Արշաւիր Մկրտիչ, (Իրան՝ Եազդ, 1913) Նոր Ջուղայեցի ծնողներէ։

Արշաւիր Մկրտիչ
Ծնած է 1913
Ծննդավայր Իրան, Եազդ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փոքր տարիքին, հօրը գործին բերումով ճամբորդած է Փաքիստան, Հնդկաստան, Սինկափուր եւ Ինտոնէզիա: Ութը տարեկանին վերադարձած է Իրան։ Թեհրանի մէջ աւարտած է Ամերիկեան միջնակարգ դպրոցը եւ Գոլէճը։ Ֆլորիտայի Ճաքսնվիլ քաղաքին մէջ հետեւած է հաշուապահութեան դասընթացքներուն։

Աշխատած է Թեհրանի Ամերիկեան դեսպանատունը, իբրեւեւ թարգման եւ վարչական գործերու կառավարիչի աւագ օգնական։

1957-ին ընտանիքին հետ գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է նախ Ֆլորիտա, ապա Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթոն(Տի. Սի.): Այժմ կը բնակի Եութա նահանգի Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքին մէջ, կը վարէ E-Systems ընկերութեան խորհրդատուի պաշտօնը։ Գործի բերմամբ գտնուած է Ծայրագոյն Արեւելք, Յորդանան ու Քուէյթ:

Գրել սկսած է մանկութենէն, չափածոյ եւ արձակ։ Եղած է Թեհրանի «Նոր Էջ» գրական խմբակի հիմնադիր անդամներէն։ Յաճախ աշխատակցած է «Նոր Էջ»ին եւ խմբագրած է զայն:

Գործեր

Խմբագրել

«Չորս Հողմերը Եւ Ես», «Մարդը Փակագծի Մէջ» - բանաստեղծութիւններ «Հատընտիր Ամերիկեան Չափածոյ Գրականութեան» - թարգմանութիւն եւ վերլուծութիւն «Չորս Քերթուած, Թ. Ս. Էլիօթից» - թարգմանութիւն եւ վերլուծութիւն «Բարբառ Նոր Ջուղայի»

Իր գործերէն ոմանք պարսկերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած են Թեհրանի «Կռունկ» եւ «Արէշ» գրական հանդէսնեուն մէջ։

Հրատարակութեան պատրաստ ունի.

"The Man In Parenthesis, Poems Of An Armenian" անգլերէն հատորը։

Ա. Մկրտիչի քերթուածները արդիաշունչ են եւ ինքնատիպ, շաղախուած մարդկայնական ապրումներով։ Սրտառուչ է իր «Ջուր» բանաստեղծութիւնը, որ նորութիւն մը կը բերէ յատկանշելով բանաստեղծին գիւտարարի ոգին։[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։