Թաթուլ Կրպէեան
Թաթուլ Կրպէեան (21 Ապրիլ 1965, Թաթուլ, Թալինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 30 Ապրիլ 1991, Գետաշէն, Կէօլ-Կէօլ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն) Արցախեան պատերազմի մասնակից ՀՀ ազգային հերոս: Արցախեան ազատամարտի ժամանակ՝ 1990 թուականէն մինչեւ 1991 թուական, եղած է Գետաշէն-Մարտունաշէն ենթաշրջանի ինքնապաշպանութեան հրամանատարը։
Թաթուլ Կրպէեան | |
---|---|
Ծնած է | 21 Ապրիլ 1965 |
Ծննդավայր | Թաթուլ, Թալինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 30 Ապրիլ 1991 (26 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Գետաշէն, Կէօլ-Կէօլ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | զինուոր |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԹաթուլ ծնած է 1965 թուականին Ապրիլ 21-ին Հայաստանի Թալին շրջանի Արեգ գիւղին մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստաձած է Թալինի Արուեստից դպրոցին մէջ, որ աւարտած է գերազանցութեամբ։ Խորհրդային Միութեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք ընդունուած է ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքին մէջ։ Այդ ժամանակին Թաթուլ միացաւ ազատագրական շարժման։ Նոյն միջոցին Թաթուլ դասաւանդեց պատմութիւնը Գետաշէնի երկու դպրոցներու մէջ։ Ան նաեւ անդամ էր «Միացում» կազմակերպութեան։
1990 թուին Սեպտեմբերին Թաթուլ մեկնեցաւ Արցախ, ուր վիճակը օր ըստ օրէ կը վատթարանար։ Իր հիմնած խումբով ղեկավարեց ինքնապաշպանութիւնը ընդդէմ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն եւ ոստիկանական խմբաւորումներուն։ Թաթուլ կ'ըսեր «ինչո՞ւ էք վախենում մահից: Հողի համար ես հենց հիմա պատրաստ եմ մեռնելու: Հողի, ազգի համար: Ես ոչ մի անգամ չեմ գնա Երեւանի օդանավակայանում իջնեմ, ասեմ՝ Գետաշէնը յանձնեցի: Ես այստեղ կը մեռնեմ, այդ բանը չեմ անի...»: Վերջին անգամ, երբ հասաւ Երեւան ըսաւ հետեւեալը.«Գիտեմ, որ Երեւան այլեւս չեմ գայ, ինձ կը բերեն»:
Հերոսը մահացաւ 1991 թուին Ապրիլ 30-ին «Օղակ» գործողութեան ժամանակ։ 1996 թուին Սեպտեմբեր 20-ին արժանացաւ ՀՀ Ազգային հերոսի կոչման։ Թաթուլ թաղուած է հայրենի Արեգ գիւղին մէջ, որ վերանուանած է Թաթուլ։ Գիւղին մէջ զետեղեցին տուֆակերտ յուշարձան, որուն ճարտարապետն է Տարիէլ Յակոբեան:
Օղակ Գործողութիւն
Խմբագրել1991 թուին գարնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն մէջ զօրացած էր պատերազմական իրադրութիւնը։ 1991-ի Ապրիլին խորհրդային եւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները այս գիւղերու դէմ ուղղուած ռազմական գործողութիւն սկսելու որոշում ընդունեցին։
Մոսկուաի մէջ ստեղծուած մարդու իրաւունքներու «Մեմորիալ» կեդրոնը վերականգնել է այդ օրերու իրադարձութիւնները։ 1991 թուականի 30 ԱպրիլԱպրիլ 30-ին Չորրորդ բանակ, իսկ աւելի ուշ՝ ազրպէյճանական «ՕՄՕՆ»-ը յարձակեցան Շահումեանին մօտ գտնուող Գետաշէնի վրայ։ ՕՄՕՆականները, յարձակեցան տուներու վրայ ու սկսան կողոպտել։ Միեւնոյն ժամանակ յարձակման ենթարկեցին բնակիչերը։ Զոհերու մեծ մասը երիտասարդներ էին։[1]:
Քաղուածքներ
ԽմբագրելԹաթուլ յաճախ կը կրկնէր, «Գետաշէնը կը դատարկուի միայն իր դիակի վրայով»: Վերջին Երեւան այցելութեան ժամանակ Թաթուլ ըսաւ «Գիտեմ, որ Երեւան այլեւս չեմ գայ, ինձ կը բերեն...»[2]:
Թաթուլ Կրպէեանի Կերպարը Արուեստի Մէջ
ԽմբագրելԹաթուլ Կրպէեանին եւ ընկերներուն նուիրուած է Ռաֆաէլ Սահակեանի «Արծուապաշտ երկիր» փաստագեղարուեստակ վէպը, «Կարօտից խելառը» տեսաերիզը, ինչպէս նաեւ «Լերան լանջին» (հեղ.՝ Ներսիկ Իսպիրեան) եւ «Մայրամուտ իջաւ» (հեղ.՝աշուղ Գէորգ) երգերը։ Աշոտ Բաբայեան Սոնատ թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար (1993 թուին), նուիրուած Թ.Կրպէեանին։