклопедия. — С. 386.
  28. 28,0 28,1 Opera Information Directory. Opera Composers
  29. The Independent Observer of San Francisco Bay Area Opera, 10 September 2001:"…Chukhadjian was a talent, with the melodiousness of a prime bel canto composer. He straddles a region between Bellini (minus the coloratura) and Borodin, a true amalgam of east and west. Like the bel canto players, he rarely fleshes out dramatic moments, but focuses rather on alluring duets and arias…"
  30. 30,0 30,1 30,2 Donald Jay Grout, Hermine Weigel Williams., A short history of opera։
  31. Чухаджян Тигран Геворгович // Большой Российский энциклопедический словарь.
  32. George Grove, Stanley Sadie. {{{заглавие}}}.
  33. Agop Jack Hacikyan, Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk. The Heritage of Armenian Literature: From the Eighteenth Century to Modern Times. — Wayne State University Press, 2005. — С. 381.
  34. N. Tahmizian. The life and work of Dikran Tchouhadjian. — Los Angeles: Drazark Press, 2001. — С. 35.
  35. David Stevens. An Armenian Opera: First Take.
  36. {{{заглавие}}}. — 1901. — № 19.
  37. Введенский Б. А. Большая советская энциклопедия. — С. 485.
  38. San Francisco Opera Association, War Memorial Opera House, 2001—2002, Arsace Secondo, Page 1 of 3
  39. Kevork B. Bardakjian. A reference guide to modern Armenian literature, 1500-1920: with an introductory history. — Wayne State University Press, 2000.
  40. The California Courier. —Los Angeles, August 24, 2000.
  41. М. Рухкян. Премьера «Аршака II»: напоминание о проблемах // Голос Армении. — 2007. — № 105 (Электронная версия).
  42. Опера «Аршак II» на сайте Abril Books
  43. 43,0 43,1 Р. Давтян. Анна Асатрян. “Аршак II” – первая армянская опера. // Ист.-филол. журн.. — 2007. — С. 290-293. (հայ.)
  44. 44,0 44,1 «Музыкант, открывший американцам «Аршака II»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-20-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-19 
  45. An armenian opera: first take // International Herald Tribune. — 17 October 2001.: «Arshak II comes across as basically a well-made mid-19th-century Italian opera, even in Armenian, and Chukhadjian displays a strong and well-shaped lyric expressiveness, influenced particularly by an obvious familiarity with the idiom of early Verdi.»
  46. 46,0 46,1 46,2 Dikran Tchouhadjian Zemire
  47. «Armenian General Benevolent Union — AGBU Press Office»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  48. «Zemire Organizing Committee»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-11-06-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-03 
  49. Т. Мансурян После 117 летнего перерыва в Лос-Анджелесе был поставлен опера «Земире» Чухаджяна // газета «Азг», приложение «Культура». — 05-07-2008. — № 013. (հայ.)
  50. 50,0 50,1 50,2 50,3 А. Асатрян. Музыкальный театр Тиграна Чухаджяна. Возникновение и первый этап развития армянского оперного искусства. // Ист.-филол. журн. — 2008. — № 2. — С. 75-77.
  51. Г. Степанян. Нововыявленная опера Тиграна Чухаджяна // Гарун. — 1977. — № 4.
  52. М. Мурадян. О клавире оперы Индиана // Гарун. — 1977. — № 4.
  53. Театральная Энциклопедия. — М.: Советская энциклопедия, 1961. — Т. I. — С. 537.
  54. Музыкальный энциклопедический словарь. — 1990.
  55. Армянская музыка // Музыкальный словарь.
  56. G. Papasian.։ «Garine ou Leblebidji Hor-Hor Agha» (pdf) (ֆրանսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-24 
  57. Оперетта “Карине” Чухаджяна будет представлена армянскому зрителю // Panarmenian. — Июль 27, 2012.
  58. Agop Jack Hacikyan, Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk. The Heritage of Armenian Literature: From the Eighteenth Century to Modern Times. — Wayne State University Press, 2005. — С. 287.
  59. 59,0 59,1 А. Асатрян. Размышления о трагедии, разыгравшейся с государственным гимном страны. — № 1.
  60. Şule Perinçek. The Contributions of the Armenian People of Culture to the Turkish Revolution and Nation
  61. Армянская советская энциклопедия. — С. 553.
  62. Тигран Чухаджян, Гавот, Четыре фука, Каир, 2000
  63. Тигран Чухаджян, Аве Мария, Каир, 2000
  64. «Фортепианные токкаты армянских композиторов»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-05-13-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-03