Գրոհ (ամսագիր)
«Գրոհ», խորհրդային շրջանի հասարակական, քաղաքական, գրական պատկերազարդ ամսագիր։ Վրաստանի կոմկուսի ԿԿ-ի, Թիֆլիսի կոմիտէի․ Կենտգործկոմի ու պրոֆխորհրդի օրգան։ Հրատարակուած է 1928—1933 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ (1928—1931 թուականներուն՝ «Պրոլետար»)։ Խմբագիրներ՝ Վ․ Գրիգորեան, Վ․ Ատրեան, Ս․ Վարդանեան։
Լուսաբանած է Անդրկովկասի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութայիեւ առօրեան։ Անդրադարձած է առաջին հնգամեակի խնդիրներուն՝ էլեկտրիֆիկացման, գիւղատնտեսութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ոռոգելի հողերու աւելցման, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները նորագոյն սարքաւորումներով համալրելու հարցերուն, գովազդած գիտատեխնիկական նուաճումները։
Լայն տեղ յատկացուցած է գրականութեան ու արուեստին, տպագրած է Վ․ Փափազեանին, Ա․ Ոսկանեանին, Վ․ Աճէմեանին եւ ուրիշներին նուիրուած յօդուածներ։ «Գրոհ» ամսագրին աշխատակցած են Դերենիկ Դեմիրճեանը, Եղիշէ Չարենցը, Գուրգէն Մահարին, Վահրամ Ալազանը, Վաղարշակ Նորենցը, Մկրտիչ Արմէնը եւ ուրիշներ։