Ժընեւի Արուեստի Եւ Պատմութեան Թանգարանը

Ժընեւի արուեստի եւ պատմութեան թանգարանը (ֆր.՝ Musée d'art et d'histoire de Genève), արուեստի եւ պատմութեան թանգարան, կը գտնուի Ժընեւի մէջ։

Ժընեւի Արուեստի Եւ Պատմութեան Թանգարանը
Տեսակ Պատկերասրահ[1], հիշողությանն առնչվող հաստատություն?[2] եւ պատմութեան թանգարան[1]
Երկիր  Զուիցերիա[2]
Տեղագրութիւն ժընեւ- քաղաք
Վայր Արուեստի եւ Պատմութեան Թանգարանին շէնքը
Կազմուած է Զուիցերիոյ Ժամագործութեան Թանգարան[3]
Մասն է Ժընեւի մշակութային արժէքներու ցանկը
Հասցէ Rue Charles-Galland 2, 1206 Genève[2]1206[2]
Հիմնադրուած է 1910
Մակերես 7000 քառակուսի մետր
Այցելուներ 110 415
Տնօրէն Ժան Իվ Մարէն
46°11′57″N 6°09′06″E / 46.199304°N 6.151574°E / 46.199304; 6.151574
Կայքէջ mahmah.ch(ֆր.)(անգլերէն)(իտալ.)(գերմ.)
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ցուցահանդէսային աշխուժ գործունէութիւնը Ժընեւի մէջ սկսած է 1789-ին՝ Արուեստի միութեան հիմնադրմամբ, որ կանոնաւոր ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ (Salon des Artistes): Կարճ միջոցէ մը ետք, ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան ազդեցութեան տակ, Ժընեւի ընդունած նոր սահմանադրութիւնը կը նախատեսէր թանգարանի մը ստեղծումը, որ հաւաքէր արուեստի բոլոր տեսակները հանրային կրթութեան համար։ 1798-ին գործադիր «ֆրանսայի դիրեկտորիա»ն կ'որոշէ Փարիզի եւ Վերսայի մէջ պահուող նկարներուն մէկ մասը ուղարկել գաւառական քաղաքներ, այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնց համար տեղ չկար Լուվրի մէջ։ Ֆրանսայի կողմէ վերջերս բռնակցուած Ժընեւը կը դառնայ այդպիսի քաղաքներէն մէկը։

1824-ին Ժան եւ Հենրիեթ Ռաթ քոյրերը, ըստ իրենց եղբօր՝ զօրավար Սիմոն Ռաթի կտակին, անկէ ժառանգած գումարներով ձեռնամուխ կ'ըլլան նոր թանգարանի մը կառուցման։ 1826-ին Ժընեւի Նոր հրապարակին մէջ կը բացուի Ռաթ թանգարանը, ուր կը զետեղուին արուեստի հաւաքածոներ, ինչպէս՝ Ժան Էթյէն Լէոտարտի, Ռոտոլֆ Թափերի եւ այլոց գործերը։ Թանգարանին մէջ կը սկսին կազմակերպել Ժընեւի Ժամանակակից արուեստի ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ։

1872-ին քաղաքին մէջ մեծ թանգարան մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը կը յառաջանայ։ Ըստ ծրագիրին՝ այդ թանգարանին մէջ պէտք է հաւաքուէին նկարներու, քանդակներու, ինչպէս նաեւ հնագիտական ​​գտածոներու հաւաքածոներ, զէնքեր եւ զարդեր։ Թանգարանին կառուցումը կը սկսի 1903-ին Մարք Քամոլեթթիի (Marc Camoletti) գլխաւորութեամբ, որ ոգեշնչուած էր Փարիզի մէջ Փոքր պալատի մը կառուցմամբ եւ կը փորձէ նորութիւններ ներմուծել Ժընեւի թանգարանին ճարտարապետութեան։ Շինարարութիւնը կ'աւարտի 1910-ին, եւ թանգարանը կը վերանուանուի Արուեստի եւ պատմութեան թանգարան (Musée d'Art et d'Histoire):

Այսպիսով, Ժընեւի արուեստի եւ պատմութեան թանգարանը կը դառնայ թանգարաններու ամբողջ ցանցի մը կեդրոնը.

  • Արուեստի եւ պատմութեան թանգարանին գծանկարչական արուեստի դահլիճը,
  • Արուեստի եւ պատմութեան թանգարանին արուեստի եւ հնագիտութեան գրադարանը,
  • Ռատ թանգարանը,
  • Տուն պանդոկը,
  • Արիանա թանգարանը:

1939-ին Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին, Փրատոյի թանգարանին բոլոր թանկարժէք ցուցանմուշները կը տարհանուին Ժընեւ, պահուելու՝ Արուեստի եւ պատմութեան թանգարանին մէջ[4]։

Հաւաքածոյ

Խմբագրել

ԺԹ. դար

Խմբագրել

Հակառակ թանգարանին Բարեկամներու միութեան ջանքերուն՝ երկար ատեն Ժընեւի թանգարանին մէջ քիչ թիւով տպաւորապաշտական աշխատանքներու կարելի էր հանդիպիլ։ Սակայն վերջերս բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կ'օգնեն ստեղծելու այդ հաւաքածոն։

Թանգարանին հիմնական աշխատանքներն են՝

  • Քամիյ Փիսսարօ, իր 1874-ի «Մոնթֆուքոյի ագարակը» (Farmyard at Montfoucault) կտաւով,
  • Օկիւսթ Ռենուար, իր «Ամառ»ը կտաւով, ուր ան պատկերած է դերասանուհի Հենրիեթթա Էրիթին,
  • Քլոտ Մոնէի նկարները՝ «Ձիան ազդեցութիւնը», «Սենթ Արժանթէօյի ճամբան» (Road st Argenteuil) 1875, «Սեն գետը Վեթէոյէն» (The Seine Downstream from Vétheuil) 1879, նաեւ «Պիոններ»ը, զորս նկարած է 1877-ին Գիւերնիի իր պարտէզին մէջ
  • Փոլ Սեզանի նկարները. «Գեղեցիկ ոնակարանը» (Bellevue House) եւ «Լողացող»ը:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.museums.ch/org/en/MAH
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 (unspecified title) — 2016.
  3. https://w3public.ville-ge.ch/seg/xmlarchives.nsf/Attachments/musee_horlogerieframeset.htm/$file/musee_horlogerie.htm
  4. Ուոլֆ Լորան (2011-04-08)։ «Փրատօ գանձերու փրկութիւնը»։ Ժամանակ։ 1423-3967։ արտագրուած է՝ 2018-12-19 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել