Արմենակ Միսիրեան

հայ նկարիչ

Արմիս (բուն անունով՝ Արմենակ Միսիրեան, 23 Մարտ 1901(1901-03-23), Ատըեաման, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 14 Նոյեմբեր 1977(1977-11-14), Փարիզ), հայ գեղանկարիչ։

Արմենակ Միսիրեան
Կեղծանուն Արմիս
Ծնած է 23 Մարտ 1901(1901-03-23)
Ծննդավայր Ատըեաման, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 14 Նոյեմբեր 1977(1977-11-14) (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ
Ազգութիւն Հայ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ
 Ֆրանսա
Կրթութիւն Ժիւլիան Ակադեմիա[1]
Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր[1]
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Արմենակ Միսիրեան Ուիքիդարանում

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, Թուրքիա, ապա Հալէպի մէջ, ուր հաստատուած է 1915 թուականէն ետք։ 1930 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ, ու յաճախած է Ժիւլիան եւ Կրանտ Շոմիեր ակադեմիաները։ Մասնակցած է ֆրանսահայ նկարիչներու «Անի» ընկերութեան ցուցահանդէսներուն։ իբրեւեւ գեղանկարիչ, ան հռչակաւոր դարձած է եւ ճանաչցուած է 1952 թուականին։ 1959 թուականին արժանացած է «Փոփուլիստ» սալոնի առաջին մրցանակին։ Ան Փարիզի, Ցիւրիխի եւ Ամսթերտամի մէջ ցուցադրած է Մեծ եղեռնին, եւ իր ժողովրդի վերապրումին նուիրուած քսան կտաւ:

1956 թուականին այցելած է Խորհրդային Հայաստան։ 1964 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է Արմիսի անհատական ցուցահանդէսը։ Իր գործերուն մէկ մասը նուիրած է Հայաստանի պետական պատկերասրահին («Երեք բարեկամներ», 1955, «Ընտանիք», 1959, «Սայլը նրբանցքում», 1960, «Երիտասարդութիւն», 1961, «Կիթառահարը», 1963 եւ այլն)։ 1965 թոաւականին Հալէպի մէջ լոյս տեսած է Արմիսի «Դրուագներ նկարչական կեանքէս» գիրքը[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։