Աքքայի Պաշարում (1291)

Աքքայի պաշարում, Աքքայի գրաւումը եգիպտացի մամլուքներու կողմէն։ Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 1291-ին եւ դարձած է Խաչակրաց արշաւանքներու կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը, քանզի խաչակիրները կորսնցուցին իրենց վէրջին յենակէտերէն մէկը։

Աքքայի Պաշարում
Խաչակրաց արշաւանքներ
Հիւանդախնամներու մարշալ Մաթյո դը կլերմոնը կը պաշտպանէ Աքքայի պատերը[1], Գալիլեա, 1291, (ֆրանսերէն՝ Guillaume de Clermont défend la ville d'Acre en 1291)
Թուական 1291
Վայր Աքքա, Պաղեստին
Արդիւնք Մամլուքներու յաղթանակ
Հակառակորդներ

Երուսաղէմի թագաւորութիւն




Մամլուքներ
Հրամանատարներ
Тамплиеры Գիյոմ դը Բոժե Խալիլ ալ-Աշրաֆ
Մանսուր Կալաուն
Կողմերու ուժեր
1100 հեծեալ
17 000 հետեւակային
60, 000 հեծեալ
160, 000 հետեւակային
92 պաշարողական մեքենայ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Ռազմական գործողութիւններու սկիզբը Խմբագրել

27 ապրիլ 1289-ին, Մամլուքներու սուլթանութեան զօրքերը սուլթան Կալաունի հրամանատարութեամբ, մէկ ամիս տեւած պաշարումէն ետք, գրաւեցին Դրիբոլին: Հռոմի Պապ Նիկողայոս IV-ը Դրիպոլին, կորսնցնելու մասին տեղեկանալէ ետք, Աքքա ուղարկեց 1,600 վարձկան։ Հռոմի Պապը վարձատրած չէր վարձկաններուն, իսկ վերջիններս տեղ հասան եւ մնացին առանց ապրուստի միջոցի, սկսան թալանել շրջակայ իսլամական բնակավայրերը։

Օգոստոս 1920-ին մուսուլմաններու թաղամասերուն մէջ անոնք ջարդեր կազմակերպեցին։ Անխնայ կը սպաննէին բոլոր անոնց, որոնք մօրուք կը կտրէին։ Այսպէս կը ներկայացնէ այս իրադարձութիւնները Ժէրար Մոնրեալցին՝

«Երբ այդ մարդիկ Աքքայի մէջ էին, արքային եւ սուլթանին միջեւ կնքուած զինադադարը երկու կողմերու միջեւ կը պահպանուէր: Աղքատ եւ հասարակ սարակինոսները, ինչպէս նախկինին մտան քաղաք իրենց բարիքները վաճառելու: Սատանայի կամքով պատահեցաւ, որ նոր ժամանած խաչակիրները` որոնք ժամանած էին իրենց եւ քաղաքի համար բարի գործեր կատարելու, սկսան սպաննել բոլոր վաճառականներուն, նոյն կերպով սպաննեցին բոլոր մօրուք կրող սուրիացիներուն, այս արարքները դարձան սարակինոսներու կողմէն Աքքայի գրաւման հիմնական պատճառը…»

Տեղացի ասպետները ձեռփակալեցին կողոպտիչներուն, սակայն իրադարձութուններու մասին Կալաունի տեղեկացուցին։ Վերջինս զինադադարը խախտուած համարեց, եւ Աքքա ուղարկեց նամակ մեղաւորները պատժելու պահանջով։ Աւագանին նախկին տիւրոսցի արքեպիսկոպոս Պերնարի ճմշան տակ հրաժարեցաւ պատժելէ մեղաւորներուն, մատնանշելով այն փաստը, որ մեղադրուող խաչակիրները կը գտնուին Հռոմի Պապի անմիջական ենթակայութեան տակ։ Տաճարականներու առաջնորդ Կիյոմ տը Պոժեն առաջարկեց խաբել սուլթանին եւ մեղաւորներու փոխարէն մահապատիժի ենթարկել քաղաքի կալանավայրերուն մէջ գտնուող աւազակներուն, սակայն այս առաջարկը չընդունուեցաւ աւագանիի կողմէն։ Կալաուն ի պատասխան իր պահանջները չբաւարարելուն հրաւիրեց իմամներու ժողովի եւ չեղեալ համարեց զինադադարը։ Կիյոմ տը Պոժեն Կալաունի մօտ ուղարկեց դեսպաններու հաշտութեան խնդրանքով, իսկ Կալաուն պահանջեց մէկ ցեխին (դրամ) իւրաքանչիւր զոհի փոխարէն։ Աւագանին դարձեալ մերժեց սարակինոսներու առաջարկը։

Դրիպոլին գրաւելէ ետք Կալաուն հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ Կիպրոսի թագաւորութեան արքայ Հենրիխ II-ի հետ, երկու տարի երկու ամիս երկու օր եւ երկու ժամ ժամկէտով: Բացի անոնցմէ Կալաուն առեւտրական պայմանագիրներ կը կնքէ Ճենովայի եւ Արագոնի թագաւորութեան հետ: Այսպիսով մամլուքները վերջիններուս հետ անմիջական կապեր հաստատելէ ետք՝ այլեւս Երուսաղէմի թագաւորութեան հետ դաշնակցելու կարիք չունէին (նախկինին Երուսաղէմի թագաւորութիւնը կապող օղակի դեր կը խաղար Եւրոպական երկրներու հետ առեւտուրի համար)։

Հոկտեմբեր 1290-ին Սուրիան եւ Եգիպտոսը միաւորուեցան, զօրահաւաք եւ պաշարողական մեքենաներու կառուցում սկսաւ։ Սուլթան Կալաուն երդուեց Ղուրանի վրայ, որ զէնքը ձեռքէն չի ձգեր մինչեւ չվռնտուի վէրջին ֆրանկը։ 70-ամեայ ծերունիի շրթունքէն այս երդումը առանձնայատուկ արժէքաւոր կերպով կը հնչէր։ Սակայն 4 Նոյեմբերին Գահիրէէն դուրս ելլելէ ետք, սուլթանը հիւանդացաւ, իսկ 6 օր ետք վախճանեցաւ։ Միայն անոր մահը կրցաւ քանի ամիս յետաձգել ռազմական գործողութիւնները։ Անոր որդին՝ Հալիլ ալ-Աշրաֆը հօրը խօսք տուաւ, որ պիտի գրաւէ Աքքան։ 1291-ին Հալիլը Պաղեստին ներխուժեց, իսկ սուրիական խումբերը իրեն միացան Մայիսին։

Սուլթանի ժամանակագիրը կը պատմէ, որ մէկը Աբու-ալ-Ֆիտան, որ այդ ժամանակ ընդամէնը 18 տարեկան էր, եւ պատերազմին իր հօր հետ կը մասնակցէր, կը ղեկավարէր «Զօրավար» անուամբ խումբը, որ քաղաքին մատոյցներ մասնատուած վիճակի մէջ բերին։

«…Սայլերը այնքան ծանր էին, որ տեղափոխութիւնը մեզմէ խլեց աւելի քան 2 ամիս, այն պարագային, երբ սովորաբար տեղափոխութիւնը առաւելագոյնը ութ օր կը տեւէր: Տեղ հասնելուն պէս գրեթէ բոլոր ցուլերը սատկեցան հիւծուածութենէն եւ ցուրտէն:

Մարտը սկսաւ արդէն երբ հասան,- կը շարունակէ ժամանակագիրը.

- Մենք Համացիներս տեղակայուած էինք աջ բաժնը` ծովու ափին: Ծովէն մեր վրայ կրակ կը բանային ֆրանքներու փայտերով ու կովու կաշիով լաւ պաշտպանուած նաւերը յատուկ տեգակիրներու եւ նետաձիգներու համար նախատեսուած հարմարութիւններով: Այսպիսով մենք ստիպուած էինք մարտնչել երկու ֆրոնտով առաջինը մեր առջեւ գտնուողներու դէմ, իսկ երկրորդը քրիստոնեաներու նաւատորմի դէմ: Մենք լուրջ վնասներ կրեցինք, երբ խաչակիրներու նաւերէն մէկուն վրայ տեղակայուած կատապուլտը մեր վրայ սկսաւ մեծ քարեր շպրտել, սակայն անգամ մը գիշերը փոթորկի ժամանակ այդ կատապուլտը ոչնչացաւ, մէկ այլ գիշեր ֆրանքներու ջոկատ մը անսպասելիօրէն դուրս եկաւ քաղաքէն եւ մեր ճամբարը հասաւ։ Սակայն մթութեան մէջ անոնցմէ ոմանք խճճուեցան վրաններու պարաններու մէջ, մէկը նոյնիսկ ինկաւ, իսկ երբ յայտնաբերուեցաւ, սպաննուեցաւ։ Մեր ռազմիկները ուշքի գալու հասան, յարձակեցան ֆրանքներու վրայ եւ անոնց դուրս բերին ճամբարէն։ Յաջորդ առաւօտը իմ զարմիկ՝ ալ-Մալիք-ալ-Մեւզաֆֆարը՝ Համայի կառավարիչը կարգադրեց սպաննուածներու գլուխները ձիերէն կապել եւ ձիերը սուլթանին նուիրեց»։

Այս մէկը «Զօրավարի» ոչնչացման դէմ ուղղուած տաճարականներու գրոհն էր Կիյոմ տը Պոժեի հրամանատարութեամբ։

Ուժերու Դասաւորութիւնը Խմբագրել

«Սուլթաններու սուլթան, արքաներու արքայ, առաջնորդներու առաջնորդ... հզօրագոյն, ահեղ, ապստամբներուն ճնշած, ֆրանքներուն եւ թաթարներուն եւ հայերուն յաղթած, անհաւատներէն ամրոցներ խլած... ձեզ՝ մագիստրոսին, Տաճարի միաբանութեան ազնիւ մագիստրոսին, իրականին եւ իմաստունին, ողջոյն եւ մեր բարի կամքը։ Քանզի ձեզ՝ իսկական տղամարդուն, մենք մեր կամքի մասին ուղերձ կ՛ուղարկենք, մենք ձեր ջոկատներու վրայ կ՛երթանք, որպէսզի լրացնենք ձեր հասցուցած վնասը, որմէ կը հետեւցնենք, որ մենք չենք ցանկանար, որ Աքքայի իշխանութիւնները մեզ որեւէ նամակ կ՛ուղարկեն, որեւէ ընծայ, հակառակ դէպքի ընթացքին մենք անոնց չենք ընդուներ...»

- Այս մէկը հատուած է Տաճարականներու միաբան՝ Կիյոմ տը Պոժէին ուղղուած Հալիլ սուլթանի ուղերձէն[2]։

Քաղաքի աւագանին ամէն դէպքի ընթացքին չմտածեց աւելի լաւ գաղափար քան սուլթանի մօտ դեսպաններ ուղարկելը[3]։ Բնականաբար, վերջինս ինչպէս խօսք տուած էր, հրաժարեցաւ առաջարկուող ընծաներէն, իսկ դեսպաններուն զնտան նետեց... Քաղաքի պատերէն պաշարուածները անվերջ հարթավայր կը տեսնէին, վրաններով ծածկուած։

«Իսկ սուլթանին վրանը՝ «տեհլիզը» կանգնած էր բարձր բլուրի վրայ, այնտեղ, ուր կար գեղեցիկ աշտարակ ու պարտէզ եւ Տաճարի միաբանութեան խաղողի վազերը, «տեհլիզը» ամբողջովին կարմիր էր՝ Աքքա քաղաքին նայող բաց դռնով...»

Սուլթանին բանակը տարբեր գնահատականներով 85-էն մինչեւ 600 հազար մարտիկ կը ներառէր։ Քրիստափոր Մարշալլը իր «Մերձաւոր Արեւելքի ռազմական գործը 1191-1291 թթ.» աշխատութեան ընթացքին յղում կատարելով տարբեր ժամանակագիրներու կը ներկայացնէ այդ թիւերը՝

  • 70.000 հեծեալ եւ 15.000 հետեւակային («Կիպրոսցիներու գործերը»).
  • 40.000 հեծեալ եւ 200.000 հետեւակային («Աքքայի կործանման ողբը»).
  • 200.000 հեծեալ եւ «մեծաքանակ» հետեւակայիններ («Սուրբ Պետրիի ժամանակագրութիւնը»).
  • Ընդհանուր 600.000. (Լիւտոլֆ Սադհեյմցի )[4]

Սակայն ամենայն հաւանականութեամբ մէկ դար ետք իրենց աշխատութիւնները հեղինակած՝ պատմիչները կը ներկայացնէին ժամանակաշրջանին չհամապատասխանող թիւեր։ Անկասկած մամլուքները քաղաքի պաշտպաններուն կը գերակշրէին, սակայն աւելի վտանգաւոր եւ թիւով շատ չէին, քան մոնկոլները[5]։

Բանակի կազմի որոշումը շատ աւելի բարդ է, քան քանակի որոշումը։ Անտարակոյս մամլուքները՝ սուլթանի հատընտիր պաշտպանը, անոնց կը ներկայացնէր ժամանակի ամենամարտունակ բանակներէն մէկը։ Մարտիկներու մեծ մասը մանուկ հասակին գնուած էր ստրուկներու շուկայէն եւ յատուկ ձեւով վարժուած էին ռազմական գործին։ Կատարեալ սպանութեան մեքենաներ, որոնց մէջ առկայ եռանդը արեւելքի խառնուածքին կը համապատասխանէր։ Այս կանոնաւոր բանակին մէջ 9-12 հազար մարտիկներ կը ծառայէին (ըստ որոշ աղբիւրներու մինչեւ 24 հազար), միջուկը հեծելազօրը կը կազմէր 24 պէյերու հրամանատարութեամբ։ Դժուար է ըսել, մամլուքներու ընդհանուր քանակէն քանի տոկոսը կը կազմէ հեծեալներու քանակը, իսկ քանի է հետեւակայիններուն տոկոսը, բայց կը համարուի, որ մեծամասնութիւնը հեծեալները կը կազմէին, իսկ հետեւակայինները իրենցմէ լուրջ ռազմական ուժ չէին ներկայացներ եւ հիմնականին ճարտարագիտական գործով կը զբաղէին։

«Աքքայի կործանման ողբը» գործին մէջ կը ներկայացուի՝ սատանայական 666 թիւը։ Հենց այդքան պաշարողական մեքենայ հաշուած էր հոգեւորական Ռիկալտօ տը Մոնտէ Կռոչեն։ Ամենայն հաւանականութեամբ այս թիւը նոյնպէս չափազանցուած է։

 
Աքքայի քարտէսը (1291)

Ամենայն հաւանականութեամբ այդ թիւը 92-ի կը հասնէր, ներառեալ 4 հսկայական պաշարողական մեքենաները։ Մէկ պաշարողական մեքենան, միջին հաշուով կը սպասարկէր չորս զինուորներ, իսկ հսկայականներուն մինչեւ քսան։

Տնտեսական տեսանկիւնէն նոյնիսկ սուլթանի բանակի 100 հազար հոգիէ բաղկացած ըլլալու փաստը խիստ չափազանցուած է։ Շրջակայ հողերը աղքատ էին եւ չէին կրնար կերակրել նման բանակ մը, իսկ սննդամթերքի առաքումը Սուրիայէն կամ Եգիպտոսէն կը սղցնէր արշաւանքը քանի մը անգամ։ Բանակը երեք մասերէ բաղկացած էր՝ Համայի զօրքերը, Տամասկոսի զօրքերը եւ Եգիպտական բանակը.[6][7]։ Բանակը Աքքա գնաց երկու ճամբայով՝ Գահիրէէն եւ Տամասկոսէն։ Ըստ վկաներէն մէկուն, Սուրիայէն Աքքա գացող շարասեան երկարութիւնը 20 քմ-ի կը հասնէր։

Անշուշտ 1291-ի գարնան՝ Աքքան տարածաշրջանի ամենաժամանակակից եւ հզօր ամրոցը կը ներկայացնէր։ Արտաքին պարիսպները քաղաքը կը պաշտպանէին բոլոր կողմերէն, ընդ որուն ցամաքային պարիսպները երկշարք էին, իսկ ծովայինները միաշարք։ Քաղաքի բոլոր թաղամասերը եւս լաւ պաշտպանուած էին։ Քաղաքը ներսէն մեծ պարիսպով երկու մասի կը բաժնուէր բուն Աքքան եւ Մոնմազառ արուարձանը։ Աքքան իրենից միառժամանակ կը ներկայացնէր թէ ռազմական հիմք եւ թէ նաւահանգիստ, իսկ քաղաքին մէջ արդէն հաւաքուած էին նուաճուած քաղաքներէն գաղթած փախստականները։ Քաղաքին մէջ առկայ էին տասնեօթ ռազմական միութիւններ, որոնք փաստացի ամրոցներ կը ներկայացնէին քաղաքի պատերուն մէջ[8]։

Ըստ տարբեր աղբիւրներու, քաղաքը կը պաշտպանէին՝

  • 700-800 հեծեալ եւ 14.000 հետեւակային («Կիպրոսցիներու գործերը»)
  • 900 հեծեալ եւ 18.000 հետեւակային («Աքքայի կործանման ողբը»)
  • 1200 ասպետ եւ ընդհանուր 30.000 մարտիկ (James Auria, «Annales»)[4]

Դժբախտաբար տեղեկութիւններ չեն պահպանուած։

Տաճարականներու եւ Հիւանդախնամներու ասպետներու ընդհանուր թիւը, XIII դարու երկրորդ կիսուն, ըստ պատմիչներու, 500-ը չէր գերազանցեր, իսկ միաբանութիւններու զինապարտ անդամներու թիւը 5000-ը չէր անցներ։

Տեւտոններու ընդհանուր թիւը Մերձ Պալթիկի մէջ ջախջախուելէ ետք տակաւին 2000-ը չէր անցներ, ընդ որուն մէկ մասը Եւրոպայի մէջ կը գտնուէր։

Սուրբ Թովմաս Աքքացիի միաբանութեան անդամներ՝ 9 ասպետ եւ Մագիստրոսը Լազաեաններու եւ Աստուծոյ Սուրբ Գերեզմանի եւ Սուրբ Ոգիի միաբանութեան անդամներուն կը յիշեն որպէս՝ քաղաքի պաշտպաններ, սակայն անոնց քանակը անյայտ է (չնչին կը համարուի)։

Քաղաքի պաշտպանութեան նպատակով քաղաքի պատերը 4 մասերու բաժնուած էին։ Տաճարականները եւ Հիւանդախնամները կը վերահսկէին ափէն մինչեւ Ս. Անտոնիոսի դարպասներ երկարող հատուած: Անոնց հետ էին «մանր միաբանութիւններու» ասպետները, յետոյ տեղակայուած էին Տեւտոնները և Լազարեանները, յետոյ ֆրանսացիները եւ Ս. Թովմասի միաբանութեան անդամները Ժագ տը Գրալլիի հրամանատարութեամբ, ապա Ամորի տը Լուզինեանի հրամանատարութեամբ Կիպրոսի թագաւորութեան զօրքերը, աջ բաժինը վենետիկցիները եւ «Պապի վարձկանները» կը պաշտպանէին։

Եթէ ելլել այն փաստէն, որ պարիսպներու համար պատասխանատուութիւնը բաշխուած է ենթակայ ուժերու հետ յարաբերակցութեամբ, ապա կը յայտնաբերուի, որ Տաճարականներու եւ Հիւանդախնամներու բաժինը 40%-ը կը կազմէ, իսկ մնացածին (միաբանութիւններուն, ֆրանսացիներուն, կիպրոսցիներուն, վենետիքցիներուն, պիզացիներուն)՝ 60%-ը։ Այս հաշուէն կրնանք հետեւցնել, որ պաշտպաններու իրական քանակին ամենամօտ թիւերը ներկայացուած է «Կիպրոսցիներու գործերը» աշխատութեան մէջ։ Այսպիսով պաշարման սկիզբը աւագանիի կողմէն ընտրուած Կիյոմ տը Պոժեն իր տրամադրութեան տակ ունէր 15000 մարտիկ եւ 650-700 հեծեալ ասպետ:

Հետազօտողները վաղուց արդէն պարզած են սառը զէնքի ժամանակաշրջանի համընդհանուր «նորմը»՝ 1-2 մարդ մէկ մեթր պատի համար եւ միջինը 50 մարդ աշտարակներու համար։ Աքքայի երկշարք պատերու ձգուածութիւնը կը կազմէր 2 քմ. իսկ աշտարակներու քանակը կը հասնէր 23-ի։ Պարզ թուաբանական հաշուարկի վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել, որ աշտարակներու համար բաւական է 1500 խաչակիր, իսկ պարիսպներու համար 14500 խաչակիր բաւարար է։ Այսպիսով կարելի է ըսել, որ տը Պոժեի տրամադրութեան տակ գտնուող ուժերը բաւարար էին պաշարմանը դիմակայելու համար։

Ռազմական գործողութիւններու նկարագրումէն կը պարզուի, որ պաշտպաններու շարքերուն մէջ առկայ էին շատ տեգակիրներ, սակայն քաղաքին մէջ առկայ մեծաւորներու քանակի մասին տեղեկութիւններ չկան։ Քաղաքը ազատ ծովային կապ ունէր տակաւին չգրաւուած քրիստոնէական քաղաքներու եւ Կիպրոսի հետ, քաղաքին մէջ զգալի չէր սննդամթերքի եւ խմելիք ջուրի խնդիրները, բաւարար քանակութեամբ ուժեր առկայ էին արդիւնաւէտ պաշտպանութեան համար, բան մը որ թոյլ տուաւ պաշտպանել քաղաքը քանակով քանի մը անգամ գերազանցող թշնամիէն: Այնուամենայնիւ մուսուլմանները կոտրեցին քաղաքի պաշտպանութիւնը ընդամէնը քառասունչորս օրուան ընթացքին։

5 Ապրիլ - 17 Մայիսի պաշարումը Խմբագրել

5 Ապրիլին Գահիրէէն Աքքա կը ժամանէ սուլթան Հալիլ ալ-Աշրաֆը, իսկ զօրքերը կը գրաւեն իրենց դիրքերը։ 6 Ապրիլին պաշտօնապէս կը սկսի պաշարումը։ Երկու օր ետք պաշարողական մեքենաները կը բերուին, իսկ 11 Ապրիլին մուսուլմանները կը սկսին քաղաքի գնդակոծումը։

«Մեքենաներէն մէկը` Հաւեբենը տեղակայուած էր Տաճարականներու դիրքերու դիմաց, միւսը` Մանսուրը (Զօրավարը) պիզացիներու դիմաց, յաջորդ մեծ մեքենան, որուն անունը ես չեմ գիտեր Հիւանդախնամներու դիրքերը կը գնդակոծէր, իսկ չորրորդի նետած քարերը կը զարնէին Անիծեալ աշտարակը...»

11 Ապրիլէն մինչեւ 7 Մայիս, պաշարողական մեքենաները անընդհատ պատերը կը գնդակոծէին, իսկ մարտիկները կը փորձէին հող լեցնել խրամներու մէջ, սակայն անոնց ջանքերը ապարդիւն էին, քանզի նետաձիգներու արձակած նետերը կը հարուածէին։ Ասպետներու այրուձին արդիւնաւէտ չէր քաղաքի ներսը։ Այդ իսկ պատճառով, Տաճարականները պաշարման առաջին շաբաթուան ընթացքին լայնածաւալ յարձակումի նախաձեռնեցին եւ գերեվարեցին 5000 մարտիկ մուսուլմաններու բանակէն: Ժամանակագիր Լանկրոստի բերած այս տուեալները ամենայն հաւանականութեամբ չափազանցուած են, սակայն կարելի է եզրակացնել, որ պաշարողներու բանակի հիմնական մասը կը կազմէին չվարժուած աշխարհզօրայինները։

Կիյոմ տը Պոժեն առաջարկեց ջրային ճանապարհով քաղաքէն դուրս բերել զօրքերը, եւ քաղաքի տակ՝ բաց դաշտավայրին մէջ մարտնչիլ, բայց Միջերկրական ծովուն բնորոշ գարնանային փոթորիկները թոյլ չտուին իրականացնել տը Պոժեի առաջարկը։ 13 Ապրիլ եւ 14 Ապրիլին խաչակիրները ծովային գրոհի նախաձեռնեցին մամլուքներու աջ բաժնի վրայ, սակայն նաւերը ալեկոծութեան պատճառով վնասուեցան, իսկ խաչակիրներու հրամանատարները որոշեցին այլեւս չդիմել։

15 Ապրիլի լոյս 16-ի գիշերը Տաճարականները որոշեցին գրոհել Համայի բանակի ճամբարը։ Ինչպէս կ՛ըսէ ժամանակագիր Աբու-ալ-Ֆիտան «ամենինչ լաւ սկսաւ, սակայն մթութեան մէջ ասպետներու ձիերը խռնուեցան, իսկ Համացիները նկատեցին ասպետներուն, վերջիններս մեծ կորուստներ տալով արտաքսուեցան։

Յաջորդ գրոհը Հիւանդախնամները նախաձեռնեցին, 18 Ապրիլի լոյս 19-ի գիշերը, հարաւային բաժնի ուղղութեամբ: Սակայն այս գրոհը ինչպէս նախորդող գրոհները անյաջողութեան մատնուեցան, քանզի մամլուքները գիշերային կայազօր տեղակայուած էին իրենց ճամբարի ընթացքին։ Այս գրոհէն ետք որոշում կայացուեցաւ, ըստ որուն պէտք էր հանդարտեցնել հակագրոհները։

Անյաջող գրոհներէն ետք, քաղաքին մէջ տարհանում սկսաւ։

Ապրիլի վերջը սուլթանի ճարտարապետերը աւարտեցին պաշարողական մեքենաներու պատրաստումը, իսկ 4 Մայիսին զանգուածային գնդակոծումը սկսաւ, որ տաս օր շարունակ չդադրեցաւ։ 4 Մայիսին Աքքան ժամանեց Հենրիխ արքան 40 նաւերով։ Ան իր հետ 100 հեծեալ եւ 3000 հետեւակային բերաւ։

7 Մայիսին Հենրիխը՝ ալ-Աշրաֆի մօտ դեսպանութիւն կը ղրկէ, սակայն վերջինս պահանջեց քաղաքը յանձնել։ Ալ-Աշրաֆը կը սկսի արքայական պալատին յարակից պատերու գրոհը։ Բանակցութիւններու երրորդ օրը քաղաքի իրավիճակին մէջ տեղի կ՛ունենայ լուրջ շրջադարձ։ Գնդակոծութիւններու իբրեւ արդիւնք, ինկան Անգլիական եւ տը Պլուա աշտարակները, Ս. Անտոնիոսի դարպասները եւ Ս. Նիկողայոսի պատերը, գրեթէ ամբողջ ֆրանկօ-կիպրոսական բաժինը։ 15 Մայիսին Արքայական աշտարակի արտաքին պարիսպները քանդուեցան։

Անյաջողութիւններէն ետք, Հենրիխը իր եղբօր հետ կը հաւաքէ իր զօրքերը եւ կը լքէ քաղաքը։ Հենրիխի զօրքերու փախուստը փաստօրէն քաղաքի կեդրոնական պարիսպը անպաշտպան կը ձգէ։ 16 Մայիսին, մամլուքները նոր գրոհ կը ձեռնարկեն. կիպրոսցիները, վենետիքցիները, պիզացիները, եւ տեղաբնիկները նոյնպէս քաղաքը կը լքեն։ Տաճարականները եւ Հիւանդախնամները լքուած՝ կեդրոնական հատուածին մէջ երեք անգամ կը կեցնեն մամլուքներու գրոհները։ Մամլուքները ահռելի կորուստներ կրելով պատերը եւ աշտարակները կը քանդեն եւ 60 արմուկի հասնող լայնութեամբ բացուածք կը բանան։ Աշտարակները եւ պատերը քանդելէ ետք, 18 Մայիսին սուլթանը նոր գրոհ կը նշանակէ։

18-20 Մայիսի գրոհը Խմբագրել

Արեւածագին սկսաւ գրոհը։ Արքայական գունդը ձախ բաժինը փոխադրուեցաւ, իսկ Տաճարականները եւ Հիւանդախնամները՝ կեդրոն, անոնք կը փորձէին վերստին գրաւել կորսուած հատուածը, սակայն ապարդիւն։ Կիյոմ տը ՊԲոժեն փորձեց համախմբելով պաշտպաններուն հակագրոհ ձեռնարկել, բայց մահացու վիրաւորուեցաւ։

«Մագիստրոսը լաւ պաշտպանուած չէր, իսկ, երբ ձեռքը բարձրացուց մուսուլմաններէն մէկը նետով, խոցեց մագիստրոսի անութը: Վիրաւոր վիճակին մէջ ան շարունակեց մարտնչիլ, անոր ասպետները տեսնելով թուլցուց. մագիստրոսին յորդորեցին դիմանալ յանուն քաղաքի, անոնք նկատեցին, որ տը Պոժեն վիրաւոր է, ան ձիէն վար ինկաւ եւ ասպետները զայն պալատ տեղափոխեցին, ուր ան իր մահկանացուն կնքեց»

Ասպետներու մէկ մասը տը Պոժեի աճիւնը Կիպրոս տեղափոխեց։ Սակայն այնուամենայնիւ մնացածները շարունակեցին դիմադրութիւնը. քաղաքին մէջ խուճապ սկսաւ: Բնակիչները նաւահանգիստ կ՛երթային փախուստի յոյսով, սակայն փոթորիկ սկսաւ: Երեկոյեան ամբողջ մնացածները ինչպէս նաեւ ալեկոծութեան պատճառով քաղաքը չլքած՝ բնակիչները հաւաքուեցան Տաճարականներու ամրոցին մէջ եւ որոշում կայացուցին, ըստ որուն պիտի պայքարէին մինչեւ վերջ։ Պայքարը ղեկավարուեցաւ տաճարականներու մարշալ Բիեր տը Սեւրին կողմէ։

Տաճարականներու ամրոցի պաշտպանութիւնը Խմբագրել

Երկու օր ու գիշեր քաղաքի ներսը խառնաշփոթ կը տիրէր։ Գրաւողները քաղաքը կը թալանէին, իսկ Թամփլի պաշտպանները վերախմբաւորուեցան։ Դժուար է ըսել, որ բոլոր փախստականները կրցան նաւահանգիստ հասնիլ, սակայն ակնյայտ է, որ շատ փախստականներ խեղդուեցան ծովուն մէջ։

Երկու շաբաթ մամլուքները կը փորձէին Թամփլը գրաւել, սակայն էական արդիւնքի չէին կրնար հասնիլ։ Այս ընթացքին պաշտպանները օգտուելով ծովային ազատ մուտքէն կրցան տարհանել քաղաքացիներ եւ միաբանութեան գանձարանը։

28 Մայիսին սուլթանը տաճարականներուն առաջարկեց պատուաւոր պայմաններով ամրոցը յանձնել՝ զէնքը ձեռքին ազատ դուրս գալ նաւահանգիստ։ Այս պայմանները ընդունուեցան խաչակիրներու կողմէն։ Քաղաքի յանձնման նշան հանդիսացաւ աշտարակի գագաթին բարձրացած իսլամի դրօշը։ Ամիրաներէն մէկը, որ տեղեակ չէր իրադարձութիւններէն եւ կողոպուտով զբաղած էր, տեսնելով դրօշը՝ եզրակացուց, որ ամրոցը գրաւուած է. յարձակեցաւ նաւահանգստի մէջ հաւաքուած փախստականներուն վրայ։ Պաշտպանները անոր զէնքով պատասխանեցին եւ ամրոց վերադարձան։ 29 Մայիսին տը Սեւրին երկու ասպետներու ուղեկցութեամբ գնաց սուլթանի մօտ բանակցութեան։ Սակայն ալ-Աշրաֆը ընդունեց խաչակիրները որպէս ուխտադրուժներ եւ մահապատժի ենթարկեց։

Ողջ մնացած պաշտպանները արգելափակուեցան Մագիստրոսի աշտարակին մէջ։ Սակրաւորները մէկ օրուան ընթացքին փորեցին եւ քանդեցին աշտարակի հիմքը, 30 Մայիսին աշտարակը քանդուեցաւ, իսկ ներխուժած մուսուլմանները կոտորեցին ողջ մնացածներուն[9]։

Լատինական Արեւելքի վերջին օրերը Խմբագրել

19 Մայիսին Տիւրոսը առանց մարտի յանձնուեցաւ։ Յունիսի վերջը Սիտոնը, 31 Յուլիսին Պէյրութը։ Սուրբ երկիրին մէջ մնացած տաճարականները Ռուատ կղզիին մէջ հաստատուեցան. կղզին անոնց տիրապետութեան տակ մնաց տասներկու տարի։ Ալ-Աշրաֆը հրամայեց ոչնչացնել բոլոր ափամերձ ամրոցները, որպէսզի կողմերը այլեւս անոնց վրայ չտիրէին։ Վերջին հզօր քրիստոնեայ թագաւորութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը, կրցաւ գոյատեւել մինչեւ մամլուքներու կողմէ Սիսի գրաւումը 1375։ Հիւանդախնամներու հոգեւոր-ասպետական միաբանութիւնը պահեց Հռոդոս կղզին մինչեւ 1522։ Հետագային Հիւանդախնամներու մէկ մասը գրաւեց Մալթան եւ զայն կառավարեցին մինչեւ անոնց վերացումը Նաբոլեոն Պոնաբարտի կողմէ 1798 թ.։ Իսկ Կիպրոսը մնաց Լուսինեաններու իշխանութեան տակ մինչեւ Վենետիկի հանրապետութեան կողմէ նուաճումը 1570։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Daunou, Émeric-David, Lajard Félix, Paris Paulin, Le Clerc Victor, Fauriel (1842)։ Didot frères Firmin, Treuttel, Wurtz, խմբգրնր․։ Histoire littéraire de la France (ֆրանսերեն) 20։ Paris: Imprimerie nationale։ էջ 83 
  2. The Templar of Tyre, Chronicle Gestes des Chiprois, p.104 part 3
  3. Templar of Tyre, p.98. Asili, p.125
  4. 4,0 4,1 Քրիստոֆեր Մարշալլ. «Մերձավոր Արևելքի ռազմական գործը 1191-1291 թթ.» // Cambrige University press, 1992., էջ. 220, աղյուս. 5
  5. Nicolle David. Bloody Sunset of the Crusader states. Acre 1291// Osprey Publishing Limited, 2005., էջ. 30
  6. The Crusaders. Asili, p.111
  7. Michaud, ibid, pp. 75–76,
  8. Sir Otto de Grandison. Transactions of the royal historical society., էջ 136
  9. Ludolphi, Rectoris Ecclesiæ Parochialis in suchem, p.46

Գրականութիւն Խմբագրել

  1. Delaville le Roulx, Joseph, ed. Cartulaire general de l’ordre des Hospitaliers, no. 4157; translated by Edwin James King, The Knights Hospitallers in the Holy Land (London, 1931), pp. 301–2: amended by H. J. Nicholson.
  2. Israel Ministry of Foreign Affairs. Akko: The Maritime Capital of the Crusader Kingdom// The State of Israel, 2004. (по ист. http://www.jewishvirtuallibrary.org)
  3. Marshall Christopher. Warfare in the Lathin east 1192—1291// Cambrige University press, 1992.
  4. McGlynn, Sean. The Myths of Medieval Warfare// History Today v.44, 1994.
  5. Nicolle David. Bloody Sunset of the Crusader states. Acre 1291// Osprey Publishing Limited, 2005.
  6. Nicolle David. Medieval Siege Weapons (2), Bisantium, the Islamic World & India AD 476—1526// Osprey Publishing Limited, 2003.
  7. Nicolle, David. Medieval Warfare Sourcebook. Volume I. Warfare in Western Chrisendom// Arms and Armour Press, 1995.
  8. Paul E. Chevedden, Les Eigenbrod, Vernard Foley and Werner Soedel. The Trebuchet (Recent reconstructions and computer simulations reveal the operating principles of the most powerful weapon of its time)// Scientific American, Inc., 2002.
  9. Sir Otto de Grandison. Transactions of the royal historical society.
  10. Wise Terence. The Knigts of Christ// Osprey Publishing Limited, 1984.
  11. Wolff, R. L, Hazard, H. W., ed. The History of Crusades, vol.2, The later Crusades, 1189—1311// University of Wisconsin Press, 1969.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Les Archives de littérature du Moyen Âge (ֆր.)
  2. Secrets of Old Acre (անգլերէն)
  3. LATEST PUBLICATIONS (անգլերէն)