Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք։

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան (15 Նոյեմբեր 1934(1934-11-15), Հալէպ, Սուրիա - 25 Մայիս 2021(2021-05-25)[1], Պէյրութ, Լիբանան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք։

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան
Ծնած է 15 Նոյեմբեր 1934(1934-11-15)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 25 Մայիս 2021(2021-05-25)[1] (86 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Մայրենի լեզու հայերէն
Կրօնք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի[2]
Ուսումնավայր Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն Կաթոլիկ քահանայ, Կաթոլիկ եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք, Թեմի առաջնորդ, Թեմի առաջնորդ եւ տիտղոսաւոր եպիսկոպոս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ։ Տասներորդը 12 զաւակներով ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած են Հալէպ, Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս հաստատուած է Լիբանան 1938-ին:

Ան մտած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, ապա յաճախած է Մարիստ Ֆրերներու վարժարանը:

Ուսումը աւարտելէ ետք ուղարկուած է Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ եւ վեց տարի յաճախած է Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորէեան եւ աստուածաբանութեան վկայականը:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Աւարտելէ ետք վերադարձած է Լիբանան, ուր ձեռնադրուած է Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959-ին: Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, Ճունիի մէջ՝ իբրեւ փոխտեսուչ փոքր ընծայարանին, նշանակուած է տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ կաթողիկէ վարժարանին։ Ան այդ պաշտօնը վարած է 9 տարի:

3 Յունուար 1977-ին՝ Պօղոս Զ. պապը զինք անուանած է տիտղոսաւոր եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիգրանակերտ) հայոց: Եպիսկոպոս օծուած է 13 Փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

20 Յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ստեղծած է Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար եւ զինք անուանած է առաջին եպիսկոպոսը այդ թեմին:

15 Հոկտեմբեր 1988-ին նշանակուած է Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայոց, որոնք զուրկ էին տեղական առաջնորդէ:

1997-ին աւարտած է «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնը եւ տպագրութիւնը վարած է ինք:

2005-ին եւ 2009-ին կազմակերպած է Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած երկու գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն հրատարակութիւններն ալ հոգացած է:

1997-էն 2014 վարած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը:

7 Ապրիլ 2013-ին, երբ հաստատուած է իր յաջորդը՝ Յովհաննէս եպս․ Թէյրուզեան, իբրեւ թեմին առաջնորդ, ան դարձած է վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի թեմին:

25 Յունիս 2015-ին, յետ մահու, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, ան դարձած է պատրիարքական կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

25 Յուլիս 2015-ին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը զինք ընտրած են 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց[3]՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունով[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել