Աստղակենսաբանութիւն

Աստղակենսաբանութիւն (էքզոկենսաբանութիւն), գիտութիւն, որուն ուսումնասիրման առարկան կեանքի ծագումը, բնաշրջումն ու տարածումը տիեզերքի մէջ: Աստղակենսաբանութիւնը կը հիմնուի բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, աստղագիտութեան, կենսաբանութեան, կազմուած մարմիններու եւ անոնց շրջապատի փոխյարաբերութեանց ուսումնասիրութեան, հնէաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան նուաճումներու վրայ՝ նպատակ ունենալով ուսումնասիրել այլ մոլորակներուն վրայ կեանքի ծագումի հաւանականութիւնը[2][3]: Շատ խնդիրներու լուծման ժամանակ մարդու տիեզերական տարածութիւն աշխուժ մուտք ունենալու հետեւանքով աստղակենսաբանութիւնը սերտօրէն կ'առնչուի Տիեզերական կենսաբանութեան եւ Տիեզերական բժշկութեան հետ: Աստղակենսաբանութիւնը կ'որոնէ կեանքի համար բարենպաստ պայմաններ ինչպէս Արեգակնային համակարգին մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս եւ կեանքի զարգացման հաւանականութիւնը երկրի եւ տիեզերքի բարդ պայմաններուն մէչ[4] (ինչպէս նաեւ նախակենսաբանական քիմիագիտութեան ապացոյցներու որոնումին եւ լապորատոր ու գործնական հետազօտութիւններ երկրի վրայ կեանքի զարգացման վաղ շրջաններու ուսումնասիրման համար):

Տիեզերքին մէջ նուկլեինաթթուներէն բացի կրնան ըլլալ կեանքի տեղեկութիւնը կրող այլ միացութիւններ եւս[1]:

Ծագումնաբանութիւն

Խմբագրել

Աստղակենսաբանութիւն հասկացողութիւնը յառաջացած է հին յունարէն` ἄστρον, աստրոն` աստղ, βίος պիոս` կեանք եւ λογία, լոկիա` գիտութիւն բառերէն: «Աստղակենսաբանութիւն» հասկացողութեան տարբեր հոմանիշներ կան, բայց անոնք բոլորն ալ իրենց մէջ կը ներառեն կենսաբանութիւնը եւ աստղագիտութիւնը բառերը: «Էքզոկենսաբանութիւնը» հոմանիշ հասկացողութիւնը յառաջացած է հին յունարէն` Έξω, էքզօ` արտաքին, βίος, պիոս` կեանք եւ λογία, լոկիա` գիտութիւն բառերէն: Անցեալին օգտագործուած է նաեւ մէկ այլ հասկացողութիւն՝ քսենոկենսաբանութիւնը (այսինքն այլմոլորակայիններու կենսաբանութիւն): Այդ բառը յօրինած է ֆանտաստ գրող Ռոպերթ Հայնլայնը իր «Աստղային գազան» վէպին մէջ[5]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել
 
Մարսի երկնաքար ALH84001-ը ունի միքրոսքոպիկ գոյացումներ, որոնք կրնային ստեղծուիլ միքրոօրկանիզմներու կողմէ:

Կա՞յ արդեօք կեանք տիեզերքի մէկ այլ մասին մէջ: Այդ ենթադրութիւնը կը հանդիսանայ ապացուցուող եւ հետեւաբար գիտական հետազօտութիւններու ազդեցիկ ուղղութիւն է: Ներկայիս աստղակենսաբանութիւնը կը հանդիսանայ ձեւականացած հետազօտութիւններու ուղղութիւն: NASA-ի հետաքրքրութիւնը այս գիտական ճիւղի նկատմամբ սկսաւ տիեզերական ծրագիրի զարգացման հետ մէկտեղ: 1959 թուականին NASA-ն ֆինանսաւորեց էքզոկենսաբանութեան իր առաջին ծրագիրը, իսկ 1960 թուականին ստեղծեց էկզոկենսաբանութեան[4][6] ուսումնասիրման համար ծրագիր: 1971 թուականին NASA-ն ֆինանսաւորեց SETI առաջարկը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել այլմոլորակային ռատիօազդանշանները: 1976 թուականին սկսած Վիքինկ ծրագիրը իր մէջ կը ներառէր 3 կենսաբանական փորձեր եւ որոնք ուղղուած էին Մարսի վրա կեանքի գոյութեան ապացոյցներու փնտռելուն: 1997 թուականին Mars Pathfinder գիտական սարքը վայրէջք կատարելով Մարսի վրայ հաւաքեց ապարաշերտի նմուշներ, որուն նպատակն էր յայտնաբերել մանրէներու քարացած[7] մնացորդներ ապարներու մէջ:

21-րդ դարու աստղակենսաբանութիւնը դարձաւ NASA-ի եւ Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան մէջ աճող հետազօտական առաքելութիւններու կեդրոն(Արեգակնային համակարգի ուսումնասիրութիւն): 2001 թուականին Իտալիոյ մէջ[8] տեղի ունեցաւ առաջին եւրոպական սեմինարը աստղակենսաբանութեան թեմայով, որուն արդիւնքը եղաւ Աւրորա[9] ծրագիրը: Ներկայիս NASA-ն կը վերահսկէ NASA-ի աստղակենսաբանութեան ինստիտուտը: Ամբողջ աշխարհին վրայ երթալով աւելի շատ համալսարաններ կը սկսին իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ մտցնել աստղակենսաբանութիւնը։ ԱՄՆ-ու Արիզոնայի համալսարանն է[10], Փենսիլուանիայի համալսարանը, Ուոշինկթընի եւ Մոնթանա նահանգի համալսարանները, Մեծ Բրիտանիոյ Քարտիֆֆի համալսարանը (ստեղծուած է աստղակենսաբանութեան կեդրոն)[11], Աւստրալիոյ մէջ Նոր Հարաւային Ուելսի համալսարանը[12][13]: Ռուսաստանի մէջ 2010 թուականէն ՌԳԱ-յի նախաձեռնութեամբ կազմաւորուեցաւ աստղակենսաբանութեան գիտական խորհուրդ[14]:

Աստղակենսաբանութեան եւ հետեւող աստղագիտութեան նուաճումներու ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ էքստրեմոֆիլներու յայտնաբերումը, որոնք օժտուած էին մեծ դիմացկունութեամբ բերին այն եզրակացութեան, որ կեանքը կրնայ ծաղկիլ եւ զարգանալ շատ մոլորակներու վրայ եւ իրենց արբանեակներուն մէջ: Ներկայիս մեծ ուշադրութեան արժանացած է Մարս մոլորակը, իր երկրին մօտ ըլլալու եւ երկրաբանական պատմութեան պատճառով: Կան բազմաթիւ ապացոյցներ, որ նախկինին Մարսի վրայ գոյութիւն ունեցած է զգալի քանակութեամբ ջուր, որ կը դիտարկուի որպէս կեանքի գոյութեան որոշիչ նախապայման ածխածինի հիման վրայ[15]:

Կեանքի յայտնաբերման ուղղուած առաքելութիւններէն էին՝ Վիքինկ եւ Պիկլ 2 մոտուլները, որոնք ուղարկուած էին դէպի Մարս: Վիքինկներու աշխատանքներէն կարելի է ենթադրել, որ անոնց վայրէջքի տեղամասին վրայ միքրօօրկանիզմներու քանակը շատ փոքր է կամ ընդհանրապէս չկայ: Պիկլ 2 մոտուլը ըստ երեւոյթի յաջողութեամբ վայրէջք կատարա է, բայց կապ չէ հաստատած Երկրի հետ: Աստղակենսաբանութեան մէջ մեծ դեր պէտք է խաղար Jupiter Icy Moons Orbiter առաքելութիւնը, որ նախատեսուած էր Երեւակ սառոյցէ արբանեակներու ուսումնասիրման համար, բայց այս օրագիրը չիրականացուեցաւ: 2008 թուականին Ֆենիքս վայրէջքային մոտուլը կ'ուսումնասիրէր Մարսի ապարաշերտը մանրէային հետքերու յայտնաբերումին, ինչպէս նաեւ ջուրի յայտնաբերման նպատակով: Այս առաքելութեան գլխաւոր ձեռքբերում կարելի է համարել սառոյցի յայտնաբերումը ապարներու հաստ շերտի տակ եւ անոր քիմիական վերլուծումը:

2011 թուականի Նոյեմբերին NASA-ն արձակեց Curiosity մարսագնացը, որ կը շարունակէ կեանք փնտռել Մարսի վրայ: Եւրոպական տիեզերական գործակալութիւնը կը կառուցէ ExoMars մարսագնացը, որ կը ծրագրուի մեկնարկել 2018 թուականին:

Միջազգային տիեզերական միութիւնը (MAC) պարբերաբար կ'իրականացնէ մեծ միջազգային խորհրդաժողովներ: 51-րդ յանձնաժողովի միջոցով «Կենսատիեզերագնացութիւն, ոչ երկրային կեանքի փնտռտուք» թեմայով, որ ստեղծուած է 1982 թուականին MAC-ի կողմէ այլմոլորակային կեանքի եւ բանականութեան յայտնաբերման աշխատանքներու դասաւորութեան համար եւ ներկայիս կ'աշխատի Հաուայեան աստղագիտութեան ինստիտուտի պազայի հիման վրայ:

Մեթոտաբանութիւն

Խմբագրել

Խնդիրի Նեղացում

Խմբագրել

Այլ մոլորակներու վրայ կեանք յայտնաբերելու համար անհրաժեշտ է փոքրացնել խնդիրի ծաւալը, որուն համար տարատեսակ ենթադրութիւններ կ'ըլլան: Առաջինը կը կայանայ, թէ մեր կալաքթիկայի մէջ կենդանի օրկանիզմներու ճնշող մեծամասնութիւնը հիմնուած է ածխածինի վրայ[16], բայց նաեւ չի բացառուիր ոչ ածխածնային կեանքի ձեւերու գոյութիւնը: Այս եզրակացութիւնը կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ ածխածինը տարածուածութեամբ չորրորդ տարրն է տիեզերքի մէջ եւ ան թոյլ կու տայ իր շուրջը յառաջացնել ամենաբազմազան մոլեքուլներ: Ածխածինի աթոմներու իրար հեշտութեամբ միանալու ունակութիւնը թոյլ կու տայ ստեղծել ցանկացած երկարութեան եւ բարդութեան մոլեքուլներ: Յաջորդ ենթադրութիւնը ջուրի առկայութիւնն է հեղուկ վիճակի մէջ: Ջուրը տարածուած նիւթ է, որ պարտադիր պայման է բարդ ածխածնային միացութիւններու յառաջացման համար, որոնք վերջնական ելքով կը բերեն կեանքի յառաջացումը: Խումբ մը հետազօտողներ կ'առաջարկեն նաեւ դիտարկել ամոնիակային միջավայրը կամ ջրա-ամոնիակային խառնուրդները, քանի որ ատիկա կ'ապահովէ կեանքի համար ջերմաստիճանային մեծ միջակայք եւ այդ ձեւով կը մեծցնէ թաքուն աշխարհներու քանակը: Այդ միջավայրը կը համարեն նպաստակոր ինչպէս ածխածնային, այնպէս ալ ոչ ածխածնային կեանքի համար: Երրորդ ենթադրութիւնը արեւին նման աստղերու փնտռտուքն է: Շատ մեծ աստղերը ունին յարաբերակաօրէն կարճ կեանքի տեւողութիւն, եւ ատիկա կեանքին չի տար բաւարար ժամանակահատուած զարգանալու համար: Շատ փոքր աստղերը կ'անջատեն այնքան քիչ ջերմություն, որ մոլորակները շատ մօտ պէտք է գտնուին բաւարար քանակութեամբ ջերմութիւն ստանալու համար, որ իր հերթին կը նշանակէ, որ մոլորակը կրնայ բռնուիլ աստղի մակընթացային ուժերու կողմէ[17]: Առանց մթնոլորտի հաստ շերտի մոլորակի մէկ մասը միշտ կ'ըլլայ տաք, իսկ հակառակ կողմը` պաղ: Բայց 2005 թուականին կեանքի առկայութեան հարցը կարմիր թզուկներու շուրջը դարձեալ բարձրացաւ, քանի որ անոնք ունին կեանքի շատ երկար տեւողութիւն (մօտ 10 թրիլիոն տարի), եւ խիտ մթնոլորտի առկայութիւնը կը թոյլատրէ կեանքի գոյութիւնը: Ատիկա ունի մեծ նշանակութիւն, քանի որ կարմիր թզուկները շատ տարածուած են տիեզերքի մէջ: Գիտնականներու գնահատականներով մեր կալաքթիկայի աստղերու 10%-ը իրենց յատկանիշներով նման են Արեւին, իսկ մեզմէ 100 լոյսի տարի շառաւիղով կան այդպիսի մօտ հազար աստղեր: Այդ աստղերը կ'ըլլան կեանքի որոնման ճանապարհին հիմնական թիրախները: Քանի որ երկիրը կը հանդիսանայ միակ յայտնի մոլորակը, որուն վրայ կայ կեանք, ապա անյայտ է, թէ արդեօք ճիշդ են եղած եզրահանգումները:

Աստղակենսաբանութեան Կառուցուածային Մասերը

Խմբագրել

Աստղագիտութիւն

Խմբագրել
 
OGLE-2005-BLG-390Lb էքզօմոլորակը, որ 20,000 լոյսի տարի հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի(նկարիչի պատկերացումով):
 
Քեփլեր առաքելութիւնը նախատեսուած է էքզօմոլորակներու յայտնաբերման համար:

Աստղագիտութեան հետ կապուած բոլոր աստղակենսաբանութեան հետազօտութիւնները կապուած են Արեգակնային համակարգի սահմաններէն դուրս մոլորակներու յայտնաբերմանը (էքզօմոլորակ): Փնտռտուքներու հիմնական պատճառը այն է, որ եթէ կյանքը յառաջացած է Երկրի վրայ, ապա անիկա կարող էր յառաջանալ նաեւ այլ, բայց նման պայմաններ ապահովուող մոլորակներու վրայ: Ատոր հետ կապուած կազմակերպման շրջանին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ նախագիծեր, որոնք ուղղուած են Երկրին նման էքզօմոլորակներու յայտնաբերման համար: Առաջին հերթին ատոնք NASA-ի օրագիրներն են Terrestrial Planet Finder-ը (TPF) եւ ATLAST-ը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան Darwin ծրագիրը: Գոյութիւն ունին աւելի դրամի կարօտօղ օրագիրներ, որոնք կը սահմանափակուին Երկրի վրայ տեղակայուած աստղադիտակներու օգտագործմամբ: Բացի ատկէ NASA-ն արդէն մեկնարկած է Քեփլեր առաքելութիւնը թուականի Մարտին, իսկ Ֆրանսական տիեզերական գործակալութիւնը COROT արբանեակը 2006 թուականին: Ծրագրուած առաքելութիւններու նպատակը ոչ միայն Երկրի չափերով մոլորակներու յայտնաբերումն է, այլ նաեւ անկէ եկող լոյսի դիտարկումը լուսապատկերացոյց հետազօտման համար: Մոլորակի լուսապատկերը հետազօտելով կարելի է որոշել անոր մթնոլորտի հիմնական բաղադրութիւնը եւ հետեւաբար գնահատած է անոր վրայ կեանքի գոյութեան հաւանականութիւնը: Իսկական մոլորակներու NASA-ի հետազօտական խումբը կ'օգտագործէ համակարգչային մոտելաւորումը տարատեսակ մոլորակներու մոտելաւորման համար, որպէսզի պարզաբանուի թէ ատոնք ինչ տեսք կ'ունենան եթէ դիտուին Տարուինի կամ TPF-ի միջոցով[18]: Երբ այդ առաքելութիւնները սկսին տեղեկութիւններու հաւաքումը, մոլորակներէն ստացուած լուսապատկերները կը համեմատուին ստացուած իսկական մոլորակներու լուսապատկերներու հետ եւ կ'առանձնացուին այն յատկութիւնները, որոնք նպաստաւոր կ'ըլլան կեանքի զարգացման համար: Էքզօմոլորակի ֆոթօմեթրիայի փոփոխութիւնը նոյնպէս կարող է տալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ մոլորակի մակերեսի եւ մթնոլորտի բաղադրութեան մասին:

Տրեյքի հաւասարման միջոցով կարելի է գնահատել բանական կեանքով մոլորակներու քանակի մասին: Հաւասարումը որոշում է բանական կեանքի առկայութեան հաւանականութիւնը որպէս այնպիսի յարաչափերու արտադրեալ, ինչպիսիք են մոլորակներու թիւը, որոնք կրնան ըլլալ բնակեցուած եւ այն մոլորակներու քանակը, որոնց վրայ կարող է յառաջանալ կեանք[19]: 

Ուր N-ը -- բանական հասարակութիւններու քանակն է, որոնք պատրաստ են կապ հաստատել,

R*-ը -- ամէն տարի յառաջացող աստղերու քանակն է(Արեւին նման աստղերու),

fp-ն - աստղերու քանակը, որոնք ունին իրենց շուրջը պտտող մոլորակներ,

ne-ն - մոլորակներու միջին քանակը (նաեւ արբանեակներու), որոնք ունին նպաստաւոր պայմաններ կեանքի յառաջացման համար,

fl-ը - նպաստաւոր պայմաններով մոլորակի վրա կեանքի յառաջացման հաւանականութիւնը,

fi-ն - մոլորակի վրայ բանական կեանքի ձեւերու յառաջացման հաւանականութիւնը, ուր կայ կեանք,

fc-ն - մոլորակներու քանակի յարաբերութիւնը (որուն բանական էակները ունակ են կապ հաստատել եւ կը փնտռեն զայն) այն մոլորակներու քանակին որոնց վրայ կայ բանական կեանք:

L-ը - այդպիսի հասարակութեան կեանքի տեւողութիւնը` այսինքն այն ժամանակահատուածը, որուն ժամանակ հասարակութիւնը գոյութիւն ունի, ի վիճակի է կապ հաստատել եւ կը ցանկանայ կապ հաստատել: Ներկայիս այս հավասարումը հիմնաւորուած է միայն տեսականօրէն եւ քիչ հաւանական է, որ անիկա մօտակայ ժամանակներս ունենայ գիտական յստակ հիմնաւորումներ: Առաջին R արտադրեալը կ'որոշուի աստղագիտական չափումներէ եւ կը հանդիսանայ պակաս քննարկուող մեծութիւն: Երկրորդ եւ երրորդ արտադրեալներու մասին ներկայիս կը կատարուի տեղեկութիւններու աշխուժ հաւաք (աստղեր մոլորակներով եւ մոլորակներ բարենպաստ պայմաններով): Մնացած արտադրեալները հիմնուած են բացառապէս ենթադրութիւններու վրայ: Այս բանաձեւի հիմնական թերութիւնն է, որ անիկա չի կրնար օգտագործուիլ տեսութիւն ստեղծելու համար. քանի որ կը պարունակէ ապացուցման չտրուող բաղադրիչներ: Միւս կապուած թեման է Ֆերմի փարատոքսը, որ կ'ենթադէ, որ եթէ բանական կեանքը տարածուած է տիեզերքի մէջ, ապա պէտք է ատոր վառ ապացոյցները երեւէին: Այս փարատոքսի հիման վրայ ստեղծուած է SETI օրագիրը, որ կը փորձէ գտնել ռատիօազդանշաններ բանական այլմոլորակային հասարակութիւններէն: Աստղակենսաբանութեան հետազօտութիւններու այլ աշխուժ ճիւղ մըն է մոլորակային համակարգի ձեւաւորման ուսումնասիրումը: Կ'ենթադրուի, որ մեր Արեգակնային համակարգի առանձնաատկութիւնները կարող էին զգալիօրէն մեծցնել բանական կեանքի զարգացման հաւանականութիւնը մեր մոլորակին վրայ[20][21][22]: Բայց վերջնական եզրակացութիւններ մինչեւ օրս գոյութիւն չունին:

Կենսաբանութիւն

Խմբագրել
 
Սեւ ծխողները կը պահպանեն որոշ միքրօօրկանիզմներու կեանքը Երկրի վրայ: Նմանատիպ գոյացումներ կրնան ըլլալ նաեւ այլ մոլորակներու վրայ:

Կենսաբանութիւնը եւ քիմիագիտութիւնը, ի տարբերութիւն բնագիտութեան չեն թոյլատրեր հաւանականութիւններ եւ եզրակացութիւններ: Այսինքն կամ կենսաբանական երեւոյթները հնարաւոր են կամ ոչ: Կենսաբանները չեն կրնար ըսել, որ գործողութիւնը կամ երեւոյթը թուաբանականօրէն ապացուցուած ըլլալով պէտք է անպայման գոյութիւն ունենան իրական կեանքին մէջ: Կենսաբաններու համար եզրակացութիւններու հիմքը ակնյայտ է եւ անոնք ճշգրտօրէն կ'որոշեն, թէ ինչն է տեսական եւ ինչն է իրական: Մինչեւ 1970-ական թուականները գիտնականները կը կարծէին, որ կեանքը ամբողջութեամբ կախուած է Արեւի ուժէն: Բոյսերը Երկրի վրայ կ'օգտագործեն Արեւի ուժը ֆոթռսինթեզ իրականացնելու համար, որուն արդիւնքով ածխաթթու կազէն եւ ջուրէն կ'առաջանան օրկանական նիւթեր ու թթուածին: Հետագային կենդանիները կ'ուտեն բոյսերը՝ իրականացնելով ուժիի շրջապտոյտ սնունդի շղթայով: Նախկինին կ'ենթադրուէր, որ կեանքը ովկիանոսի խորքերուն, ուր չի հասնիր արեւի լոյսը կը գոյատեւէ միայն այն սննդանիւթերուն շնորհիւ, որոնք կը յառաջանան օրկանական մնացորդներու օգտագործման հաշիւին(ովկիանոսի վերի շերտերէն իջած սննդանիւթերէն կամ մեռած կենդանիներէ): Այսինքն ամէն պարագայի անիկա կախեալ է Արեւային ուժէն:

1977 թուականին Կալապակոսեան կղզիների մօտ խորջրեայ հետազօտութեան ժամանակ Ալուին ապարատի միջոցով գիտնականները յայտնաբերեցին հսկայական օզակաձեւ որդերու, փափկամարմիններու, խեցգետնակերպերու, միտիաներու եւ այլ օրկանիզմներու գաղութներ, որոնք խմբաւորուած էին ստորջրեայ հրաբխային գոյացոնմներու մօտ, որոնք անուանուեցան սեւ ծխողներ: Այդ օրկանիզմները կը ծաղկէին ու կ'ապրէին, հակառակ արեգակնային ուժի բացակայութիւնը: Աւելի ուշ հաստատուեցաւ, որ անոնք կը կազմեն լրիւ անկախ սննդային շղթայ: Բոյսերու փոխարէն այստեղ կայ պակտերիայի ձեւ մը, որ կը ստանայ ուժ ջրածինի կամ ծծմբաջրածինի օքսիտացումէն (ատոնք դուրս կու գան Երկրի ընդերքէն): Այս քիմոսինթեզը յեղաշրջում կատարեց կենսաբանութեան հետազօտման բնագաւառին մէջ՝ ապացուցելով, որ կեանքի գոյութիւնը Արեւային ուժի բացակայութեամբ չի սահմանափակուիր:

Էքստրեմոֆիլներ Էքստրոմեֆիլները (օրկանիզմներ, որոնք ունակ են ապրիլ սաստիկ պայմաններու մէջ) կը հանդիսանան աստղակենսաբաններու ուսումնասիրութիւններու որոշիչ տարր: Այդպիսի օրկանիզմներու օրինակ կը հանդիսանան պիոտան, որոնք ունակ են գոյատեւել մի քանի քիլոմեթր հաստութեամբ ջրային շերտի տակ՝ կէոթերմալ աղբիւրներու մօտ եւ ի հարկին պակտերիաներու, որոնք կ'ապրին ուժեղ թթուային միջավայրերու մէջ[23]: Ներկայիս յայտնի է, որ էքստրեմոֆիլները կ'ապրին սառոյցի, եռացող ջուրի, թթուի, միջուկային ռէակտորներու ջուրի, աղերի բիւրեղներու, թունաւոր արտանետումներու եւ այլ դժնդակ միջավայրերու մէջ, որոնք նախքան կը համարուէին կեանքը բացառող միջավայրեր[24]: Անոնք բացին հետազօտութիւններու համար նոր ուղղութիւն ասղտակենսաբանութեան մէջ՝ մեծցնելով կեանքի գոյութեան համար նպաստաւոր միջավայրերու քանակը Երկիր մոլորակի սահմաններէն դուրս: Այս օրկանիզմներու յատկանիշներու, բնակութեան միջավայրերու, ինչպէս նաեւ պարզումի զարգացման ուղղութեան ուսումնասիրութիւնները թոյլ կու տան հասկնալ, թէ կեանքը ինչպիսին կրնայ ըլլալ եւ զարգանալ տիեզերքի մէջ: Ահա նմանատիպ օրկանիզմներու օրինակներ, որոնք ունակ են դիմանալ տիեզերական ճառագայթման եւ վաքուումի ներգործութենէն: Քարաքոսեր՝ Ռիզոկարպոն աշխարհագրական - լատիներէն, Rhizocarpon geographicum եւ Քսանտորիա էլեկանտը - լատիներէն, Xanthoria elegans[25], բակտերիաներ՝ Bacillus safensis[26], Deinococcus radiodurans[26], Bacillus subtilis[26], դրոժ՝ Saccharomyces cerevisiae[26], սերմ՝ Arabidopsis thaliana[26], ինչպես նաեւ անողնաշար Tardigrada[26]: 2 Դեկտեմբեր 2010-ին գիտնականներու կողմէ յայտարարուեցաւ, որ էքստրեմոֆիլ պակտերիաները (GFAJ-1) ֆոսֆորի պակասի պարագային կրնան ԴՆԹ-ի մոլեկուլին մէջ մտցնել մկնդեղ[27]: Այս յայտնագործութիւնը հին գաղափարին տուաւ կարեւորութիւն, ըստ որուն կեանքը այլ մոլորակներուն վրայ կրնայ ունենալ այլ քիմիական կազմութիւն եւ ատիկա կրնայ օգնել այլմոլորակային կեանքի փնտռտուքներու ճանապարհին[27][28]: Ավելի ուշ հայտնի դարձավ, որ դա այդպես չէ[29]: Հետազօտութիւններու միւս բաժինը, որ կ'իրականացուի ներկայիս կեանքի ծագման ուսումնասիրումն է, որ կը տարբերի պարզումի ուղղութենէն: Ալեքսանդր Օփարինը եւ Ճոն Հոլտեյնը կ'եզրակացնէին, որ նոր Երկրին մէջ պայմանները նպաստաւոր էին անօրկանական միացութումներէ օրկանական միացումներու սինթեզի համար եւ այս ձեւով այնպիսի նիւթերու սինթեզի համար, որոնք բնորոշ են կեանքի տարբեր ձեւերուն (որոնք ներկայիս կան Երկրի վրայ): Այս գործողութեան ուսումնասիրման ժամանակ, որ ներկայիս կը կոչուի փրեպիոտիկ քիմիագիտութիւն, գիտնականները հասած են որոշակի յառաջընթացի: Բայց ներկայիս յայտնի չէ, թէ կրնայ արդեօք կեանքը յառաջանալ Երկրի վրայ այդ ճանապարհով: Կայ նաեւ փոխընտրական փանսփերմիայի տեսութիւնը: Այս տեսութեան հիմքին վրայ ինկած է այն ենթադրութիւնը, որ կեանքի առաջին տարրերը յառաջացած են մէկ այլ՝ աւելի բարենպաստ պայմաններ ունեցող մոլորակի վրայ կամ նոյնիսկ միջաստղային տարածութեան մէջ երկնաքարերու եւ այլ մարմիններու վրայ, իսկ ետքը ինչ որ ձեւով տեղափոխուած են Երկրի վրայ: Եւրոպան՝ Երեւակի արբանեակը ներկայիս Արեգակնային համակարգին մէջ ամենահաւանական երկնային մարմինը կը համարուի, ուր կեանք կրնայ ըլլալ[24][30][31][32][33]:

Աստղաերկրաբանութիւն

Խմբագրել

Աստղաերկրաբանութիւն - գիտական ձաղկանգ, որուն ուսումնասիրման առարկան մոլորակներու եւ անոնց արբանեակներու, երկնաքարերու, գիսաստղերու եւ այլ տիեզերական մարմիններու երկրաբանութիւնն է: Գիտական այս ոլորտի կողմէ հաւաքուող տեղեկութիւնը թոյլ կու տայ մօտաւոր որոշել տուեալ տիեզերական առարկայի վրայ կեանքի գոյութեան հաւանականութիւնը:

Երկրաքիմիագիտութիւն - աստղաերկրաբանութեան յաւելեալ գիտակարգ, որ իր մէջ կը ներառէ Երկրի եւեւ այլ մոլորակներու քիմիական բաղադրութեան ուսումնասիրումը, որոնց մէջ ընթացող քիմիական գործողութիւնները, որոնք կը կարգաւորեն ապարներու եւ հողի բաղադրութիւնը, ուժի եւ նիւթի շրջանակները եւ անոնց փոխազդեցութիւնը ջրոլորտի եւ մթնոլորտի հետ: Մասնագիտացումները իրենց մէջ կը ներառեն աստղաքիմիագիտութիւնը, կենսաքիմիագիտութիւնը եւ օրկանական երկրաքիմիագիտութիւնը:

Բրածոյ մնացորդները կը հանդիսանան Երկրի վրայ կեանքի առկայութեան ամենահին ապացոյցները[34]: Զանոնք ուսումնասիրելով` հնէաբանները կրնան աւելի լաւ հասկնալ այն օրկանիզմներու կառուցուածքը, որոնք ապրած են շատ հին ժամանակներուն: Երկրի որոշ հատուածներ, օրինակ` Փալիպարանը, որ կը գտնուի արեւմտեան Աւստրալիոյ եւ Անթարքթիքայի չոր արահետները, կը հանդիսանան Մարսի որոշ տեղամասերու երկրաբանական նմանութիւններ (ատոնք կ'օգնեն աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կեանք փնտռել Մարսի վրայ):

Կեանքը Արեգակնային Համակարգին Մէջ

Խմբագրել
 
Եւրոպան իր սառոյցէ ովկիանոսի ստորին շերտերուն վրայ կրնայ պարունակել պակտերիաներ եւ այլ միքրօօրկանիզմներ:

Երկրի սահմաններէն դուրս շատ յաճախ քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի կենսաքիմիագիտկան սահմանափակումներուն[35]: Այն բանի հաւանականութիւնը, որ կեանքը տիեզերքի մէջ հիմնուած է ածխածինի վրայ, կը մեծնայ ածխածինի մեծ տարածուածութեան հաշիւին: Միայն երկու տարրեր` ածխածինը եւ սիլիցիումը, կրնան կազմել բաւականաչափ մեծ մոլեկուլներ, որոնք կը կրեն կենսաբանական տեղեկութիւնը: Որպէս կեանքի կառուցուածքային հիմք` ածխածինի կարեւոր յատկութիւն կը հանդիսանայ հեշտութեամբ քիմիական կապերու յառաջացումը (ի տարբերութիւն սիլիցիումի), որ կը նպաստէ քիմիական բազմակողմանիութեան եւ մեթապոլիզմի հեշտ ընթացքի: Տարբեր օրկանական աշխատող խումբեր, որոնք կազմուած են ջրածինէն, թթուածինէն, ազոտէ, ֆոսֆորէ, ծծումբէ եւ բազմաթիւ մետաղներէ (երկաթ, մակնեզիում եւ զինք), որոնք կ'ապահովեն քիմիական շարժումներու հսկայական բազմազանութիւն: Սիլիցիումը չունի նման յատկութիւններ եւ անոնցմէ կազմուած մաքրօմոլեքուլները ունին միանման յատկանիշներ եւ բազմազանութըւն չեն ապահովեր[35]: Ամէն պարագայի հնարաւոր է, որ կեանքի հիմնական կառուցուածքային աղիւսները անկախ գտնուելու վայրէն նման կ'ըլլան մեր աղիւսներուն: Հակառակ անոր, որ երկրային եւ ոչ երկրային կեանքերը, իրարմէ անկախ զարգանալով, կ'ունենան նմանութիւններ (եթէ ոչ լրիւ), այնուամենայնիւ կ'ըլլան նաեւ իւրայատուկ կենսաքիմիական յատկանիշներ: Եթէ կեանքը ունի համադրուող ազդեցութիւն միջավայրի վրայ Արեգակնային համակարգի այլ մասերուն մէջ, ապա քիմիական տարրերու յարաբերական պարունակութիւնը կարող է ցոյց տալ անոր առկայութիւնը[36]:

 
30 Օգոստոս 1999-ին եւ 10 Սեպտեմբեր 2000-ին Mars Global Surveyor հետազօտական կայանի կողմէ առնուած լուսանկարներ: Վերջին նկարին մէջ լաւ կ'երեւի ջուրի հետք:

Միտքը այն մասին, թէ Արեգակնային համակարգին մէջ, ուր կեանք կրնայ ըլլալ, պատմականօրէն միշտ սահմանափակուած է այն համոզումով, թէ կեանքը, կախեալ ըլլալով Արեւի ջերմութենէն եւ լոյսէն, պէտք է անպայման յառաջանայ մոլորակի մակերեսին: Երեք ամենահաւանական կեանք պարունակող թեկնածուներն են Մարսը, Երեւակի արբանեակ Եւրոպան եւ Լուսընթակի արբանեակ Թիթանը[37][38][39][40][41]: Այդ եզրակացութիւնը առաջին հերթին կը հիմնուի այն բանին վրայ, որ տիեզերական մարմինները կրնան պարունակել հեղուկ ջուր եւ որ իր հերթին որոշիչ եւ կարեւոր պայման է կեանքի գոյութեան համար: Ջուրը Մարսի վրայ կը գտնուի բեւեռային հատուածներուն մէջ եպ վերջերս գոյացող ձորերուն մէջ, որոնց առկայութիւնը թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ ջուրը Մարսի վրայ կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կուտակուիլ կէոթերմալ ազբիւրներու մէջ[42][43]: Մարսի ցած ջերմաստիճանային եւ ճնշման պայմաններուն մէջ հնարաւոր է, որ ջուրը շատ աղի ըլլայ[44]: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպային, ապա այստեղ հեղուկ ջուր ենթարաբար կայ սառցաշերտի տակ[45]: Այդ ջուրը կարող է տաքնալ ովկիանոսի յատակին հրաբխային աշխուժութեան շնորհիւ, բայց աւելի հաւանական է, որ տաքնալու աղբիւր հանդիսանան մակնթացային ուժերը[46]: Միւս տիեզերական առարկան, որ կարող է կեանք կրել, Լուսընթակի ամենամեծ արբանեակ Թիթանն է[41]: Կ'ենթադրուի, որ Թիթանի պայմանները նման են վաղ Երկրային պայմաններուն[47]: Անոր մակերեսին գիտնականները առաջին անգամ յայտնաբերեցին լիճեր, բայց հաւանական է, որ ատոնք կազմուած են էթանէ կամ մեթանէ[48]: Կասինի զոնդի տեղեկութիւններու ուսումնասիրումէն ետք 2008 թուականին յայտարարուեցաւ, որ Թիթանը նոյնպէս կարող է ունենալ ստորգետնեայ ովկիանոս՝ կազմուած հեղուկ ջուրէ եւ ամոնիակէ[49]: Հնարաւոր է նաեւ, որ Լուսընթակի միւս արբանեակ՝ Էնցելատը կարող է իր սառցաշերտի տակ ունենալ ովկիանոս[50]:

Իւրայատուկ Երկրի Տեսութիւնը

Խմբագրել
 

Այս տեսութիւնը հիմնուած է այն եզրակացութիւններուն վրայ, որ կեանքի բազմաբջիջ ձեւերը կրնան հանդիպիլ շատ հազուադէպ: Ան կու տայ հաւանական պատասխան Ֆերմիի փարատոքսին. «Եթէ ոչ երկրային հասարակութիւնները լաւ տարածուած են, ապա ինչո՞ւ մենք չենք գտներ բանական կեանքի հետքեր»: Այս տեսութիւնը կը հադիսանայ միջակութիւն սկզբունքին հակառակ տեսութիւն, որ առաջարկուած է աստղագետներ Ֆրենք Տրեյքի, Քարլ Սականի եւ ուրիշներու կողմէ: Միջակայութեան սկզբունքը կ'ենթադրէ, որ կեանքը Երկրի վրայ բացառիկ երեւոյթ չէ եւ մեծ հաւանականութեամբ կարող է անվերջ քանակով յայտնաբերուիլ այլ աշխարհներուն մէջ:

Անթրոպային սկզբունքը կը պնդէ, որ Տիեզերքի հիմնարար օրէնքները յատուկ կերպով կազմակերպուած են կեանքի գոյատեւման համար: Անթրոպային սկզբունքը կ'աջակցի ունիկալ Երկրի տեսութիւնը` պնդելով, թէ տարրերը, որոնք անհրաժեշտ են Երկրի վրայ կյանքի պահպանման համար, շատ նուրբ կարգաւորուած են, եւ նմանատիպ պայմաններու առկայութիւնը շատ քիչ հաւանական է[51][52]:

Հետազօտութիւններ

Խմբագրել

հակառակ ոչ երկրային կեանքի նկարագրումը չորոշուած խնդիր է եւ անոր վերաբերեալ տեսութիւններն ու կանխսատեսումները լայն տարածում ունին, այնուամենայնիւ ներկայիս տեսութեան զարգացումը աստղակենսաբանութեան ամենամիաձոյլ գործնական կիրառումն է: Կենսաբան Ճեք Քոենը եւ թուաբանագէտ Եան Ստիւարտը կը դիտարկեն քսենոկենսաբանութիւնը աստղակենսաբանութենէն անկախ: Քոենը եւ Ստիւարտը կը կարծեն, որ աստղակենսաբանութիւնը Երկրային կեանքին նմանատիպ կեանքի փնտռտուքն է, իսկ քսենոկենսաբանութիւնը կը դիտարկէ նաեւ կեանքի այնպիսի հաւանական ձեւեր, որոնք հիմնուած չեն ածխածինի կամ թթուածինային շնչառութեան վրայ, բայց ունին կեանքի որոշիչ յատկութիւններ:

Հեազօտութիւններու Արդիւնքները

Խմբագրել
 
Երկնաքարերը կրնային Երկիր տեղափոխել «կեանքի սաղմերը»:

2011 թուականի դրութեամբ ոչ երկրային կեանքի ապացոյցներ յայտնաբերուած չեն: Բայց 1996 թուականի Օգոստոս ամսուն NASA-ի գիտնականները ALH84001 երկնաքարի ուսումնասիրումէն ետք յայտարարեցին, որ այդ երկնաքարը կարող է իր մէջ պարուկանել Մարսի վրայ կեանքի գոյութեան ապացոյցներ: Երկնաքարի կառուցուածքի ուսումնասիրումը ելեկտրոնային մանրադիտակի օգնութեամբ յայտնաբերեց քարացած մնացորդներ, որոնք կը յիշեցնէին Երկրի վրայ յայտնաբերուած բրածոյ մնացորդները (մագնիսատակտիկ պակտերիաները): Գիտնականները կը պնդէին, որ այդպիսի յատուկ հետքեր պակտերիաները կը ձգեն Երկրի վրայ, եւ նմանատիպ հետքերու յայտնաբերումը երկնաքարի վրայ թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ պակտերիաներ կան նաեւ այլ մոլորակներու վրայ: Ատոր հետ միասին կառուցուածքները, որոնք յայտնաբերուած են ALH84001-ի վրայ, ունեն մօտ 20-էն 100 նմ չափեր, որը մօտ է նանօպակտերիաներու չափերուն, եւ փոքր են գիտութեան յայտնի բոլոր բջիջային ձեւերէն: Կը մնայ անյայտ, թէ կ'ապացուցէ ատիկա այն տեսակետը, որ Մարսի վրայ կայ կեանք կամ եղած է ընդհանրապէս: Հնարաւոր է նաեւ, որ այդ պակտերիաները յայտնուէին երկնաքարի վրայ անոր իյնալէն ետք[53][54][55][56]: Վեներայի վրայ կենդանի օրկանիզմներու հաւանական գոյութեան մասին 2012 թուականի Յունուար ամսուն յայտարարեց Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Տիեզերական ուսումնասիրութիւններու ինստիտուսի գլխաւոր գիտաշխատող Լեօնիտ Քսանֆոմալիտին: 1970-1980-ական թուականներուն խորհրդային կայաններու կողմէ ուղարկուած լուսանկարներու ուսումնասիրումէն ետք ան յայտնաբերեց առարկաներ, որոնք կը յայտնուէին եւ կ'անհետանային նկարներու յաջորդական սերիաներ դիտելէն: Օրինակ` «կարիճ» կոչուող առարկան կը յայտնուի տեսախցիկը միացնելէն 90 վայրկեան ետք եւ կ'անհետանան 26 վայրկեան ետք` իրմէ ետք ձգելով հետք գետնի վրայ: Քսանֆոմալիտին կը կարծէ, որ վայրէջքի ժամանակ մոտուլը ուժեղ աղմուկ յառաջացուցած եւ վախցուցած է «բնակիչները», որոնք տուեալ պահին գտնուած են մօտակայքը եւ որոշ ժամանակ ետք, երբ ամէն ինչ հանդարտած է վերադարձել են[57]:

2004 թուականին երկրային աստղադիտակներու եւ Mars Express զոնդի միջոցով յայտնաբերուեցաւ մեթանի լուսապատկերային մարկեր Մարսի մթնոլոլորտին մէջ: Արեգակնային ռատիացիայի եւ տիեզերական ճառագայթման պատճառով գիտնականներու կանխատեսմամբ մեթանը պէտք է անհետանար մոլորակի մթնոլորտէն մի քանի տարուան ընթացքին: Այս պարագային կազը պէտք է անընդհատ լրացուի, որպէսզի պահպանուի ընթացիկ կեդրոնացումը[58][59]: 25 Նոյեմբեր 2011-ին Mars Science Laboratory մարսագնացի փորձերէն մէկն էր Մարսի մթնոլորտի ածխաթթու կազի եւ մեթանի մէջ գտնուող թթուածինի եւ ածխածինի իզոթոփներու յարաբերակցութեան ուսումնասիրումը, որ թոյլ կու տայ որոշել մեթանի ծագման աղբիւրը (կենսաբանական կամ երկրաքիմիական)[60][61][62]:

Մոլորակային Համակարգեր

Խմբագրել

Հնարաւոր է, որ Արեգակնային համակարգին մէջ որոշակի մոլորակներու, օրինակ՝ Երեւակի արբանեակները ունենան պինդ մակերես կամ հեղուկ ովկիանոսներ, որոնք կեանքի համար բարենպաստ են: Մոլորակներէն շատերը, որոնք յայտնաբերուած են 2011 թուականին Արեգակնային համակարգի սահմաններէն դուրս իրենցմէ կը ներկայացնեն տաք կազային հսկաներ եւ կյանքի համար բարենպաստ չեն: Այդ պատճառով յստակ յայտնի չէ, թէ Արեգակնային համակարգը Երկրի հետ եզակի են թէ ոչ: Աւելի կատարելագործուած մեթոտներու շնորհիւ հնարաւոր կ'ըլլայ յայտնաբերել նոր մոլորակներու համակարգեր, որոնց մէջ կարող են Երկրին նման մոլորակներ ըլլալ: Քեփլեր առաքելութիւնը նախատեսուած է Երկրի չափերուն մօտ մոլարակներու աստղերու շուրջ յայտնաբերման համար (աստղի փայլատակման չնչին փոփոխութիւններու վրայ հիմնուելով, երբ մոլորակը կ'անցնի աստղի եւ աստղադիտակի միջեւ): Սուպմիլիմեթրային եւ ինֆրակարմիր աստղագիտութեան զարգացման շնորհիւ բացուեցան աստղային համակարգերու նոր բաղադրամասեր: Ինֆրակարմիր հետազօտութիւնները թոյլ տուին յայտնաբերել երկնաքարերու եւ փոշիի օղակներ աստղերու շուրջ, որոնք մոլորակներու յառաջացման համար հիմք կը հանդիսանան:

Մոլորակի Բարենպաստութիւնը Կեանքի Համար

Խմբագրել

Ջանքերը, որոնք ուղղուած են «Ինչպիսի՞ն է կեանքի համար երկբայական բարենպաստ մոլորակներու տարածուածութիւնը» հարցի պազաբանմանը, ունեցան որոշակի յաջողութիւն: 2 Փետրուար 2011-ին Քեփլեր աստղադիտակէն ստացուած տեղեկութիւնները ուսումնասիրող գիտնականները յայտարարեցին, որ կան 54 թեկնածու մոլորակներ, որոնք կը գտնուին իրենց աստղէն կեանքի համար բարենպաստ հեռաւորութեան տարածքին մէջ եւ իրենցմէ 5-ը ունին Երկրին համապատասխան չափեր[63]: Նաեւ կը տարուի հետազօտութիւն շրջակայ միջավայրի յարաբերական սահմանափակումներու վերաբերեալ, որոնք բնորոշ են էքստրեմալ էքօհամակարգերուն` գիտնականներուն թոյլ տալով կանխատեսել, թէ որ մոլորակային համակարգը աւելի բարենպաստ կրնայ ըլլալ կեանքի համար: Այնպիսի առաքելութիւններ, ինչպիսիք են իջնող ապարատ Ֆենիքսը, Mars Science Laboratory-ն եւ ExoMars-ը դէպի Մարս, «Կասսինի» զոնդը դէպի Լուսընթակի արբանյակ Թիթան, «Ice Clipper»-ը դէպի Երեւակի արբանեակ Եւրոպա, նոր յոյսեր կու տան մեր համակարգի կեանքի գոյութեան ապացուցման համար նոր հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:

Գիտահանրամատչելի Ֆիլմեր

Խմբագրել

«Տիեզերք.Աստղակենսաբանութիւն» (անգլերէն - The Universe. Astrobiology) - գիտահանրամատչելի ֆիլմ, որ նկարահանուած է History Channel-ի կողմէ 2008 թուականին:

Տես Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Launching the Alien Debates (part 1 of 7)»։ Astrobiology Magazine։ NASA։ դեկտեմբերի 8, 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-29-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  2. iTWire - Scientists will look for alien life, but Where and How?
  3. Ward P. D.; Brownlee, D. (2004)։ The life and death of planet Earth։ New York: Owl Books։ ISBN 0805075127 
  4. 4,0 4,1 «About Astrobiology»։ NASA Astrobiology Institute։ NASA։ հունվարի 21, 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-19-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  5. Heinlein R and Harold W (հուլիսի 21, 1961)։ «Xenobiology»։ Science: 223 and 225։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հունվարի 16 
  6. Steven J. Dick and James E. Strick (2004)։ The Living Universe: NASA and the Development of Astrobiology։ New Brunswick, NJ: Rutgers University Press 
  7. Կաղապար:Cite paper
  8. «First European Workshop on Exo/Astrobiology»։ ESA Press Release։ European Space Agency։ 2001։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-18-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  9. «ESA Embraces Astrobiology»։ Science 292 (5522): 1626-1627։ հունիսի 1, 2001։ doi:10.1126/science.292.5522.1626 
  10. «Astrobiology at Arizona State University»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-20 
  11. «CASE Undergraduate Degrees»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-10-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-20 
  12. The Australian Centre for Astrobiology, University of New South Wales
  13. [1]
  14. Об организации Научного совета РАН по астробиологии
  15. NOVA | Mars | Life’s Little Essential | PBS
  16. «Polycyclic Aromatic Hydrocarbons: An Interview With Dr. Farid Salama»։ Astrobiology magazine։ 2000։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  17. «M Dwarfs: The Search for Life is On»։ Red Orbit & Astrobiology Magazine։ օգոստոսի 29, 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  18. «The Virtual Planet Laboratory»։ NASA։ 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-28-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  19. Ford Steve (August 1995)։ «What is the Drake Equation?»։ SETI League։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-24-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  20. Horner Jonathan; Barrie Jones (օգոստոսի 24, 2007)։ «Jupiter: Friend or foe?»։ Europlanet։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  21. Jakosky Bruce; David Des Marais, et al. (սեպտեմբերի 14, 2001)։ «The Role Of Astrobiology in Solar System Exploration»։ NASA։ SpaceRef.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-15-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  22. Bortman Henry (սեպտեմբերի 29, 2004)։ «Coming Soon: "Good" Jupiters»։ Astrobiology Magazine։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  23. Carey Bjorn (փետրվարի 7, 2005)։ «Wild Things: The Most Extreme Creatures»։ Live Science։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-03-19-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  24. 24,0 24,1 Cavicchioli R. (Fall 2002)։ «Extremophiles and the search for extraterrestrial life.»։ Astrobiology 2 (3): :281–92.։ PMID 12530238։ doi:10.1089/153110702762027862 
  25. «Article: Lichens survive in harsh environment of outer space»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-20 
  26. 26,0 26,1 26,2 26,3 26,4 26,5 The Planetary Report, Volume XXIX, number 2, March/April 2009, "We make it happen! Who will survive? Ten hardy organisms selected for the LIFE project, by Amir Alexander
  27. 27,0 27,1 Palmer Jason (դեկտեմբերի 2, 2010)։ «Arsenic-loving bacteria may help in hunt for alien life»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 2010-12-02 
  28. Bortman Henry (դեկտեմբերի 2, 2010)։ «Arsenic-Eating Bacteria Opens New Possibilities for Alien Life»։ Space.com (Space.com)։ արտագրուած է՝ 2010-12-02 
  29. Две дамы, ДНК и мышьяк Элементы.ру (статья Елены Клещенко из журнала «Химия и жизнь», № 3, 2012 г.)
  30. «Jupiter's Moon Europa Suspected Of Fostering Life» (PDF)։ Daily University Science News։ 2002։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-07-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ օգոստոսի 8–ին 
  31. Cavicchioli R. (Fall 2002)։ «Extremophiles and the search for extraterrestrial life.»։ Astrobiology 2 (3): :281–92.։ PMID 12530238։ doi:10.1089/153110702762027862 
  32. David Leonard (փետրվարի 7, 2006)։ «Europa Mission: Lost In NASA Budget»։ Space.com։ արտագրուած է՝ 2009-08-08 
  33. «Clues to possible life on Europa may lie buried in Antarctic ice»։ Marshal Space Flight Center (NASA)։ մարտի 5, 1998։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-31-ին։ արտագրուած է՝ 2009-08-08 
  34. «Fossil SUccession»։ U.S. Geological Survey։ օգոստոսի 14, 1997։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-11-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  35. 35,0 35,1 Pace Norman R. (հունվարի 30, 2001)։ «The universal nature of biochemistry»։ Proceedings of the National Academy of Sciences of the USA 98 (3): 805–808։ PMC 33372։ PMID 11158550։ doi:10.1073/pnas.98.3.805։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մարտի 20 
  36. Marshall Michael (հունվարի 21, 2011)։ «Telltale chemistry could betray ET»։ New Scientists։ արտագրուած է՝ 2011-01-22 
  37. Tritt Charles S. (2002)։ «Possibility of Life on Europa»։ MilwaukeeSchool of Engineering։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-06-14-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  38. Friedman Louis (դեկտեմբերի 14, 2005)։ «Projects: Europa Mission Campaign»։ The Planetary Society։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-12-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  39. David Leonard (նոյեմբերի 10, 1999)։ «Move Over Mars -- Europa Needs Equal Billing»։ Space.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-07-23-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  40. Than Ker (փետրվարի 28, 2007)։ «New Instrument Designed to Sift for Life on Mars»։ Space.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-24-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  41. 41,0 41,1 Than Ker (սեպտեմբերի 13, 2005)։ «Scientists Reconsider Habitability of Saturn's Moon»։ Science.com։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  42. «NASA Images Suggest Water Still Flows in Brief Spurts on Mars»։ NASA։ 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-07-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  43. «Water ice in crater at Martian north pole»։ European Space Agency։ հուլիսի 28, 2005։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  44. Landis Geoffrey A. (հունիսի 1, 2001)։ «Martian Water: Are There Extant Halobacteria on Mars?»։ Astrobiology 1 (2): 161–164։ PMID 12467119։ doi:10.1089/153110701753198927։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին [permanent dead link]
  45. Weinstock Maia (օգոստոսի 24, 2000)։ «Galileo Uncovers Compelling Evidence of Ocean On Jupiter's Moon Europa»։ Space.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2000-10-18-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  46. Kruszelnicki Karl (նոյեմբերի 5, 2001)։ «Life on Europa, Part 1»։ ABC Science։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  47. «Titan: Life in the Solar System?»։ BBC - Science & Nature։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  48. Britt Robert Roy (հուլիսի 28, 2006)։ «Lakes Found on Saturn's Moon Titan»։ Space.com։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  49. Lovett Richard A. (մարտի 20, 2008)։ «Saturn Moon Titan May Have Underground Ocean»։ National Geographic News։ արտագրուած է՝ 2008-10-20 
  50. «Saturn moon 'may have an ocean'»։ BBC News։ 2006-03-10։ արտագրուած է՝ 2008-08-05 
  51. Կաղապար:Cite conference
  52. Gould Stephen Jay (2002)։ Why People Believe Weird Things: Pseudoscience, Superstition, and Other Confusions of Our Time 
  53. Crenson Matt (2006-08-06)։ «After 10 years, few believe life on Mars»։ Associated Press (on space.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-08-09-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 20–ին 
  54. McKay, David S., et al. (1996) «Search for Past Life on Mars: Possible Relic Biogenic Activity in Martian Meteorite ALH84001». Science, Vol. 273. no. 5277, pp. 924-930. URL accessed March 18, 2006.
  55. McKay D. S., Gibson E. K., ThomasKeprta K. L., Vali H., Romanek C. S., Clemett S. J., Chillier X. D. F., Maechling C. R., Zare R. N. (1996)։ «Search for past life on Mars: Possible relic biogenic activity in Martian meteorite ALH84001»։ Science 273 (5277): 924–930։ PMID 8688069։ doi:10.1126/science.273.5277.924 
  56. «USA.gov: The U.S. Government's Official Web Portal»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-20 
  57. «Советские зонды, возможно, засняли живых существ на Венере»։ РИА Новости։ 20 января 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-13-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հունվարի 20 
  58. Vladimir A. Krasnopolsky (February 2005)։ «Some problems related to the origin of methane on Mars»։ Icarus 180 (2): 359–367։ doi:10.1016/j.icarus.2005.10.015 
  59. Planetary Fourier Spectrometer website (ESA, Mars Express)
  60. «Sample Analysis at Mars (SAM) Instrument Suite»։ NASA։ October 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-29-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 9–ին 
  61. Tenenbaum David (June 09, 2008):)։ «Making Sense of Mars Methane»։ Astrobiology Magazine։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հոկտեմբերի 8–ին 
  62. Tarsitano, C.G. and Webster, C.R. (2007)։ «Multilaser Herriott cell for planetary tunable laser spectrometers»։ Applied Optics, 46 (28): 6923–6935։ doi:10.1364/AO.46.006923 
  63. «NASA Finds Earth-size Planet Candidates in the Habitable Zone»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-02-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-20 

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • The Search For Life In The Universe, Դ. Գոլդսմիթ, Թ Օվեն: Երկրորդ հրատարակություն. ISBN 0-201-56949-3 Addison, Վեսլին Հրատարակչական Ընկերութիւն:
  • Астробиология. Большой энциклопедический словарь. - М.: Большая Российская энциклопедия, 1999.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել