Արմէն Սամուէլեան

Արմէն Սամուէլեան (29 Յուլիս 1931(1931-07-29)[1], Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1] - 24 Յունիս 2016(2016-06-24)[1], Chevilly-Larue[1]), հայ արեւելագէտ։

Արմէն Սամուէլեան
Ծնած է 29 Յուլիս 1931(1931-07-29)[1]
Ծննդավայր Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Մահացած է 24 Յունիս 2016(2016-06-24)[1] (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Chevilly-Larue[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն արեւելագէտ

Արմէն՝ հօրմէն վարակուած եւ գրատան գիրքերու բոյրին եւ փոշիներուն մէջ հասակ առնելով, Արեւելագիտութեան մատենագիտութեան ճիւղին մէջ հմտանալու համար յաճախած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու ամպիոնը, հետեւելով փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի դասընթացներուն, սորված՝ հայերէն եւ արաբերէն։ Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի վկայութիւնը՝ Փարիզի Հայ Ուսանողաց Տան մէջ, «Սամուէլեան» գրատան նուիրուած Արման Ֆրանժիւլիէնի լուսանկարներու ցուցահանդէսին զուգահեռ 2015 Յունիս 10-ին տրուած բանախօսութեան ընթաքին[2]

Աւելի ուշ գրատուն այցելող մտաւորականները իրմէ խորհուրդ կ՚առնէին արեւելագիտութեան մարզէն ներս հրատարակութեանց վերաբերեալ։ Արմէն Սամուէլեան մեծ սէր ունեցած է գիրքերու նկատմամբ եւ շատ բան սորված է հին հատորները պրպտելով։ Նոյնիսկ հինցած գիրքերու հոտն ու բուրմունքը հրապուրած է զինք։ Արմէնը ի տարբերութիւն իր հօր, մեծ հռետոր չէ եղած եւ երբեք բեմերէն չէ խօսած…։
- Անահիտ Տէր Մինասեան


1945-ականներէն խորասուզուած է հօր գրատան հազարաւոր գիրքերուն մէջ, իսկ 1977-էն ետք՝ Արմէն Սա­մուէ­լեան, հօր մահէն ետք, գրա­տան սե­փակա­նատէրը դարձած ու իր քրոջ՝ Ալիսի հետ վարած է հօր հիմնած եւ սփիւռքահայութեան համար առասպելական դարձած Փարիզի Սամուէլեան Արեւելեան գրատունը[3]։

80 ականներու առաջին տարիներուն, իր հօր՝ Հրանդ Սամուէլի անունը տուած էինք Տեսինի Հայ մշակոյթի տան սրահին եւ այդ առիթով մօտէն ծանօթացած էի Սամուէլեաններուն: Ամէն անգամ յատուկ խանդաղատանքով զիս կ՛ընդունէին գրատան պատերէն ներս: Արփիկ Միսաքեանի եւ ուրիշներու մահէն վերջ, հայ մշակոյթի այս անխոնջ պահակները նախապատերազմեան Փարիզի վերջին մոհիկաններէն էին:
- Հիլտա Չոպոյեան


Հայ Դատի թունդ պաշտպաններ՝ Արմէն Սամուէլեան եւ քոյրը մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ հրատարակչական գործին մէջ, ինչ կը վերաբերի Հայ Դատի եւ Հայկական Հարցի թեմաներով լոյս տեսած ֆրանսերէնով հատորներուն։

85 տարեկանին իր մահկանացուն կը կնէ Արմէն Սամուէլեան՝ 24 Յունիս 2019-ին։

Սա­մուէ­լեան Գրա­տու­ն

Խմբագրել

Փարիզի Մէօսիէօ-լը-Փրենս փողոցին մէջ կը գտնուի Սա­մուէ­լեան գրա­տու­նը։ Ան դարձած է Ցեղասպանութենէն ետք Փարիզի մէջ կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ Հայութեան հանդիպման վայրը:

Վեր­ջին շրջան­նե­րուն շա­բաթը քա­նի մը օր միայն ան իր դռնե­րը բա­ցած է յա­ճախորդնե­րուն առ­ջեւ: Գրա­տան հայ այ­ցե­լու­նե­րը ուխտագ­նա­ցու­թիւն մը կա­տարե­լու պէս կը մտնէին այդ յար­կէն ներս։ Օտար գիր­քե­րու կող­քին այդտեղ կա­րելի էր հան­դի­պիլ հայ գիր­քե­րու եւ հան­դէսնե­րու ըն­տիր հա­ւաքա­ծոյի մը։

Գրա­տու­նը հիմ­նուած է Հայաստանի առա­ջին հան­րա­պետու­թեան պա­տուի­րակու­թեան ան­դամ Հրանդ Սա­մուէ­լի կող­մէ, 1930-ին։

Հրանդ Սա­մուէլ մօ­տիկ գոր­ծա­կից եղած է Շա­ւարշ Մի­սաքեանի, յատ­կա­պէս պատ­մա­կան նիւ­թե­րով իր խմբագ­րա­կան­նե­րով։

1977-ին, Հրանդ Սամուէլի մահէն ետք, Արմէն Սամուէլեան իր քրոջ՝ Ալիսի հետ, կը շա­րու­նա­կէ իր հօր գոր­ծը։

  Եօթանասունականներէն ի վեր, Հրանդ Սամուէլի որդին, իր քրոջ՝ Ալիսի հետ կը վարէր հօր հիմնած եւ սփիւռքահայութեան համար առասպելական դարձած Փարիզի Սամուէլեան Արեւելեան գրատունը, իր բազմալեզու եւ հազուագիւտ գիրքերու հաւաքածոներով: Հոն է, որ Սփիւռքի չորս ծագերէն տակաւին կարելի էր հանդիպիլ հայութեան գիտակից եւ գրասէր զաւակներուն, որոնց հանրագիտարանը դարձած էին քոյր եւ եղբայր Սամուէլեանները: Եւ ո՛չ միայն: Արմէնն ու Ալիսը անկախ Հայաստանի Փարիզ ապաստանած կամ ժամանակաւոր հանգրուան հաստատած բոլոր դերակատարներուն մասին պատմութիւններու եւ դրուագներու շտեմարան մըն էին եւ են: Հակառակ մռայլ արտաքինին, Արմէն ազնիւ, հետաքրքրական եւ ծառայասէր անձնաւորութիւն մըն էր[4]։
- Հիլտա Չոպոյեան
 


Սա­մուէ­լեան գրա­տու­նը արե­ւելեան մշա­կոյթնե­րու հետ հայ­կա­կան հին ու ժա­մանա­կակից հա­տոր­նե­րու կա­րեւոր կեդ­րոն մըն եղած է, նոյն ատեն նաեւ՝ դի­մու­մի ու հան­դի­պու­մի կեդ­րոն մը ամ­բողջ աշ­խարհի հա­յագէտ­նե­րուն, հայ գիր­քով հե­տաքրքրուող­նե­րուն հա­մար[5]։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Իրենց ունեցած վաստակին համար, 2007 թուականին, Հայաստանի տարուան առթիւ Արմէն եւ Ալիս պարգեւատրուած են Պատուոյ լեգէոնի ասպետի շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել