Լենա Շամամեան (ծնած՝ 1980, Դամասկոս), սուրիահայ երգչուհի:

Լենա Շամամեան
Ծնած է 1980
Ծննդավայր Դամասկոս
Քաղաքացիութիւն Սուրիա Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Ուսումնավայր Դամասկոսի Համալսարան
Տեսակ Արաբական Երաժշտութիւն, դասական երաժշտութիւն եւ Ճազ
Մասնագիտութիւն երգչուհի, Երգահան, երգահան
Ծնողներ Հայր՝ Արթին, Մայր՝ Ղատա
Կայքէջ ww1.lenachamamyan.net

Շամամեան ծնած է Դամասկոս, 1980-ին: Անոր հայրը՝ Արթինը, հալէպահայ է, իսկ մայրը՝ Ղատան, ծագումով Թուրքիոյ Մարտին քաղաքէն: Հայրական մեծ հայրը՝ Սարգիս Շամամեան, Կիլիկիոյ Մարաշ (ներկայ Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ) քաղաքէն էր։ Ան եղած է վարպետ գեղագրող, ուստի, այդ պատճառաւ Օսմանեան կառավարութիւնը խնայած է անոր եւ անոր ընտանիքին կեանքը: Այդպիսով, թրքական բանակը հնարաւորութիւն ստացած է օգտուելու Շամամեանի ծառայութիւններէն՝ ռազմական հաղորդագրութիւններ գրելու համար:

Շամամեան յաճախած է ծննդավայրի նախակրթարանը, միջնակարգն ու երկրորդականը. 2002-ին աւարտած է Դամասկոսի Պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը[1], միաժամանակ ստացած է նաեւ երաժշտական կրթութիւն: Երաժշտական կրթութիւնը աւարտած է 2007-ին:

Բացի համալսարական կրթութենէն դասական երաժշտութեան բնագաւառէն, ան Իտալիոյ մէջ մասնակցած է շարք մը գործնական վարժանիստերու (workshops), ինչպէս նաեւ Նիտերլանտներու մէջ եւ այլուր[2]:

Ան յայտնի է աւանդական արեւելեան մեղեդիներու ու արեւմտեան դասական երաժշտութեան իր համադրութիւններով:

Երգչուհիին առաջին ձայնասկաւառակը՝ «Հալ Ասմար Էլլոն»ը թողարկուած է 2006-ին[3], որուն յաջորդած է երգչուհիին երկրորդ ալպոմը՝ «Շամա»չը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ:

Շամամեան համագործակցած է շարք մը անուանի երաժիշտներու հետ, իսկ Արաքս Չէքիճեանի հետ հայկական աւանդական երաժշտութեան մշակումներ ըրած է[4]:

Ան աշխատած է նաեւ սուրիական շարք մը հեռատեսիլի դրուագներու, արաբական եւ հայկական ժապաւէններու երաժշտական ձեւաւորման վրայ:

5 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով հադէս եկած է Ժընեւի «Վիքթորիա Հոլ»ի բեմին վրայ, ուր բարձրացուցած է անմահն Կոմիտասն ու Կանաչեանը եւ արաբական երգարուեստը[5]:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Շամամեան Համերգ Պիտի Ունենայ Սթանպուլի Մէջ[permanent dead link]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել