Արբուն Տայեան
Արբուն Տայեան (6 Յունուար 1912, Պարտիզակ (Քոճայելի) - 3 Ապրիլ 1983, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ թարգմանիչ, բանասէր։ Ստորագրած է նաեւ Արբուն Տայեցի։
Արբուն Տայեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Յունուար 1912 |
Ծննդավայր | Պարտիզակ (Քոճայելի) |
Մահացած է | 3 Ապրիլ 1983 (71 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Ուսումնավայր |
Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | թարգմանիչ, բանասէր |
Աշխատավայր |
«Սովետական Հայաստան» Գրական թերթ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա |
Անդամութիւն | Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Պարտիզակի մէջ։ Նախնական ուսումը ստացած է Մաքրգիւղի տարրական դպրոցին մէջ (Կ. Պոլիս), եւ ապա՝ Գատըգիւղի Մխիթարեան որբանոցին մէջ, որուն տնօրէնը հօրեղբայրն էր՝ Մխիթարեան միաբան ու բանասէր՝ Հայր Եսայի Տայեցին։
Տայեան ընտանիքը 1922-ին փոխադրուած է Իտալիա, ուր ուրիշ ազգական մը՝ Հ. Ղեւոնդ Տայեան (1884-1968), յայտնի շարականագէտ, Ս. Ղազարի վանքը կ՚ապրէր։
Արբուն 1923-1927-ին ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Միլան փոխադրուած։
1929-ին, 17ամեայ պատանին, ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ 1931-ին Երեւանի միամեայ մանկավարժական դասընթացին հետեւելէ ետք, 1932-1933-ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Այնուհետեւ, տասնչորս տարի աշխատած է իբրեւ սրբագրիչ «Սովետական Հայաստան», «Գրական թերթ», «Բանուորական Երեւան» թերթերուն եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրին մէջ, մինչեւ 1948։
Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, Տայեան արհեստավարժ թարգմանիչ եղած է։ 1947-ին, 35 տարեկանին, ան հրատարակած է «Աստուածային կատակերգութիւն» գործի առաջին մասը՝ «Դժոխք», որուն հետեւած են միւս երկու մասերուն թարգմանութիւնները՝ 1952-ին եւ 1959-ին։ Այս 12ամեայ աշխատանքին հրատարակութիւնը մէկ հատորով տեղի ունեցած է 1969-ին։ Տայեան, որ նաեւ հմուտ էր ֆրանսերէնի, թարգմանած է Կի տը Մոփասանէ (1951, 1961), Օնորէ տը Պալզաքէ (1956, 1964), Անատոլ Ֆրանսէ (1959), Փրոսփէր Մերիմէէ (1964) եւ Ֆրանսուա Մօրիաքէ (1964) գործեր։
Թարգմանիչը խմբագրական աշխատանքի վերադարձած է իբրեւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչական-խմբագրական մարմնի անդամ 1967-1970ին։ Այնուհետեւ գիտական աշխարհ մտած է, նախ՝ Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկին մէջ (1973-1977) եւ ապա իբրեւ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող։
1974-ին թարգմանած է քանդակագործ Պենվենութօ Չելլինիի յուշերը, իսկ 1975-ին «Աստուածային կատակերգութեան» թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը կատարած է։
1982-ին Տայեան հրատարակած է «Դանտէի “Աստուածային կատակերգութեան” բանաստեղծական արուեստը եւ թարգմանական պրոբլեմները» ուսումնասիրութիւնը։ Տանթէի գլուխ-գործոցին երրորդ բարեփոխուած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1983-ի սկիզբներուն։ Երեք ամիս ետք, 6 Ապրիլին, բեղուն թարգմանիչը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Մեր լեզուն «ճկուն ու ... բարբարոս»... - «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ»։ alikonline.ir։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-06
- ↑ «Արբուն Տայեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-04-17-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-06