Եղիշէ Թադեւոսեան

Եղիշէ Թադեւոսեան (12 (24) Սեպտեմբեր 1870[1][2], Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 22 Յունուար 1936(1936-01-22)[1][2], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը։ Թադեւոսեան Ուսումի եւ գեղարուեստական հետազօտութիւններու համար յաճախ ճամբորդած է ու այցելած շատ երկիրներ։ Նկարիչ, մշակութային գործիչ։ Ան ծնած է, ապրած եւ գործած Անդրկովկաս։

Եղիշէ Թադեւոսեան
Ծնած է 12 (24) Սեպտեմբեր 1870[1][2]
Ծննդավայր Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 22 Յունուար 1936(1936-01-22)[1][2] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Կրթութիւն Լազարեան Ճեմարան[1]
Մոսկուայի նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարան[1]
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Ժանր Բնանկար
Աշակերտներ Երուանդ Քոչար, Սեդրակ Առաքելեան, Ռուբէն Շահվերդեան եւ Արտաւազդ Թումանեան
Պարգեւներ Հայկական ԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ[1]
Աշխատավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1]
Թիֆլիսի Գեղարուեստի Ակադեմիա[1]
Եղիշէ Թադեւոսեան Ուիքիդարանում
Yeghishe Tadevosian Ուիքիպահեստում

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1879–94 թուականներուն ուսանած է Թիֆլիսի Տէր-Յակոբեան Գիշերօթիկ վարժարանէն, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանէն ներս։ 1894–95 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա վերադարձածէ Մոսկուա։ 1896-ին Թադեւոսեան մասնակցած է «Պերեդվիժնիկներ»ու 24-րդ ցուցահանդէսին, 1898-ին Մոսկուայի արուեստագետներու ընկերութեան մրցոյթին անոր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896 թ.) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններին» (1896 թ.) կտաւներն մրցանակներու արժանացած են։ 1898-ին իր ուսուցչի՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ մեկնած է Պաղեստին, գրեթէ ամէն տարի ճամփորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի տարբեր երկրներ (մինչեւ 1914 թ.), Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ, ստեղծած է շարք մը գործեր։

Իր մասին, գեղարուեստի մասնագէտ մեկնաբան Շահէն Խաչատրեան կը գրէ «Ե․ Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնը տպաւորապաշտ մեթոտի կիրառման առաջընթաց քայլ է ազգային գեղանկարչութեան մէջ։ Իր գործերը դիտողին գրաւոմ են արեւի ջերմութեան,օդային միջավայրի եւ բնութեան տրամադրութիւններու նուրբ զգացումով, լուսաստուերներու թրթռուն խաղերով եւ կատարման տպաւորիչ վարպետութեամբ, անոնք յագեցած են խոր քնարականութեամբ»։

Ամուսնութիւն զուիցերիացի կնոջ հետ

Խմբագրել

Եղիշէ Թադէոսեանի կեանքին մէջ 1901 թուականին տեղի ունեցած է կարեւոր փոփոխութիւն. ան Մոսկուայի մէջ ծանօթացած եւ ամուսնացած է զուիցերիացի կնոջ մը՝ Ժիւստին Նէֆի հետ: Այդ կինը, ըստ ժամանակակիցներուն, հրեշտակի դեր կատարած է արուեստագէտին կեանքին մէջ, դարձած է անոր անբաժան ու անփոխարինելի ընկերը՝ ողջ կեանքին ընթացքին, ամէն ինչով նպաստած տաղանդաւոր ամուսինին յառաջընթացին: Ամուսնութենէն ետք Ժիւստին այլեւս հայրենիք չէ վերադարձած, ամուսինին հետ մեկնած է Թիֆլիզ եւ հոն ապրած՝ մինչեւ կեանքին վերջը[3]:

Արուեստագէտի մահը

Խմբագրել

Արուեստագէտը մահացած է 1936 թուականին, Թիֆլիս. յուղարկաւորուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան մեծերուն շիրմատունը[3]:

Թադեւոսեանի մահէն ետք կինը ամուսինին ողջ ժառանգութիւնը նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ատոնց մէջ նաեւ իրեն՝ Ժիւստինին դիմանկարները, զորս նկարած է Թադեւոսեան: Եղիշէ Թադեւոսեանի «Ընթերցող կինը» կտաւին մէջ պատկերուած է իր կինը, որ նկարիչը նկարած է Բիւրականի մէջ՝ 1903 թուականին: Եղիշէ Թադեւոսեանի դասական արուեստի նմոյշներ նկատուող գործերուն կողքին փառաւոր տեղ ունի այս նկարը՝ նկարիչին լաւագոյն կտաւներէն մէկը, որուն մէջ կ՚երեւի կնոջ հանդէպ տածած անոր ողջ սէրն ու ջերմութիւնը[3]:

Գործունէությունը Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ

Խմբագրել
 
Եղիշէ Թադեւոսեան, Վարդգէս Սուրենեանց, Մարտիրոս Սարեան, [Փանոս Թէրլէմեզեան - 1916

1901 թուականէն Եղիշէ Թադեւոսեանը բնակեր է Թիֆլիսի մէջ, մասնակցեր տեղի եւ ռուսաստանեան ցուցահանդէսներուն։ 1916 թուականին Թիֆլիսի մէջ աջակցեր է Հայ Արուեստագետներու միութեան ստեղծմանը, ընտրուեր է նախագահ, 1921 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպեր է միութեան ցուցահանդէսը, մասնակցեր է Թիֆլիսի «Հայարթտուն» մշակութային կենտրոնի աշխատանքներուն։ Վրաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ առաջին փրոֆեսորներէն էր:

Քաղուածքներ

Խմբագրել
  Նկարիչի բարձրագոյն արժէքը անոր գոյներու եւ երանգներու համահնչիւնութիւնն է՝ հնչերանգը ։
- Եղիշէ Թաեւոսեան
 
  ...Թադեւոսեանը ստեղծեց իր հրաշալի ուրուանկարները կամ ուրուագիծերը, որոնց մեջ արուեստի իսկական գոհարներ կան։ Գոյնի նուրբ զգացողութիւն ունէր ու կրցաւ մերձենալ կամ մօտենալ իմփրեսիոնիզմի սկզբունքներուն, կրցաւ լուսային, գունային մաքուր թրթռումներով փոքր չափի ուրուագիծերու մեջ արտացոլել հայրենի բնութեան գողտրիկ անկիւնները՝ այնքան վճիտ ու հայկական...։  


Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւր

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
  3. 3,0 3,1 3,2 ԵՂԻՇԷ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ – 150