Եւրոպայի Խորհրդանիշներ

Պնդում
Խորհրդանիշ ԵՄ ԵԽ
Դրօշ Այո Այո
Քայլերգ Այո Այո
Կարգախօս Այո Ոչ
Եւրոպայիօր 9 Մայիս Այո Ոչ
5 Մայիս Ոչ Այո
Տարադրամ Այո Ոչ

Եւրոպայի խորհրդանիշներ, եւրոպական հաստատութիւններու կողմէ ընդունուած պաշտօնական խորհրդանիշներ, որոնք կը բնութագրեն Եւրոպայի միասնականութեան եւ ամբողջականութեան գաղափարները։ Պատմութեան ընթացքին ստեղծուած են Եւրոպայի շարք մը խորհրդանիշներ։ Ըստ խորհրդանիշին, անիկա կրնայ օգտագործուիլ ոչ միայն Եւրոպական Միութեան, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի համար։ Ամէնէն յայտնի խորհրդանիշները ստեղծուած են Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ՝ 1950-1960-ականներուն եւ հակառակ այն հանգամանքին, որ այդ խորհրդանիշները պէտք էր խորհրդանշէին ամբողջ Եւրոպան, այդուհանդերձ հասարակութեան մեծ մասը զանոնք կը կապէ միայն Եւրոպական Միութեան հետ։ Ի յաւելում համաեւրոպական ինքնութեան, ԵՄ-ն, իր ընդարձակման գործընթացին ատեն, ստեղծած է նաեւ սեփական խորհրդանիշները։

Եւրոպան Եւ Ցուլը

Խմբագրել
 
Եւրոպայի առեւանգումը Նոէլ Նիքոլա Քուապել, 1726

Հին յունական դիցաբանութեան մէջ Եւրոպան եղած է փիւնիկեան թագուհի։ Զեւս կը սիրահարի Եւրոպայի եւ կ'որոշէ զայն գերի բռնել։ Ան կը կերպարանափոխուի սպիտակ ցուլի եւ կը խառնուի Եւրոպայի հօր՝ եղջերաւոր անասունին հետ։ Երբ Եւրոպան եւ անոր նաժիշտները ծաղիկներ կը հաւաքէին, աղջիկը կը տեսնէ ցուլը եւ կը նստի անոր վրայ։ Զեւս օգտուելով առիթէն, կը նետուի դէպի ծով՝ իրեն հետ տանելով Եւրոպան։ Զեւսը լողալով կը հասնի մինչեւ Քրեթ կղզի։ Հոն ան կը բացայայտէ իր ինքնութիւնը, եւ Եւրոպան կը դառնայ Քրեթի առաջին թագուհին։ Զեւս անոր կը նուիրէ ներդաշնակութեան վզնոցը, որ պատրաստուած էր Հեփեստոսի կողմէ։ Կը շնորհէ երեք այլ նուէրներ եւս՝ Թալոս դիւցազնը, Լելապոս շունը եւ նիզակ մը, որ միշտ կը խոցէր նշանակէտը։ Զեւս, աւելի ուշ, սպիտակ ցուլի կերպարը կը տեղափոխէ երկնակամար, որ ներկայիս յայտնի է Ցուլի համաստեղութիւն անունով։

Եւրոպայի առեւանգման պատմութիւնը աւելի ուշ սկսած է դիտարկուիլ որպէս ծագումնաբանական առասպել, որ կը բացատրէ «Եւրոպա» անուան յառաջացման պատմութիւնը, քանի որ Եւրոպա ցամաքամասը իր անունը ստացած է այդ թագուհիէն։

Եւրոպա անուանումը՝ իբրեւ աշխարհագրական եզր, շրջանառութեան մէջ դրած են հին յոյն աշխարհագրագէտները՝ Հեկատէոս Միլեթացիէն եւ Հերոդոտոսէն սկսեալ։ Աւելի ուշ, զայն կիրարկած է նաեւ Ստրապոնը[1]։ Անուանումը ծագած է յունարէն Եւրոպա (Ευρώπη) բառէն։ Լատիներէնի եւ ռոմանական լեզուներու մէջ նոյնպէս կը կիրարկուի յունական տարբերակը։ Այդ տարբերակը կիրարկուած է նաեւ քելտական, գերմանական, սլաւոնական, պալթեան եւ Ուքրօ-ֆիննական լեզուներու մէջ։

Ը. դարուն Եւրոպա անունը կիրարկուած է Քարլոս Մեծի կառավարման ատեն՝ Ֆրանսական թագաւորութեան օրերուն։

«Ցուլի վրայ նստած Եւրոպան» առասպելին նիւթը յունա-հռոմէական ժամանակաշրջանէն եղած է եւրոպական արուեստի ամէնէն շատ տարածուած թեմաներէն մէկը։ Այսօր Եւրոպայի եւ ցուլի արձանը տեղադրուած է Եւրոպական Միութեան քանի մը հաստատութիւններուն առջեւ, ինչպէս նաեւ յունական € 2 արժողութեամբ մետաղադրամին վրայ։ «Եւրոպա» անունը յայտնուած է Եւրոպայի Խորհուրդին նուիրուած դրօշմանիշներուն վրայ, որոնք տպագրուած են 1956-ին։ Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհրդարանի գմբէթին վրայ կան խճանկարներ, որոնց վրայ պատկերուած են Եւրոպան եւ յունական առասպելաբանութեան այլ կերպարներ[2]։ Եւրոպան կը հանդիսանայ նաեւ Եւրոպայի ազգային անհատականացման դրսեւորումը։

Եւրոպայի դրօշը բաղկացած է 12 դեղնաոսկեգոյն աստղերէ կազմուած շրջանակէ, որոնք զետեղուած են կապոյտ յետամասի վրայ։ Դրօշակը աւելի յաճախ կը միացուի Եւրոպական Միութեան հետ (ԵՄ), որ կը հանդիսանայ նախկին Եւրոպական ընկերակցութեան իրաւայաջորդը։ Վերջինս դրօշը պաշտօնապէս ընդունած էր 1980-ականներուն։ Այդուհանդերձ, դրօշը առաջին անգամ պաշտօնապէս ընդունուած է 1955-ին Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ։

25 Սեպտեմբեր, 1953-ին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդակցութեան ատեն կ'առաջարկուի ընդունիլ կապոյտ յետամասի վրայ 15 ոսկեգոյն աստղերէ բաղկացած դրօշը, որ պիտի խորհրդանշէր Եւրոպական խորհուրդի անդամներուն թիւը։

Այդ առաջարկը կ'արժանանայ Գերմանիոյ ընդդիմութեան, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէր ճանչնալ Սաարը՝ որպէս անկախ պետութիւն (անիկա 15 անդամներէն մէկն էր)։ Միւս կողմէ, Սաարը եւ Ֆրանսան կը ժխտեն 14 աստղի տարբերակը, քանի որ այդ ատեն Սաարի մէջ կը նկատուէր անկախանալու ձգտումը։ 13 թիւը շատերը կ'ընկալէին որպէս դժբախտութեան թիւ։ 10-ը՝ որպէս Եւրոպական միութեան հիմնադիրներու թիւ, պիտի խոչընդոտէր միութեան լայնախոհութեան գաղափարին։ Ի վերջոյ կը համաձայնին 12-ի շուրջ՝ որպէս կատարելութեան խորհրդանիշ[3]։

Քայլերգ

Խմբագրել
 
Լիուտվիկ վան Պեթհովընը գրած է «Ձօն ուրախութեան»-ը 1793-ին

Եւրոպայի քայլերգը հիմնուած է Լիուտվիկ վան Պեթհովընի Սիմֆոնիա 9-ին վրայ։ Եւրոպայի մէջ առկայ բազմաթիւ լեզուներու պատճառով՝ կը կիրարկուի Ֆրիտրիխ Շիլլերի «Ձօն ուրախութեան» բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած քայլերգին գլխաւոր գերմաներէն տարբերակը, որ սակայն պաշտօնական կարգավիճակ մը չ'ունենար։ Քայլերգին նոր տարբերակը հրապարակուած է 19 Յունուար, 1972-ին Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ։ Նոր տարբերակին հեղինակն է աւստրիացի խմբավար Հերպերտ ֆոն Կարայեանը։ Նոր տարբերակը մեծապէս յայտնի կը դառնայ 5 Մայիս, 1972-ին՝ Եւրոպայի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններուն ատեն։ Խմբավար Հերպերտ ֆոն Կարայեան Եւրոպայի քայլերգին համար կը գրէ երեք պաշտօնական գործիքային վերադաշնակում` դաշնամուրի, փողային նուագախումբի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար։ Ան կը փոխէ երաժշտութեան արագութեան աստիճանը։ Հոն, ուր Պեթհովըն օգտագործած էր կէս նոթա, Կարայեան օգտագործած է քառորդական։

Քայլերգը հաստատուած է Եւրոպական ընկերակցութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ 1985-ին։ Անիկա չի փոխարիներ ազգային քայլերգները, այլ կը միտի բնորոշելու անոնց ընդհանուր միասնականութիւնը[4]։ Քայլերգը կը հնչէ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական միջոցառումներուն ատեն:

Ի յաւելում «Միասնութեան ձօնին», կան քանի մը տասնեակ դասական ստեղծագործութիւններ, որոնք կը խորհրդանշեն Եւրոպայի կեդրոնականութիւնը։ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը, որպէս քայլերգ կը կիրարկէ Մարք Անթուան Շարփանտիէի «Te Deum» ստեղծագործութեան նախերգանքը։ Անիկա կը հնչէ Եւրոտեսիլ երգի մրցումին սկիզբը եւ վերջը։ ՈՒԵՖԱ-ի ախոյեաններու լիկայի քայլերգը հաստատուած է 1992-ին, որ կը հնչէ Ախոյեաններու լիկայի իւրաքանչիւր հանդիպման սկիզբը։ Անիկա հիմնուած է Կէոկ Ֆրիտրիխ Հենտելի ստեղծագործութեան վրայ։

Կաղապար:Listen

Եւրոպայի Օր

Խմբագրել
 
Եւրոպայի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն Պերլին, 2006

«Եւրոպայի օրը» համաեւրոպական տարեկան տօն է, որ տեղի կ'ունենայ 5 կամ 9 Մայիսին՝ [5]։ 9 Մայիս 1950Շումանի հռչակագիրի հրապարակման օրն է, որ կ'առաջարկէր իրարու միացնել Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Միացեալ Հանրապետութեան ածուխի եւ պողպատի արդիւնաբերութիւնները[6]։ Այդ օրը կը նկատուի ժամանակակից ԵՄ-ի հիմնադրութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը։ 9 Մայիսը հռչակուած է դրօշի օր՝ 1985-ին Միլանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի գագաթնաժողովին ատեն[7]։ Եւրոպայի Խորհուրդը ստեղծուած է 5 Մայիս 1949-ին, հետեւաբար այդ օրն ալ կը նշէ Եւրոպայի օրը[8]։ Այդ օրը հաստատուած է 1964-ին, հակառակ անոր, որ շատերը կը նախընտրեն տօնը նշել 9 Մայիսին։ Այդուհանդերձ, Եւրոպական Խորհուրդը մեծ դերակատարութիւն ունի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խորհրդարանական ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան ստեղծման գործընթացին մէջ, երբ Շումանի հռչակագիրով կ'առաջարկէ՝ միացնել ֆրանսական եւ գերմանական ածուխը եւ պողպատը։ Բացի ատկէ, 9 Մայիսը կը համընկնի նաեւ Յաղթանակի տօնին հետ, որմով փաստացիօրէն, կ'աւարտի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը։ Այդ օրը նախկին ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ կը նշեն Յաղթանակի տօնը։ Յաղթանակի տօնը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը նշուի 8 Մայիսին։

Եւրոպական Միութիւն

Խմբագրել

Խորհուրդի խորհրդանշանները կը նկատուին նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդանիշները։ Բացառութիւն կը կազմէ միայն Եւրոպայի օրը, որ Եւրոպական Միութիւնը կը նշէ 9 Մայիսին, իսկ Եւրոպական Խորհուրդը՝ 5 Մայիսին։ Ստորեւ ներկայացուած են խորհրդանիշներ, որոնք ստեղծուած են Եւրոպական Միութեան կողմէ, սակայն, ի տարբերութիւն վերը նշուած խորհրդանիշներուն, կապ չունին Եւրոպայի Խորհուրդին հետ։

Նշանաբան

Խմբագրել

2000-ին Եւրոպական Միութեան նշանաբանին վերաբերեալ ոչ պաշտօնական քննարկումներու գործընթացէն ետք, ընդունուած է «Միասնութիւն բազմազանութեան մէջ» նշանաբանը։ Անիկա ընտրուած է դպրոցականներու կողմէ առաջարկուած տարբերակներէն, որոնք ներկայացուած էին www.devise-Europe.org կայքին վրայ, այնուհետեւ հաստատուած Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Նիքոլ Ֆոնտենի կողմէ։ Նշանաբանը եղած է նաեւ Եւրոպական Միութեան Սահմանադրութեան անգլիական տապալած տարբերակին մէջ, իսկ ներկայիս կը կիրարկուի նաեւ Եւրոպական Միութեան բոլոր պաշտօնական կայքերուն վրայ։

Նշանաբանը թարգմանուած է 23 պաշտօնական լեզուներու, ինչպէս նաեւ լատիներէնի[9]։

Եւրոն Եւ Նշանը

Խմբագրել
 
Եւրոյի նշանը դարձած է եւրոպական լրացման ամենավառ նշաններէն մէկը

Եւրօն այն խորհրդանշաններէն մէկն է, որ Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ չէ ստեղծուած եւ կիրարական է միայն Եւրոպական Միութեան համար։ Խորհրդանիշ դառնալով ՝ անիկա 2002-ին փոխարինած է 12 ազգային արժոյթները[11]։ Ներկայիս անիկա կիրարկելի է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մեծամասնութեան մէջ՝ դառնալով Միութեան անդամ պետութիւններու քաղաքացիներու միասնականութեան եւ ամբողջականութեան խորհրդանիշը։

Նախագահութեան Նշան

Խմբագրել

1990-ականներէն սկսեալ, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի իւրաքանչիւր նախագահող պետութիւն ունի իր սեփական նշանը, որ կը գործէ նախագահութեան վեց ամիսներու ընթացքին։

Այլ Կազմակերպութիւններ

Խմբագրել
 
Ածուխի եւ պողպատի Եւրոպական Միութեան դրօշը

Այլ համաեւրոպական կազմակերպութիւններ տակաւին չեն ընդունած այն խորհրդանշանները, զորս ընդունած են կամ ալ հաստատած են Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպայի Խորհուրդը։ Ածուխի եւ պողպատի Եւրոպական Միութեան դրօշը ստեղծուած է Եւրոպայի դրօշին հետ միասին եւ բաղկացած է կանաչ եւ յետամասերու վրայ գտնուող աստղերէ։ Սակայն վերջինս ունի այլ նշանակութիւն։

Արեւմուտքի Եւրոպական Միութեան (Եւրոպայի պաշտպանութեան կազմակերպութիւն) դրօշը կը նմանի Եւրոպայի դրօշին։ Հռենոսի վրայ նաւարկութեան կեդրոնական կոմիտէն նոյնպէս կը կիրարկէ կապոյտ գոյնը՝ վրան աստղերու շրջան, հակառակ, որ աստեղերու դիրքը քիչ մը տարբեր է։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Страбон, География 8.1.1
  2. Демей Тьерри (2007)։ Брюссель, столица Европы։ С. Стренж (перев.)։ Брюссель: Бадо։ էջ 387։ ISBN 2-9600414-2-9 
  3. The European Commission and religious values // The Economist (անգլերէն)
  4. «Эмблемы»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2005-01-22-ին։ արտագրուած է՝ 2005-01-22 
  5. «5 мая - День Европы»։ www.coe.int (ru-RU)։ արտագրուած է՝ 2017-11-17 
  6. «9 мая: День Европы или День Победы? - Новая Европа»։ n-europe.eu (ռուսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-17 
  7. http://m3web.bg M3 Web -։ «Европейцы отмечают праздник мира и единства - День Европы - Novinite.ru»։ արտագրուած է՝ 2017-11-17 
  8. «Что такое День Европы?»։ euronews (ռուսերեն)։ 2017-05-09։ արտագրուած է՝ 2017-11-17 
  9. Европейский девиз Единство в многообразии, Eurominority
  10. EUROPA — Sracfhéachaint ar an AE — Siombailí an AE — Aontaithe san éagsúlacht
  11. День Европы

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից