Զաւէն Մսըրլեան Մկրտչի (1938, Պէյրութ, Լիբանան), հայ պատմաբան։

Զաւէն Մսըրլեան
Ծնած է 1938
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հայ աւետարանական գոլէճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է պատմութեան եւ ստացած՝ պսակաւոր արուեստից տիտղոսը, ապա 1963-ին ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիան 2003-ին իրեն շնորհած է պատուոյ տոքթորի տիտղոս՝ հայագիտութեան մէջ։ Եղած է մանկավարժ։ 1967-էն՝ Պէյրութի հայ աւետարանական գոլէճին մէջ, տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ։

1986-ին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ ստացած է վաստակաւոր ծառայութեան ոսկեայ շքանշան։

2014 թուականի Մայիս 23-ին, ՀՀ Նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի մետալով։

23 Փետրուար 2014-ի առաւօտեան, սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Հայկական հարցի վերաբերեալ շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ է։ «Հայկական հարցի մասին» (1978), «Երեք դաշնագիրեր» (1979) աշխատութիւններու մէջ արծարծած է Կարս-Արտահանի հարցը խորհրդա-թուրքական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, նաեւ Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ախալքալաքի շրջաններու խնդիրը, հայ-քրտական յարաբերութիւնները, Հայկական հարցը 1920-ի Ալեքսանդրապոլի պայմանագրին մէջ, 1921Մոսկուայի, Լոնտոնի, Կարսի խորհրդաժողովներուն մէջ։

Միջին Արեւելքի հայկական գաղթավայրերու պատմութեան կարեւոր աղբիւր է Մսըրլեանի՝ հօր մասին «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» ուսումնասիրութիւնը։ Բազմաթիւ պատմագիտական եւ այլ բնոյթի յօդուածներ տպագրած է Լիբանանի հայ մամուլին մէջ։

Հրատարակչութիւն

Խմբագրել

«Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» գիրքին հեղինակը` պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ կրթական մշակ Զաւէն Մսըրլեան, երախտարժան աշխատանքի մը ընդմէջէն կը վաւերագրէ Հայկական հարցին առնչուող բոլոր ոլորտները` եզակի ներդրում ունենալով ամբողջական թղթածրարի պատրաստութեան մէջ:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ա. Կաթողիկոս Պարգեւատրեց Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։