Մկրտիչ Արմէն
Մկրտիչ Արմէն (Յարութիւնեան, 27 Դեկտեմբեր 1906[2], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 22 Դեկտեմբեր 1972[1][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ։
Մկրտիչ Արմէն | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Մկրտիչ Գրիգորի Հարությունյան[1] |
Ծնած է | 27 Դեկտեմբեր 1906[2] |
Ծննդավայր | Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] |
Մահացած է | 22 Դեկտեմբեր 1972[1][2] (65 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2] |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Ուսումնավայր | Մոսկուայի Գերասիմովի անուան շարժապատկերի հիմնարկ[1] |
Տեսակ | վիպակ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, թարգմանիչ, վիպասան, բանաստեղծ, արձակագիր, վիպասան |
Աշխատավայր |
Գրական դիրքերում Երիտասարդ Պոլշեւիկ |
Անդամութիւն | Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն եւ Հոկտեմբեր Միութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱւազանի անունով Մկրտիչ Յարութիւնեան, ծնած Է 27 Դեկտեմբեր 1906-ին Ալեքսանդրապոլ, (այժմ Կիւմրի)։ Որդին է արհեստաւոր Գրիգորին: Նախնական ուսումը ստացած է Գիւմրիի «Ս. Փրկիչ» եւ Տղայոց Միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։ Իր հօր մահէն ետք, յաճախած է Ամերիկեան Միսիոնարներու վարժարանը, որ այդ օրերուն Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն վերապրած հայ որբերու գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն էր։ Պատանի տարիքէն օժտուած է գրելու բնատուր ձիրքով: Որբանոցի կեանքն ու սկաուտական դաստիարակութիւնը իր մէջ արթնցուցած է արժանապատիւ կեանք մը ունենալու տեսլականը, որ շուտով ի յայտ եկած է իր գրութիւններուն մէջ:
1925-ին փոխադրուած է Երեւան, ուր խմբագրական պաշտօններ վարած է մամուլի եւ «Հայ Ֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին մէջ։ Մամուլի մէջ առաջին քերթուածները եւ պատմուածքները հրատարակելէ ետք, Մկրտիչ Արմէն հրատարակած է նաեւ իր առաջին հատորները։
Ան աւարտած է Մոսկուայի շարժապատկերի հիմնարկի բեմադրական երկամեայ դասընթացքը, ուր կատարելագործած է գրելու իր արուեստը։ Երեսունական թուականներուն, Մկրտիչ Արմէն կը շարունակէ արտադրել, յատկապէս հրատարակելով իր գլխաւոր վէպը՝ «Հեղնար աղբիւր»ը։
1937-ին ծայր առած հալածանքներուն ան եւս դարձած է զոհ։ Դատապարտուած է աքսորի, ութ տարի անցընելով հեռաւոր հիւսիսի սառնամանիքին եւ լռութեան մէջ։ 1945-ին՝ անպարտ արձակուած, վերադարձած է Երեւան, ուր շարունակած է իր ստեղծագործական աշխատանքը։
Ռուսական եւ այլ խորհրդային գրականութենէն կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ։
Մահացած է Երեւան, 1972-ին։
Գրական-Ստեղծագործական Կեանք
Խմբագրել1920-ականներու սկիզբը Մկրտիչ Արմէն ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ ոտանաւորներով: 1928-էն սկսեալ կը սկսի արձակ գրութիւններ գրել: 1925-ին ան կը միանայ խորհրդային գաղափարախօսութեան համահունչ գրականութիւն ստեղծելու շարժումին՝ իր ներդրումը բերելով Գիւմրիի Բանուորագիւղացիական գրողներու «Հոկտեմբեր» Միութեան հիմնադրումին: Մկրտիչ, իր գրութիւններուն առանցքը կը դարձնէ խորհրդային դարաշրջանի հայ հասարակութեան ազգային, հասարակական եւ հոգեբանական աշխարհը: Ան վէպերով եւ պատմուածքերով լուսարձակի տակ կ'առնէ սուր բախումը, որ ի յայտ կու գայ հայ ժողովուրդի աւանդական արժէքներուն եւ նորհաստատ խորհրդային հասարակարգի բարքերուն միջեւ:
«Խորտակուած Հոգիների Փողոցում» եւ «Ջուբէիդա» գրական գործերով ան կը ներկայացնէ սիրոյ եւ ամուսնութեան, ընտանիքի եւ աշխատանքի հասարակական հիմնահարցերը: Ան կը փորձէ հին սովորութիւնները հասկնալ եւ նորը մարդկայնօրէն իր ապրած երկուութեամբ ներկայացնել: Մկրտիչ Արմէն իր ժամանակի տիրող գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ պարտաւոր զգաց «Կոմերիտական Պատուածքներ» շարքի հերոսները ներկայացնել հին սովորութիւնները մերժելու հոգեկերտուածքով, սակայն հմտութեամբ կարցաւ իր կերպարները վերածել համակրելի, կենսուրախ տիպարներու, որոնք նորը ընդունելով հանդերձ շարունակեցին իրենց մէջ պահպանել անցեալի ժառանգութեան անկորնչելի արժէքները: Մկրտիչ Արմէնի գլուխ գործոցը եղաւ 1935-ին լոյս տեսած «Հեղնար Աղբիւր» վիպակը, որուն մէջ ան խորհրդահայ մարդուն ներքին պառակտումի ողբերգութեան տուաւ գրական-գեղարուեստական մշակում: Գիւմրիի աւանդական բարքերու խորապատկերին վրայ Մկրտիչ Արմէն քանդակեց աղբիւր կառուցող Ուստա Մկրտիչի աշխատանքային փիլիսոփայութիւնն ու բարոյականութիւնը եւ հերոսուհիին՝ Հեղնարի ամուսնական անհաւատարմութեան ողբերգականացումին ընդմէջէն յաւերժացուց հայ կնոջ ազատագրութեան խնդիրը, աւանդապահ ընտանեկանի նահանջը, սիրոյ եւ հաւատարմութեան վերանորոգման ուժը: «Հեղնար Աղբիւր»ին վրայ Ուստա Մկրտիչը քանդակեց հետեւեալ խօսքը. «Ամէն մի կնիկ իրան մարդու ախպուրն է, ուրիշ հէչ մէկը իրաւունք չունի խմելու էնոր ջրէն», որ դարձաւ հայ ժողովուրդի թեւաւոր խօսքերէն մէկը:
«Հեղնար Աղբիւր» վիպակով Մկրտիչ Արմէնի դէմ ելան խորհրդային վարչակարգի սպասարկուները: Նայիրի Զարեան քննադատական անխնայ հարուածի տակ առաւ այս ստեղծագործութիւնը զայն բանադրելով իբրեւ ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանգաւոր ստեղծագործութիւն:
Մկրտիչ Արմէն իր գրութիւններով խորհրդային վարչակարգի սպասարկուներուն բարկութիւնը սրեց: Նայիրի Զարեան անխնայ հարուածի տակ առաւ իր գրականութիւնը եւ յատկապէս «Հեղնար Աղբիւր»ը, զայն համարելով ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանգաւոր ստեղծագործութիւն: 1937-ին Մկրտիչ Արմէն պաշտօնապէս համարուեցաւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ 11 տարի սիպիրեան աքսորի դատապարտուեցաւ: Աքսորէն վերադարձին, ան գրկաբաց ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, սակայն ստեղծագործական կրակը արդէն մարած էր իր մէջ:
1971-ին «Հայ Ֆիլմ»ը շարժանկարի վերածեց իր գլուխ գործոցը, որ սերունդներու կազմաւորումին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ:
«Ստորջրեայ խութի նման անհասկանալի ու թաքնած մարդը մի օր ինքն է ընդհանրուելու իրեն ու խորտակուելու»: |
«Ժամանակն ունի երկու ապաստան՝ անցեալի յուշերը եւ ապագայի երազները»: |
Երկեր
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. Այվազյան — Երևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 167.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Բ․ հատոր, էջ 292։