Գէորգ Աբուլեան
Գէորգ Աբուլեան (1865, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 16 Սեպտեմբեր 1933, Կլամար), մտաւորական եւ դաստիարակ։
Գէորգ Աբուլեան | |
---|---|
Աբուլեան 1938-ին | |
Ծնած է | 1865 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 16 Սեպտեմբեր 1933 |
Մահուան վայր | Կլամար |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Ներսիսեան դպրոց |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄանկութիւն
ԽմբագրելԾնած Թիֆլիս 1865-ին, արեւտրականի զաւակ։ Ծնողքը կ'ուզէ զինքը արհեստի տալ, սակայն եօթը տարեկան Գ. Աբուլեանը կը հակառակի այդ ծրագրին եւ կը պատրաստուի յաճախել Ներսիսեան դպրոցի ընթացքը անոր կեանքը կը լեցնէ յաջողութեամբ եւ պատճառ կը դառնայ ուսուցչութեան։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄկրտիչ Սանասարեան ծախքով Եւրոպա կ'երթայ եւ կը նուիրուի բարձրագոյն ուսման ու Թուրքիա վերադառնալով իր ընկեր Պ. Սողիկեանի հետ Անատոլուի զանազան քաղաքները կը ճամբորդէ ուսումնասիրելու տեղական պայմանները ու բանալու համար Սանասարեան վարժարանը։ Կարինը կը վիճակուի այդ վարժարանին վայրը, ուր Աբուլեան գործակցութեամբ իր ընկերներուն՝ ձեռնհասօրէն կը վարէ տեսչութեան պաշտօնը։ Խոր եւ բազմակողմանի հմտութիւն ունէր։ Ծանօթ էր գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, վրացերէնի, ինչպէս նաեւ հին լեզուներէն՝ յունարէնի եւ լատիներէնի. ապա սորուեցաւ նաեւ բաւականաչափ թուրքերէն։ Մասնագիտութիւնը աշխարհագրութիւնն էր, ընգհ. ազգաց պատմութիւն, աստղագիտութիւն, բնական եւ ուսողական գիտութիւններ, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, եւ գծագրութիւն։ Որքան լաւ ուսուցիչ այնքան ալ վարպետ մանկավարժ էր եւ հոգեբան։ Բազմաթիւ երկեր ուներ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը լոյս չտեսան իր ժամանակին։
Աբուլեան Ֆրանսա անցաւ համաշխարհային պատերազմէն ետք ու Քլամարի մէջ անցուց իր ծերութեան տարիները ու մահացաւ հոն 1933 16 Սեպտեմբերին։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Ա․ հատոր, 1938 Պուքրէշ, էջ 22։