Ասատուր Շ․ Մնացականեան

Ասատուր Շ․ Մնացականեան (11 Յուլիս 1912, Ղզըլթամուր - 27 Յունիս[2], 1983, Երեւան), ձեռագրագէտ-մատենագէտ, աղբիւրագէտ-թեքստաբան։

Ասատուր Շ․ Մնացականեան
Պատկեր:Ասատուր Մնացականյան.jpg
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ասատուր Շեմս[1]
Ծնած է 11 Յուլիս 1912
Ծննդավայր Ղզըլթամուր, ներկայիս՝ Ոսկեվազ
Մահացած է 27 Յունիս, 1983
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Վրաստանի գյուղատնտեսական համալսարան?[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1]
Մասնագիտութիւն պատմաբան, բանասէր, արուեստագէտ
Աշխատավայր Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Մատենագիտութեան եւ Մանրանկարչութեան Բաժինի վարիչ
Երեխաներ Մամիկոն Մնացականյան?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ասատուր Շմաւոնի Մնացականեան ծնած է Ղզըլթամուր (այժմ՝ Աշտարակի շրջանի Ոսկեվազ) գիւղը, 11 Յուլիս 1912-ին։ Ան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի տարրական Օշականի եօթնամեայ դպրոցներուն մէջ։ Ապա՝ միջնակարգ ուսումը՝ Վաղարշապատի (այժմ՝ Էջմիածին) գիւղատնտեսութեան դպրոցին մէջ, որուն ընթացքը աւարտելէ ետք՝ որպէս մասնագէտ գիւղատնտես կը մեկնի աշխատանքի՝ Վաղարշապատի, Հոկտեմբերեանի, Կիրովականի եւ Թալինի շրջաններուն մէջ։ 1933 թուականին ան մուտք կը գործէ Թիֆլիսի Գիւղատնտեսական Ինստիտուտը, որուն ընթացքը կ՚աւարտէ 1939 թուին։ 1940 թուականին Աս․ Մնացականեան կը հաստատուի Երեւան, ուր պաշտօնի կը կոչուի Էջմիածնէն Երեւան նոր տեղափոխուած Մատենադարանին (հետագային՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան) մէջ։ 1942 թուականին կը մեկնի բանակ, ու մինչեւ 1945 թուական կը մասնակցի Համաշխարհային Բ․ Պատերազմի կռիւներուն։ Պատերազմի աւարտին՝ զօրացրուելէ յետոյ, կը վերադառնայ Մատենադարան, ուր եւ կը շարունակէ պաշտօնավարել իր կեանքի մնացեալ բոլոր օրերուն։

Հայագիտութեան հանդէպ իր ունեցած անսահման նուիրուածութիւնը կը մղէ Ա․ Մնացականեանը յամառ ինքնաշխատութեամբ մասնագիտանալու բանասիրութեան ու պատմագիտութեան մարզերուն։ 1958 թուականին ան կը ստանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Թեկնածու աստիճանը, պաշտպանելէ ետք «Հայկական Միջնադարեան Ժողովրդական Երգեր» խորագրով իր թեզը, իսկ 1964 թուականին՝ կ՚արժանանայ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր աստիճանին, «Հայկական Զարդարուեստը» վերնագրուած իր աւարտաճառը պաշտպանելէ ետք։

Ձեռագրագէտ-մատենագէտ, աղբիւրագէտ-տեքստաբան Աս․ Մնացականեան տարիներ շարունակ կը վարէ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Մատենագիտութեան եւ Մանրանկարչութեան Բաժինը, երբ գիտական-ստեղծագործական իր բեղուն աշխատանքին զուգահեռ՝ իբրեւեւ ղեկավար եւ ուսուցիչ, հոգատարութեամբ կը նուիրուի երիտասարդ գիտնականներ պատրաստելու պատասխանատու առաքելութեան։

1973 թուականին Աս․ Մնացականեան կ՚արժանանայ Փրոֆեսօրի կոչումին։ Ան պարգեւատրուած է «Պատուոյ Նշան» շքանշանով, Հայկական ՍՍՀ Գերագոյն Սովետի Պատուգրով, ինչպէս եւ այլ շքանշաններով։

Աս․ Մնացականեանի քառասուն տարիներու գիտական վաստակը կը հաշուէ մեծ ու փոքր, տպագիր ու անտիպ շուրջ երկու հարիւր աշխատասիրութիւններ, որոնց մէկ կարեւոր մասը կը մնայ հայագիտական մամուլին մէջ։ 1941 - 1942 թուականներուն, ըստ Մատենադարանի ձեռագրական տուեալներուն, ան կը կազմէ «Հայ Միջնադարեան Բանաստեղծութեան Մատենագիտութիւն»ը, եւ «Միջնադարեան Գեղարուեստական Արձակի Մատենագիտութիւն»ը, իսկ 1959 թուականին՝ «Միջնադարեան Հայ Մանրանկարչութեան Ուղեցոյց»ը։ Ակադ․ Լեւոն Խաչիկեանի հետ համագործակցաբար Աս․ Մնացականեան կը խմբագրէ ու հրատարակութեան կը պատրաստէ «Ցուցակ Ձեռագրաց Մաշտոցի Անուան Մատենադարան»ի երկու հատորները (Երեւան, Ա․ հատոր, 1965, Բ․ հատոր, 1970

Աս․ Մնացականեանի գիտական նախաձեռնութեան գլուխգործոցը կը հանդիսանայ «Մայր Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց» բազմահատոր աշխատասիրութիւնը, որուն՝ ան նուիրուած է ամբողջ քսանհինգ տարիներ։ Ծրագրով երկու տասնեակ հատորներու առաջին հինգ հատորները ան պատրաստած է արդէն, իսկ առաջինը՝ հրատարակուած, խմբագրական աշխատակցութեամբ Օ․ Եգանեանի․ «Մայր Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Մաշտոցի Անուան Մատենադարան»ի (Երեւան, 1984

Աս․ Մնացականեանի հեղինակն է նաեւ ԺԲ․-ԺԴ․ դարերուն «Հայ Գեղարուեստական Գրականութիւնը» («Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն», Ակադ․ հրատ․, Գ․ հատոր, Երեւան, 1976, էջ 851-879) եւ ԺԴ․-ԺԸ․ դարերուն «Հայ Գեղարուեստական Գրականութիւն»ը («Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն», Ակադ․ հրատ․, Դ․ հատոր, Երեւան, 1972, էջ 510-568) ուսումնասիրութիւններուն։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Աս․ Մնացականեան առանձին հատորներով հրատարակած է՝

  • Նաղաշ Յովնաթան,
  • Բանաստեղծութիւններ (հեղինակակից՝ Շ․ Նազարեան, Երեւան, 1951),
  • «Հայկական Զարդարուեստ» (Երեւան, 1955),
  • «Հայկական Միջնադարեան Ժողովրդական Երգեր» (Երեւան, 1956),
  • «Պաղտասար Դպիր»,
  • «Տաղիկներ Սիրոյ Եւ Կարօտանաց» (հեղինակակից՝ Շ․ Նազարեան, Երեւան, 1958),
  • «Աղուանից Աշխարհի Գրականութեան Հարցերի Շուրջը» (Երեւան, 1966, նոյնը՝ ռուսերէնով, Երեւան, 1969),
  • «Գրիգոր Տղայ»,
  • «Բանաստեղծութիւններ Եւ Պոէմներ» (Երեւան, 1972),
  • «Հայ Միջնադարեան Հանելուկներ», Ե․-ԺԸ․ դարերուն (Երեւան, 1980) աշխատասիրութիւնները։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աս․ Մնացականեանի անտիպներուն մէջ ուշադրութեան արժանի կը մնան՝ «Նախաաբովեանական Շրջանի Հայ Գրականութիւնը», «Աղթամարի Որմնաքանդակների Նոր Մեկնաբանութիւնը», «Միջնադարեան Հայրէններ», ԺԳ․-ԺԷ․ դարերուն աշխատասիրութիւնները։

Ասատուր Մնացականեան կը մահանայ Յունիս, 1983 թուականին, Երեւան։ Երկու ամիս ետք աճիւնը փոխադրուած է հայրենի Ոսկեվազ գիւղ։[2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 652.
  2. 2,0 2,1 «ԱՍԱՏՈՒՐ ՄՆԱՑԱԿԱՆՅԱՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, խմբագիր Երուանդ Հ․ Քասունի, հատոր Ժ․, Պէյրութ, 1984, էջ 382-383-384։