Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն, Զմմառ, Լիբանան (1750-1753), Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, դպրեվանք։
Ծագումը Զմմառու Միաբանութեան
ԽմբագրելԱբրահամ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի ժամանակ (1742 - 1749), պատրիարքական կղերը կազմուած էր Եպիսկոպոսներէ եւ քանի մը Անտոնեան կրօնաւորներէ, որոնք, 1750-ին Քրէյմի վանքէն փոխադրուեցան Զմմառու նորակառոյց վանքը։ Հոն սկսան ապրիլ հասարակութեամբ, ինչպէս այդ ժամանակուան հայ վանքերու վարդապետները, ապա Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսի օրով է, որ կանոնական սահմանումը տեղի ունեցաւ։
Յակոբ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսը (1749 - 1753) վանքի նիւթական կառուցուածքը աւարտելէ ետք, աշխատեցաւ ամրացնելու բարոյական կառուցուածքը, հիմը դնելով կազմակերպուած հասարակական կեանքի մը Զմմառու վանքին մէջ։ Այսպէս ծագում առաւ Զմմառու Կաթողիկոսական կղերին Միաբանութիւնը, իբրեւ Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, որ տեւապէս եւ առաքելութեան բոլոր մարզերուն համար տրամադրելի ըլլայ Կաթողիկոսին։
Նպատակ
ԽմբագրելՄիաբանութեան մասնայատուկ նպատակն է, ըստ 1986-ին լոյս տեսած եւ Արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ վաւերացուած կանոնագիրքի թիւ 4 յօդուածին՝
- Կաթողիկէ համայնքը քարոզել հայ ազգին մէջ։
- Քահանայական պաշտօն մատուցանել՝ ի ծառայութեան պատրիարքութեան, միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն, ընդ իշխանութեամբ Պատրիարքին, Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդին եւ թեմերու առաջնորդներուն, ըստ իւրաքանչիւրին իրաւասութեան։
- Միաբանութեան դպրեվանքին մէջ միաբանութեան նոր անդամներ դաստիարակել եւ Կաթողիկոսին տրամադրութեան դնել զանոնք առաքելութիւններուն ի սպաս։
Առաջին օրէն, Զմմառու միաբանի յատկանիշը եղած է՝ ցոյց տալ իր ամբողջական տրամադրութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին ուր որ է, հետեւելով Կաթողիկոսի ուղղութիւններուն, որ ի կանոնէ միաբանութեան մեծաւորն է, նոյնիսկ եթէ ինք միաբան չէ։ Կաթողիկոսը, արդարեւ, իր ընտրութեան օրն իսկ կը դառնայ միաբան եւ մեծաւոր միաբանութեան։ Իր հնազանդութեան ուխտին զօրութեամբ, միաբանը չի կրնար մերժել իրենց առաջարկուած որեւէ առաքելութիւն, բացի երբ մերժելու շատ լուրջ ու ծանր պատճառ մը ունի։
Իրենց ներդրումով ու անձնազոհողութեամբ, Զմմառու միաբանները հերոսական դրուագներ արձանագրած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Փոքր Ասիոյ գաւառներու մէջ դիմագրաւած են եղբայրասպան կռիւներ, Կովկասի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարած են գաղտնաբար։ Շատեր աքսորուած, բանտարկուած կամ սպաննուած են։Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին ինկան 15 նահատակներ, որոնց շարքին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան՝ տիպարը 21-րդ դարու կղերականին, պարծանքը Հայ Կաթողիկէ ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ, հզօր պաշտպանը Զմմառու Միաբանութեան ու անոր դպրեվանքին։
Վարչաձեւ
ԽմբագրելԶմմառու միաբանութեան մեծաւորն է Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը, որուն պարտականութիւններն են՝ մատակարարել վանքապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները, արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակը, ոգեւորել առաքելական խանդը, հրահրել հոգեւոր աւանդը, պայծառացնել ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը, ամրապնդել պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21-րդ դարու հոգեւոր ու ազգային պահանջներուն համաձայն։
Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ, որ վաւերացուած 24 Փետրուար 1986-ին, ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ։
Վիճակագրական համայնապատկեր
ԽմբագրելԶմմաու Միաբանութեան մէջ այժմ անդամներու ընդհանուր թիւն է 45 միաբան հայրեր՝ 2 Կաթողիկոս Պատրիարքներ, 7 Եպիսկոպոս Հայրապետներ, 2 Թ. Ծ. Վարդապետներ, 36 Վարդապետ Հայրեր։ Անոնք կը պաշտօնավարեն 16 երկիրներու մէջ (Լիբանան 18, Միացեալ Նահանգներ 5, Ֆրանսա 5, Սուրիա 4, Գանատա 3, Իրան 2, Յորդանան 1, Երուսաղէմ 1, Աւստրալիա 1, Թուրքիա 1, Արժանթին 1, Իտալիա 2, Հայաստան 1, Ռուսիա 1, Հալէպի փոքր դպրեվանք՝ 8 հոգի, Զմմառու փոքր դպրեվանք, 3 հոգի, Զմմառու մեծ դպրեվանք՝ 9 հոգի)։
- Միաբաններու միջին տարիքն է 58 տարեկան
- Հրաժարեալ միաբաններ՝ 4
- Միաբանութեան կը պատկանին 3 դպրեվանքեր, որոնց մէջ քահանայութեան կը պատրաստուին։
- Միաբանութիւնը կը հրատարակէ պարբերաթերթ մը «Զուարթնոց» վերնագրով, որ կը ծառայէ սերտացնելու ու ամրապնդելու կապերը միաբաններու միջեւ եւ հրատարակելու միաբանութեան պատմութիւնը հետաքրքրող ուսումնասիրութիւններ։
Եզրակացութիւններ ապագայի հեռանկարով
ԽմբագրելՆերկայիս Միաբանութեան ամէնէն հրատապ հարցերն են՝
- ա. Կոչումներու կարիքը կ՛աճին օրէ օր։
- բ. Աշխատիլ լրջօրէն կղերին հոգեւոր ու տոհմային որակաւորման վրայ, ստեղծելով առիթներ։
- գ. Շօշափելի կարեւորութիւն տալ կղերին հոգեւոր տոհմային եւ մարդկային պատրաստութեան։
- դ. Տնտեսական աւելի բծախնդիր եւ գիտական կազմակերպում՝ ընդառաջելու հոգեւոր եւ մշակութային ծրագիրներու իրագործման։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Համացանցային Կայքէջը: Archived 2005-02-04 at the Wayback Machine.
- Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի: Archived 2016-05-27 at the Wayback Machine.