Զիքա հիւանդութեան յարուցիչը զիքա ժահրն է, որ կը պատկանի Ֆլավիվիրիտ (Flaviviridae) կոչուող ժահրերու խումբին: Այս ժահրը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի մասնաւորաբար Ա. իճիփթօ (A. aegipto) եւ Ա. ալպոփիքթըս (A. albopictus) մժեղներու միջոցով: Անոր տարածումը եւ փոխանցումը մժեղներու միջոցով տեղի կ'ունենայ գիշեր կամ ցերեկ, առաւելաբար՝ ցերեկ ժամանակ[1]:

Մժեղները առաւելաբար գործի կը լծուին ամրան եւ գարնան: Անոնք կ'ապրին մասնաւորաբար ճահիճներու, անշարժ ջուրերու եւ խոնաւ վայրերու մէջ:

Զիքա ժահրը կ'ապրի մարդու արեան, լորձունքին, մէզին եւ սերմնահեղուկին (semen) մէջ, առաւելաբար՝ արեան մէջ։ Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 4-7 օր է: Զիքա ժահրը արեան մէջ կը մնայ աշխուժ մօտաւորապէս 7 օր[2]: Այս ժամանակամիջոցին երբ մժեղ մը խայթէ վարակուած անձը, կը ծծէ անոր արիւնը եւ կը փոխանցէ զիքա ժահրը առողջ անձի մը իր խայթոցին միջոցով: Վարակուած անձ մը կրնայ փոխանցել զիքա ժահրը իր լորձունքի միջոցով առողջ անձի մը բերանային հպումով եւ համբոյրով: Վարակուած տղամարդ մը նոյպէս կրնայ փոխանցել զիքա ժահրը առողջ զուգընկերոջ մը սերմնահեղուկի միջոցով, սեռային յարաբերութեան ընթացքին[3]:

Զիքա ժահրի փոխանցումը մօրը կաթին միջոցով չէ փաստուած:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Զիքա հիւանդութեան ախտանշանները կը նմանին Տանկ հիւանդութեան ախտանշաններուն, որոնք կը տեւեն 5-7 օր: Այս ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, գլխացաւ, յօդացաւ, մկանացաւ, ակնազօթաբորբ (conjunctivitis) եւ մորթացան (skin rash): Վարակուածներուն միայն 18-20 տոկոսը կ'ունենայ ախտանշաններ, իսկ մեծամասնութիւնը կ'ունենայ բնականոն կեանք: Զիքա ժահրը կը յառաջացնէ մտային-ուղեղային տկարութիւն եւ թերաճութիւն[4] :

Յղութիւն

Խմբագրել

Վարակուած յղի կիներ յղութեան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին կը վարակեն իրենց սաղմերը, որոնք կ'ունենան անբնականօրէն եւ թերաճ ուղեղ՝ մանրուղեղ եւ թերաճ գանկ՝ մանրագանկ (microcephaly).[5]:

Մասնագէտներու համաձայն, 100 վարակուած յղի կիներէն (յղութեան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին) միայն մէկը կ'ունենայ գանկային եւ ուղեղային թերաճութիւն ունեցող նորածին մը:

Մասնագէտներ տեսած են, որ կապ մը գոյութիւն ունի զիքա ժահրի եւ կարգ մը նեարդական հիւանդութիւններու միջեւ։ Այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանքներ կը տարուին հասնելու համար յստակ արդիւնքներու[6]:

Վարակուած յղի կիներ ունենալու են հերթական՝ ամէն 3-4 շաբաթը մէյ մը սաղմուղեղի եւ գանկի անդրձայնային (ultra sound) նկարում:

Վարակուած յղի կիներու զաւակները ենթարկուելու են մանրակրկիտ բժշկական քննութիւններու, ուր կը տեսնուին լեարդի եւ փայծաղի ծաւալում, մորթային ցան, ուղեղի եւ գանկի թերաճութիւն, լսողական տկարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ տեսողական խանգարում ու տկարութիւն[7]:

Յղի կիներու կը յանձնարարուի չճամբորդել այն երկիրներ, ուր զիքա հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի: Իսկ անոնք, որոնք ստիպողաբար կը մեկնին այս երկիրները, պէտք է առնեն խիստ կանխազգուշական (preventable) բոլոր միջոցները: Անոնք հեռու մնալու են մժեղներէ, գործածելու են օրական 4-6 անգամ մորթի վրայ մժեղավան (insect repelent) դեղեր, որոնք կը պարունակեն 28 տոկոս DEET քիմիական նիւթը, գործածելու են մժեղավան դեղերը նոյնիսկ արեւարգիչի (sunscreen) գործածութենէ 20 վայրկեան ետք եւ կամ լողալէ ետք, հագնելու են թոյլ եւ բաց գոյն հագուստներ եւ գործածելու չեն անուշահոտ եւ բուրումնաւէտ օճառներ[8]:

 
Տարբերութիւնը Զիքայէ վարակուած մանուկի մը գլխուն եւ առողջ մանուկի մը.

Զիքա ժահրով վարակուած անձը շատ հաւանաբար երկրորդ վարակում մը չ'ունենար, որովհետեւ ան վարակումէն ետք կ'ունենայ երկարատեւ վարակամերժութիւն (immunity):

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Զիքա հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի հիմնուելով անոր ախտանշաններուն եւ անոր ապրած միջավայրին վրայ, այսինքն՝ եթէ ենթական ապրած է զիքա հիւանդութեամբ տեղաճարակ (endemic) երկրի մը մէջ:

Ախտաճանաչումին համար կը կատարուին արեան, մէզի եւ լորձունքի յատուկ քննութիւններ, որոնց միջոցով զիքա ժահր կը բացայայտուի:

 

Դարման

Խմբագրել

Զիքա հիւանդութիւնը դարման չունի, սակայն անոր ախտանշանները մեղմացնելու համար կը գործածուին մեղմացուցիչ որոշ դեղեր: Մասնաւորապէս ջերմի եւ ցաւի համար կը թելադրուի ցաւաբեկ եւ հակաջերմ դեղեր: Վարակուած անձերուն կը տրուին առողջապահական որոշ գիտելիքներ: Իսկ նոյն միջավայրի մէջ ապրող առողջ անհատներուն կը տրուին կանխազգուշական եւ դաստիարակչական գիտելիքներ[9]:

Կանխարգիլում

Խմբագրել

Տեղաճարակ երկիրներու մէջ կիրարկուելու են կարգ մը կանխազգուշական միջոցներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ երկար թեւով շապիկ եւ երկար տաբատ հագնիլ, զովացուած սենեակի մէջ քնանալ, սեռային յարաբերութիւն չունենալ տեղաճարակ շրջաններէ եկող անձերու հետ եւ կամ պահպանակ (condom) գործածել. մժեղավաններ գործածել եւ հեռու մնալ ճահիճներէ ու խոնաւ վայրերէ:

Յաւելեալ

Խմբագրել
  • Զիքա ժահրը առաջին յայտնաբերուած է 1947-ին Ուկանտայի Զիքա անտառին մէջ ապրող կապիկի մը մարմնին մէջ:
  • Զիքա ժահրով մարդկային առաջին վարակումը հաստատուած է 1952-ին, Ուկանտայի եւ Թանզանիոյ մէջ:
  • 1960-1980 զիքա ժահրը յայտնաբերուած է 20 տեսակ մժեղներու մօտ:
  • 2007-ին Ափրիկէէն եւ Ասիայէն զիքա ժահրը կը հասնի Եափ կղզի, ուր մեծ թիւով անձեր կը վարակուին: Հոն 49 պարագաներ կը բացայայտուին զիքա հիւանդութեամբ, եւ 59 կասկածելի պարագաներ կը տեսնուին բժիշկներու կողմէ: Եափ կղզիի մէջ վարակուողներէն եւ կասկածելիներէն ոեւէ մէկը հիւանդանոցային խնամքի պէտք չեն ունեցած:
  • 2013-14 զիքայով վարակուած անձեր կը յայտնուին Ֆրանսական Փոլինեզիոյ մէջ:
  • 201511 Նոյեմբերին Պրազիլի մէջ կը յայտարարուի «Ազգային Առողջապահական Ստիպողական Վիճակ»-ի յայտ գալէ ետք զիքա ժահրով առաջին անձի մը վարակումը եւ նորածին մանուկներու մօտ մանրագանկի եւ մանրուղեղի յաճախակի պարագաներ:
  • 2015Հոկտեմբերէն 2016Յունուար ժամանակամիջոցին ամբողջ աշխարհի մէջ կը յայտնուին 4000 գանկային թերաճութիւններ:
  • Մինչեւ օրս Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներու 26 երկիրներ ունեցած են զիքա հիւանդութեան հարիւրաւոր բացայայտ պարագաներ:
  • Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն բացայայտուած են 116 վարակուած պարագաներ, որոնցմէ 110-ը ապրած է տեղաճարակ երկիրներու մէջ, 5-ը ունեցած է սեռային յարաբերութիւն տեղաճարակ երկիրներու մէջ ապրող անձերու հետ, եւ մէկ պարագան եղած է զիքա ժահրով վարակուած յղի կին մը, որ վարակած է իր նորածին մանուկը[10]:
  • 201622 Փետրուարին Ամերիկայի կառավարութիւնը Քոնկրեսէն պահանջած է 1,8 միլիառ տոլարի շտապ վարկ մը՝ պայքարելու համար զիքա հիւանդութեան դէմ՝ թէ' Ամերիկայի մէջ եւ թէ' Ամերիկայէն դուրս:
  • Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) 27 Յունուար 2016-ին ահազանգային զգուշաւորական յայտարարութիւն մը ըրած է՝ ըսելով, որ զիքա հիւանդութիւնը տեղաճարակ վիճակ ունի շատ մը երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս՝ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներու մէջ։ ՀԱԿ-ը առողջապահական ստիպողական վիճակ կը յայտարարէ զիքայի դէմ՝ գիտնալով, որ գիտական կապ մը կայ զիքա հիւանդութեան եւ մանրագանկի եւ մանրուղեղի պարագաներուն միջեւ։ ՀԱԿ-ը նախատեսած է, որ այս տարուան մէջ զիքա ժահրով վարակուած անձեր 3-4 միլիոն պիտի գտնուին ամբողջ աշխարհի երկիրներուն մէջ։ Ան կը յանձնարարէ, որ մարդիկ չճամբորդեն հետեւեալ երկիրները՝ Քարայիպեան կղզիներ, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներու երկիրները՝ Մեքսիքա, Սամոա եւ Թոնկա[11]:

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Goldsmith Cynthia (18 March 2005)։ «Zika Virus»։ Centers for Disease Control and Prevention։ արտագրուած է՝ 4 March 2016 
  2. «Etymologia: Zika Virus»։ Emerging Infectious Diseases 20 (6): 1090։ June 2014։ PMC 4036762։ PMID 24983096։ doi:10.3201/eid2006.ET2006 
  3. Sirohi D., Chen Z., Sun L. եւ այլք (31 March 2016)։ «The 3.8 Å resolution cryo-EM structure of Zika virus»։ Science։ ISSN 0036-8075։ doi:10.1126/science.aaf5316 
  4. Malone Robert W., Homan Jane, Callahan Michael V. եւ այլք (2 March 2016)։ «Zika Virus: Medical Countermeasure Development Challenges»։ PLOS Neglected Tropical Diseases 10 (3): e0004530։ ISSN 1935-2735։ doi:10.1371/journal.pntd.0004530 
  5. Sikka Veronica, Chattu Vijay Kumar, Popli Raaj K. եւ այլք (11 February 2016)։ «The emergence of zika virus as a global health security threat: A review and a consensus statement of the INDUSEM Joint working Group (JWG)»։ Journal of Global Infectious Diseases 8 (1): 3–15։ ISSN 0974-8245։ doi:10.4103/0974-777X.176140 
  6. «Symptoms, Diagnosis, & Treatment»։ Zika virus։ Atlanta: Centers for Disease Control and Prevention։ 3 March 2016։ արտագրուած է՝ 4 March 2016 
  7. Chastain Mary (30 January 2016)։ «National Institutes of Health: Zika Virus Is a ‘Pandemic’»։ Breitbart։ արտագրուած է՝ 13 February 2016 
  8. Rasmussen Sonja A., Jamieson Denise J., Honein Margaret A., Petersen Lyle R. (13 April 2016)։ «Zika Virus and Birth Defects — Reviewing the Evidence for Causality»։ New England Journal of Medicine։ doi:10.1056/NEJMsr1604338։ արտագրուած է՝ 15 April 2016 
  9. «Zika: Olympics plans announced by Rio authorities»։ BBC։ 24 January 2016։ արտագրուած է՝ 24 January 2016։ «The Rio de Janeiro authorities have announced plans to prevent the spread of the Zika virus during the Olympic Games later this year. … The US, Canada and EU health agencies have issued warnings saying pregnant women should avoid traveling to Brazil and other countries in the Americas which have registered cases of Zika.» 
  10. Petersen Emily E., Staples J. Erin, Meaney-Delman Dana եւ այլք (22 January 2016)։ «Interim Guidelines for Pregnant Women During a Zika Virus Outbreak — United States, 2016»։ MMWR. Morbidity and Mortality Weekly Report 65 (2): 30–33։ ISSN 0149-2195։ PMID 26796813։ doi:10.15585/mmwr.mm6502e1 
  11. «Zika Virus Microcephaly And Guillain-Barré Syndrome Situation Report»։ World Health Organization։ 7 April 2016։ արտագրուած է՝ 8 April 2016