Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն

Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն (հայ.՝ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութիւն, անգլերէն՝ Western Armenia Government in Exile, թրք.՝ Batı Ermenistan Sürgün hükûmeti), պաշտօնապէս՝ Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւն Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի նկատմամբ անկախութիւնը պահանջող կազմակերպութիւն, որ հռչակուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդին կողմէ։[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ակունքներ

Խմբագրել
 
Լէոնիտ Ազգալդեան

Համաձայն որոշ աղբիւրներու, Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան կազմաւորման գաղափարը կը պատկանի Արցախեան պատերազմի հերոս, ազատամարտիկ Լէոնիտ Ազգալդեանին, սակայն Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան հիմնադրումի գաղափարը հայկական հանրային ատենաբանութեան մտաւ միայն 2000-ականներու սկիզբը, երբ շարք մը երկիրներու մէջ՝ Հայաստան, Ռուսիա եւ Ամերիկայի Միացիալ Նահանգներ, Եւրոպա, սկսան ձեւաւորուիլ արեւմտահայերու վտարանդի կառավարութիւն հիմնադրելու յաւակնութիւններ ունեցող կազմակերպութիւններ:

Հայաստան

Արցախեան պատերազմի աւարտէն ետք՝ 2004 թուականին Շուշիի արեւմտահայերու ժառանգ հանդիսացող շարք մը ազատամարտիկներ հիմնած են Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդ կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է հայերու հայրենադարձութիւնը Արեւմտեան Հայաստան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ տարածքային եւ բարոյական փոխհատուցում[1]: 2007 թուականէն Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրը կ'առաջնորդէ ազատամարտիկ Արմենակ Աբրահամեանը[1]:

ԱՄՆ

2005 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Մ․ Սոսիկեանը հիմնադրած է Արեւմտեան Հայաստանի Պաշտպանութեան Կոմիտէն: 2015 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած է «Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադիր Գերագոյն Իրաւարար Ատեան» եւ «Արեւմտեան Հայաստանի Ակադեմիա» կառոյցները, որոնց հիմնադիր նախագահը Սուրիկ Ղազարեանն է։ Կառոյցներըը գրանցուած են ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։

Ռուսաստանի դաշնություն (ՌԴ)

Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան հիմնադրման խնդրով զբաղուող գործիչներէն է Կարէն Միքայէլեանը, որ խումբ մը հայ մտաւորականներու հետ 2001 թուականին առաջարկեց Զուիցերիոյ Լոզանի կամ Ֆրանսայի Սեւր քաղաքներէն մէկուն մէջ կազմակերպել Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հիմնադիր համագումար[2]: Գաղափարը գործադրուեցաւ 2013-2016 թուականներուն, երբ Ֆրանսայի մէջ ձեւաւորուեցաւ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը, որու ղեկավար ընտրուեցաւ Ռուսաստանաբնակ հրամանատար Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը: 2017 թուականին Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարէն առանձնացաւ եւ իր կառոյցը ստեղծեց Ս․ Սարադարեանը (Զուիցերիա)[3]: Ռուսիոյ Արեւմտեան Հայաստանի գաղափարը գլխաւորապէս տարածած է Հիւսիսափայլ թերթը:

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Վերջապէս, 2011 թուականի Փետրուարի 4-ին Ֆրանսայի մէջ՝ դեռ 2004 թուականին Շուշիի մէջ հիմնադրուած Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդի հռչակագրի մէջ յայտարարուած է Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան կազմաւորման մասին[1][1][4], որ մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ որոշակի յաջողութիւններու հասած եւ արեւմտահայերու շահերու ներկայացման հիմնական կառոյցը:

Այդպիսով, 2011 թուականի Փետրուար 4-էն սկսեալ գործող Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը արդէն ընդունած է Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակը, Արեւմտեան Հայաստանի զինանշանը եւ Արեւմտեան Հայաստանի օրհներգը[5]:

Ղեկավար կազմ

Խմբագրել

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն էր Արամ Մկրտչեան: Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան առաջին վարչապետն էր Արամ Մկրտչեանը։ Նոր վարչապետն է Գառնիկ Սարգիսեանը։[6]

Հետաքրքրական փաստեր

Խմբագրել

2015 թուականի Մայիսին եւ նոյն թուականի Յունիս 1-ին ձեւաւորուած է Արեւմտեան Հայաստանի Ոտնագնդակի Դաշնակցութիւնը (կամ ֆութպոլի ֆետերասիոն)[7], իսկ նոյն թուականի Յունիս 1-ին ան կ'անդամակցի Անկախ Ոտնագնդակային Ընկերակցութիւններու Դաշնակցութեան (Անկախ ֆութպոլային ասոցիացիաների կոնֆետերացիա) (ConIFA)[8]։ Կը գործէ Արեւմտեան Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային հաւաքականը:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Արմենակ Աբրահամեան. Հայը պէտք է ճանաչուի Հայաստանի ողջ տարածքում
  2. Ռուսաստանում Արեւմտեան Հայաստանի խնդրի նորագոյն ժամանակագրութիւնը (ռուս.)
  3. Արեւմտահայերի ժառանգների Միավորում
  4. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհրդի հռչակագիր
  5. «Հաստատուած է Արեւմտեան Հայաստանի դրօշը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-30-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-30 
  6. ԱՀՀ ՎԿ պաշտօնական կայք
  7. «Յայտնի է Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականի 8 ֆութպոլիստ» (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-05-07 
  8. «Homepage»։ Football Federation of Western Armenia։ 1 June 2016։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 June 2016-ին։ արտագրուած է՝ Հունիսի 1, 2016 

Այլ աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան սահմանադրութիւն, Երեւան, «Շուշի հիմնադրամ», ISBN 978-9939-9084-5-8։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել