Արտաւազդ Պէրպէրեան

Արտաւազդ Պէրպէրեան (15 Նոյեմբեր 1923(1923-11-15), Վառնա, Պուլկարիա[1] - 10 Յունիս 2002(2002-06-10), Փարիզ), հայ նկարիչ, Շահան Պէրպէրեանի որդին։ Եղբայրը՝ Պարէտ մահացած է 20 տարեկանին ինքնաշարժի արկածով, իսկ Արտաւազդ անցած է Փարիզ եւ զբաղած է արուեստով։

Արտաւազդ Պէրպէրեան
Ծնած է 15 նոյեմբեր 1923-ին
Ծննդավայր Վառնա Պուլկարիա
Մահացած է 10 Յունիս 2002
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Պուլկարիայի թագաւորութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր[1]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ
Աշխատավայր նկարչութիւն
Ծնողներ Շահան Ռ. Պէրպէրեան եւ Դելլի Սիրագեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արտաւազդ Պէրպէրեան աշակերտած է Օննիկ Աւետիսեանին, 1949 թուականին տեղափոխուած Փարիզ, յաճախած Կրան-Շոմիէ ակադեմիա եւ Գեղարուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցը։ 1951 թուականի «Աշնան» սալոնի մէջ հանդես է եկած է «Ցուցարարները» նկարով։ 1964 թուականին արժանացեր է «Գեղարուեստի եւրոպական ակադեմիայի» մրցանակին։ Եղած է ֆրանսահայ մշակութային միութեան (ԺԱՖ), Ֆրանսահայ մշակութային միութեան ղեկավարներէն։ Փարիզի մէջ մասնակցեր է «Հայ բանաստեղծութեան անթոլոկիայի» (1973) հրատարակմանը։

Արտաւազդ Շահանի Պէրպէրեանի գեղանկարչական լեզուն ռեալիստական է, երփնագիրը հիւթեղ, մութ-կապտաւուն գունապատկերներով։ Ստեղծած է բանուորական թաղամասեր, աշխատաւոր մարդկանց, գիւղական անշուք բակեր, ինչպէս նաեւ միայնութեամբ ու թախիծով տոգորուած դիմանկարներ, փարիզեան բնանկարներ («Հանգստացող բանուորը», «Երեխան խրճիթին մէջ», «Ածխահատը», «Նաւակներ», Մեսրոպ Մաշտոցի, Մխիթար Հերացու, Մխիթար Գոշի դիմանկարները)։

Անհատական ցուցահանդէսներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 278.